ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ի՞նչպէս կը վարուի Տէրը Իր սիրածին հետ:

Պատասխան. Որդեա՛կ իմ, Տիրոջ խրատը մի՛ անարգեր ու Անոր յանդիմանութենէն մի՛ թուլնար. վասնզի Տէրը Իր սիրածը կը խրատէ, ինչպէս հայր մը իր սիրական զաւակին կ՚ընէ (Առ 3.11-12):

Ինչքա՜ն խօսուն են Առակագիրին այս տողերը, յատկապէս անոնց համար, որոնք իրենց անհաւատութիւնը, կամ տկար հաւատքը արդարացնելու համար, կը պատճառաբանեն ըսելով, որ եթէ Աստուած իրապէս մարդիկը սիրէր, ապա այդքան պատիժներ չէր սահմաներ անոնց համար, աւելին, եթէ իրապէս մարդիկը կը սիրէր, ապա չէր արտօներ որ այսքան դժբախտութիւններ, աղէտներ, կոտորածներ, փոթորիկներ, ջրհեղեղներ, եւ այլն, եւ այլն կատարուէին: Առակագիրը կարծէք այդպիսիներուն համար գրած ըլլայ այս տողերը, ուր որպէս արթնութեան ահազանգ մը կը հնչեն իւրաքանչիւր մարդ արարածի ականջին, թէ՝ Տէրը Իր սիրածը կը խրատէ, ինչպէս հայր մը իր սիրական զաւակին կ՚ընէ:

Ասկէ մեկնելով, կրնանք հաստատապէս ըսել, որ երբ Տէրը ոեւէ մէկուն կը յանդիմանէ, այդ բանը կ՚ընէ Իր սէրէն մղուած, որովհետեւ ան Իր ձեռագործը եղող մարդուն մահը չուզէր, այլ՝ փրկութիւնը, ինչ բանի համար ալ Իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց (տե՛ս Յհ 3.16-17):

Տէր Յիսուս Իր աշակերտներուն սորվեցնելէ ետք Տէրունական աղօթքը, կը քաջալերէ զանոնք, որպէսզի միշտ խնդրեն՝ վստահ ըլլալով, որ իրենց Հայրը՝ որ երկինքի մէջ է, անպայման պիտի պատասխանէ իրենց, եւ այսպիսի օրինակ մը կու տայ. «Ձեր մէջ կա՞յ հայր մը, որուն զաւակը ձուկ ուզէ եւ ինք ձուկին փոխարէն օձ տայ անոր, եւ կամ կարիճ տայ՝ երբ զաւակը հաւկիթ խնդրէ: Արդ, եթէ դուք որ չար էք՝ գիտէք ձեր զաւակներուն լաւ պարգեւներ տալ, ձեր երկնաւոր Հայրը որքա՜ն աւելի լաւ պարգեւ մը՝ Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց, որոնք Իրեն կը դիմեն» (Ղկ 11.11-13): Ահաւասիկ Առակագիրին արտայայտած միտքին լաւագոյն բացատրութիւնը մեր Տիրոջ կողմէ: Չկայ հայր մը, որ իր զաւակին վատը կամենայ, կամ այնպէս ընէ, որ իր զաւակին վնաս պատճառէ, դժուար է գտնել նման հայր մը. մեր Տէրը այդ մէկը հաստատելով, կը փորձէ մեզի լաւապէս հասկցնել, որ եթէ մեր երկրաւոր հայրերը նման կերպով կը վարուին, հապա ինչքան աւելի մեր բոլորին Երկնաւոր Հայրը կը վարուի մեզմէ իւրաքանչիւրիս հետ, եթէ մենք մեր սիրտերուն դռները բանանք Անոր դիմաց:

Հետեւաբար, երբ Տէրը յանդիմանէ մեզ, չերկմտինք, չտկարանանք, չվախնանք, ընդհակառակը, ուրախանանք, ուշադիր քննենք մենք մեզ՝ հասկնալու համար թէ ինչո՛ւ Տէրը մեզ յանդիմանեց, եւ ուղղենք մեր ընթացքը, որովհետեւ Տիրոջ յանդիմանութիւնը ուղղութեան հրաւէր է, փրկութեան առաջնորդ է, եւ ո՛չ թէ պատիժի ու կորուստի միջոց:

Պօղոս Առաքեալը Եբրայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ այսպէս կը գրէ.

«Դուք նաեւ մոռցեր էք յորդորը, որ ձեզի ուղղուած է՝ իբրեւ որդիներու.

“Որդեա՛կս, մի՛ արհամարհեր Տիրոջ խրատը,
եւ մի՛ վհատիր երբ քեզ յանդիմանէ,
որովհետեւ Տէրը երբ կը խրատէ՝
կը նշանակէ թէ կը սիրէ քեզ.
երբ կը պատժէ՝
կը նշանակէ թէ քեզ իբր զաւակ կ՚ընդունի”:

Ուստի համբերութեամբ ընդունեցէք Աստուծոյ խրատը, գիտնալով որ հօր մը պէս կը վարուի ձեզի հետ: Կա՞յ զաւակ մը որ իր հօրմէն յանդիմանութիւն ստացած չըլլայ: Ընդհակառակը, եթէ Աստուած ձեզ չյանդիմանէ, ինչպէս կ՚ընէ Իր բոլոր որդիներուն, կը նշանակէ՝ թէ Իր զաւակները չէք եւ խորթ էք Իրեն: Մեր մարմնաւոր հայրերը երբ մեզ յանդիմանեն, կը դադրի՞նք զիրենք յարգելէ: Ո՛չ: Ուրեմն որքա՜ն աւելի եւս հնազանդ պէտք է ըլլանք հոգիներու Հօրը, որպէսզի կեանք ունենանք: Երկրաւոր հայրերը մեզ կը խրատեն միայն կարճ ժամանակ մը, իրենց ճիշդ դատած ձեւով, մինչ Աստուած կը խրատէ մեր բարիքին համար, որպէսզի հաղորդակից դառնանք Իր սրբութեան: Ճիշդ է որ որեւէ յանդիմանութիւն նոյն պահուն չ՚ուրախացներ, այլ կը տրտմեցնէ. բայց յետոյ՝ անով կրթուածներուն արդար կեանքի մը խաղաղութիւնը կը պարգեւէ» (Եբր 12.5-11):

Իսկ անոնք որոնք կը շարունակեն իրենք զիրենք արդարացնելու համար զԱստուած մեղադրել, ապա անգամ մը ուշադրութեամբ թող կարդան նոյն Առաքեալին հետեւեալ տողերը.

«Քու կարծրութեամբդ եւ չզղջացող սրտովդ միայն բարկութիւն է որ կը դիզես քեզի համար, երբ բարկութեան օրը գայ եւ Աստուծոյ արդար դատաստանը յայտնուի: Որովհետեւ Աստուած իւրաքանչիւրին պիտի հատուցանէ՝ անոր գործերուն համաձայն: Յաւիտենական կեանք պիտի տայ անոնց՝ որոնք բարի գործերու մէջ յարատեւելով փառք ու պատիւ եւ անմահութիւն կը փնտռեն, իսկ բարկութիւն եւ զայրոյթ պիտի վերապահէ անոնց՝ որոնք հակառակութենէ տարուած՝ չեն հաւանիր ճշմարտութեան, այլ անիրաւութեան մէջ կը մնան: Նեղութիւն ու տառապանք կը սպասէ բոլոր անոնց՝ որոնք չարիք կը գործեն, նախ հրեային եւ ապա ոչ-հրեային: Իսկ փառք ու պատիւ եւ խաղաղութիւն բոլոր անոնց՝ որոնք բարիք կը գործեն, նախ հրեային եւ ապա ոչ-հրեային: Որովհետեւ Աստուած խտրութիւն չի դներ մարդոց միջեւ» (Հռ 2.5-11):

Հ. Իմաստութիւնն ու հանճարը կարեւո՞ր են մարդ արարածին համար:

Պ. Երանի՜ այն մարդուն, որ իմաստութիւն կը գտնէ ու այն մարդուն, որ հանճար կը ստանայ. վասն զի անոր շահը արծաթի շահէն աղէկ է ու անոր արդիւնքը՝ զուտ ոսկիէն: Անիկա գոհարներէն պատուական է եւ քու բոլոր ցանկալի բաներդ չեն կրնար անոր հաւասարիլ: Անոր աջ ձեռքին մէջ՝ օրերու երկայնութիւն եւ ձախ ձեռքին մէջ հարստութիւն ու փառք կայ: Անոր ճամբաները հաճոյական ճամբաներ են եւ անոր բոլոր շաւիղները խաղաղութիւն են: Անիկա իրեն յարողներուն կենաց ծառ է ու զինք բռնողները երջանիկ կ՚ըլլան (Առ 3.13-18):

Իմաստութիւնն ու հանճարը կարեւոր են մարդ արարածին համար, որովհետեւ անոնց միջոցով միայն կարելի է հասնիլ յաւիտենականութեան: Բնականաբար, այստեղ խօսքը աստուածային իմաստութեան եւ հանճարին մասին է: Արդարեւ, աստուածային իմաստութիւնն ու հանճարը ո՛չ մէկ բանի հետ կը համեմատին եւ ո՛չինչ կրնայ անոնց չափ կարեւոր ու անհրաժեշտ ըլլալ մարդուն համար: Ինչպէս Առակագիրը կ՚ըսէ, իմաստութեան եւ հանճարին շահը՝

արծաթի շահէն աղէկ է ու անոր արդիւնքը՝ զուտ ոսկիէն:
Գոհարներէն պատուական է,
Մարդու փափաքած, ցանկացած բաները չեն կրնար հաւասարիլ անոր:

