ՎԱ՜Յ ՔԵԶԻ ԵԹԷ ԱՐՏԱՔՆԱՊԷՍ ՏԳԵՂ ԵՍ

Տարիներ առաջ ազգանուէր գործ մը կատարելու համար Լիբանանի գրասենեակիս երէց հոգեւորականի մը հետ միասին կ՚ընդունէի այն հայորդիները, որոնք կ՚ուզեն իրենց նիւթական եւ բարոյական մասնակցութիւն բերել: Առաջին անգամ ներս մտաւ մեծահարուստի տպաւորութիւն ձգող տարեց կին մը. վերէն վար ոսկիներով ու գոհարեղէնով զարդարուած. քալո՛ղ հարստութիւն մը պարզապէս. պայուսակը բացաւ եւ շատ փոքր նուիրատուութիւն մը կատարեց:

Յաջորդը միջահասակ կին մըն էր. անշուք ու անզարդ հագուածքով. մօտեցաւ եւ հարցուց, թէ ինչքան պէտք է տայ՝ նպաստելու համար ազգանուէր աշխատանքին. յայտնեցինք, թէ սրտաբուխ է. պէտք է տան այնքա՛ն՝ ինչքան կը փափաքին (ակնկալութիւնն ալ մեծ չէր կրնար ըլլալ): Բազմիցս հարցուց, թէ ինչքան պէտք է տայ, ինչքան գումարի կարիք կայ. պնդումներուն վրայ ըսի, թէ իրագործելու համար ինչքան գումարի կարիքը կայ եւ ըսի, թէ կրնայ տալ այնքան, ինչքան կը փափաքի, ինչքան իր կարողութիւնները կը ներեն: Պայուսակին մէջէն հանեց դրամատան տետրը, բաներ մը գրեց ու նամակի պահարանի մէջ դնելով յանձնեց ու դուրս եկաւ: Մեր ուզած գումարի կրկնակին նուիրած էր հայանուէր աշխատանքի իրագործման համար:

Այդ օր համոզուեցայ, որ պէտք չէ մարդը դատել իր արտաքին կերպարանքէն. առաջին մեծահարուստի հովերով շրջողը աղքատիկ, իսկ աղքատիկ շրջողը մեծահարուստ կին մըն էր:

Ցաւ ի սիրտ աշխարհի հիւանդութիւններէն մէկն է մարդը դատել իր արտաքին տուեալներով, որոնք կրնան ճշմարտութեան հակառակ պատկեր մը պարզել: Դժբախտաբար ներկայ դարը մեր միտքերուն մէջ ներարկած է կարծրատիպներ, որոնց հիման վրայ ինքնաբերաբար արտաքին տեսքէն կը հետեւցնենք դիմացինի ինչութիւնը. համեստ հագուողը՝ աղքատ, ոսկի դնողը՝ հարուստ, կարճ հագուողը՝ պոռնիկ, շպարուողը՝ կեղծ, կարճ չհագուողը՝ յետամնաց, խօսողը՝ շաղակրատ, իսկ լռողը՝ անկարող ու տգէտ: Այս բոլորին պատճառով այսօր մարդիկ իրենք իրենց անձը փոխելու եւ կերտելու փոխարէն աշխատանք կը տանին պարզապէս առաջին տպաւորութեան վրայ, որովհետեւ առաջին հայեացքը մարդոց համար աւելի՛ կարեւոր է, քան էութիւնը:

Երբեւէ եղա՞ծ է ներկայ գտնուիք երեւութապէս հարուստ ու խնամուած ճաշարան մը, միաժամանակ եղա՞ծ է ներկայ գտնուիք համեստ տեսքով ճաշարան մը, որուն հրամցուցածները շատ աւելին կ՚արժեն քան առաջինը: Մարդը նո՛յնն է այսօր. երեւութապէս ազնիւ անձ մը կրնայ անազնիւ ըլլալ, իսկ անազնիւ կարծածդ՝ ազնիւ:

Ինչքա՜ն տեղին ըսուած խօսք է «գիրքը չդատել իր կողքով». յաճախ գրադարան գտնուած ժամանակ մեր ձեռքը անցած է գիրքեր՝ որոնք հրատարակուած են մե՜ծ ծախսերով, լաւագոյն թուղթերով ամենասուղ միջոցներով. փորձեցէ՛ք կարդալ. անիմաստ ու անբովանդակ: Անդին գիրքեր, որոնք տպագրուած են ամենէն համեստ պայմաններուն մէջ, սակայն բովանդակութեամբ հարուստ ու դաստիարակիչ:

Միացեալ Նահանգներու մէջ 2018 թուականին Գամարոն Հենրին անունով 18 ամեայ երիտասարդ մը իր թանկարժէք մեքենայով մահուան պատճառ դարձաւ երիտասարդ մօր մը եւ իր զաւակին. դատաւորը յանցագործը ազատագրեց 24 տարի բանտարկութեամբ: Վերջին ժամանակաշրջանին համացանցի մէջ արշաւ մը սկիզբ առաւ, որով կը պահանջուի երիտասարդին ազատ արձակուիլը. պատճա՞ռ... շա՜տ գեղեցիկ երիտասարդ է եւ արժանի չէ բանտարկութեան:

Մէկ տարուան ընթացքին հազարաւո՜ր երիտասարդներ տարբեր տարբեր պատճառներով կը բանտարկուին եւ անոնց մասին ո՛չ խօսող եւ ո՛չ ալ զիրենք յիշող կ՚ըլլայ. իսկ այս երիտասարդի պարագային գեղեցկութիւնը արդարացնելու պատճա՞ռ կը դիտուի. հազարաւոր երիտասարդուհիներ-պարմանուհիներ սքանչացումով երիտասարդին նկարը կը տեղադրեն, սիրահարութեան հազար ու մէկ խօսքերով, աղաչելով որ ազատ արձակուի:

Չափանիշը հետեւեալն է. տգե՞ղ ես ու մարդու սպանութեան պատճա՞ռ դարձար... պէտք է դատուիս եւ ամենէն ծանր պատժամիջոցներուն արժանանաս, սակայն եթէ արտաքնապէս սիրուն ես ու մարդու սպանութեան պատճառ դարձար, պէտք է ազատ արձակուիս...: Եւ վա՜յ քեզի, եթէ Աստուած քեզի արտաքնապէս տգեղ ստեղծած է:

Պարոյր Սեւակի իմ ամենէն շատ սիրած խօսքերէս մէկը հետեւեալն է.- «Լաւ ապրանքը ինքն է ծախւում, դու վա՛տն է որ պիտի գովես». այն անձը որ ինքնավստահ չէ իր նկարագրէն, իր ինքնութենէն կը փորձէ հազար ու մէկ ձեւով շուրջիններուն ուշադրութիւնը գրաւել, իսկ այն անձը որ բարձր արժանիքներու տէր է, առանց արտաքնապէս ինքզինք զարդարելու իր արժանի տեղը կը գրաւէ ընկերութեան մէջ:

Այն յոյսը ունիմ, որ վերջին դատաստանի ժամանակ արտաքինը ո՛չ մէկ նշանակութիւն պիտի ունենայ. հաւանաբար այդտեղ եւս մարդիկ բողոքի ցոյց բարձրացնեն տեսնելով արտաքնապէս «սիրուն»ներուն դժոխքի կրակին արժանանալը:

Երանի այն մարդուն, որ արտաքինէն անդին հոգին գեղեցկացնել կը յաջողի:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱՇԽԱՐՀԲԷԿ ՔԱԼԱՆԹԱՐ
(1884-1942)

Մեր թուականէն 138 տարիներ առաջ՝ 11 փետրուար 1884-ին Լոռիի մարզի Արդվի գիւղին մէջ ծնած է հայագէտ, հնագէտ եւ պատմաբան Աշխարհբէկ Քալանթար:

Քալանթար նախնական կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիզի Ներսիսեան վարժարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1907 թուականին եւ ընդունուած՝ տեղի մարմնակրթական ուսումնարանը: Բարձրագոյն ուսումը ստանալու համար մեկնած է Սեն Փեթերսպուրկ եւ հետեւած՝ տեղի համալսարանի պատմական եւ լեզուաբանական բաժիններու դասընթացքներուն, ուրկէ գերազանցութեան վկայականով շրջանաւարտ եղած է 1911 թուականին: Սեն Փեթերսպուրկ գտնուած ժամանակ աշակերտած է վրացի արեւելագէտ, հայագէտ ու լեզուաբան Նիկողայոս Մառին, որուն հետ տակաւին աշակերտական տարիներէն մասնակցած է Անիի պեղումներուն:

Քալանթար 1912 թուականին դարձած է Սեն Փեթերսպուրկի Հնագիտական հիմնարկի, իսկ 1914-ին Կայսերական հնագիտական ընկերութեան անդամ: Նոյն տարին նշանակուած է Սեն Փեթերսպուրկի Ասիական թանգարանի գիտական աւանդապահ: Նիկողայոս Մառ բացակայութեան ժամանակ Քալանթարի վստահած է Անիի պեղումներու հսկողութիւնն ու ղեկավարութիւնը:

Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան ազգային խորհուրդի նախագահ Աւետիս Ահարոնեանի յանձնառութեամբ Քալանթար ստանձնած է Անիէն Հայաստան փոխադրութիւնը աւելի քան 6000 իրերու, որոնք այսօր կը պահպանուին Հայաստանի Պատմութեան  պետական թանգարանին մէջ. 1921 թուականին Քալանթար Թիֆլիզէն Երեւան փոխադրած է Մշոյ Սուրբ Առաքելոց վանքի նշանաւոր դուռը, ինչպէս նաեւ Անիի հնադարեան դրամի ժողովածուն եւ բազմաթիւ ձեռագրեր:

Քալանթար 1917 թուականին պատմաբան ու բանասէր Նիկողայոս Ադոնցի հետ միասին կազմակերպած է Վանի հնագիտական երկրորդ արշաւախումբը:

Համաշխարհային Ա. պատերազմին Քալանթար փոխ-գնդապետի կոչումով եղած է զօրավար Անդրանիկի թարգմանիչ-խորհրդականը:

Քալանթար իր արկածախնդրական կեանքը գրի առած է օրագիրին մէջ, որ առաջին անգամ լոյս տեսած է 1994-ին՝ անգլերէն լեզուով, իսկ 2007 թուականին հայերէն լեզուով:

Աշխարհբէկ Քալանթար եղած է Երեւանի Պետական համալսարանի եօթ հիմնադիր-դասախօսներէն մին. անոր ջանքերով հիմնուած է հնագիտութեան եւ արեւելագիտութեան ամպիոնները. ան եղած է առաջին հայերէն հնագիտութեան դասագիրքի հեղինակ. ուսուցչական պաշտօն ստանձնած է նաեւ Թիֆլիզի Անդրկովկասեան համալսարանէն ներս, ուր ստացած է ուսուցչապետի կոչում:

Քալանթար ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանի եւ նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի հետ միասին 1919 թուականին հիմնած է Հնութիւններու պահպանման կոմիտէն. 1935 թուականին նշանակուած է Խորհրդային Միութեան Գիտութիւններու ակադեմիայի հայկական բաժանմունքի գիտական խորհուրդի անդամ: Ան հեղինակ է աւելի քան 70 աշխատութիւններու, որոնցմէ են «Անիի պեղումները», «Ազգային թանգարանի հարցը», «Ն. Մառի պեղումները Անիի մէջ», «Վիշապներու դարաշրջանի ջրաբաշխական համակարգը» եւ այլ աշխատութիւններ:

Քալանթար 1938 թուականին Ստալինեան բռնութեան ժամանակ ձերբակալուած եւ աքսորուած է. ենթադրաբար մահացած է 1942 թուականին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ 

Ուրբաթ, Փետրուար 11, 2022