«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՄԻՇՏ ԵՂԱԾ Է ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ ՄԸ»
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Վրաստանի թեմի առաջնորդ Տ. Կիրակոս Եպսկ. Դաւթեան համոզուած է, թէ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերաբացման զուգահեռ՝ հայոց ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ընթացք կ՚առնէ զարթօնք մը։ Նորին Սրբազնութեան հետ վերջերս զրուցեցինք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր տեսակցութեան սղագրութիւնը։
*
-Ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ վիրահայոց թեմը ներկայիս։
-Մեր մարտահրաւէրներուն ամենակարեւորը Վրաստանի եւ մանաւանդ Թիֆլիզի հայոց եկեղեցիներուն վերանորոգութեան հարցն է, որ թէեւ կ՚ընթանայ, սակայն շատ դանդաղ քայլերով:
-Ընդհանրապէս չենք լսեր այդ մասին, իրազեկում չկայ, նախապէս Հայաստանի մամուլին մէջ կարծէք մշտական նիւթ էր։
-Իրազեկում չկայ, որովհետեւ նոր տագնապներ չկան։ Վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին արդէն իսկ նորոգուած են չորս եկեղեցիներ եւ այս օրերուն ալ նոր եկեղեցի մը պիտի կառուցուի:
-Քաջատեղեակ ենք, որ ինչպէս ամէնուր, այնպէս ալ ձեր մօտ՝ Վրաստանի մէջ տըն-տեսական պայմանները փայլուն չեն։ Այդ իրավիճակը դժուարութիւններ կը յարուցէ՞ եկեղեցիներու վերանորոգման կամ կառուցման համար յատկացուելիք գումարներու հաւաքման առումով։
-Մեր թեմի զաւակները կապուած են եկեղեցիին եւ կ՚ուզեն իրենց համայնքին, իրենց քաղաքին եկեղեցին կառուցել, նաեւ աւելիով հարստացնել ու գեղեցկացնել համայնքային կեանքը։ Հետեւաբար, փառք Աստուծոյ մեր հաւատացեալները կանգնած են Սուրբ Եկեղեցւոյ կողքին, որ բոլորս կը պարփակէ ու ի մի կը բերէ։
-Մօտաւոր անցեալին ընտրութիւն տեղի ունեցաւ Վրաստանի մէջ։ Ի՞նչ եղաւ ձեր յորդորը, որպէս թեմակալ առաջնորդ։
-Ինչպէս բոլորդ գիտէք՝ մեր եկեղեցին քաղաքականացուած չէ։ Ուստի, հաւատացեալներուն մեր յորդորը եղաւ՝ անպայմանօրէն մասնակցին ընտրութիւններուն եւ կատարել քաղաքացիական պարտքը:
-Մտահոգ է՞ք Վրաստանի ապագայով։
-Այո՛, կան որոշ մտահոգութիւններ. մտահոգութիւններ, որոնք կապուած են Վրաստանը ներկայ խաղաղ պայմաններէն տեղափոխուի դէպի աւելի լարուած պայմաններ։ Ես չեմ փափաքիր, որ ներկայ իրադրութիւնը դէպի վատը փոխուի եւ խաղաղութիւնը վերածուի լարուածութեան։ Այս է իմ մտահոգութիւնը եւ մենք շարունակ կ՚աղօթենք՝ մեր զոյգ հայրենիքներուն համար, որպէսզի անոնք հեռու մնան լարումներէ եւ մեր երկինքներէն հեռանան գորշ ամպերը։ Հարկ կը համարեմ նաեւ շեշտել, որ այսօր Վրաստանի մէջ առկայ լարուածութիւնը պէտք է համարել բնական ընթացք մը ընտրութիւններէն առաջ։ Պետութիւնը, երկիրը պէտք է ունենայ առողջ ընդդիմութիւն եւ առողջ դիմութիւն: Եւ այդ երկուքը պիտի փորձեն ապացուցել, թէ ո՛ր կողմը արժանի է ստանձնել երկրի ղեկն ու իշխանութիւնը։ Ու յստակ է, անշուշտ, որ ներկայ կարգ մը անհանգստութիւններուն պատճառն է քաղաքական կողմերուն միջեւ տիրող լարուածութիւնը։ Պետութիւնը պէտք է կառավարուի ընդհանրական ուժերով, ոչ մէկ մարդու կողմէ, այսօր երբ կ՚ըսեն պետութիւնը այս կամ այն կողմը պէտք է բռնէ, դուն պէտք չէ երթաս եւ դիմացինիդ պարտադրես քու կարծիքդ: Եթէ դուն գործատէր ես, այդ չի նշանակեր, որ քու աշխատակիցներուդ պէտք է կարծիքդ պարտադրես, անշուշտ, կրնաս կարծիքդ յայտնել, բայց պէտք չէ զայն պարտադրես եւ ըսես, թէ այդ է ճիշդը:
-Առաջնորդարանի եւ պատմական Թիֆլիզի ձեր պատուհանէն դիտուած ինչպէ՞ս կը դիտարկէք Վրաստան-Հայաստան յարաբերութիւններու այս շրջափուլը եւ այս ժամանակները:
-Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւնները միշտ ջերմ եղած են։ Եղած են եղբայրական մակարդակի մը վրայ, եղած են բնական եւ բնական կերպով ալ պիտի շարունակուին։ Այդ մէկը ըլլայ փոխայցելութիւններով՝ Հայաստանէն Վրաստան եւ Վրաստանէն Հայաստան:
