ԵՐԱԶԵՑԷ՛Ք ՄԱՐԴԻԿ

Ե­րա­զե՜լ, ե­րա­զե՜լ… ան­դա­դար, ա­նընդ­հատ ե­րա­զել։ Բայց ա­ւաղ, այ­սօր մար­դիկ դադ­րե­ցան ե­րա­զե­լէ ու կ՚ապ­րին ի­րենց կեան­քը շատ միա­պա­ղաղ։ Մարդ ա­րա­րա­ծը, կար­ծես դադ­րե­ցաւ հա­ւա­տա­լէ հրաշք­նե­րուն։ Ուս­տի ժա­մա­նա­կա­կից մար­դը նմա­նե­ցաւ քայ­լող, շնչող մե­քե­նա­մար­դու։ Եւ ե­րա­զանք­նե­րու իսկ բա­ցա­կա­յու­թեան պատ­ճա­ռով է, որ մարդ­կանց կեան­քը դար­ձած է ան­գոյն ու ան­հե­տաքր­քրա­կան։ Զու­գա­հե­ռա­բար ժա­մա­նա­կը դար­ձած է թանկ ու ար­ծուի թռիչ­քի ուժգ­նու­թեամբ սլա­ցող։ Նա­խա­պէս ժա­մա­նա­կը մար­դոց ե­տե­ւէն կը վա­զէր, իսկ այ­սօր մարդն է, որ կը վա­զէ ժա­մա­նա­կի ե­տե­ւէն, կը վա­զէ, ու չի հաս­նիր, պահ մըն ալ, երբ կը կանգ­նի, կը տես­նէ թէ ին­ք ին­ք չէ, դէմ­քը կնճռո­տած, մա­զե­րը ճերմ­կած, ու­ժը կոր­սն­­ցու­ցած, կը փոր­ձէ վեր­յի­շել իր ան­ցած վազ­քի ու­ղին եւ կը գտնէ միտ­քը տկա­րա­ցած. պրպտում, պրպտում եւ իր ապ­րած ամ­բողջ կեան­քէն կը յի­շէ ըն­դա­մէ­նը քա­նի մը օ­րեր, նոյ­նիսկ ժա­մեր կամ վայր­կեան­ներ ու այս­տեղ ալ կը հասկ­նայ, թէ կեան­քը ակն­թարթ մըն է, ամ­բողջ կեանք մը կ՚ապ­րինք, վեր­ջը քա­նի մը ակն­թարթ յի­շե­լու հա­մար։

Դիւ­րին կեան­քը յի­շուող չէ, դժուար կեանքն է, որ կը յի­շուի, բայց՝ լե­ցուն տա­ժա­նա­գին փոր­ձու­թիւն­նե­րով ու դժուա­րու­թիւն­նե­րով։ Ա­մե­նէն յի­շուո­ղը եւ թեր­թուո­ղը հա­ւատ­քով եւ ե­րա­զանք­նե­րով ապ­րուած կեանքն է։ Փա­փաքն ու հա­ւատ­քը քոյր ու եղ­բայր են։ Զա­նոնք կա­րե­լի չէ զա­տել։ Այ­սօր թե­րեւս շա­տե­ր սին ե­րա­զանք­ներ ու­նին. ին­չո՞ւ սին, քան­զի այդ ե­րա­զանք­նե­րը հա­ւատ­քով չեն ա­ռաջ­նոր­դուիր։ Օ­րի­նակ՝ ես ման­կու­թե­նէ ի վեր շատ կ՚ե­րա­զէի։ Մեր տան պա­տու­հա­նէն չնաշ­խար­հիկ բնա­կան տե­սա­րան կը բա­ցուէր. սա­րե՜ր, սա­րե՜ր, մեծ ու պզտիկ, խո­շոր ու մի­ջակ։ Յա­ճախ աչ­քերս կը յա­ռէի դէ­պի սա­րե­րը եւ միտքս կը սկսէր սա­ւառ­նիլ երկն­քին մէջ, մտո­վի բո­լոր աշ­խար­հը կը պտը­տէի, ինք­զինքս տար­բեր կեր­պար­նե­րու մէջ կը տես­նէի ու երբ բա­րե­յա­ջող վայ­րէջք կը կա­տա­րէի՝ կը խոր­հէի, թէ իմ բո­լոր ե­րա­զանք­նե­րը այս սա­րե­րուն ե­տեւն են, թէ աշ­խար­հը՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս իմ շատ սի­րե­լի Ե­րե­ւա­նը սա­րե­րու ե­տե­ւն է։ Ո­րո­շում տուի օր մը, ան­պայ­ման անց­նիլ այդ սա­րե­րը ու տես­նել ին­ծի սպա­սող աշ­խար­հը։

Տա­րի­ներ վերջ ան­դա­դար ե­րա­զանք­նե­րուս միա­ցաւ հզօր ու ան­կոտ­րուն հա­ւատքս Աս­տու­ծոյ հան­դէպ։ Այս­տեղ ալ ե­րա­զանք­նե­րը ինք­նա­բե­րա­բար սկսան ի­րա­կա­նա­ցուիլ։

Ես ան­ցայ սա­րե­րը, յայտ­նուե­ցայ իմ շատ սի­րե­լի Ե­րե­ւա­նի մէջ, ու­սում ա­ռի, կրթու­թիւն ստա­ցայ, ծա­նօ­թա­ցայ կեան­քի սեւ ու ճեր­մակ կող­մե­րուն։ Այս ու­ղին խրթին էր ին­ծի հա­մար, սա­կայն ես կրցայ յաղ­թա­հա­րել զայն՝ իմ հզօր կամ­քի, մեծ հա­ւատ­քի եւ անբ­ոյր ե­րա­զանք­նե­րու շնոր­հիւ։ Կա­րե­ւո­րը այն է, որ ես այդ ճամ­բուն վեր­ջը լոյս կը տես­նէի. հա­ւատ­քով քա­լե­ցի դէ­պի այդ լոյ­սը, հա­սայ եւ կեան­քը զիս պար­գե­ւատ­րեց։ Այդ փա­ռա­հեղ ու­ղին անց­նե­լու շնոր­հիւ այ­սօր ես կը գտնուիմ այս­տեղ, գլուխս բարձր եւ հպարտ եւ թէ կրցայ ա­մե­նա­կա­րող Տի­րոջ զօ­րակ­ցու­թեամբ ի­րա­կա­նաց­նել բո­լոր այն ե­րա­զանք­ներս, ո­րոնք կը թուէին ին­ծի ան­հաս։

Այ­սօր ալ ու­նիմ տար­բեր ե­րա­զանք­ներ, ո­րոնց­մէ ա­ռաջ­նա­յի­նը՝ դաս­տիա­րա­կել հա­յե­ցի եւ հա­յա­խօս սե­րունդ մը։ Կը հա­ւա­տամ իմ այս ե­րա­զան­քի ի­րա­կա­նաց­մա­ն ու բո­լոր մար­դոց ալ կը գո­չեմ.

Ե­րա­զե­ցէ՛ք մար­դիկ, ե­րա­զե­ցէ՛ք. ո­րով­հե­տեւ ա­մէն ի­րա­կա­նա­ցում կը սկսի ե­րա­զով, որ­պէս­զի կեան­քի մայ­րա­մու­տին ալ ու­նե­նաք վեր­յի­շուե­լիք ակն­թարթ­նե­ր։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016