ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՊԱՐՏԻԶԱԿԸ

ԱՐՏԻԶԱԿ - ԴՊՐՈՑՆԵՐ

Ի՞նչպէս չյիշել ու ինչո՞ւ չխօսիլ քու մասիդ, իմս Պարտիզակ, գեղածիծաղ պուրակը Բիւթանիոյ: Ի՞նչպէս չյիշել երբ դուն իմ երրորդ հայրենիքս եղար(1)։

Ինչպէս այս տողերու հեղինակ՝ Յակոբ Տեր Յակոբեանը, նման միւս այլ պարտիզակցիներ գաղթականներ եղած են: Պարտիզակը կը հիմնուի 1600 թուականներուն Սեբաստիոյ նահանգէն գաղթող հայերու կողմէ: Թորգոմ Պատրիարք կը վկայէ, թէ իր Սեբաստիոյ առաջնորդութեան ընթացքին հանդիպած է նոյնանուն գիւղի մը, որու բարբառը նման էր պարտիզակցիներու բարբառին(2)։

Պարտիզակը՝ իբրեւ գիւղաքաղաք իր մշակութային եւ կրթական հաստատութիւններով ռահվիրաներէն մէկը եղած է հայազարգացման գործընթացին: Ան իր դպրոցներով եւ այլ հաստատութիւններով ծառայած է գաւառի, նաեւ Պոլսի երիտասարդութեան կրթութեանը եւ ապագայ մտաւորականութեան մշակման: Իր ծոցէն արձակած մտաւորականներու ճոխ հո՞յլը, զոր ոչ մէկ հայ գիւղ տուած է (պատրիարք, եպիսկոպոս, վարդապետ, ուսուցչապետ), բոլորն ալ գրի ու գիրքի մարդիկ(3)։

Պարտիզակը ուսման եւ լուսաւորութեան կեդրոն մը դարձած էր՝ օժտուած Ներսէսեան-Շուշանեան ազգային վարժարանով, իր մանկապարտէզներով, կաթոլիկ, բողոքական, գերմական օժանդակ դպրոցներով, իսկ անոնց վրայ աւելցնելով Ամերիկեան բարձրագոյն վարժարանը(4)։

ԱՌԱՋԻՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Պարտիզակի կրթական հաստատութիւններու մասին մեզի կը տեղեկացնէ Տ. Կարապետ Քահանան (1790-1850) իր ինքնակենսագրութիւնով, որ գրի առնուած է 1831-ին: Իր հայրը գիւղի մազմանն էր, վեց տարեկանին տարաւ զինքը իր արհեստանոցը, հոն կային նաեւ 20 ուրիշ աշակերտներ, որոնք հոն ձրի կ՚ուսանէին: Նորէն նոյն աղբիւրէն կ՚ընդօրինակենք, թէ մինչեւ 18-րդ դարի վերջերը Պարտիզակի մէջ դպրոց մը գոյութիւն չունէր, այլ՝ քահանաները գրել-կարդալ կը սորվեցնէին աղաներու տղաքներուն կամ ալ ինչպէս վերը նշեցինք՝ մազմանները(5): Իսկ գիրքեր չկային, բացի Սաղմոս եւ Ժամագիրքէ: Իսկ Պարտիզակի առաջին աղջկանց վարժարանը բացած է այս նոյն Կարապետ Քահանան՝ 1820 թուականին(6): Բայց մեծ հաւանականութեամբ այս դպրոցը մասնաւոր շէնք մը չունէր, կը ծառայէր կամ եկեղեցիի կամ ալ տիրացիի տան երդիկին տակ:

ՆՈՐ ՓՈՒԼ - ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Կրթական գործունէութիւնը կենսունակ եւ աշխոյժ ձեւ մը առաւ Պօղոս Արք. Գարագաշեանի առաջնորդութեան օրօք: Գարագաշեանի հրահանգով կը սկսին դպրոց մը կառուցելու աշխատանքները: Այս աշխատանքները կ՚ընթանան գաղտնի՝ գիւղի կառավարիչներու վախէն: Կառուցման աշխատանքները կ՚աւարտին 1833-ին եւ իբր վարժապետ կը կոչուի Չամուրճի Տէրոյենց պատուելիի քեռորդին՝ տիրացու Կարապետը: Իրեն կը յաջորդէ Սօմունճեան տիրացու Յակոբը(7): Դպրոցի շէնքը կը գտնուէր նոր եկեղեցիին այսինքն՝ Սուրբ Յակոբին հիւսիսի կողմը: Երկու յարկանի կառոյցը ունէր երկու սրահներ, ուսումնարան եւ երեք դասարաններ: Իսկ շէնքի ճարտարապետն էր Բարաղամ ուսթա -վարպետ- Մկրտիչ(8): Ազգային վարժարանի բացումէն տասը տարի յետոյ, դպրոցին կից նոր կառոյց մը հայթայթուեցաւ աղջիկներու ուսման համար, որ Ստեփան անունով հայկաբանի մը հսկողութեան տակ էր(9):