-Գալով համայնքին, կը լսենք, թէ հայախօսութիւնը, հայերէնի իմացողութիւնը խոցելի վիճակի մէջ է ներկայիս։ Ձեր առաջնորդի պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր այդ կապակցութեամբ աշխատանքներ տարուա՞ծ են՝ դպրոցներու, հայերէնի ճանաչութեան եւ նոր որակի կրթական համակարգ մը կերտելու առումով։
-Գիտէք, եկեղեցին միշտ եղած է հայապահպանութեան կամ հայեցի դաստիարակութեան կեդրոնը. ինչպէս իմ շրջանէս առաջ, իմ շրջանիս ալ եկեղեցին կը շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ մենք այսօր կրնանք որոշ չափով ապահովել հայկական վարժարանին առաքելութիւնն ու յարատեւումը: Մեր եկեղեցին ունի նախակրթարան դպրոց։ Ներկայ դրութեամբ բացի եկեղեցւոյ հովանիով գործող նախակրթարանէն, կան նաեւ երեք այլ հայկական թեքումով վարժարաններ։
-Այսօր ներկայ պայմաններուն համահունչ գործելուն առընթեր, աշխատանքներ կը տար-ւին համայնքէն ներս. օրինակ՝ նոր որակներով մամուլ կամ ձայնասփիւռ կերտելու:
-Տարբեր հարթակներ ունինք, պէտք է նշել, որ Վրաստանի հանրային հեռուստացոյցը ունի հայկական ժամ եւ լուրերը կը սփռուին հայերէնով:
-Այս բոլորը կը նպաստե՞ն հայախօսութեան:
-Անշուշտ կը նպաստեն, ունինք նաեւ երիտասարդական յանձնախումբեր, որոնք հայատառ թերթ մը կը հրապարակեն եւ համացանցի ճամբով կը տարածեն՝ տօնական օրերուն մասին պատմող կարճ տեսահոլովակներ։ Եթէ տուեալ ձեռնարկի մը 25 հոգի մասնակցած է, կը նշանակէ, թէ ընկերային հարթակներու վրայ 2000 հոգի կը դիտէ, կ՚արժեւորէ: Հետեւորդներու թիւը հետզհետէ կ՚աճի, հետաքրքրուողներու թիւը կ՚աւելնայ, նաեւ նոյն համացանցի հետեւորդը օր մը անձամբ կրնայ ներկայ գտնուիլ արարողութիւններուն։ Երիտասարդները շարունակ կը փորձեն հայերէնով ներկայացնել իրենց նիւթերը, սակայն յաճախ այլ լեզուներ ալ կը գործածուին, որովհետեւ բոլորն ալ հայախօս չեն։ Հետեւաբար, տարբեր առիթներու լսելի կը դառնան վրացերէնն ու ռուսերէնը։
-Պատմական օրեր ապրեցանք Մայր Աթոռի կամարներուն ներքեւ։ Մեր Մայր Տաճարը վերաօծուեցաւ, Միւռոնօրհնէք կատարուեցաւ։ Շուտով կը վերադառնաք ձեր հօտին գլուխը, ձեր սիրելի հաւատացեալներուն։ Իբր այդ, ի՞նչ բարի լուր կ՚ուզէք տալ։
-Շատ բարձր տրամադրութեամբ կը վերադառնամ, հոգեպէս լիցքաւորուած։ Առիթը, ինչպէս դուք նշեցիք, պատմական է եւ մեծ համոզում ունիմ, որ Մայր Տաճարի դռներու վերաբացման զուգահեռ ընթացք կ՚առնէ մեր ազգի հոգեւոր զարթօնքը։
-Ձեր առաջնորդած թեմը իւրայատկութիւն մը ունի։ Շատ լաւ կը յիշեմ ձեր եպիսկոպոսական ընտրութիւնը, յայտնի էր, որ տարբեր փայլ մը կայ, կապուածութիւն մը կայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին հանդէպ։ Աշխարհագրական դիրքն է հաւանաբար պատճառը, բայց այդ իւրայատկութիւը երեւելի էր։
-Հաւանաբար նաեւ աշխարահագրութիւնն է պատճառը։ Շատ դժուար չէ գալ, մասնակցիլ այսպիսի արարողութիւններու: Միւրոնօրհնէքը պատմական առիթ էր, այսօր Վեհափառ Հայրապետէն ստացանք նոր օրհնուած միւռոնը, պիտի տանինք, որպէսզի նոր երեխաներ, նոր հաւատացեալներ, նոր եկեղեցւոյ անդամներ կնքուին այդ միւռոնով եւ նոր եկեղեցիներ օծուին...։
Անշուշտ բազմաթիւ հաւատացեալներ եկած էին, բայց շատերն ալ չկրցան գալ մասնակցիլ։ Ու որպէսզի անոնք եւս անմասն չմնան մեր եկեղեցւոյ օրհնութիւններէն, ապա մեր համայնքի զաւակներուն համար ջրօրհնէքի արարողութիւն կ՚ընենք եւ այդ ջուրը կը բաշխուի բոլոր հաւատացեալներուն, որպէսզի իրենք ալ ստանան այն հոգեւոր ուժը, զոր մենք վերապրեցանք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երեք օրերու ընթացքին պատմադրոշմ արարողութիւններու ժամանակ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան