ԵԿՈՂ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ ՃԻՉԸ

Կենսոլորտին ուղղուած սպառնալիքներուն քննարկման յատուկ՝ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նստաշրջանը բացուեցաւ երեքշաբթի, 24 սեպտեմբերին, սակայն միջազգային մամուլի լուսարձակները առաւելաբար կեդրոնացան… Իրանի ուղղուած՝ նախագահ Թրամփի մեղադրական արտայայտութեանց, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Զարիֆի հակադարձութեան եւ եւրոպական միջնորդութեան մը հաւանականութիւններուն վրայ…

Բազմաթիւ լուսարձակներ խլեց նաեւ Բրիտանիոյ Գերագոյն ատեանի այն միաձայն որոշումը, ըստ որուն, խորհրդարանը պարտադիր արձակուրդի մատնելու վարչապետ Ճոնսընի քայլը օրինական չէր: Ատեանը բացայայտ դարձուց, որ գործադիր իշխանութիւնը իրաւունք չունի միջամտելու օրէնսդիրի գործերուն, նաեւ հարկադրուած է ենթարկուելու դատական իշխանութեան տրամադրութիւններուն: Այդպէ՛ս կը պահանջէ իսկական ժողովրդավարութիւնը: Այսինքն իշխանութեան երեք թեւերը պէտք է գործեն անկախաբար, փոխադարձաբար հակակշռեն զիրար: Խորհրդարանի նախագահը յայտարարեց, որ ժողովուրդի ընտրեալ ներկայացուցիչները աշխատանքի կը վերադառնան չորեքշաբթի, 25 սեպտեմբերին: Ճոնսընի աթոռին ոտքերը սկսած են երերալ…

Նոյն օրը, նաեւ՝ նախորդ օրերուն, միջազգային մամուլի լուսարձակները խլող բազմաթիւ այլ դէպքեր ալ արձանագրուեցան, սակայն այդ բոլորէն վեր եւ շա՛տ աւելի ուժգին ճիչ մըն էր, որ հնչեց Նիւ Եորքէն ու գործնական արձագանգներ գտաւ ամերիկեան ու աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներու մէջ՝ բոլորին յիշեցնելով, որ ՄԱԿ-ի այս նստաշրջանին կիզակէտ ճշդուած է կենսոլորտի տագնապը, անոր դարմաններ գտնելու եւ գործնական քայլերը արագացնելու հրամայականը:

Այդ ճիչը կը կոչուի Կրեթա Թունպըրկ՝ շուէտացի աղջնակ մը:

16-ամեայ վտիտ պարմանուհին մօտաւորապէս տարիէ մը ի վեր վերածուած է լուսարձակներ խլող «հսկայ»ի մը: Երբ հազիւ 15 տարեկան էր, օր մըն ալ դպրոցէն «փախուստ տուաւ» եւ գնաց, իր երկրին խորհրդարանին առջեւ նստացոյց ըրաւ՝ յայտարարելով, որ մարդկութիւնը կոչուած է աւելի լուրջ վերաբերելու կենսոլորտին ուղղուած սպառնալիքներուն հետ: Անոր ձայնը արագօրէն արձագանգներ գտաւ աշխարհի տարբեր ծագերուն. քանի մը ամսուան մէջ ան դարձաւ կենսոլորտի պաշտպաններու մէկ խորհրդանիշը, մինչեւ իսկ առաջնորդող յեղափոխական դէմք՝ աշխարհի մը մէջ, որ սկսած է չհաւատալ յեղափոխութեան…

Կրեթան այլեւս աշխարհին չի ներկայանար իբրեւ անհատ, այլ՝ ամբողջ սերունդի մը, հոսանքի մը ճիչը մարմնաւորող հերոսուհի: Անցեալ մէկ տարուան մէջ ան քանի մը անգամ երեւցաւ կենսոլորտի տագնապը քննարկող համագումարներու եւ միջազգային խորհրդաժողովներու բեմերէն, իրերայաջորդ ահազանգեր հնչեցուց աշխարհը ղեկավարողներու ականջներուն, գտաւ դիմաւորողներ, իսկ նորագոյն սխրանքը սկսաւ մօտաւորապէս ամիս մը առաջ, երբ քարիւղային վառելանիւթ չգործածող առագաստանաւով մը Եւրոպայէն Միացեալ Նահանգներ հասաւ ահազանգը անգամ մը եւս հնչեցնելու համար աշխարհի գերագոյն բեմէն՝ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն: Երկուշաբթի, 23 սեպտեմբերին, ան յուզախառն ու խարանող կոչ մը արձակեց աշխարհի մեծերուն՝ ըսելով մօտաւորապէս հետեւեալը (ո -բառացի հատուածներ). «Սխալ բան մը կը կատարուի: Ես պէտք է ովկիանոսին միւս կողմը գտնուէի ու՝ դպրոցի գրասեղանիս առջեւ, սակայն հոն չեմ. դուք ձեր դատարկաբանութիւններով ինձմէ խլած էք իմ մանկութիւնս, երազներս. իսկ ես դեռ բախտաւոր մըն եմ: Անդին՝ մարդիկ կը տառապին, կը մահանան, ապրող արարածներ կը կանգնին ոչնչանալու սեմին, իսկ դուք կը բաւականանաք տնտեսական աճի, դրամի կուտակումի հեքիաթներ պատմելով ու խոստումներով: Ինչպէ՜ս կը ժպրհիք(*)… Աւելի քան 30 տարիէ ի վեր ստեղծուած վտանգները բիւրեղի պէս յստակ են, իսկ դուք ուրիշ կողմ կը նայիք, կ՚ըսէք, որ բաւարար քայլեր կ՚առնէք, մինչդեռ միայն կիսամիջոցներ կ՚որդեգրէք: Ինչպէ՜ս կը ժպրհիք… Մենք (պատանիներ ու երիտասարդներ) պիտի շարունակենք հետեւիլ ձեր քայլերուն»:

