ԱՂՄԿԱՅԱՐՈՅՑ ՁԱԽՈՂՈՒՄ

Այսօր լրացաւ Կազզէի պատերազմի առաջին տարին։ Պատերազմը, որ անցաւ բազում փուլերէ, այսօր կը գտնուի կարեւոր ջրբաժանի մը առջեւ։ Էական հարցումը այն է, որ արդեօք Իսրայէլ դէպի Արեւմտեան ափ կատարած իր գործողութիւններով՝ արիւնալի նոր էջ մը եւս պիտի բանա՞յ Պաղեստին-Իսրայէլ հակամարտութեան տոմարին մէջ, թէ պայմանաւորուած որոշ  հանգամանքներով՝ պիտի ստիպուի ընդունիլ հրադադարը։

Բաց աստի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ յարաբերութիւնները չունին նախկին աշխուժութիւնը՝ պատերազմի ծայր առած շրջանին նման։ Կազզէի կտրուածքով հրադադար մը հաստատելու համար ճիգեր կը գործադրէ ամերիկեան կողմը, որ ունի քաղաքական ենթաշերտեր։ ԱՄՆ կ՚ուզէ իր հանրութիւնը համոզել, որ իրենք շատ խանդավառ չեն Նեթանիյահույի կերպարով, բազմիցս փորձած են համոզել զինք ու չեն յաջողած, սակայն, իրենց համար կարեւոր է, թէ ինչ հունով պիտի ընթանայ այս հակամարտութիւնը։ Այսինքն, ի՞նչ վիճակ վերապահուած է Կազզէին, ո՞վ պիտի ստանձնէ այդ քաղաքի ապահովութիւնը եւ ի՞նչ ձեւաչափեր պիտի առաջարկուին, որպէսզի թէ՛ Իսրայէլ եւ թէ Պաղեստին հասկնան, որ անհնար է կողմերէն մին ամբողջութեամբ դուրս նետել մեծ խաղէն։ Կայ, անշուշտ, «Համաս»ի հարցը, որ ներկայիս չունի նախկին ուժը, սակայն, ան արմատախիլ չէ եղած ու յառաջիկային իր վերարտադրումը չի բացառուիր։ Այս կէտին կայ նաեւ Պաղեստինի գործօնը, որ կը համարուի փոխարինող, նաեւ այն պատճառով, որ Մահմուտ Ապպասի ղեկավարած Պաղեստինի հատուածը կը համարուի սիւննի արաբներու եւ Թուրքիոյ բարեկամն ու մերձաւորը։ Անշուշտ, այս բոլորը Կազզէի ապագային հետ անմիջական կապ ունին, սակայն ամենակարեւորը այն է, որ Իսրայէլ պիտի ընդունի՞ հրադադարի մը հաստատումը կամ ոչ։

Միւս կողմէ, յստակ է նաեւ, որ արաբական աշխարհը, որ մինչեւ այս պահը հանդէս կու գայ Կազզէի ողբերգութիւնը դատապարտողի դիրքերէ, չի բացառուիր, որ յառաջիկային փոխէ իր մօտեցումները՝ նոր նախաձեռնութիւններով։ Խօսքը կը վերաբերի, ի հարկէ, Պաղեստին-Իսրայէլ պատերազմը նո՛ր ձեւաչափերով ու նոր մօտեցումներով լուծելու ընտրանքներուն, որոնք կարիքն ունին երկու պատրաստակամ խօսակիցներու։ Պատրաստակամ խօսակից դրոյթը այն է, որ ո՛չ Նեթանիյահուն եւ ոչ ալ «Համաս»ը պատրաստ են զիրար լսելու, նաեւ ընդունելու՝ «երկու պետութեան լուծում» ծրագիրը, որ կը պատկանի ԱՄՆ-ին։

Միւս կողմէ, այս նիւթին մասին իսրայէլեան «Եատիհոթ Ահրոնոթ»ը կատարած է տեղեկագրութիւն մը, որմէ կը ներկայացնենք հատուածներ ստորեւ։

Ըստ «Եատիհոթ Ահրոնոթ»ի՝ Իսրայէլ ոչ միայն չէ կարողացած հասնիլ իր ռազմակավարական նպատակներուն, այլ առկայ է լուրջ վտանգ, որ իր կառավարութիւնը ամբողջապէս կը կտրուի իրականութենէն եւ կը դառնայ կղզիացած։ Նոյնիսկ «Համաս»ի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի որդիներու եւ թոռներու, ապա իր սպանութիւնը պիտի չփոխէ ընդհանուր պատկերը։ «Իսրայէլի աղմկայարոյց ձախողումը ամէն օր աւելի կը սրի: Այս անգամ այլեւս հնարաւոր չէ մեղադրել բանակը կամ «Շին Պեթ»ը՝ բացատրելով, որ խնդիրը այն է, որ տեղւոյն մէջ ռազմական ձեռքբերումները չեն վերածուիր ռազմավարական քաղաքական նուաճումներու եւ սա պայմանաւորուած է քաղաքական նկատառումներով, որոնք առաջին հերթին ուղղուած են՝ Իսրայէլի կառավարութեան», կը գրէ թերթը։

Կազզէի մէջ Իսրայէլի ցամաքային գործողութիւնը շրջանը աւերակոյտի վերածեց՝ առանց հիմնական փոփոխութեան կամ յառաջընթացի մը հասնելու։ Իւրաքանչիւր տարածքին մէջ, ուրկէ Իսրայէլի բանակը դուրս եկած է, «Համաս»ի անդամները կը շարունակեն յայտնուիլ։ Անոնք կը վերահսկեն օգնութեան բաշխումը, նոյնիսկ կը հետապնդեն Իսրայէլի հետ համագործակցողները ու զանոնք կ՚ենթարկեն մահապատիժի։

Իսրայէլի առաջին նպատակը, որ «Համաս»ի իշխանութիւնը տապալելն է, գրեթէ չիրականացաւ, քանի Իսրայէլի կառավարութիւնը Նեթանիյահուի գլխաւորութեամբ՝ կտրականապէս կը հրաժարի Կազզէի հատուածի քաղաքացիական կառավարման իրատեսական այլընտրանքներու քննարկումէն, որովհետեւ ան կը վախնայ ազգային անվտանգութեան ու տնտեսական նախարարներէն։ Այս ձախողումը կապուած է նաեւ գերիներու ազատ արձակման անկարողութեան հետ, որ թերեւս հնարաւոր կրնար ըլլալ, եթէ երկու կողմերը պատրաստ ըլլան որոշակի զիջումներու։

«Նեթանիյահուն յաջողեցաւ հակամարտութեան մէջ մտնել ամերիկեան վարչակազմի հետ եւ ռազմավարական ճգնաժամ ստեղծել մեր ամենակարեւոր դաշնակցին հետ եւ «Համաս»ը, ոգեւորուած այս ճգնաժամէն, կը գիտակցի, թէ պայքարը շարունակելը եւ համաձայնութեան չգալը աւելիով պիտի սրէ Իսրայէլի եւ Ուաշինկթընի միջեւ առկայ տարակարծութիւնները, հետեւաբար, ան չի շտապեր համաձայնութեան գալ գերիներու ազատագրման հարցով, ընդհակառակը, ան այժմ կը թողու, որ Իսրայէլը գալարի ամերիկեան վարչակազմի առջեւ։ Իսրայէլի ձախողման հետեւանքով միջազգային հանրութեան, յատկապէս, ամերիկեան հանրային կարծիքին, ինչպէս նաեւ ամերիկացի հրեաներու մօտ, զգացողութիւն մը կայ, որ կը բաւէ՛, Նեթանիյահուն պէտք է արագ հեռանայ, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ վերականգնել Իսրայէլի դիրքը ԱՄՆ-ի մէջ՝ յատկապէս հրեաներու շրջանականերուն մէջ։ Նոյնիսկ Իսրայէլին աջակցող հրեաներու միջեւ արդէն կը թափանցէ այն փոխըմբռնումը, որ Նեթանիյահուն Իսրայէլը կը տանի դէպի բացարձակ պարտութիւն, ոչ թէ յաղթանակ. պարտութիւն, որ ի վերջոյ պիտի յանգեցնէ Իսրայէլին հրադադարի հաստատման, առանց «Համաս»ը տապալելու, առանց գերիները ազատագրելու եւ իրականութեան մէջ «Համաս»ը ներկայացնելով՝ որպէս այս պատերազմի մէջ ամենամեծ յաղթող», եզրափակած է թերթը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024