... ՁԵԶԻ ԵՒ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

6 Յունուար եւ հայկական Սուրբ Ծնունդ: Տօն մը, որ աշխարհի չափ հին ալ է: Անկեղծօրէն եւ համեստ, ըսեմ, որ այս անգամ տողերս անգաղտնապահ բաներ ունին իրենց ետին, ու պիտի փորձեմ բարոյախօսութեան սահմաններէն դուրս գալով, անմեղ յուշերէս մէկն ալ ներկայացնել: Միտքս պարզեմ:

Այսպէս, տարիներ առաջ, երբ Ամերիկայի Արեւելեան ափերուն գտնուող հայահոծ քաղաքներէն մէկուն մէջ ընտանեօք եւ հարազատներով հաստատուած էինք, եւ երբ Սուրբ Ծննդեան նախորդող կիրակիին եկեղեցի գացած էինք, պատարագիչ քահանան յայտարարած էր, թէ «նկատի առնելով, որ Քրիստոսի Ծննդեան նշուած ճիշդ օրը, բոլորիդ համար աշխատանքի օր էր, ուստի Սուրբ Ծնունդը յաջորդ կիրակի օր՝ յունուարի 11-ին պիտի տօնակատարէինք»:

Ա՛ռ, քեզի նորութիւն: Ահա Ամերիկա: Վայրկեանին, զարմանքէս յօնքերս վերվար ցատկած էին: Ուղղակի տխրեցայ: Բերնիս անկիւնները վար ինկան: Զգացի, որ պարզապէս զոհ դարձած էինք «տխուր» իրականութեան մը: Ուրեմն իմ գիտցած «երէկս» այլեւս չկար եւ կամ ալ՝ առանց մեր կամքին, մոռացութեան գիրկը ինկած էր: Ի՞նչ ըսել էր տարին չորս անգամ մեր Փրկիչի ծնունդը նշել: Երեքը՝ գիտէի: Յարգելի էին: Բայց այս մէկը իսկապէս, որ «անհամ էր»: Կը նմանէր, Կաղանդ պապուկը դիմաւորել՝ յուլիսին կամ օգոստոսին եւ կամ ապրիլին:

Չէ՛, չէ՛, անձնապէս չէի կրնար այս մէկը «մարսել»: Որովհետեւ, չէ՞ որ հայ էինք, եւ աշխարհի առաջին քրիստոնեան եւ հաւատարիմ ու հաւատացեալ: Չէ՞ որ ամէն կիրակի եւ բոլոր տօնական օրերուն, կարգապահ եւ ճշդապահ եկեղեցի կու գայինք, մոմ կը վառէինք եւ մեր Աստուծոյն հետ, մտերմօրէն կը խօսէինք: Ուրեմն, ինչպէ՞ս հաւատք ընծայել այս նշուածին: Մեզի համար թէեւ նորութիւն էր, բայց միւս կողմէ ալ մեզմէ առաջ, հոս հաստատուած շատ-շատերուն՝ բնական: Համակերպում: Մեզի, նորեկներուս համար, մեղք մը գործելու պէս բան մը: Անընդունելի: Այդ օրերուն նաեւ լսած էի, որ այս երկրի Արեւմտեան ափի կարգ մը նահանգներէ ներս, ուր տեղացի հայերը անգլիախօսներ էին, մեր եկեղեցւոյ գրաբար պատարագը, անգլերէնով ալ կը կատարուէր: Ինչպէ՞ս ընդունիլ...:

Ճիշդ էր, որ բոլոր նոր շրջապատիս կողմէ միամիտ եւ աւանդապաշտ մը նկատուած էի, որ զոհը դարձած էր ամերիկեան իրականութիւն եւ հայ կեանքի նոր ձեւին, բայց եւ այնպէս, տարիներով հետեւած էի այս «նորութեան»: Իբրեւ կեանքի նոր պատկեր, ուրիշ ճար չունէի: Որո՞ւ կրնայի բողոքել: Ես ո՛չ առաջնորդ սրբազան մըն էի եւ ո՛չ ալ կաթողիկոս կամ եկեղեցւոյ վարչական կազմի անդամ: Ու կը մտածէի, թէ իրապէս «բան» մը փլած էր մեր մէջ: Եկեղեցին, ինքզինք զոհած էր նիւթին: Այսպէս կը մեկնաբանէր միտքս: Ուրեմն, ուրեմն ո՞ւր մնաց մեր հաւատքն ու անկէ բխող թելադրանքը:

Ազգովին, ե՛ւ օրին, ե՛ւ հաւատարմօրէն, Քրիստոսի խօսքերուն հնազանդ հետեւորդներն եղած էինք ու տակաւին կը մնանք: Մեր մանկութենէն, մեր ծնողներն ու մեր եկեղեցին, մեր ակումբն ու մեր ղեկավարները, մեզի հաւատացուցած էին ամէն «տեսակի» հրաշքի ներկայութեան ու տասնամեակներով այդպէս ապրած: Նաեւ անոնք բոլորն ալ մեզի դաստիարակած էին, թէ մեր հաւատքին կողքին այդ հրաշքներէն մէկը եղած էր հայրենի հողը, իսկ միւսը՝ մեր մայրենի լեզուն, որոնք մեզ դարերէ ի վեր կ՚առաջնորդէին դէպի յաւերժութիւն:

Իսկ հիմա: Իրապէս որ մեր ապրած կեանքը այդքան ալ պարզ չէր, որովհետեւ գիտակցաբար եւ յաճախ ալ անգիտակցաբար կը վերաբերէինք թեթեւամտօրէն: Անոր համար մեր կեանքի ընթացքին, չարն ու բարին ակամայ իրար կը խառնէինք:

Բայց եթէ Քրիստոսի Ծննդեան թուականի նշումը ճիշդ օրին նշելը աւանդութիւն ալ էր, ուրեմն ի՞նչ էր այս աւանդութիւն ըսուածը: Շինծո՞ւ «բան» մը, թէ ո՛չ, առեղծուած մը, որ այդ օրերուն կարծես հին ներկի նման կորսնցուցած էր իր գոյները: Ահա թէ ինչո՞ւ հիմա տողերուս հետ, շանթեր ալ ինկած էին մտքիս մէջ:

Գիտեմ, որ աւանդութիւնը կը նպաստէ մեր ինքնաճանաչման: Նաեւ լաւապէս կ՚ըմբռնեմ, թէ աւանդութիւնը սովորութիւն ալ էր, անգիր ու մեզի հասած դարերու ճամբով:

Ուրեմն աւանդութիւնը սովորութիւն էր եւ ոչ թէ առասպել եւ կամ ալ՝ պատմութիւն: Ուղղակի պարզ եւ խրթին երեւոյթ, եթէ կ՚ուզէք: Այլ խօսքով՝ օրէնք մը, որ ժողովուրդի քաղաքակրթութեան մաս կը կազմէր: Մեր մօտ նաեւ՝ հայ մտքի ազգային եւ պատմական արտայայտութիւնն ալ էր, որ մաքուր եւ յստակ պատգամ մը ըլլալով հանդերձ, մտածելու կը ղրկէր մարդը:

Անկասկած դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդի պատմութեան հետ միատեղ հայ աւանդութիւնն ալ ծագում առած էր: Ծնած էր մեր ժողովուրդի մտածելակերպերէն եւ որ իր մէջ ունէր եւ կը պարունակէր իւրայատուկ խորհուրդ:

Աւանդութիւնը կամ աւանդութիւնները մեզի համար մէկական դասատուներ ալ էին, որոնք նաեւ ունէին յատուկ յիշողութիւններ եւ երեւակայութիւն ու ոճ: Աւելի ճիշդ, նաեւ հայ կեանքի եւ հաւատքի թելադրանք: Հաստատ դրսեւերում, որ իբրեւ ներշնչում ատաղձ ունի մեր ինքնութիւնը որոնող տոհմիկ յատկանիշներուն հետ:

Աւանդութիւնը մեզ պահողն ալ է: Ու չենք անդրադառնար, որ ընդհանրապէս անոր մեր կողմէ պահելու ձգտող անտեսումը կը վրդովեցնէ եւ հեգնանքի կը վերածէ հայու պատմական մթնոլորտը:

Արդ, ճիշդ է, որ երբեմն գաղտագողի եւ երբեմն ալ համարձակ ու բարձրաձայն բողոքած եւ բարկացած ենք մեր երկնաւոր արարիչին եւ անոր միակ որդիին դէմ եւ հասցէին եւ «ո՞ւր էիր» պոռացած անոր երեսին, յատկապէս վերջերս Արցախի պատերազմի ընթացքին, բայց հակառակ այս սոսկ իրականութեան, կրկին անգամ փարած մնացինք մեր նոյն կրօնքին եւ հաւատքին ու մեր նոյն փրկիչին եւ այս ձեւով կրկին անգամ իբրեւ փիւնիկ՝ կը փորձենք վերապրիլ:

Բայց, այս անմեղ յուշիս տողանցումը, որքան ալ դարձաւ երկար եւ արդար նախաբան մը իմ եւ ձեր հաւատքին գոյնզգոյն չափանիշներովը, ըսեմ, որ Յունուար 6-ի Քրիստոսի Ծննդեան թուականը կը մնայ անխտիր բոլորիս հարմար լաւագոյն առիթը իրապէս վերանորոգուելու մեր յոյսերուն ու երազներուն, մեր կարգախօսներուն ու բաղձանքներուն հետ միատեղ:

Ուստի, բոլորիդ՝ «Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ, Ձեզի եւ մեզի Մեծ Աւետիս»:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

bedig54@aol.com

Երեքշաբթի, Յունուար 5, 2021