Արծաթն ու ոսկին, գոհարներն ու մարդուն բոլոր ցանկութիւններն ու փափաքները, որոնք դատարակ են աստուածային փափաքներէն ու ցանկութիւններէն, ապա այդ բոլորը ժամանակաւոր են եւ անցողիկ, այսինքն՝ մարդ այս աշխարհի վրայ որոշ ժամանակ մը կը զգայ, կ՚ապրի ու կը վայելէ անոնց «քաղցրութիւնը», եւ այդքանով միայն կը սահմանափակուի, եւ այդ բոլորը ոչինչով կրնան օգտակար ըլլալ մարդուն, հասնելու համար յաւիտենականութեան. մինչ մարդ երբ իմաստութիւն եւ հանճար ունենալուն կը ձգտի, ապա ատոնցմով յաւիտենականութիւն ձեռք կը բերէ:

Սուրբ Գիրքի մեկնիչներէն ոմանք իմաստութիւնը մեկնած են որպէս Տէր Յիսուսը, իսկ հանճարը՝ Սուրբ Հոգին: Այս մեկնութիւնը կ՚ամրանայ Առակագիրին հետեւեալ տողով. «Տէրը իմաստութիւնով հիմնեց երկիրը եւ հանճարով հաստատեց երկինքը» (Առ 3.19):

Ասկէ մեկնելով երբ փորձենք հասկնալ Առակագիրին այս տողերը, թէ՝ անոր աջ ձեռքին մէջ՝ օրերու երկայնութիւն եւ ձախ ձեռքին մէջ հարստութիւն ու փառք կայ: Անոր ճամբաները հաճոյական ճամբաներ են եւ անոր բոլոր շաւիղները խաղաղութիւն են: Անիկա իրեն յարողներուն կենաց ծառ է ու զինք բռնողները երջանիկ կ՚ըլլան, ապա մեր միտքերուն մէջ կը յստականայ պատկերը, եւ կրնանք հեշտութեամբ ընկալել եւ գիտակցիլ, թէ երբ Իմաստութեան, այսինքն՝ Տէր Յիսուսով առաջնորդուինք, ապա մեր օրերը երկայն կ՚ըլլան ու հարստութիւնը եւ փառքը մեզի ընկերակից կ՚ըլլան միշտ: Երբ երկայն կ՚ըսենք մեր օրերը, նկատի պիտի ունենանք յաւիտենականութիւնը, որ անսահման ու անվերջանալի է, իսկ հարստութիւնն ու փառքը մարդուն համար այլ բան չեն եթէ ոչ Տիրոջ ներկայութիւնն ու Անոր քաղցրութեան վայելքը:

Անոր ճամբաները հաճոյական ճամբաներ են եւ անոր բոլոր շաւիղները խաղաղութիւն են. «Ինծի՛ եկէք դուք բոլորդ, յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ Ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի: Ձեր վրայ առէք Իմ լուծս եւ Ինձմէ սորվեցէք, որովհետեւ հեզ եմ եւ սրտով խոնարհ, եւ դուք ձեր հոգեկան հանգստութիւնը պիտի գտնէք: Քանի Իմ լուծս դիւրաւ տանելի է եւ բեռս՝ թեթեւ» (Մտ 11.28-30): Այո՛, հաճոյական են Անոր ճամբաները, որովհետեւ այդ ճամբաներուն աւարտին հանգստութիւն կայ, որ այս աշխարհի հանգստութեան նման չէ, այլ՝ երանական ու աստուածային հանգստութիւն: Աւելին, «խաղաղութիւն կը թողում ձեզի. Իմ խաղաղութիւնս է որ կու տամ ձեզի, որ այս աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է: Մի՛ խռովիք ու մի՛ վախնաք» (Յհ 14.27). այսպիսիով լաւապէս կը հասկնանք Առակագիրին ըսածը, թէ՝ անոր բոլոր շաւիղները խաղաղութիւն են:

Ի վերջոյ, Անիկա իրեն յարողներուն կենաց ծառ է ու զինք բռնողները երջանիկ կ՚ըլլան. Սուրբ Օգոստինոսը կը գրէ. «Ոմանք կը հաստատեն, թէ Եսայի Մարգարէն այս յատուկ օրերուն մասին ակնարկած է կենաց ծառով, ըլլալով ներկայ ժամանակը Յիսուսի Եկեղեցիին, եւ թէ նախապէս մարգարէացուած է Յիսուսի մասին թէ Ի՛նքն է կենաց ծառը, որովհետեւ Ի՛նքն է իմաստութիւնը, որուն մասին Սողոմոնը կ՚ըսէ. “Կենաց ծառ է բոլոր անոնց, որոնք կը գրկեն զինք”»: Եւ. «Ճշմարիտ ըսուեցաւ (իմաստութեան) մասին, թէ՝ “կենաց ծառ է զինք բռնողներուն համար”: Ինչպէս որ նիւթական դրախտին մէջ մէկ ծառ կար, այդպէս ալ հոգեւոր դրախտին համար ալ ծառ մը կայ: Մէկը մարդուն արտաքին զգայարանքներուն ուժ կու տայ, իսկ միւսը՝ ներքին մարդուն»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 4

20 յուլիս 2022, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 3, 2022