Ի դէպ, շուէտացի պարմանուհիին բացած պայքարին մէջ նոր նուաճում մը նշող՝ երկուշաբթիի յայտարարութենէն առաջ, նախորդ շաբաթավերջին, բազմահարիւր հազարաւոր պատանիներ ու երիտասարդներ դասադուլի դիմեցին ու ծովածաւալ ցոյցեր կատարեցին աշխարհով մէկ, Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Եւրոպա, մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք: Ցամաքամասէ ցամաքամաս հնչեցին նոյն ահազանգերը: Ակներեւ էր, որ այս շարժումին մէջ մեծ տեղ ունէին Կրեթա Թունպըրկի հասակակից, անկէ աւելի մատղաշ ու աւելի տարեց պատանիներ ու երիտասարդներ: Այլ խօսքով՝ այն սերունդը, որ ո՛չ միայն կը զգայ, այլ նաեւ ԳԻՏԱԿԻ՛Ց է, որ ճարտարարուեստի վարիչներուն այժմու ընթացքը աշխարհը կ՚առաջնորդէ աղէտներու, բնական արհաւիրքներուն ոտնաձայները կը լսուին ամէնուրեք՝ նախընթացը գերազանցող սաստիկ փոթորիկներով, ողողումներ պատճառէ անձրեւներով, ծաւալուն հրդեհներով (կանգ չառնենք անոնց շուրջ ծագած քաղաքական ու քաղաքականացնող սնամէջ բանավէճերուն առջեւ): Այսօրուան պատանին ու երիտասարդը կը գիտակցին, որ իրենց ապագան նիւթական պարտքերու տակ դնող շահամոլները շա՛տ աւելի անդարմանելի պատուհասներու ենթակայ կը դարձնեն իրենց յետագայ կեանքը: Ամբողջ սերունդի մը արդար պահանջն ու անկէ բխող ճիչն է, որ կը հնչեն Կրեթաներու եւ հասակակիցներու բերաններէն, ճիչ մը, որուն դիմաց աչք ու ականջ փակելու իրաւունք չունին ճարտարարուեստի հսկաները, իրաւունք չունին բաւականանալու մեղադրանքեր փոխանակելով, ըսելով, որ այսինչ կամ այնինչ երկիրը չէ յարած Փարիզեան կամ այլ համաձայնութեանց ճշդած սկզբուքներուն եւ կանխամիջոցներուն:

Կենսոլորտի տագնապը համաշխարհայնացումի իսկական աղէտներէն է, որ կը կարօտի բոլորին կարողութեանց ու մանաւանդ ուղեղներուն միացման: Մատղաշ սերունդը ա՛յս կ՚ակնկալէ վարիչներէն, անխտիր բոլորէ՛ն:

(Կ՚արժէ՞ արդեօք հարց տալ, թէ մենք՝ հայերս, Հայաստանի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին, ո՞ւր կը կանգնինք աշխարհը ցնցող այս շարժումին նկատմամբ: Մտահո՞գ ենք կեսոլորտին ուղղուած սպառնալիքներով, ապագայ սերունդին կեանքը վտանգող զարգացումներով, թէ՞ կը նախընտրենք այս բոլորը դիտել կրաւորական ձեռնածալութեամբ, մնալ քանի մը հանքի շահագործման-չշահագործելու շրջագիծին մէջ, աշխարհատարած ցոյցերը կը դասենք «բազում աղմուկ վասն ոչինչի»ի սիւնակին տակ, կը մտածենք, թէ ի՛նչ որ ալ ըլլայ նման շարժումներու տարողութիւնն ու ծաւալը՝ դատապարտուած են վիժեցումի: Ի դէպ, մեր մամուլն ալ ընդհանրապէս անարձագանգ կը թողու այս շարժումը. փորձեցէք, օրինակի համար, համացանցի ծանօթ սարքերու ճամբով շուէտացի պարմանուհիին անունը հայերէնով փնտռել. իմ որոնումս ի յայտ բերաւ միայն մէկ արդիւնք. «Ազդակ»ի մանկապատանեկան էջին մէջ, յունուար 2019-ին, կարճ տեղեկատուութիւն մը կայ պարմանուհիին մասին…):

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

24 սեպտեմբեր 2019

«Ազդակ», Լիբանան


(*) Կրեթայի բառերն են. How dare you? բառացի թարգմանութիւնը պիտի ըլլար «Ինչպէ՞ս կը համարձակիք» կամ «ինչպէ՞ս կը յանդգնիք». նախընտրեցինք գործածել «ժպրհիլ» եզրը՝ հաւատալով, որ անիկա աւելի՛ կը պատշաճի միտքին ու ի յայտ կը բերէ հայերէնին հարստութիւնը, մտածումը աւելի՛ դիպուկ ու հարազատօրէն արտայայտելու կարողութիւնը…

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2019