Այս երկու դպրոցներու մասին կան տեղեկութիւններ Պօղոս Վարդապետ Նաթանեանի 1871-ին տպուած մենագրութեան մէջ: Վարդապետը ազգային վարժարանի ուսանողներու թիւը 400-ի կը հասցնէ, իսկ տարեկան ծախսը՝ 30.000 ղրուշի: Դպրոցի տնօրէնութիւնը կը վարէ Գ. Մ. Շիրինեանը(10): Շիրինեանը Պարտիզակ կու գայ Ազգ. Սահմանադրութեան -1863 թուականին- հռչակումէն յետոյ: Սահմանադրութեան համաձայն գիւղին մէջ կ՚ընտրուի նաեւ նոր թաղային խորհուրդ մը՝ Սարգիս էֆ. Մկրեանի ատենապետութեամբ: Ան կարեւորութիւն տալով կրթական գործին, կ՚ուզէ վերջ տալ դպրոցի եւ կրթութեան անբաւարար վիճակին: Այս ուղղութեամբ իբրեւ տեսուչ Պոլիսէն կը հրաւիրէ յատուկ մանկավարժական կրթութիւն առած Գէորգ Շիրինեանը: Ան մեծ խանդավառութեամբ սկսաւ իր պաշտօնին, բայց Մկրեանի հակառակորդները խանգարեցին երիտասարդ մանկավարժի աշխատանքը, ապա նողկալով պարտաւոր եղաւ գիւղէն հեռանալու: Առաջին սերունդը եղան իր հասցուցած աշակերտներէն Աբրահամ-Արմենակ Յակոբեանները, Մինաս Ծալեանն ու Արտաշէս Մկրեանը, որոնք իրենց կրթութենէն յետոյ Ազգային վարժարանէն անցան Ռոպէրթ քոլէճ(11):

Նաթանեան Վարդապետ կը նկարագրէ նաեւ իր հատորի մէջ աղջիկներու դպրոցի խեղճ վիճակը(12): Այդ նոյն երեւոյթը մեզի աւելի յստակ բառերով եւ բաց քննադատութեամբ մը կը ցոլացնէ Մկրտիչ Մելիքեանը. «…որուն դպրոց ըսելու կ՚ամչնայ մարդ, վասնզի աւելի ախոռի կամ քարայրի կը նմանի, քան թէ աղջիկ զաւակներ պատսպարող շէնքի մը»(13): Իսկ այս ժամանակին կար նաեւ ամերիկացի միսիոնարներու աղջկանց դպրոցը, որ կը գերազանցէր պարտիզակցիի աղջկանց վարժարանը: Ժողովուրդը չկրցաւ անտարբեր մնալ վիճակին, ապա 1877-ին Պոլիսէն գործի հրաւիրուեցան տէր եւ տիկին Լուսինեանները, իբրեւ տեսուչ: Իրենց առաջին տարին բաւական յաջող անցաւ, բայց յետոյ անոնք չկրցան յարմարուիլ գիւղի կեանքին ու մեկնեցան(14): Այս պահին գիւղի աղջկանց մասին իրենց պատկերացումը ներկայացնելը կարեւոր կը սեպենք: Այնուամենայնիւ, հոն պզտիկ փոքրամասնական խումբ մը կազմէ տասնութ տարեկան աղջիկներու թիւը, որ ամուսնացած չըլլայ(15):

Ֆրանսացի հայագէտ Էօժէն Պորէն 1847 թուականի մայիսին կ՚այցելէ Պարտիզակ: Ան կը գովէ Ազգային վարժարանի տեղն ու դիրքը, նաեւ աշակերտներու յառաջդիմութիւնն ու ֆրանսերէնի քաջ տիրապետութիւնը: Նաեւ կը գովէ մանաւանդ Կարապետ Մկրեան աղային ազգասիրական ջանքերը(16):

Պարտիզակ կ՚այցելէ նաեւ նոյն 1847 թուականին գաւառի ընդհանուր տնօրէն եւ քննիչ՝ Մուրատ վարժապետ Ռուբինեան: Քննիչը սերտարան մը կազմեց՝ ամփիթատրոնի ձեւով նստարաններ շինել տալով(17): Այս բոլորը իրականութիւն դարձան Տատեան գերապատիւ ամիրայի օժանդակութեամբ(18):

Ազգային վարժարանի ուսանողներու թիւը 1857-ին հասած էր մինչեւ 500-ի: Անոնցմէ 200-ը սորված էր արդէն այբբենարանը եւ կարող՝ հայոց պատմութիւն եւ քրիստոնէութիւն կարդալու, իսկ 50 հատը՝ բարձրագոյն քերականութեան: Իսկ աղջկանց վարժարանը ունէր 250 աշակերտուհիներ, որոնք կարող էին միայն հասարակ ընթերցման(19): Բարունակ պէյ, որ 1859-ին պետական պաշտօնով մը այցելած էր գիւղը, հետեւեալ տեղեկութիւնները կու տայ. «Մէկ մանչերու դպրոց, 450 աշակերտ, եօթը դասատու: Առարկաներն են՝ ընթերցանութիւն, քերականութիւն, պատմութիւն, թուաբանութիւն, երաժշտութիւն, գիր, քրիստոնէական: Եւս մէկ դպրոց աղջկանց, 220 աշակերտ: Նոյն առարկաները հոս ալ կը դասաւանդուին եւս յաւելեալ՝ ասեղնագործութիւն: Եկամուտ երկու դպրոցներու 40.000 ղրուշ, ծախք՝ 32.000»(20):

1863 թուականին իրարմէ բոլորովին տարբեր երեւոյթներ կը ներկայացուին թերթերու մէջ՝ Պարտիզակի կրթական հաստատութիւններու մասին: Մէկը՝ կը գովէ Յովհաննէս Մկրեան աղայի անձնուէր աշխատանքը ուսման վայրին մէջ եւ կը պատմէ իրադարձութիւնները վարժարանի յառաջդիմութեան մասին(21): Այս նամակի պարունակութեան դէմ բողոք կը բարձրացնէ «մինն ի ձեր բաժանորդաց» ստորագրութեամբ մէկը, գրելով՝ թէ երեխաները հինգ տարեկանէն 16 տարեկան կը շրջին կիսամերկ փողոցներու եւ արտերու մէջ: Նաեւ իր դժգոհութիւնը կը յայտնէ դպրոցներու անբաւականութեան եւ տարօրինակ վիճակին մասին(22): Ուստի այս բողոքը մասամբ ընդունելի է, շեշտելով չափազանցութիւններու գոյութիւնը: Նախ եւ առաջ ըսենք, որ Պարտիզակը 1858-62 թուականներու միջեւ սոսկալի աղքատութեան մէջ ինկած է հունտի, խաղողի եւ արմտիքի հիւանդութեան պատճառաւ(23): Ուրեմն այդ տարիներուն դպրոցին եկամուտները յատկացուած են թշուառութիւնները մխիթարելու(24): Բայց եւ այնպէս, պարտիզակցին վերստին 24.000 ղրուշ եկամուտ յատկացուցած է իր երկու դպրոցներուն(25):

