ՄԻՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Արդէն քանի մը տարի է, որ Հայաստանի մէջ այլեւս չէր կազմակերպուեր «Միս Հայաստան» գեղեցկութեան մրցումը:
«Միս Հայաստան» մրցումը առաջին անգամ տեղի ունեցած է 1996 թուականին, որմէ ետք որոշ ընդմիջումներով կազմակերպուած է մինչեւ 2012 թուական:
Կը ներկայացնենք «Միս Հայաստան» գեղեցկութեան տիտղոսը նուաճողները.
«ՄԻՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2012» ԱՆՆԱ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ:
Ան այժմ կ՚աշխատի տնտեսութեան նախարարութեան մէջ:
«ՄԻՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2007», ՄԱՐԳԱՐԻՏԱ ՍԱՐՈՒԽԱՆԵԱՆ:
Ան այժմ չի զբաղիր իր բնորդուհիի ասպարէզով:
«ՄԻՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2006», ՄԱՐԻՆԱ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ:
Մրցումէն տարի մը ետք ան դադրեցուցած է գործունէութիւնը նորաձեւութեան բնորդի ասպարէզին մէջ, ամուսնացած է՝ իր ամբողջ ժամանակը նուիրելով նորաստեղծ ընտանիքին, եւ այսօր արդէն երկու երախայի մայր է:
«ՄԻՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2003», ԼՈՒՍԻՆԷ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆ:
Ան 2005 թուականին ճանչցուած է «Փոխ միս Եւրոպա-2005»: 2003 թուականին ան ընդունուած է Հայ-ռուսական սլաւոնական համալսարանը՝ միջազգային յարաբերութիւններու բաժինը, որ աւարտած է 2008 թուականին: 2008-2009 թուականներուն ուսանած է Լոնտոնի «Ուեսթմինիսթըր» համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժինին մէջ՝ ըս-տանալով մագիստրոսի աստիճան։ 2008-ին հիմնադրած է «Նոր ռատիօ» կայանը: 2009-ին հմնադրած է «Նիւ Մակ» ամսաթերթը: 2008-2013 աշխատած է որպէս մամլոյ քարտուղար՝ Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի ընկերութեան մէջ: 2012-էն առ այսօր կը ղեկավարէ «Ֆրեշ իվենց» հանդիսութիւններու կազմակերպութիւնը: Տակաւին կը շարունակէ իր հաղորդավարուհիի ասպարէզը: Այժմ կը վարէ «Արմենիա» պատկերասփիւռի ընկերութեան «Բարի լոյս» յայտագիրը: Ամուսնացած է, ունի դուստր մը:
«ՄԻՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2001», ԻՐԻՆԱ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆ:
Տիտղոսը նուաճելէ ետք Իրինան իր ասպարէզը շարունակեց որպէս նորաձեւութեան բնորդ, իսկ ապա՝ նաեւ իբրեւ հաղորդավարուհի: Իրինան ամուսնացած է եւ ունի երեք դուստր:
«ՄԻՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2000», ՔՐԻՍՏԻՆԱ ԲԱԲԱՅԵԱՆ:
Ան մասնագիտութեամբ բժիշկ-գեղագէտ է: Այժմ կ՚աշխատի «Կոլծ ճիմ ինթերնեշընըլ մետիքըլ սփա» կեդրոնին մէջ՝ իբրեւ գլխաւոր բժիշկ եւ ղեկավար: Ամուսնացած է, ունի երախայ մը:
«ՄԻՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆ 1998», ԳՈՀԱՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ:
Գոհար Յարութիւնեանի յաջողութիւնը միայն Հայաստանի գեղեցկուհիի տիտղոսը ստանալով չէ սահմանափակուած: Ան նոյնպէս ճանչցուած է «Միս ԱՊՀ 1999», «Միս կլոպ 2009»: Աւարտած է Գալիֆորնիոյ պետական արհեստագիտական համալսարանի միջազգային շուկայադրման բաժինը: Ամուսնացած է, ունի երեք երախայ:
«ՄԻՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆ 1997», ԱՆԺԵԼԻՆԱ ԲԱԲԱՋԱՆԵԱՆ:
Նոյն թուականին նոյնպէս նուաճած է «Միս Անդրկովկաս» տիտղոսը: Աւարտած է Գեղարուեստներու Հայաստանի ազգային ակադեմիոյ ձեւագիտութեան բաժանմունքը: Անժելինան ամուսնացած է, ունի երեք երախայ: Այժմ ոչ մէկ գործունէութիւն ունի:
«ՄԻՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆ 1996», ԿԱՐԻՆԷ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ:
Հայաստանի գեղարուեստական մարմնամարզութեան վարպետ: «Միս Հայաստան» մրցումէն ետք մասնակցած է «Միս Եւրոպա» մրցումին, ուր 96 մասնակիցներուն մէջ 13-րդ հանդիսացած է:
ԼՈՒՍԻՆԷ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
«Ինչո՞ւ մասնակցեցայ «Միս Հայաստան»ին եւ ինչ տուաւ ատիկա ինծի»:
«Նիւզ էյ.էմ.» կայքը ներկայացուցած է հարցազրոյցներու շարք մը՝ «Միս Հայաստան»ի թագը նուաճած գեղեցկուհիներու հետ: Կը ներկայացնենք «Միս Հայաստան 2003», «փոխմիս Եւրոպա 2005» Լուսինէ Թովմասեանին հետ հարցազրոյցը.
