ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ Ա­ՌԱՋ­ՆՈՐԴ Տ. ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏ­ԳԱ­ՄԸ

«Կատարեսցուք զսրբութիւն ահիւն Աստուծոյ» (2 Կորնթ. 7։1)

Քրիստոսի Ս. Ծնունդն աշխարհի կեանքին մէջ մարդը դէպի սրբութիւն առաջնորդող աստուածայինին ներկայութիւնն է: Մարդուն կեանքը յարատեւօրէն պէտք ունի հոգեւոր նորոգութեան, որպէսզի հաւատքը մշտապէս գործէ մեր էութեանը մէջ եւ մեր խօսքն ու գործը ըլլայ արտացոլումն Աստուծոյ խօսքին:

«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ․ Օրհնեալ է Յայտնութիւնն Քրիստոսի»։

Ամէն անգամ երբ կը տօնախմբենք մեր Տիրոջ եւ Փրկչի Յիսուսի հրաշալի Ծնունդը եւ կ՚արտասանենք այս բառերը, ներքին ապրում մը կ՚ունենանք հոգենորոգութեան: Արդարեւ, նոր կեանք կ՚ապրինք նոյն բառերուն արտասանութեամբ, որովհետեւ մեր հոգեւոր էութեանը մէջ կը զօրանայ ծնունդը Քրիստոսի, Աստուածորդու, որ երկինքէն երկիր խոնարհումով մեր առջեւ կը բանայ ճանապարհը Սրբութեան, ճանապարհը՝ կեանքն ապրելու Աստուծոյ իմաստութեամբ:

«Կատարեսցուք զսրբութիւն ահիւն Աստուծոյ»։

Ով հաւատքով կ՚ընկալէ այս ճշմարտութիւնը՝ իր կեանքը կ՚առաջնորդէ դէպի սրբութիւն եւ աւելին՝ կը դառնայ սրբութիւն ճարտարապետող անձ մը Աստուծոյ երկիւղովը, որն ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Աստուծոյ իմաստութիւնը:

Կ՚ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր այսօր, առաւել քան երբեք պարտինք զգալ Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ կատարել Անոր կամքը, որպէսզի սրբուինք բոլոր օտար խորհուրդներէ, որոնք հաշտ չեն Քրիստոսի Աւետարանէն ճառագայթող պատգամներուն հետ:

Աստուծոյ ներկայութիւնը իրենց կեանքին մէջ զգացին մեր նախնիները եւ իրենց կեանքը ապրեցան Աստուծոյ կամքին համաձայն: Անոնք Քրիստոսի Ս. Ծննդեան խորհուրդին մէջ ըմբռնեցին այն գերագոյն ճշմարտութիւնը, որ Աստուածորդու Ս. Ծնունդը իր մէջ կը կրէր մարդուն կեանքը հրաշագործելու աստուածային զօրութիւնը: Քրիստոսի կեանքը Իր ծնունդով մեր առջեւ բացուած կեանքի ճանապարհն է, որպէսզի նոյն կեանքը ապրինք սրբութեամբ: Եւ ի՞նչ է Սրբութիւնը. Քրիստոսի կեանքին օրինակով ապրիլը, աւետարանական պատգամներուն հետեւիլը, մեր հայրերէն մեզի աւանդուած հոգեւոր-բարոյական խրատներով առաջնորդուիլը: Սրբութիւնը հաւատքով ապրուած կեանքն է: Երբ հայ ընտանիքը կ՚ապրի Աստուծոյ սիրով եւ իմաստութեամբ, ան կը դառնայ մարմնացումը սրբութեան: Մարդը կը սրբուի երբ իր հաւատքը կը կենսագործէ Աստուածաշունչ Մատեանէն պատգամուած խօսքերով, Տասնաբանեայ պատուիրաններով եւ բոլոր առակներով ու Քրիստոսաբոյր դասերով:

«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ․ Օրհնեալ է Յայտնութիւնն Քրիստոսի»։

Սիրելի բարեպաշտ հայորդի, Ս. Ծնունդը ոսկէ կամուրջն է, մեզ Աստուծոյ հետ միացնող: Փառք վերառաքենք առ Աստուած, որ Իր Միածին Որդին աշխարհ ուղարկեց, որպէսզի ուղեկորոյս մարդն այլեւս դուրս գայ խաւարի ճանապարհներէն եւ քալէ Աստուծոյ հետ՝ ըմբռնելով այն իրականութիւնը, որ ինք ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն:

Քրիստոսի Ս. Ծնունդը՝ Սրբութեան ճանապարհն է: Ով իր կեանքով կը տօնախմբէ Քրիստոսի Ս. Ծնունդը, Սրբութեան տեսիլքը կ՚ունենայ եւ իր կեանքը կ՚ապրի ստեղծագործ ոգով:

Ս. Ծննդեան տօնին մեր աղօթքը կը յղենք առ Աստուած, որպէսզի լուսաւորէ մարդկանց հոգիները ու մտքերը՝ դարձնելով զանոնք խաղաղութեան գործիքներ: Մեր աղօթքն է առ բարին Աստուած, որ Ինք խաղաղ ու անսասան պահէ մեր երկիրը, բարգաւաճ՝ մեր Ս. Եկեղեցին ու անոր հաւատաւոր զաւակները, որպէսզի ամէն օր եւ ամէն ժամ «կատարեսցուք զսրբութիւն ահիւն Աստուծոյ»:

«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ․ Օրհնեալ է Յայտնութիւնն Քրիստոսի»։ 

Երկուշաբթի, Յունուար 8, 2018