ՎԵՐԵՐԷՆ՝ ԿԱՐՄԻՐ
Ձեզմէ շատեր տեղեակ չեն վստահաբար. ուրկէ՞ պիտի գիտնաք։ Անցեալները, իր նոր նախաձեռնութիւններէն մէկուն որպէս ռեքլամ՝ Էլըն Մասք վիճակահանութիւն մը կազմակերպեր էր տարբեր ցամաքամասերու Կաղանդ պապաներուս միջեւ ու բախտը ժպտեցաւ ինծի։ Աւելցնեմ, որ մասնակցութեանս տեղեակ իսկ չէի. օգնականներէս մէկը ինձմէ գաղտնի, անունս ղրկեր է։ Ինչեւիցէ. դէպի անջրպետ ճամբորդութեան տոմսակ մը շահեցայ։ Դեռ Կաղանդին ալ քանի մը շաբաթ կար, նուէրներուն մէկ մասն ալ պատրաստեր էի արդէն, ուրեմն ըսի՝ ելլեմ-երթամ, մէ՛յ մը տեսնեմ՝ եղնիկներուս ուղեծիրէն շա՜տ աւելի վերերէն դիտած՝ ինչի՞ կը նմանի սա երկրագունդ ըսուածը։
Հասաւ արձակման օրը. է՜, ի վերջոյ հրթիռ է, չէ՞, ուրեմն թռիչք-մռիչքով պիտի չնսեմացնենք խնդիրը։ Հա ի՞նչ կ՚ըսէի՝ արձակման օրը հասաւ։ Զիս արդէն գիտէք՝ սովորականէն քիչի՜կ մը աւելի մանր-մունր քիլոներ ունիմ հոս ու հոն։ Ուստի, նախ բաւական չարչարուեցան ինծի յարմար տիեզերագնացի զգեստ մը ճարելու համար։ Հազիւ թէ այս հարցը լուծուեցաւ՝ զգեստի մը կարերը քանի մը տեղէ քակելով, այս անգամ ալ ի յայտ եկաւ, որ հրթիռի բազկաթոռները շատ նեղ շինած են… գոնէ ինծի համար։ Ինչ որ է, ողջ ըլլան՝ հրթիռի օդանաժիշտներն ալ լուծեցին այդ մէկ հարցը, երկու թիկնաթոռի մէջտեղի արմկակալը քակելով (հոս առիթէն օգտուելով՝ ջերմօրէն կը բարեւեմ այդ ազնիւ ու շնորհալի երկու մանկամարդուհիները)։
Ինչ որ է, չերկարեմ. ութ-տասը հոգի լեցուեցանք հրթիռին մէջ ու ելանք ճամբայ՝ արձակուեցանք։ Եղնիկներուս քաշած սահնակէն վարը դիտելով՝ երկրի գեղատեսիլ տեսարանները ըմբոշխնելու վարժուած ըլլալով, ճամբան քիչ մը ձանձրացայ (մարդ Աստուծոյ, գոնէ պատուհանները խոշոր շինէիք, մտածեցի. գնդասեղի գլուխի պէս բաներ շիներ են որպէս պատուհան, ոչինչ կարելի է տեսնել, մնաց որ արդէն գլուխս դարձնելու ալ մեծ ճկունութեան տէր չեմ։ Բայց, արդէն, դուրսն ալ կարծես շատ բան չկար դիտելիք)։ Ձանձրանալէս է ինչ՝ չեմ գիտեր, բնական կարիքներս ալ սովորականէն աւելի յաճախ այցելեցին ինծի, այնպէս որ ճամբուն վրայ երկու անգամ ալ ստիպուեցայ հրթիռավարէն խնդրել, որ կանգնեցնէ հրթիռը յարմար արբանեակի մը առջեւ, ամօթ է ըսելը՝ գործս տեսնելու համար։ Երբ Կաղանդ պապա ես՝ կարծես մարդիկ աւելի հասկացողութիւն կը ցուցաբերեն։ Շատ էօ՜ֆ-փի՜ւֆ-եր չլսուեցան։
Այս քիչ մը երկար նախաբանէն ետք անցնիմ բուն…
Հա բուն նիւթին չանցած անպայման սա ալ պէտք է նշեմ. հրթիռին մէջ մատուցուած սանտուիչը «սոսկալի» համով էր. թարամայո՞վ էր, սոմոն ձուկո՞վ էր չեմ գիտեր, շատ համով էր (5 հատ կերայ)։
Ուրեմն գանք մեր բուն նիւթին։
Թընկը՜ր-մընկը՜ր, ի վերջոյ հասանք մեր հանգրուանը։ Հրթիռավարը բոլորս դուրս հրաւիրեց եւ ըսաւ, որ երկու ժամ ժամանակ ունինք պտտելու համար, որ երկու ժամ ետք անպայման հրթիռի դրան առջեւ պէտք է ըլլանք, իսկ չներկայացողները հոն կը մնան ու յաջորդ հրթիռն ալ երկու օր ետք է։
