ԱՍՏՈՒԱԾՃԱՆԱՉՈՒԹԻՒՆ

Բնութեան եւ յայտնութեան միջոցով, Աստուած, Իր նախախնամութեամբ եւ Իր Ս. Հոգիին ազդեցութեամբ կը խօսի մարդուս։ Արդարեւ, բազմաթիւ եւ այլազան միջոցներով Աստուած կը ջանայ Ինքզինք ճանչցնել մարդուս եւ Իրեն հետ հաղորդ դարձնել զանոնք։ Ուստի բնութիւնը կը խօսի մարդուս զգայարաններուն անդադար, եւ այն սիրտը, որ բաց է աստուածային ճշմարտութիւններուն՝ բնականաբար կ՚ազդուի Աստուծոյ սէրէն եւ փառքէն, որ կը յայտնուին Անոր գործերուն մէջ։

Ուշադիր ականջը կրնայ լսել եւ հասկնալ Աստուծոյ ձայնը, որ կը խօսի բնութեան զանազան երեւոյթներուն միջոցով։ Եւ այս կը նշանակէ՝ թէ Աստուծոյ մարդուն խօսիլը բաւական չէ, այլ պէ՛տք է նաեւ բացուին մարդուն սիրտերը՝ լսելու, տեսնելու եւ ըմբռնելու համար աստուածային ճշմարտութիւնները։

Հոգեւոր կեանք եւ կորով ստանալու համար՝ անհրաժեշտ է իրական եւ անկեղծ յարաբերութիւն մշակել երկնաւոր Հօր հետ։ Կարելի է միտքով Անոր վերանալ, կարելի է խորհրդածել Անոր գործերուն, ողորմութիւններուն, օրհնութիւններուն վրայ՝ ամենաընդարձակ իմաստով ասոնք Անոր հետ հաղորդակցիլ չի նշանակեր։ Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու համար՝ պէտք է բան մը ունենայ մարդ ըսելու Անոր՝ իր ներկայ կեանքին, իր էութեան մասին։

Եւ այս իմաստով, աղօթել կը նշանակէ սիրտը բանալ Աստուծոյ՝ անկեղծօրէն, մտերմօրէն իբր Հայր մը։ Ո՛չ թէ որովհետեւ պէտք է մարդ գիտցնէ, ճանչցնէ ինքզինք Աստուծոյ, քանի որ Ան ամենատես է եւ ամենագէտ, այլ որպէսզի կարող ըլլայ զԻնք հասկնալ եւ ընդունիլ։

Աղօթքը զԱստուած մինչեւ մարդուն չ՚իջեցներ, այլ մարդը մինչեւ Անոր կը բարձրացնէ։

Ահաւասիկ այս հաղորդակցութեան համար բնութիւնը լաւ միջոց մըն է՝ ճշմարիտ, ապահով եւ վստահելի՛, բաւ է որ մարդ կարենայ անդրադառնալ Բնութեան բարիքներուն։ Դալար դաշտեր, բարձրաբերձ ծառեր, կոկոններ եւ ծաղիկներ, օդաչու ամպեր, անձրեւ, քաղցրակարկաչ վտակ եւ բոլոր բնութեան երեւոյթներ կը խօսին մարդոց ամէն մէկուն սրտին, եւ կը հրաւիրեն ծանօթանալ եւ ճանչնալ՝ այդ բոլոր բարիքներուն՝ Բնութեան Արարիչին՝ Նախախնամին Էութեա՛ն։

Արդարեւ Յիսուս իր քարոզները՝ դասերը Բնութեան իրերով եւ երեւոյթներով միաւորեց։ Ան Բնութիւնը եւ մարդուս ամենօրեայ կեանքի դէպքերը եւ պատահարները՝ բոլոր ճշմարտութեան խօսքերուն զօդեց՝ կապեց, որպէսզի Իր դասերը կարենային յաճախ մտաբերել, յիշել եւ կեանքի վերածել, նո՛յնիսկ բազմազբաղ կեանքի հոգերուն եւ մտահոգութիւններուն մէջ։

Աստուած Ինքզինք կը յայտնէ, կը ճանչցնէ իր որդիներուն՝ մարդոց, որպէսզի ճանչնան զԻնք, ընդունին եւ գնահատեն Իր գործերը եւ հաճոյք զգան այդ պարզ, հանդարտիկ գեղեցկութենէն, որով Ան պճներ եւ զարդարեր է իրենց այս երկրաւոր բնակարանը։

Գեղեցիկին, ճշմարտութեան եւ բարութեան ամբողջութիւնն է Ան՝ նկարագիրն է Անոր գեղեցկութիւնը, ճշմարտութիւնը եւ բարութիւնը։

Արդարեւ, Աստուծոյ ամէն ստեղծածին, ամէն գործերուն մէջ գեղեցկութեան, ճշմարտութեան, բարութեան, ինչպէս նաեւ՝ հնազանդութեան, վստահութեան եւ հաւատարմութեան անգին դասեր կը գտնուին, եթէ միայն մտիկ ընէ մարդ անոնց ձայնին։ Եւ այդ բոլորը կը գտնուին բնութեան մէջ զանազան ձեւերով եւ երեւոյթներով։

Այս իմաստով, Աստուած բնութիւնը ստեղծեց, որպէսզի Ինքզինք յայտնէ անոր միջոցով։ Եւ եթէ մարդ կատարելապէս հաւատար այս իրողութիւններուն, բոլոր անտեղի եւ անիմաստ հնհնուքները՝ մտատանջութիւնները, մտահոգութիւնները արդէն պիտի փարատէին։

Ուստի, մտահոգութիւններ ծնունդ կ՚առնեն հաւատքի, այսինքն՝ վստահութեան պակասէ. մարդ եթէ իրապէս եւ անվարան կերպով վստահի Աստուծոյ, ապաւինի Անոր առանց երկմտութեան՝ որեւէ մտատանջութիւն պիտի չունենայ, քանի որ ամէն ինչ բացայայտ պիտի ըլլայ իրեն։ Եւ այն՝ որ բացայայտ է, երբե՛ք մտահոգութեան պատճառ չ՚ըլլար։ Եւ անշուշտ, մարդուս կեանքը այսքան յուսախաբութիւններով, նեղութիւններով պիտի չհամակուէր՝ ինչպէս հիմա։ Ամէն ինչ, մեծ կամ փոքր յանձնելով Աստուծոյ՝ վստահելով Անոր եւ ապաւինելով կարելի պիտի ըլլար փրկուիլ մտատանջութիւններէ։ Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ Յիսուսի խօսքը, թէ՝ «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին», (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Բայց պէտք չէ շփոթել նեղութիւնը եւ մտահոգութիւնը իրարու հետ, քանի որ նեղութիւնը աւելի մարմնական եւ հոգեկան է, իսկ մտահոգութիւնը կամ մտատանջութիւնը՝ մտային՝ մտացածին եւ երեւակայակա՛ն։ Եւ այդ նեղութիւններուն վրայ աւելցնել մտահոգութիւններ անիմաստ է եւ անտեղի՛։ Մարդ կրնայ դիմադրել նեղութիւններու, բայց մտահոգութիւններու դիմադրելու համար պէտք ունի հաստատ հաւատքի՛…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 6, 2018, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2018