Իսկ 1866 թուականի Մեծ պահքի ժամանակ գիւղ կ՚այցելէ Դաւիթ Ներշապահ Վարդապետը: Այս վերջինը զանազան դրամական միջոցներ ապահովելով՝ վարժարանի անբարեկարգ վիճակը կը փոխէ, նաեւ կը վերահաստատէ մի քանի տարի առաջ ամփոփուած եւ յետոյ ցրուած ընթերցասրահը(26)։

ԿՐԹԱԿԱՆ ՈՍԿԵԴԱՐ - ԵՂԻՇԷ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԴՈՒՐԵԱՆ

Պարտիզակը կրթական տեսակէտէ իր ոսկեդարը կ՚ապրի արմաշական Եղիշէ Վրդ. Դուրեանի ժամանակ: 1880-ին Պարտիզակ կը հրաւիրուի քսանամեայ վարդապետը, իբր քարոզիչ եւ թէ տեսուչ վարժարաններու: Իր պաշտօնավարութեան տակաւին երրորդ տարին էր, երբ Պարտիզակը ունէր դպրոցական նոր շէնք մը: Դպրոցի նոր շէնքը եռայարկ էր երկու թեւերով եւ երկու բաժանումներով՝ արեւմտեանը մանչերուն, իսկ արեւելեանը աղջիկներուն: Ունէր նաեւ մեծ սրահներ իւրաքանչիւր թեւերու վրայ եւ տասնեակ դասարաններ(27): Շէնքին հիմքերը հողին մէջն էին եւ քարաշէն, իսկ գետնէն վեր ամբողջ զանգուածը փայտաշէն(28): Իսկ ճարտարապետն էր յոյն Միմիքօ անունով անձ մը: Այս բոլորը իրականացաւ ժողովուրդի եռանդով եւ օժանդակութեամբ, որու համար 1000 օսմ. ոսկի ծախսուեցաւ։ Շինարարութեան ընթացքին ուսումը շարունակուեցաւ զանազան ուրիշ շէնքերու մէջ: Դուրեանի երրորդ տարին էր, երբ բացուեցան դռները վարժարանի նոր շէնքին: Մանչերու բաժինը կոչուեցաւ Ներսէսեան վարժարան՝ Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարքի յիշատակին եւ աղջիկներու բաժինը՝ Շուշանեան վարժարան, Վարդան զօրավարի աղջկան՝ Շուշանի յիշատակին(29): Դպրոց կը յաճախէր 900-1000 երկսեռ աշակերտ(30): Աշակերտները դպրոց կ՚ընդունուէին հինգ տարեկանին եւ զայն կ՚աւարտէին 14-15 տարեկան հասակի մէջ:

Դուրեան Վարդապետը կ՚աւանդէր բարձր դասարաններու կարեւոր առարկաները, իրեն կ՚օգնէր Գառնիկ Կիւրեղեան, որ կը դասաւանդէր թրքերէն ու ֆրանսերէն: Ապա կար նաեւ իբրեւ նախակրթարանի պատասխանատու՝ Աբրահամ Մատթէոսեանը:

Ազգային վարժարանը կը ծառայէր այլեւս ոչ միայն դպրոց՝ այլեւ մշակութային կեդրոն: Իր մակարդակով եղաւ փայլուն մրցակիցը ամերիկացիներու բացած Բարձրագոյն վարժարանին: Բիւթանիոյ նահանգի ամէն կողմէն ուսանողներ կը ղրկուէին Պարտիզակի ազգային վարժարանը(31): Դուրեանի հասցուցած սերունդէն են Մկրտիչ Եպսկ. Աղաւնունի, Անանիա Վրդ. Հաբէլեան, Գրիգոր Մխալեան, Յ. Սէքկիւլեան, Կարապետ Եպսկ. Մազլըմեան, Արտաշէս Պօտոսեան եւ ուիիշներ(32)։

Պարտիզակը այս ժամանակի ընթացքին եւ նաեւ յետոյ, դարձաւ այցելութեան կարեւոր վայր մը մտաւորականներու համար: Գրեթէ բոլոր Պոլսոյ մտաւորականները կ՚այցելէին հոն՝ Զօհրապ, Հրանդ Ասատուր, Արշակ Չօպանեան, Սիամանթօ, Վահան Թէքէեան, Արշակ Ալպօյաճեան, Թէոդիկ, Երուանդ Սրմաքէշխանլեան: Կոմիտաս Վարդապետ հոն կազմած է Մինասեան(33) անունով երգչախումբ մը, ապա դասախօսած եւ երգած է հոն:

Դուրեան բացաւ նաեւ լսարաններ: Այս լսարանները կ՚այցելէին մանաւանդ գիւղի կանայք: Այս լսարանները ժամանակի ընթացքին փոխուեցան ընկերութիւններու, որոնցմէ են՝ Արմէնադուխտ Միութիւն, Հայրենասէր, Արամեան եւ Ասքանազեանը(34)։