Խոշորկեկ, աղուոր արբանեակ մըն էր մեր իջեւանածը։ Տիեզերագնացներէս ամէն մէկը սկսաւ ուղղուիլ տարբեր կողմ մը, առձեռն հեռաձայնը կամ լուսանկարի գործիքը ի ձեռին։
Իսկ ես, սկիզբէն որոշեր էի ընելիքս։ Ծալուող աթոռս,- որ հետս բերեր էի,- հոն՝ տեղն ու տեղը բացի ու բազմեցայ վրան (որքանով որ կը սղմիմ) ու սկսայ հեռադիտակովս որոնել աշխարհ մոլորակը։ Հա՜, մոռցայ ըսելու՝ ես առձեռն-մառձեռն բաներու հետ գործ չունիմ, բայց, հեռադիտակս միշտ քովս կ՚ըլլայ։ Հեռադիտակովս քիչ մը վեր-վար, քիչ մը աջ-ձախ երթուդարձերէ ու ելեւէջներէ ետք՝ տեսայ մոլորակ մը։ «Ահա՛, աշխարհը», ըսի ես ինծի՝ այն ակնկալութեամբ, որ շուտով հոն պիտի տեսնեմ պէս-պէս գողտրիկ տեսարաններ, ինչպէս վարժ եմ տեսնելու եղնիկներու սահնակէս, «իմ աշխարհին» մէջ։ Ակնարկս սեւեռեցի այս կողմ՝ կարմիր, սեւեռեցի այն կողմ՝ կարմիր, միւս կողմ՝ կարմիր, կարմիր, կարմիր, ամէն կողմ կարմիր՝ տիեզերագնացի զգեստին տակի պատմուճանիս նման… «Չէէէ…, սա Հրատ մոլորակը ըլլալու է», ըսի այս անգամ ես ինծի։ Բայց, որքան ալ Կաղանդ պապա ըլլամ՝ քիչ թէ շատ կրթութիւն մը ստացած եմ եւ այս մէկը այնքան ալ չէր նմաներ գիրքերու մէջ իմ տեսած Հրատին։ Երկա՜ր-բարա՜կ մտածելէ ետք, ստոյգ պատասխան մը գտնել չկարենալով իմ միտքը չարչրկող, հետաքրքրութիւնս հետզհետէ սրող հարցումին՝ որոշեցի դիմել հրթիռավարին, որ հոն, հրթիռին կռթնած սիկառէթ կը ծխէր ու առձեռն հեռաձայնին վրայ բաներ մը կը նայէր։
-Կը ներէ՛ք, սա ո՞ր մէկ մոլորակն է. ա՛յդ գունդը որ կարմիր է, Հրա՞տն է, հարցուցի։
-Չէ՜, Հրատը հոսկէ գրեթէ անկարելի է տեսնել։ Այդ մէկը մեր աշխարհն է, ըսաւ ան կամաց-կամաց դէպի քովս քալելով։
-Բա՞, մեր աշխարհը՞, այդպէս կարմի՞ր, ինքնաբերաբար հակազդեցի։
-Դուք կարծեմ Կաղանդ պապան էք, չէ՞։ Եթէ կ՚արտօնէք՝ պիտի ըսէի, որ ձեր հարցը՝ տարին անգամ մը մէջտեղ ելլելն է։ Եթէ քիչ մը աւելի յաճախ դուրս ելլէիք ու տեսնէիք, թէ ինչե՜ր կը պատահին երկիր մոլորակին վրայ՝ այսպիսի հարց պիտի չտայիք։
-Ինչո՞ւ. ինչե՞ր կը պատահին որ… հարցուցի։
Կ՚երեւի քիչ մը հարցումներէն ձանձրացած, քիչ մըն ալ իրեն համար այնքա՜ն ակնյայտ նիւթի մը իմ այսքան անտեղեակ ըլլալէս գրգռուած՝ շատ աւելի չոր ձայնով մը պատասխանեց այս անգամ.
-Նայեցէ՛ք Կաղանդ պապա, այն բոլոր անմեղ ու բարի երեխաները, որոնց նուէրներ կը բաշխէք, կը կարծէք, որ երբ հասակ կ՚առնեն՝ բոլորն ալ այդպէ՞ս կը մնան։
-Այդպէս չե՞ն մնար, հարցուցի անմեղօրէն։
Այս վերջին հարցումիս չպատասխանեց իսկ։ Ուսերը թօթուեց ու համեմատաբար աւելի արագ քայլերով՝ քան եկեր էր քովս, վերադարձաւ հրթիռին քով։
***
Հիմա ամիս մը անցած է այս ճամբորդութեան վրայէն։ Այդ հրթիռավարը ամիս մըն է, որ միտքս պղտորած է։ Ի՞նչ ըսել ուզեց եւ մանաւանդ ինչո՞ւ տիեզերքէն կարմիր կ՚երեւի աշխարհ մոլորակը։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՊԷԼԵԱՆ
յանձին՝ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՅԻՆ
Յ.Գ. Տողերուս՝ պատկան անձերուն յանձնումը վստահած եմ ներքոստորագրեալին։
Ֆրանսա
Հարթակ
- 01/03/2025