-Ինչպէ՞ս տուիք «Միս Հայաստան» գեղեցկութեան մրցումին մասնակցելու որոշումը, ո՞րն էր մասնակցութեան նպատակը:
-Մինչեւ «Միս Հայաստան»ը արդէն մասնակցած էի քանի մը մրցումներու եւ գրաւած՝ առաջին դիրքը, իսկ 2001-ին արդէն քոյրս (Իրինա Թովմասեան) դարձաւ «Միս Հայաստան»: Ես կը սպասէի 17-ամեակիս, որպէսզի ես եւս մասնակցէի:
-Ինչպէ՞ս արձագանգեցին ձեր ընտանիքի անդամներն ու մտերիմները:
-Ծնողներս միշտ մեր կողքին եղած են իւրաքանչիւր հարցի մէջ եւ միայն քաջալերած են: Միակ մտավախութիւնս այն էր, որ նոյն ընտանիքէն իրարու ետեւէ կրնան սխալ նկատել՝ ընտրելով «Միս Հայաստան», քանի որ 2002-ին այդ մրցումը տեղի չունեցաւ: Իսկ մտերիմներս ու ծնողներս միայն կը քաջալերէին զիս եւ կողքիս էին:
-Ձեր քոյրը արդէն նուաճած էր «Միս Հայաստան» տիտղոսը: Իր փորձառութենէն մեկնելով՝ ի՞նչ խորհուրդ տուաւ ձեզի:
-Քոյրս մինչեւ այսօր ալ ինծի խորհուրդներ կու տայ, իսկ մրցումին կապուած արդէն իսկ փորձառութիւն շատ ունէի: Շատ վստահօրէն ըսաւ, որ կը յաղթեմ:
-Բոլորս ականատես եղանք, որ մրցումին մասնակցութենէն ետք ձեր առջեւ նոր կարելիութիւններ բացուեցան, մասնակցեցաք «Միս Եւրոպա» գեղեցկութեան մրցումին: Կը պատմէ՞ք ձեր յաջողութիւններուն մասին:
-Պէտք է ըսեմ, որ մինչեւ «Միս Հայաստան» ճանչցուիլս՝ աշխատած եմ Այ.Էմ.Ճի. ձեւագիտական գործակալութեան հետ իբրեւ բնորդ՝ Թոքիոյի, Փարիզի եւ Միլանոյի մէջ, իսկ մրցումէն ետք նոյնպէս եղաւ «Միս Եւրոպան», ուր ճանչցուեցայ «փոխմիս»:
-Յաղթանակը սպասելի՞ էր, ինչպէ՞ս միւս մասնակիցները ընդունեցին ձեր յաղթանակը:
-Այդ տարի մասնակիցներուն թիւը քիչ էր. միայն՝ 16 հոգի, եւ պայքարը երեք հոգիի միջեւ էր: Բեմին վրայ կը յիշեմ միայն մասնակիցներուն ժպիտներն ու շնորհաւորանքները:
-Ի՞նչը տպաւորած է ձեզ մրցումէն: Ի՞նչ զգացումներ ունէիք:
-Ուրախութիւն, հպարտութիւն եւ միայն լաւ յիշատակներ:
-Ինչպէ՞ս այդ տարիներուն կը վերաբերէի նման մրցումին, ըստ ձեզի, այժմ վերաբերմունքը փոխուա՞ծ է:
-Կը յիշեմ, որ մրցումը ունէր բարձր հեղինակութիւն եւ յաջորդ օրը բոլորը կը խօսէին այդ իրադարձութեան մասին: Ատիկա կ՚ապացուցէր, որ դուրսը բոլորը կը շնորհաւորէին եւ կը ճանչնային:
-Հայաստանի մէջ այս տարի կրկին տեղի պիտի ունենայ «Միս Արմենիա» համահայկական գեղեցկութեան մրցումը: Արդեօք ատոր անհրաժեշտութիւն կը տեսնէ՞ք:
-Այո՛, կը տեսնեմ ատոր կարիքը եւ կը յուսամ, որ մրցումին մասնակցելու բազմաթիւ ցանկացողներ կ՚ըլլան:
-Ի՞նչ խորհուրդ կու տաք մրցումին մասնակցող երիտասարդուհիներուն:
-Իւրաքանչիւր բան ընտրելով՝ պէտք է հաճոյքով ընել եւ հաւատալ ուժերուն:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
(Յապաւուած)
«Ազդակ», Լիբանան