Դուրեան Վարդապետ աւարտելով իր տասնամեայ պաշտօնավարութիւնը՝ կ՚ընտրուի Արմաշի փոխ-վանահայրութեան, իր տեղը կոչելով Երուանդ Տէր-Անդրէասեանը, Գրիգոր Մխալեանը եւ Մինաս Սէմէրճեանը: Նաեւ կարճ ատեն մը տեսչութիւն վարեցին Մինաս Ծալեան եւ Արամ Մազլըմեան(35): Բայց իրաւայաջորդները չկարողացան դպրոցը այդ նոյն մակարդակին պահել, ինչպէս Դուրեան Վարդապետին ժամանակը: Քայքայումը շարունակուեցաւ այսպէս եւ տարիներու ընթացքին աշակերտութեան մեծամասնութիւնը սկսաւ հետեւիլ Ամերիկեան վարժարանի դասընդացքին(36): Այս վիճակին կը վկայէ նման թղթակցութիւն մը, որ կը գանգատի դպրոցի վիճակէն. «Ժամանակաւ Նիկոմիդիոյ վիճակին բոլոր վարժարաններուն ուսուցիչ հայթայթող այս կարեւոր հաստատութիւնը, շուրջ երեք տարիէ լքեալ եւ անկերպարան վիճակ մը ունի: Նիւթական մատակարարութիւնն ալ գէշ է եւ ուսուցիչները կտոր կտոր կը վճարուին»(37)։ Այս վերջինը, որ ուսուցիչներու վճարման մասին է, կ՚ուզէ շեշտը դնել պաշտօնավայրի փոփոխութեան վրայ վարժապատներու, որոնք դասաւանդումը շարունակեցին Ամերիկեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ:

ՍՏԵՓԱՆՆՈՍ ՍՐԲԱԶԱՆԻ ԱՅՑԸ

20-րդ դարի սկիզբները ազգային վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը յանձնուած էր Ասատուր Հաբէլեանին: Իսկ ամէն տարի Պարտիզակի եկեղեցական տօնին՝ այսինքն Սուրբ Յակոբին, անպատճառ հոս կու գար Բիւթանիոյ առաջնորդ Ստեփաննոս Արք. Յովակիմեանը՝ պատարագելու: Դպրոցական փոքրիկ տղաքներ Հաբէլեանի առաջնորդութեամբ կ՚երթային իրեն ընդառաջելու եւ իբր բարի գալուստի ուղերձ՝ հետեւեալը կ՚երգէին.

Ահա հայր մեր վեհ սիրավառ,
Քան զ՚Արուսեակ ծագի պայծառ,
Բերելով իւր շնորհն ու սէր
Սիրուն մանկանց իւր ի նուէր
Կեցցէ՛ հայր մեր պատուական
Ստեփաննոս Սրբազան(38)։

Այդ բարի գալուստի ուղերձը տնօրէն Հաբէլանը գրած էր իր սիրելի տնօրէն-ուսուցիչին՝ Եղիշէ Դուրեանի Պարտիզակ այցելութեան առթիւ(39)։

Նոյն Ա. Ծ. Վրդ. Հաբէլեանը գրած է նաեւ բանաստեղծութիւն մը Ներսեսեան-Շուշանեան վարժարանի համար, որ դարձած է ժամանակի ընթացքին դպրոցի պաշտօնական օրհներգը.

Դու համայնից վայր սիրական
Օրրան լուսոյ եւ վեհ տաճար
Յարգանք եւ փառք տանք քու անուան
Կեա՛ց մեր սիրով ընդմիշտ անճառ
Ո՜վ մեր վաժարան Ներսէս-Շուշանեան:

Արտասուաթոր հրաժեշտ մեր տանք
Բարեա՜ւ մնաս դուն երջանիկ
Ա՛յս մեր ըլլան հուսկ պաղատանք
Անեղին աջ քեզ զօրավիգ
Ո՜վ մեր վարժարան
Ներսէս-Շուշանեան(40)։

ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶ

Գիւղի մէջ մանկապարտէզի մը գոյութեան մասին տեղեկութիւնները կը հասնի մինչեւ 1863 թուական՝ իր 200 մանուկներով(41): Ըստ 1907 թուականի տեղեկագրութեան, ազգային դպրոցը ունեցած է 483 երկսեռ աշակերտ, իսկ մանկապարտէզը՝ 517 երկսեռ մանուկներ(42): Մանկապարտէզը կը խնամէին պարտիզակցի կանայք: Օժանդակութեան համար կազմած էին «Աղքատախնամ ընկերութիւն» մը(43): Սրճարանի երկրորդ յարկը կը գործածուէր իբրեւ մանկապարտէզ, բայց փափաք կար առանձին շէնք մը ունենալու: Այս նպատակին համաձայն Տիգրանուհի Քէօսէեան Պոլիս կ՚երթայ 1907-ին եւ կը գանձէ 250 ոսկի, պոլսաբնակ պարտիզակցիներէն(44): Ապա մեծ տուն մը կը գնուի պարտէզով եւ հոն կը փոխադրուի մանկապարտէզը:

ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Բողոքականութիւնը մօտաւորապէս 1870-ական թուականերուն մտաւ Պարտիզակ: Ազգային իշխանութիւններու որոշումներէն դժգոհները դիմեցին բողոքականներուն Իզմիթի, ուր նախապէս կը գործէին ամերիկացի միսիոնարները(45):

