HOMO HOMINI LUPUS ՄԱՐԴ ՄԱՐԴՈՒՆ՝ ԳԱՅԼ

«Homo homini lupus». «Մարդ մարդուն գայլ»։ Մարդ գա՛յլ է մարդու համար։ Հոբբսի կողմէ արտայայտուած այս խօսքը, նախապէս գործածած է հռոմէացի բանաստեղծ Պլավտ մօտաւորապէս 250-184 թուականներուն՝ Ն.Ք.։

Այս խօսքը բանաձեւն է ծայրագոյն եսամոլութեան՝ որ կը բնորոշէ պուրժուական հասարակութեան ընդհանուր բարոյականութիւնը եւ մտածելակերպը։

Մեկնաբանողներ կան՝ որոնք խօսքը սապէս կը հասկնան. մարդ ուրիշ մարդու մը գայլը չէ, այլ մարդ ինքն իրեն գա՛յլն է։

Մանրամասնութիւնները թողունք հարցին մասնագէտներուն՝ ճշմարիտ իմաստասէրներու եւ ջանանք զայն դիտել պարզ ժողովրդական աչքով…

Կը պատմուի, թէ չար Սատանան՝ իր քով առնելով փոքր Սատանան կը պտտին դաշտերու մէջ։ Սատանան փոքրիկ Սատանային մէկ մէկ կը ծանօթացնէ բնութիւնը՝ ծառեր, ծաղիկներ եւ տեսակ տեսակ կենդանիներ… կը տեսնեն գայլ մը՝ Սատանան կ՚ըսէ փոքրիկ Սատանային. «Զգոյշ եղիր այս կենդանիէն, ան շատ վտանգաւոր կենդանի մըն է…»։ Եւ կը շարունակեն իրենց պտոյտը եւ Սատանան տեղեկութիւններ կու տայ փոքրիկ Սատանային զանազան օգտակար ընտանի կենդանիներու եւ վտանգաւոր վայրենի կենդանիներու մասին։ Մինչ, փոքրիկ Սատանան, հեռուն կը նկատէ մարդ մը, եւ կը հարցնէ Սատանային. «Ասիկա ի՞նչ է»։ «Այդ տեսածդ նախապէս տեսածներուդ եւ պատմածներուս ամենէն վտանգաւ՛որն է. ան ամէն չարութիւն կ՚ընէ, ամէն յանցանք կը գործէ, օրէնքի դէմ կը թերանայ, կը մեղանչէ, յետոյ ինքզինք կ՚արդարացնէ՝ բոլոր յանցանքը բեռցնելով մեր վրայ, կ՚ըսէ.- Պատճառը Սատանան է, ես անմե՛ղ եմ…»։ Եւ Սատանան՝ փոքրիկ Սատանան խտիւ կը զգուշացնէ մարդէն…։

Արդարեւ, ենթադրական պատմուածք մըն է ասիկա, բայց կը բովանդակէ մարդկային կեանքէն իրականութիւններ։

Մարդ, ընդհանրապէս, իր յանցանքը չ՚ընդունիր, միշտ պատրուակներ կը ներկայացնէ, ինքզինք արդարացնելու համար գործած յանցանքը կամ մեղքը արդարացնելու համար կ՚ուզէ զայն բեռցնել ուրիշներու, պատճառը փնտռելով միշտ ուրիշներու քով։

Մարդուն բնական վարմունքն է ասիկա։

Չէ՞ որ Ադամ իր անհնազանդութեան պատճառը Եւան ցոյց տուած եւ ըսած էր. «Այդ կինը, որ ինծի օգնական տուիր, ան խաբեց զիս…»։

Կարծես Աստուած՝ խաբէ, ըսելով Ադամին որպէս օգնական տուաւ Եւան։

Եւ Եւան ալ ինքզինք արդարացուց, ըսելով թէ «օձ»ը խաբեց զինք։

Ուրեմն, կը տեսնուի, որ մարդուս իր յանցանքը «ուրիշ»ի վերագրելը ժառանգական՝ ծինային բնաւորութիւն մըն է։ Այս իմաստով, մա՛րդ յանցաւորութիւնը չ՚ընդունիր, եւ ուրեմն ամէն մարդ անմեղ է, աւելի ճիշդ՝ ամէն մարդ ինքզինք անմեղ կը կարծէ։ Բայց երբ բանաւոր էակ մըն է, դատելու, որոշելու՝ ազատ կամքով շարժելու կարողութիւնը ունի մարդ, իրաւունք եւ ազատութիւն կը վայելէ՝ կարելի՞ է որ պատասխանատու չըլլայ իր արարքէն։

Պատասխանատուութենէ խոյս տալու ամէն փորձ, ամէն դիտաւորութիւն եւ մտադրութիւն կը վիրաւորէ մարդկային արժանապատուութիւնը։

Չարը՝ Սատանան կրնայ փորձել, կրնայ խաբելու համար մարդը, շատ միջոցներու դիմել, բայց մարդ իր բանականութեամբ պէտք է պայքարի, ընդդիմանայ անոր դէմ։ Մանաւանդ որ մարդ իր բանականութեան հետ ունի նաեւ խի՛ղճ։ Ուստի բանականութիւն եւ խիղճ՝ երկու զօրաւոր եւ ազդու զէնք են՝ որոնցմով կրնայ պաշտպանել ինքզինք եւ յաղթական գալ Սատանային դէմ։

Այնքան կարողութիւններով օժտուած մարդը, ինչո՞ւ պարտուի «չար»ին. միթէ «չար»ը աւելի զօրաւո՞ր է քան մարդը՝ որ «բարի» է ստեղծուած։ Արդարեւ, մարդուն կոչումը միշտ բարիին ձգտիլ է եւ ո՛չ՝ չարին։

Մարդ, պէ՛տք է եղբայրական սիրով մօտենայ իր նմաններուն եւ ո՛չ թէ զայն ամբաստանելով, մեղադրելով, անոնց վրայ անիրաւութեամբ յանցանք վերագրելով…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 26 2023, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մարտ 1, 2023