ԲԱՐԻ Ե՛Ւ ԱՐԴԱՐ ԸԼԼԱԼ
Թէ՛ «բարի» եւ թէ՛ «արդար» ըլլալ կարելի՞ է։ Արդարեւ, երբեմն «բարի» ըլլալու համար կը զոհուի արդարութիւնը, եւ կամ փոխադարձաբար «արդար» ըլլալու համար կը զոհուի բարութիւնը։ Այս մասին շիտակ գաղափար մը կազմելու համար պէտք է «բարի»ի եւ «արդար»ի ըմբռնումները լաւ գիտնալ։ Ուստի երբեմն մարդ «բարի երեւելու համար» կը զոհէ արդարութիւնը։ Զոր օրինակ, յանցաւոր մը ներել յանցաւորին համար «բարութիւն» կ՚երեւի եւ յանցաւորը ներողն ալ՝ «բարի»։ Բայց այդ բարութիւնը որքա՞ն կարելի է պատշաճեցնել արդարութեան հետ։ Ասիկա, ահաւասիկ խնդրակա՛ն է։
Արդարեւ «Աղքատին հանդէպ աչառութիւն պիտի չունենաս…» (ՂԵՒ. ԺԹ 15)։ Այս կը նշանակէ որ մէկու մը հանդէպ խղճալու, մեղքնալու եւ կամ խնայելու «բարի զգացում»ներով աչառութիւն ընելը արդարութեան հակառա՛կ շարժում մըն է։
Ուրեմն, խղճալ, մեղքնալ, որոնք ըստ էութեան «բարի» զգացումներ են, բայց երբեմն կը հակասեն «արդարութեան» գաղափարին։ «Բարութիւն» եւ «արդարութիւն»՝ երկուքն ալ մարդկային բարձր արժէքներ եւ առաքինութիւններ են, բայց պէտք է պատշաճեցնել եւ ներդաշնակել զանոնք մարդկային կեանքին մէջ, որպէսզի իրենց իսկական արժէքը երեւան գայ եւ չվիրաւորուի մարդկային արժանապատուութիւնը։
Մարդուն սրտին մէջ ներկայ եղող բարոյական խղճմտանքը պատեհ վայրկեանին կը հրամայէ անոր կատարել «բարի»ն եւ զգուշանալ չարէն։ Ան կը զատորոշէ նաեւ կատարելիք ընտրանքները, անսալով բարիին, մերժելով չարը։ Ան կը վկայէ ճշմարտութեան իշխանութեան, որ կապակցութեան մէջ է գերագոյն «բարի»ին հետ, որուն քաշողականութիւնը կը կրէ մարդկային անձը եւ կ՚ընդունի Անոր պատուիրանները։ Խոհեմ մարդը երբ կ՚ունկնդրէ բարոյական խղճմտանքը, կարող կը դառնայ լսելու իրեն խօսող Աստուածը։ Ուստի իր խղճմտանքին դատողութեամբ է, որ մարդ կը տեսնէ եւ կը ճանչնայ աստուածային Օրէնքին հրահանգները։
«Հասարակաց բարիք»ով, հասկնալու է ընկերային պայմաններուն ամբողջութիւնը, որոնք թոյլ կու տան թէ՛ խումբերուն, թէ՛ անոնց անդամներուն ամէն մէկուն, հասնիլ իրենց կատարելութեան աւելի ամբողջական եւ աւելի հեշտ կերպով։ Հասարակաց բարիքը կ՚ենթադրէ մարդկային անձին յարգանքը։ Ուրեմն աղքատին, տկարին, անզօրին մեղքնալ, խղճալ «բարի» արարք մըն է ըստ երեւոյթին, բայց ըստ էութեան ան կրնայ «անարդար» ըլլալ, եւ հակառակիլ «հասարակաց բարիք»ին, որ է՝ անարդարութի՛ւն։ Եւ ահաւասիկ հոս է որ հմտութիւն կը պահանջէ՝ անաչառ ըլլալ եւ չվիրաւորել արդարութեան զգացումը։ Ուրեմն, ըստ ընդունուած սահմանումին, արդարութիւնը՝ այն բարոյական առաքինութիւնը եւ արժէքն է, որ կը կայանայ յարատեւ եւ հաստատ կամքով տալու Աստուծոյ եւ մարդոց ի՛նչ որ պարտական ենք անոնց։ Պարտականութիւն մը՝ որ պէտք է կատարուի առանց թերանա՛լու։ Արդարութիւնը մեզ տրամադիր կ՚ընէ յարգելու իւրաքանչիւրին իրաւունքը եւ հաստատելու մարդկային փոխյարաբերութիւններուն մէջ ներդաշնակութիւնը, որ կը հրահրէ արդարադատութիւնը հանդէպ անձերուն եւ հասարակաց բարիքին։
Արդար մարդը կը զանազանուի իր գաղափարներուն սովորակի անաչառութեամբ, մարդոց հանդէպ իր վարքին ուղղամտութեամբ։ Ահաւասիկ այս կէտին կարեւորութիւն կը ստանայ «տկարին հանդէպ աչառութիւն չունենալ»ու վարմունքը։ Անշուշտ երբ կը խօսինք «տկարին հանդէպ անաչառ ըլլալու» մասին, պէտք է նկատի ունենալ նաեւ «զօրաւորին հանդէպ ալ նախասիրութիւն չունենալ»ու պարագան, ի՛նչ որ ան ալ աչառութիւն ընել կը նշանակէ եւ անարդա՛ր վարմունք մըն է։
Ինչպէս ըսինք, բարութիւն եւ արդարութիւն մարդկային կեանքի բարձր արժէքներն են, որոնք կը կատարելագործեն մարդը, կ՚ամրացնեն անոր նկարագիրը եւ կը բարձրացնեն անոր արժէքը։ Բայց անոնք առանձին արժէքներ են, երբ մարդ պարտաւորուի նախընտրանք մը ընէ երկուքին միջեւ, ահաւասիկ այն ատեն մարդուն արժէքը աւելի եւս կ՚աւելնայ այն համեմատութեամբ, որ կրնայ պատշաճ կերպով ներդաշնակել բարին եւ արդարը, առանց վնաս հասցնելու անոնց արժէքին եւ կարեւորութեան։ Կեանքի մէջ իրապէս արդար են անոնք, որոնք կրնան ներդաշնակել «բարի»ն եւ «արդար»ը, տեղին եւ յարմարագոյն կերպով օգտագործել այս երկու արժէքները։ Կեանքը լաւ, լաւագոյն կերպով ապրելու պայմաններէն մին ալ՝ այս երկու արժէքները պատշաճ կերպով գործածելու հմտութիւնը եւ կարողութիւնը ունենալն է։ Խղճալ եւ կամ ակնածիլ. այս երկու զգացումները այնքան ատեն որ արգելք կ՚ըլլան անաչառութեան, հոն կարելի չէ՛ տեսնել ո՛չ բարիք եւ ո՛չ ալ արդարութիւն։
Ուրեմն կատարեալ մարդ ըլլալ կը նշանակէ ամէն պարագայի մէջ անաչառ ըլլալ՝ բարի եւ նաեւ արդար, եւ փոխադարձաբար արդար եւ բարի՛ ըլլալ։ Եւ ո՜րքան դժուար է անոնք պատշաճեցնել եւ ներդաշնակել, եւ ուրեմն ո՜րքան դժուար է կատարեալ ըլլալ եւ նմանիլ Աստուծոյ՝ որ թէ՛ բարի է եւ թէ արդար։
Եւ վերջացնենք. այն որ արդար է, բարի՛ է եւ այն որ բարի է, արդա՛ր է։ Մարդ ունի թէ՛ արդար եւ թէ բարի ըլլալու կարողութիւնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 23, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024