Այս դիմումին ի պատասխան, Ամերիկեան Պորտը տիար Փարսընսը կ՚ուղարկէ Պարտիզակ, ուր համայնքը մշակելու եւ պէտք եղած կառոյցները ապահովելու համար: Այս ուղղութեամբ առաջին կրթական հաստատութիւնը կառուցուեցաւ տիկին Ֆարնըմի նաեւ տիար եւ տիկին Փարսընսի աջակցութեամբ, 1870 թուականին: Ի արդիւնք այս աշխատանքներուն, բացուեցաւ աղջկանց վարժարան մը: Մետաքսի գործարան մը ծախու առնելով կարգ մը փոփոխութիւններու կ՚ենդարկուի՝ դասարաններով, սրահով, ուսուցիչներու բնակութեան յատուկ սենեակներով, ննջարաններով, կը շինուի նաեւ խոհանոց, սեղանատուն, բաղնիք ու լուացարան(46): Դպրոցի մէջ կ՚աւանդուէին բացի հայերէն եւ անգլերէն լեզուներէ, թուաբանութիւն, աշխարհագրութիւն, երկրաչափութիւն, կրօնք, երգ ու մարզանք: Այս վարժարանը 1884 թուականին փոխադրուեցաւ Ատափազարը եւ ապա՝ Պոլիս, Սկիւտար(47)։

1876 թուականին Փարսընսը միսիոնը կը փոխանցէ տիար Փիրսի, որ ինք աղջկանց վարժարանի կից շէնքեր վարձելով բացաւ 1883-ին(48) Բարձրագոյն բողոքական վարժարանը: Այս վարժարանը կը բաղկանար երկու շէնքերէ. վարի շէնքին մէջ էին ննջարանները եւ ճաշարանը, իսկ վերի շէնքը կը գործածուէր իբրեւ ուսումնարան: Կար նաեւ աշխատանոց մը. տեղացի վարպետի մը տնօրէնութեան տակ: Աշակերտները հոն սակառ կը շինէին, բայց ոչ թէ արհեստ սորվելու, այլեւ իրենց թոշակին պակասը աշխատութեամբ լրացնելու համար(49): Գիշերօթիկ ուսանողներու տարեթոշակը ժամանակի ընդաթքին բարձրացաւ մինջև 18 օսմ. ոսկիի(50): Այդ ժամանակ դպրոցը ունէր 120 աշակերտ, որու 90 հատը գիշերօթիկ էին(51): Գիւղացիկ տարօրինակ անուն մը տուած էին այս նոր կրթարանին՝ «մարզուն» կամ «մարզուանի դպրոց» կը կոչէին զայն(52): Կան նման կարծիքներ, թէ տեղացի ժողովուրդը Պարտիզակի բարձրագոյն վարժարանը կը սեպէին իբրեւ Մարզուանի մէջ հաստատուած ամերիկեան դպրոցներու մի շարունակութիւնը(53):

Տիար Փիրսը Պարտիզակի մէջ պաշտօնավարեց մօտաւորապէս 15 տարիներ, ապա իրեն յաջորդեց գանատացի տքթ. Ռոպըրթ Չէյմպըրս իբրեւ տնօրէն եւ ծառայեց 1897 թուականէն սկսեալ մինչեւ 1912: Չէյմպըրս Պարտիզակէն առաջ կ՚աշխատէր Կարինի մէջ եւ կը տիրապետէր Կարնոյ հայերէնին(54): Տքթ. Չէյմպըրս գիւղ եկած էր իր կնոջ, նորէն հայախօս՝ տքթ. Էլիզապէթ Լոսընի հետ: Իրենք ունէին երկու զաւակներ՝ Ռոպըրթ եւ Լոսըն, որոնք իրենց նախա-կըրթութիւնը ստացան Պարտիզակի մէջ:

Հայախօս այս միսիոնարը այս ժամանակաշրջանին շատ մը յառաջդիմութիւններ արձանագրեց, ի օգուտ վարժարանին: Թէ՛ ուսումնական եւ թէ շինարարական տեսակէտէ շատ մը նորութիւններ տեղի ունեցան: Ուսումնական բաժինը զօրացուց եւ հաւաքեց կարող ուսուցիչները: Ասոնցմէ են՝ Արմենակ Տ. Յակոբեան, Մինաս Ծալեան, Գ. Մխալեան եւ ուրիշներ: Գիտական դասերուն հետ մեծ խնամքով կ՚աւանդուէին հայերէն, թրքերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուները: Աշակերտները պարտաւոր էին անգլերէն խօսիլ դպրոցին, նոյնիսկ՝ ննջարաններուն մէջ(55): Վարժարանը կը կազմակերպէր նաեւ ամէն տարի ձմեռուան եղանակին բանախօսութիւններու շարք մը, լուրջ պատրաստութեամբ, ուսւցիչներու եւ դուրսէն յատկապէս հրաւիրուած բանախօսներու կողմէ(56):

Ինչպէս որ նշեցինք, աշխուժացաւ նաեւ կառուցման գործընթացը: Շինուեցան նոր շէնքեր վարժարանի համար: Անոնցմէ մին է Փիրս Հոլը, որ այս անունով նուիրուած է ի յիշատակ դպրոցի հիմնադիրին: Քառայարկ, հոյակապ ու հսկայ այս շէնքը կառուցուեցաւ տիար Փարսընսի գնած գետնին վրայ: Ապա կառուցուեցաւ Նիւմըն Հոլը, վարժարանի սեփական գետնին սահմանակից գնուած թթաստանի մէջ, ուր սկսաւ ծառայել իբրեւ դպրոց, իսկ Փիրս Հոլը վերածուեցաւ ուսանողներու ննջարանի: Իսկ ամենավերջը նախկին ուսանողներու օժանդակութեամբ շինուեցաւ աւելի ընդարձակ շէնք մը, որու ամբողջ ծախքը եղած էր 813.14 օսմ. ոսկի(57) եւ իր մէջ կը պարունակէր հանդիսասրահ, մատենադարան, նաեւ մարզասրահ ու դրոշմուեցաւ Չէյմպըրսի անունով: Բոլոր այս շէնքերը կառոցուեցան պարտիզակցի Յովհաննէս Լիյլոզեան ճարտարապետի յատակագիծերով(58): Այդ ժամանակ ուսանողներու թիւը հասած էր մօտաւորապէս 250-ի(59): Իսկ այս վերջին շինութենէն յետոյ Փիրս Հոլը սկսաւ ծառայել իբրեւ պանդոկ, բայց միայն ամռանը՝ Պօղոս Գուրուեանի տնօրէնութեան տակ(60):

Պարտիզակի բարձրագոյն վարժարանը ունէր նաեւ «Ընթացաւարտաց Ընկերակցութիւն», հիմնուած՝ 1892 թուականի յունիսին: Այս ընկերակցութիւնը կ՚օժանդակէր դպրոցի պէտքերուն եւ ունէր գործադիր մարմին մը(61)։ Կար նաեւ Ամերիկայի մէջ բարձրագոյն վարժարանի ընթացաւարտներու միութիւն «հին սանուց միութիւն» անունով(62)։ Ուստի ըսենք, որ վարժարանի ուսանողները միշտ հայ տղաքը չեն եղած, կային նաեւ այլազգի ներկայացուցիչներ: Օրինակի համար՝ 1910 թուականին վարժարանի ուսանողներու մէջ կը գտնուէին երկու թուրք, երկու յոյն եւ մէկ պարսիկ աշակերտներ(63)։

Դպրոցին մէջ գոյութիւն ունէին նաեւ զանազան ընկերակցութիւններ՝ խաղասիրաց, մարզասիրաց, ընթերցասիրաց, ժուժկալաց, ջանասիրաց եւ երաժշտասիրաց ընկերակցութիւնները: Այս բոլոր ընկերակցութիւններու մէկական անդամներով կը կազմուէին ուսանողաց միութիւնը, որ ունէր իրեն յատուկ մասնախումբը: Ի արդիւնք մարզասիրաց ընկերակցութեան, վարժարանի աշակերտները միշտ նշանաւոր եղած էին դաշտային խաղերուն մէջ:

Մայիսի 1-ը յիշակատակն էր դպրոցի հիմնադիրներուն: Ամէն տարի ներկաները աւանդական բրինձը կը վայելէին ճաշարանի մէջ(64)։

Վարժարանի մէջ կար գրադարան մը եւ կը պարունակէր մօտաւորապէս 700 հատոր գիրք, ծանրակշիռ՝ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով(65)։

Պարտիզակի բարձրագոյն վարժարանը ունէր նաեւ իր օրհներգը «Երգ դպրոցական» անունով եւ անոր հեղինակն էր հին շրջանաւարտներէն՝ Ս. Մ. Գասապեան.

Ծիծաղկոտ ծաղկունք ծոցիդ մէջ ծլին,
Բուրումներ անուշ շուրջդ ծաւալին.
Ո՜վ պերճ բուրաստան Բարձր Վարժարան,
Գեղգ ու հրապոյրդ մնան անթառամ:

….

Գիտութեան շքեղ ջահով մշտավառ.
Հաղորդեցիր դու մեզի լոյս պայծառ,
Ո՜վ Բիւթանական Բարձր Վարժարան.
Ապրէ՛ դու յաւերժ, ապրէ՛ անսասան:

1914-1915 դպրոցական տարեշրջանին կար Բարձրագոյն վարժարանի երդիքին տակ 120 գիշերօթիկ աշակերտներ, իսկ 50-ի չափ ալ ցերեկեաններ: Այս թիւերը փոքր էին անցած տարիներու հետ բաղդատելով: Ասոր պատճառն էր մասամբ՝ ընդհանուր զօրակոչը: Բաւական թիւով ընթացաւարտներ կը մարզուէին Կ.Պոլսի սպայից վարժարանին մէջ: Ասոնցմէ տքթ. Գեղամ Սերովբեան հարիւրապետի աստիճանով պաշտօն ունէր Ռոտոսթօ գտնուող Օսմ. բանակին մէջ, իսկ Մինաս Նախապետեանը սպայի աստիճանով՝ Պանտըրմայի մէջ(66)։

Տքթ. Չէյմպըրսին յաջորդեց անգլիացի տիար Մաքնոթըն, որ հազիւ երկու տարիներ գործեց: Ապա պատերազմի ընդաթքին աքսորուեցաւ ան, իբր թշնամի տէրութեան մի հպատակ: 1914-15 թուականներուն պաշտօնը փոխանակուեցաւ ամերիկացի տիար Ռիտին: Ռիտը այդ պաշտօնը զբաղեցուց մինջեւ վարժարանական տարւոյն վերջը, որ այդ ժամանակին ամբողջովին պարպուեցաւ Պարտիզակը իր բնակչութենէն(67):

Բարձրագոյն Ամերիկեան վարժարանը կը ծառայէր ոչ միայն տեղացի, այլեւ ուրիշ քաղաքներէ եկած գիշերօթիկ ուսանողաց համար, ինչպէս՝ Պիլէճիկ, Ատափազարը, Քէօթահիա, Պուրսա, նաեւ Պոլիս, Էտիրնէ, Ռոտոսթօ: Վարժարանի շրջանաւարտները կը շարունակէին իրենց ուսմանը Պոլսոյ Ռոպերթ քոլէճին մէջ: Այս սերունդն է որ հայ մտաւորականութեան նոր ուղղութիւն մը տուին՝ իրենց ներշնչումովը եւրոպական մշակոյթին հետ:

ՊԱՐՏԻԶԱԿԻ «ԱՐԾԻՒ» ԽՈՒՄԲԸ

1912 թուականին Իթթիհատ Թերաքքիի վարիչ՝ Հաքքը պէյ կ՚ալցելէ Իզմիթ, տեղի ունենալիք հանդէսը կազմակերպելու նպատակով: Կառավարութիւնը Անգլիոյ նաւարաններուն ապսպրած էր մէկ մարտանաւ (սուլթան Օսման), մէկ հատ ալ թորփիլանաւ, որոնք քիչ ժամանակէն պիտի ընկալուէին: Սակայն նուազ դրամական միջոցներ գոյութիւն ունէր: Ասոր համար ալ ամէն կողմ հանդէսներ եւ հանգանակութիւններ կատարելով պիտի ջանար պետութիւնը պէտք եղած դրամը հաւաքել: Իսկ այս անգամ Իզմիթ կայանալիք այս հանդէսի կեդրոնական մասը պիտի կազմէր ֆութպոլի մրցումը եւ ասոր համար ալ հրաւիրուած էր Պոլսի ամենէն յարգուած խումբերէն՝ Կալաթասարայը: Ուստի Հաքքը պէյ կը կանչէ պարտիզակցի եւ Բարձրագոյն վարժարանի շրջանաւարտներէն՝ Յարութիւն Պօղոսեանը, իբրեւ ֆութպոլի խաղի մասնագէտ, որպէսզի ինք թուրք, յոյն եւ հայ ֆութպոլիստներով լաւագոյն խումբ մը կազմէ Կալաթասարայի դէմ: Պօղոսեան մի քանի օր մտածելէ յետոյ կ՚առաջարկէ Պարտիզակի Արծիւ անունով խումբը, որու խաղացողներու բոլորն ալ կազմուած էին վարժարանի հայ ուսանողներէ կամ շրջանաւարտներէ: Ընդունեցին առաջարկը, ըսելով որ «անոնք ալ մեր գաւառին զաւակներն են»(68):

Կալաթասարայ խումբը ժամանեց Իզմիթ թրքացած անգլիացի դարպասապահ՝ Ահմէտ Ռոպէնսոնի առաջնորդութեամբ: Իսկ Արծիւ խումբի մասնակցողներու անուններն էին՝ կոքքուռ Վանէ, Երուանդ Աւետեան, Գրիգոր Վարպետեան, Գրիգոր Տէր-Սահակեան, Սարգիս Մկրեան, Մենակար Զամանեան, Խաչիկ Կոստաեան, Յ. Պօղոսեան, Յովհաննէս Սէմէրճեան, Ալպէր Կիւրեղեան, Աստուածատուր Պաղտասարեան(69): Նաւարանի դաշտի վրայ տեղի ունեցած այս խաղը անակնկալ ձեւով պարտիզակի Արծիւ խումբի ջախջախիչ յաղթանակով մը՝ 3-0 վերջ գտաւ:

Լ. ՖԱՎՐԻ ՈՐԲԱՆՈՑ (ԿՐԹԱՐԱՆ)

Զուիցերացի Ֆավր -Leopold Favre- 1895-ի Համիտեան կոտորածներէն յետոյ այցելած է Թուրքիոյ զանազան կողմերը ու իր բարեկամներու նպաստներով բացած է քանի մը որբանոցներ՝ հայ ժողովուրդի անտէր զաւակներուն համար(70):

Ասոնցմէ է Պարտիզակի Ֆավըր Պոյզ Հոմը, որ Ամերիկեան բարձրագոյն վարժարանի շրջանակին մէջ, բայց անկէ բոլորովին անջատ էր: Որբանոցի տեսչուհին էր անգլիացի օրիորդ Նիւնըմ(71): Իսկ Պարտիզակի Փարոս թերթի խմբագիր Յակոբ Ա. Ալոճեան երկար տարիներ Ֆավրի կրթարանի աւագ ուսուցիչն էր(72):

Ինչպէս որ վերը նշուեցաւ, ժամանակի ընթացքին որբանոցի ծառայութիւնը փոխուեցաւ դէպի կրթարան մը: Իբրեւ կրթարան այս հաստատութեան տարեթոշակն էր 12 օսմ. ոսկի, իսկ ով որ կարող չէր այս գումարը վճարելու, առտնին գործերով պարապելով պէտք է լեցնէր սահմանուած 12 ոսկիի թոշակը: Նաեւ աշակերտները իրենց հետը պէտք էր բերէին՝ անկողին եւ սաւան: Այս հաստատութեան աշակերտաց թիւը 1909 թուականին հասած էր 100-ի(73):

ԿԱԹՈԼԻԿ ԴՊՐՈՑ

1860-ական թուականներուն տեղացի հայ իշխանութենէն գանգատողները Կարապետ Սոմունճեանի գլխաւորութեամբ կը դիմեն Պոլսոյ կաթոլիկ պատրիարքարան, որպէսզի Պարտիզակի մէջ եկեղեցի մը հաստատուի:

Նման մուտքէն յետոյ ժամանակի ընթացքին բազմացան համայնքի թիւը եւ կարիքները: Այս ուղղութեամբ 1882 թուականին Ճնտոյեան Վարդապետ Լուսաղբիւր թաղին մէջ հող մը գնելով շինել տուաւ եկեղեցի, դպրոց եւ մայրապետանոց մը, որոնք յետոյ կոչուեցան «Վանք»(74): Այս դպրոցը կ՚այցելէին 60-ի չափ տղայ(75): Վարժարանի շրջանաւարտները իրենց կրթութիւնը կը շարունակէին Վենետիկի Սուրբ Ղազար վանքի մէջ:

