ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Վերջին ժամ. Իսրայէլի բանակին եւ «Իսլամական ճիհատ» զօրամիաւորման միջեւ երեք օր տեւած ծանր պատերազմէն ետք եւ շնորհիւ Գահիրէի անմիջական ճիգերուն, կարելի եղաւ երէկ գիշեր հրադադար հաստատել։ Նոյն պահուն Իսրայէլ կը յայտարարէր, որ իրենք հասած են այս ռազմական գործողութիւններու բուն նպատակներուն, իսկ պաղեստինցիք կ՚ըսէին, որ այս պատկերով «Իսլամական ճիհատ»ը յաղթանակ մը արձանագրեց։ Յառաջիկայ օրերուն պատկերը անշուշտ աւելի յստակ պիտի դառնայ ու երեւան պիտի գան այն իսկական նպատակները, որոնց համար ալ Իսրայէլ գործի լծեց իր կործանիչները եւ պաղեստինցիք ալ հրապարակ հանեցին իրենց ինքնաշէն, բայց նպատակային հրթիռները։

Կիրակին երրորդ օրն էր, որ Իսրայէլ ռազմական ծանր հարուածներ կու տար Պաղեստինի Կազզէ քաղաքին, որուն դիմաց ալ «Իսլամական ճիհատ» զօրամիաւորումը անխնայ կերպով հրթիռնեեր կը նետէր Իսրայէլի տարբեր քաղաքներու վրայ՝ գլխաւորապէս թիրախաւորելով մայրաքաղաք Թել Աւիւը, Աշքոլանը, Սիտիրոթը եւ այլն։

Ինչպէս Կազզէի բոլոր պատերազմներու պարագային, այս անգամ ալ պաղեստինցի զոհերուն թիւը շատ աւելի է։ Այժմ Պաղեստին ունի աւելի քան 31 զոհ ու կ՚ենթադրուի, որ կայ 300-է աւելի վիրաւորեալ։

Ինչքան կը յիշեմ, կամ աւելի ճիշդը՝ ինչքան մանրամասն կերպով հետեւած եմ, Կազզէի դէմ օրեր առաջ ընթացք առած այս ծանր պատերազմը հինգերորդ է։

Ճիշդ է, որ 2014 թուականի պատերազմը աննախընթաց էր իր տարողութեամբ եւ հետեւանքներով, բայց եւ այնպէս, այս վերջին իրադրութիւնը ունի աւելիով ծաւալուելու բոլոր նախադրեալները։

Պաղեստինի գլխաւոր խաղացողը այս փուլին «Իսլամական ճիհատ» կազմակերպութիւնն է, որու կարեւոր կեդրոնատեղիներէն մէկուն վրայ Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերուն տուած հարուածով ընթացք առաւ այս պատերազմը։

Իսրայէլի կառավարութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Եաիր Լափիտի, այս գործողութեան ձեռնարկեց նպատակ ունենալով «խառնել» ներքին խաղաքարտերը եւ պատրաստուիլ յառաջիկայ ընտրութիւններուն։ Անկախ այս հանգամանքէն, կայ նաեւ կարծիք, ըստ որու Իսրայէլ ստիպուեցաւ այս քայլին դիմելու՝ թուլացնելու համար Իրանի կողմէ հովանաւորուած «Իսլամական ճիհատ»ի հեռահար հրթիռներու կարողականութիւնը՝ թիրախաւորելով անոնց պահեստակէտերը, նաեւ խաղէն դուրս հանելով պաղեստինցի այն զօրավարները, որոնք կը համարուին այդ «ինքնաշէն» հրթիռներու ճարտարապետները։

Հարց. ինչո՞ւ այս փուլին աւելի կը լսենք «Իսլամական ճիհատ»ի անունը՝ քան օրինակ մինչեւ մօտաւոր անցեալը Պաղեստինի դիմադրութեան առաջամարտիկ համարուած «Համաս»ը։ Պատասխանը շատ պարզ է ու յստակ, որովհետեւ «Համաս» առաջուան նման չի ներկայանար՝ որպէս ռազմական գլխաւոր ուժ ու տեղ մըն ալ իր «ենթակայութիւնը» յայտնած է Սէուտական Արաբիոյ եւ նոյնիսկ Թուրքիոյ ղեկավարութեան, որոնք տեղ մը կը հանդիպին (այս առումով «Համաս»ի գլխաւոր «հայր»ը կը համարուի Ռիատը՝ մանաւանդ ելմտական աջակցութեամբ եւ նոյն այդ կողմը այսօր յարաբերութիւնները կարգաւորելու տեսակէտէն Անգարայէն աւելի մօտ է Թել Աւիւին) Իսրայէլի հետ բնականոնացման երթալու մօտեցումներուն շուրջ։

Ու եթէ այս գործօնը աւելի մանրամասն քննենք, նաեւ կը նկատենք, որ ինչպէս Լիբանանի մէջ «Հիզպուլլահ»ը, Իրաքի մէջ «Հաշտի շապի»ն եւ Եմէնի մէջ «Անսար ալլահ»ը, այնպէս ալ «Իսլամական ճիհատ»ը դարձած է Իրանի կողմէ հակամարտութեան դաշտ իջեցուած ուժ։

Կը կապուի՞ն այս զարգացումները Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններուն հետ, կամ ինչ-որ չափով՝ որպէս հակադարձող ուժ, Իրանի հովանաւորեալ խմբաւորումները պատասխան «ապտակ» մը կու տա՞ն Իսրայէլին, օրերը ցոյց պիտի տան։

Չմոռնանք նաեւ ըսելու, որ «Իսլամական ճիհատ»ի ռազմական թեւը՝ «Սարայա ալ քուտս»ը անցեալ ձմրան զանազան «իւրայատուկ» գործողութիւններով կարողացաւ վախի մթնոլորտ մը ստեղծել Իսրայէլի տարբեր քաղաքներուն մէջ, նաեւ Իսրայէլի իշխանութիւնները ստիպել, որպէսզի այս վերջին ռազմական գործողութեան երթան։

Այս բոլորէն անդին, եթէ փորձենք վերհանել իրավիճակը մանրամասն ներկայացնելու, վերլուծելու ուղղեալ մօտեցումները, անպայման պէտք է հաշուի առնենք, որ Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութիւնը կարելի է լուծել միայն ու միայն «Երկու պետութեան» վարկածով, որուն առաջամարտիկը ԱՄՆ-ի նախկին նախագահներէն Պիլ Քլինթընն էր։ Ռազմական գործողութիւնները ո՛չ Իսրայէլին, ո՛չ ալ պաղեստինցիներուն լուծում պիտի բերեն։ Չի բացառուիր, որ այս գործողութիւնները կարողանան քուէներու նոր եւ «մէկդի դրուած» տոկոս մը բերել վարչապետ Եաիր Լափիտին, որ մինչեւ այս պահը չկարողացաւ իր շուրջ համախմբել երկրի քաղաքական ներուժը ու չդարձաւ նաեւ տիրական ղեկավար մը։ Միւս կողմէ, «Իսլամական ճիհատ»ի հրթիռները թէեւ հեռահար են, դիրքեր կրնան խոցել, սակայն, դարձեալ անհնար է, որ արդար եւ վերջնական խաղաղութիւն մը բերեն այս ցաւոտ խնդրին։ Այդ հրթիռները կրնան միայն ուժեղացնել Իրանի դիրքերը բանակցութեանց սեղանի շուրջ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 8, 2022