ԱՅՍՕՐ…

Նոյեմբեր 6. տարիի մը 310-րդ (նահանջ տարիներուն 311-րդ) օրը։ Տարիի մը վերջաւորութեան կը մնայ միայն 55 օր։ Կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն 6 Նոյեմբեր թուականին պատահած կարեւոր դէպքերէն մի քանին։

ԱՊՐԱՀԱՄ ԼԻՆՔՈԼՆ ԸՆՏՐՈՒԱԾ Է ԱՄՆ-Ի 16-ՐԴ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Ապրահամ Լինքոլն ծնած է 12 Փետրուար 1809 թուականին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քենթաքի նահանգին մէջ։ Ան ԱՄՆ-ի Հանրապետական կուսակցութեան առաջին նախագահն է, պայքարած է երկրի սեւամորթ ստրուկներու փրկութեան համար ու կը համարուի ազգային հերոս։ Ծնած է նիւթական ծանր պայմաններով գիւղացի ընտանիքի մը մէջ եւ դեռ վաղ տարիքին զբաղած է ֆիզիքական ծանր աշխատանքով։ Բաղդատմամբ իր տարեկիցներուն, բաւական զօրաւոր էր Լինքոլն թէ՛ իր մարդուժով եւ թէ գիտելիքներով։ Ան լաւ ընթերցող մըն էր. իր մանկութեան տարիներուն կարդացած է Աստուածաշունչը, Ռոպինսոն Քրուզոն եւ այլ գիրքեր։ Սակայն իր ընտանիքը անձուկ վիճակի մէջ էր, այս պատճառով Լինքոլն կրցաւ միայն տասնըութ ամիս դպրոց յաճախել։ Ան իր անսպառ կարդալու փափաքով եղած է ինքնուս։ 1860 թուականին եղած է ԱՄՆ-ի նախագահական թեկնածու։ Նոյն տարին՝ 6 Նոյեմբեր 1860 թուականին ընտրուած է ԱՄՆ-ի 16-րդ նախագահ։ Իր ամբողջ կեանքի ընթացքին մղած է պայքարներ՝ ազատելու եւ պահպանելու համար ստրուկները։ Լինքոլն կատարած է իր ամբողջ պարտականութիւններն ու պաշտօնները մեծ յաջողութեամբ։ Ներկայիս ան կը համարուի ԱՄՆ-ի ամենալաւ նախագահներէն մին։ Ապրահամ Լինքոլն մահացած է 15 Ապրիլ 1865 թուականին Ուաշինկթընի մէջ։ Ան եղած է ԱՄՆ-ի առաջին սպան-նըւած նախագահը։

ՌԱՆԸԼՏ ՌԵԿԸՆ ԸՆՏՐՈՒԱԾ Է ԱՄՆ-Ի 40-ՐԴ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Ռանըլտ Ռեկըն ծնած է 6 Փետրուար 1911 թուականին, ԱՄՆ-ի Իլինոյ նահանգին մէջ ու ընտրուած է երկրի 40-րդ նախագահը։ Ան աւարտած է Տիքսընի վարժարանը, ուր հակած է իր հետաքրքրութիւնը դէպի մարզական ճիւղեր ու դերասանութիւն։ Տակաւին 1927 թուականին Տիքսընի մէջ առաջին պայքարը տուած է փրկելով սեւամորթ գերիներ։ 1927 թուականէն սկսեալ շուրջ վեց տարի փրկած է 77 կեանք։ Այդ ժամանակահատուածին իր քաղաքին մէջ գտնուած հիւրատուն մը թոյլ չէր տար սեւամորթ ստրուկներուն, որպէսզի իջեւանին այդ պանդոկի մէջ։ Ռեկըն անոնք բերած է իր բնակարանը, ուր յաջորդ առաւօտ նախաճաշած են իր մօր հետ։ Ապա սկսած է յաճախել Իւրեքա գոլէճ, ուր դարձած է «Tau Kappa Epsilon» եղբայրական ընկերակցութեան անդամ։ 1932-ին աւարտած է  Իւրեքա գոլէճը, ապա ստանձնած է մարզական ռատիոկայանի մը հաղորդավարի պաշտօնը։ Երիտասարդական տարիներուն դարձած է  դերասան եւ դեր ստանձնած է շուրջ յիսուն շարժանկարի մէջ։ 1962-ին եղած է Հանրապետական կուսակցութեան անդամ։ 1968-ին եւ 1970-ին առաջադրած է իր նախագահական թեկնածութիւնը։ Այս երկու անյաջող փորձերէ յետոյ 6 Նոյեմբեր 1984-ին ընտրուած է  ԱՄՆ-ի 40-րդ նախագահը։ Ռանըլտ Ռեկըն մահացած է 5 Յուլիս 2004 թուականին, Գալիֆորնիոյ մէջ, 93 տարեկան հասակին։ Ան յաւերժութեան ճամբուած է Լոս Անճելըսի նախագահական գրադարանին մէջ։ Ըստ իր փափաքին, յուղարկաւորուած է յետմիջօրէին։

ՄԱՀԱՑԱԾ Է ՓԻՈԹՐ ՉԱՅՔՈՎՍՔԻ

Փիոթր Իլյիչ Չայքովսքի ծնած է 25 Ապրիլ 1840 թուականին Ռուսաստանի մէջ։ 1850-1859 թուականներուն ուսանած է Սեն Փեթերսպուրկի իրաւագիտութեան ուսումնարանի երդիքին տակ։ 1865-ին աւարտած է Սեն Փեթերսպուրկի երաժշտանոցը, ուր աշակերտած է յօրինող Անթոն Ռուպինշթայնին։ 1866-1878 թուականներուն դասաւանդած է Մոսկուայի երաժշտանոցին մէջ։ 1868-ին սկսած է ստորագրել երաժշտաքննադատական յօդուածներ, իսկ 1887 թուականին հանդէս եկած է որպէս խմբավար։ Չայքովսքի՝ որպէս արուեստագէտ, ձեւաւորուելով 1860-ականներու ժողովրդավարական գաղափարներու ազդեցութեամբ, ստեղծագործութիւններուն մէջ ճշմարտացիօրէն արտացոլած է կեանքը իր բազմազան դրսեւորումներով, ստեղծած է ժողովրդական կենցաղի գունագեղ եւ բնութեան բանաստեղծական տեսարաններ։ Աշխարհահռչակ յօրինողը իրապաշտական մեծ ուժով բացայայտած է մարդու ներաշխարհը։ 1892-ին ան Ֆրանսայի Գեղարուեստից ակադեմիայի թղթակից անդամ էր, իսկ 1893-ին արժանացած էր Քէյմպրիճի համալսարանի պատուաւոր տոքթորի տիտղոսին։ Չայքովսքիի երաժշտութիւնը մեծ տեղ կը գրաւէ ռուսական երաժշտական պատմութեան մէջ։ Ազգային երաժշտութիւնը տարածած է Ռուսաստանի եւ արտասահմանի մէջ։ Որո՞ւ ծանօթ չեն՝ «Կարապի լիճը», «Քնացած գեղեցկուհին», Չորրորդ, Հինգերորդ եւ Վեցերորդ սենֆոնիները, «Եւկենի Օնեկինը»… Չայքովսքի մահացած է 6 Նոյեմբեր 1893-ին Ռուսաստանի մէջ։ Չայքովսքիի անուան Երեւանի մէջ կան երաժշտական դպրոց եւ փողոց։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2017