Կան նման տեղեկութիւններ, թէ Համիտեան կառավարութիւնը ժամանակ մը արգիլած էր պարտիզակցիներու ճամբորդութիւնը դէպի Պոլիս եւ այլ քաղաքներ՝ իրենց հայրենասիրութիւնը պատժելու համար: Ասիկա անշուշտ որ մեծ վնաս կը հասցնէր իր ուսումը Պոլսի մէջ շարունակել փափաքող երիտասարդներուն: Նիւթական միջոցներ ոնեցող ընտանիքները ձեւով մը կը ղրկէին իրենց զաւակները բժշկական եւ այլ վարժարաններ: Բայց միայն կաթոլիկ հայերու Պոլսի պատուիրակը կրնար արտօնութիւն առնել այն բոլոր պարտիզակցի երիտասարդներուն համար, որոնք կը փափաքէին Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան երթալ ձրիօրէն ուսանելու(76): Ասոր պայմանն էր՝ չմեկնած կաթոլիկութեան ընդգրկումը:

Պարտիզակի կաթոլիկ վարժարանի շրջանաւարտները հասան բարձր դիրքերու թէ՛ աշխարական եւ թէ եկեղեկցական ոլորտի մէջ: Ասոնցմէ են՝ Յովհաննէն Թորոսեան, Վարդան Հացունի, Արսէն Ղազիկեան, Մկրտիչ Պօտուրեան,Ղեւոնդ Տայեան եւ Նիկողոս Տէօլէեան(77)։

ԷՐՄԱՆ ՕՀԱՆԵԱՆ


Օգտագործուած գրականութեան ցանկ

1) Յակոբեան, Տէր Յակոբ, Պարտիզակը Խատուտիկ, 1960 Փարիզ, էջ՝ 9

2) Յակոբեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 16

3) Յակոբեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 15

4) Պօղոսեան, Յարութիւն, Պարտիզակը Անզուգական (Յուշեր), 1967 Փարիզ, էջ՝ 13

5) Յակոբեան, նմշ. ամխ. էջ՝ 28

6) Յակոբեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 68

7) Յակոբեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 70

8) Մխալեան, Յ. Գրիգոր, Պարտիզակն ու Պարտիզակցին, Գահիրէ 1938, էջ՝ 186

9) Յակոբեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 70

10) Յակոբեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 84

11) Յակոբեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 75-76

12) Յակոբեան, նշծ. աշխ. էջ՝84

13) Հայրևնիք 1875, յուլիս 3, թիւ՝ 254

14) Յակոբեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 77

15) Մասիս 1892, օգոստոս 29, էջ՝ 184-187

16) Հայաստան 1847, յունիս 13, թիւ՝ 51

17) Յակոբեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 70

18) Հայաստան 1848, յունուար 6

19) Մասիս 1857, յունիս 6

20) Յակոբեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 82-83

21) Կիլիկիա 1863, յունիս 1, թիւ՝ 11, էջ՝ 257

22) Կիլիկիա 1863, թիւ՝ 12, էջ՝ 282-286

23) Յակոբեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 90

24) Յակոբեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 92

25) Յակոբեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 91

26) Մասիս 1866, ապրիլ 2, թիւ՝ 734

27) Յակոբեան, նշծ, աշխ. էջ՝ 77

28) Մխալեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 423

29) Մխալեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 424-425

30) Հայրենիք, յուլիս 12, թիւ՝ 12

31) Յակոբեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 78

32) Նոյն տեղ

33) Յակոբեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 67

34) Մասիս 1879, յուլիս 4/16

35) Յակոբեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 79

36) Մխալեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 529-530

37) Սուրհանդակ 1899, յունիս 17

38) Պօղոսեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 13

39) Պօղոսեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 16

40) Մարմարա 1955, սեպտ. 25

41) Կիլիկիա 1863, յունիս 1, թիւ՝ 11, էջ՝ 227

42) Յակոբեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 81

43) Նոյն տեղ

44) Յակոբեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 82

45) Յակոբեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 172

46) Մխալեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 330

47) Յակոբեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 173

48) Յակոբեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 174

49) Պարտիզակ 1911, ապրիլ, թիւ՝ 4

50) Պարտիզակ 1913, հոկտեմբեր, թիւ՝ 9

51) Հայրենիք 1894, յուլիս 12, թիւ՝ 870

52) Պետիկեան, Ա. Ա., Գրչանկարներ Պարտիզակ Գիւղին, 1950 Փարիզ, էջ՝ 545

53) Պետիկեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 546

54) Մխալեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 489

55) Պարտիզակ 1910, ապրիլ, թիւ՝ 2

56) Մխալեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 498

57) Պարտիզակ 1911, ապրիլ թիւ՝4

58) Մխալեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 501

59) Պարտիզակ 1911, ապրիլ, թիւ՝ 4

60) Պօղոսեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 45

61) Պարտիզակ 1913, հոկտեմբեր, թիւ՝ 9

62) Պարտիզակ 1911, ապրիլ, թիւ՝ 4

63) Պարտիզակ 1910, ապրիլ, թիւ՝ 2

64) Պարտիզակ 1913, հոկտեմբեր, թիւ՝ 9

65) Պարտիզակ 1909, հոկտեմբեր, թիւ՝ 1

66) Պարտիզակ 1914, հոկտեմբեր, թիւ՝ 11

67) Մխալեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 506

68) Պօղոսեան, նմծ. աշխ. էջ՝ 50

69) Պօղոսեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 55

70) Պարտիզակ 1909, հոկտեմբեր, թիւ՝ 1

71) Մխալեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 499

72) Պարտիզակ 1911, ապրիլ, թիւ՝ 4

73) Պարտիզակ 1909, հոկտեմբեր, թիւ՝ 1

74) Յակոբեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 170

75) Հայրենիք 1894, յուլիս 12, թիւ՝ 12

76) Պօղոսեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 17

77) Յակոբեան, նշծ. աշխ. էջ՝ 97

Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2020