ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ

Նախապէս տեսանք երեք «Համատես Աւետարան»ները՝ Մատթէոսի, Մարկոսի եւ Ղուկասի Աւետարանները, որոնք կը ներկայացնեն Յիսուսի անձը եւ գործը, որոնց մասին ըստ բաւականին ամբողջական եւ շատ կենդանի երրակ պատկերներ կը գծեն։ Բայց չորրորդ Աւետարանին հետ, մարդ կարծես «Սրբարանին սրահ»ին մէջ իսկ կը թափանցէ, եւ Աստուծոյ Որդիին հետ կ՚ունենայ ա՛յնքան մտերիմ հաղորդակցութիւն մը, որ Անոր սրտին բաբախումները կը զգայ։ Մինչդեռ միւս Աւետարանները գըլ-խաւորաբար Աստուածորդւոյն հրապարակային գործունէութիւնը եւ առաքելութիւնը կը նկարագրեն մանրամասնօրէն։

Յովհաննէս հազիւ կը յիշէ Յիսուսի հրապարակային հրաշքներէն մէկ քանին, եւ անոնք ալ՝ միայն երբ կարծես իրեն առիթ մը կ՚ընծայեն մասնաւոր խօսակցութիւններ արձանագրելու։ Ուստի Յովհաննէսի դիտաւորութիւնը չէ հայթայթել կենսագրութիւն մը աւելի լիակատար եւ աւելի՛ ճշգրիտ քան անոնք՝ որոնք արդէն հրապարակի վրայ կը գտնուէին։ Իր գլխաւոր փափաքն է իր ընթերցողներուն «հաւատքը լուսաւորել եւ հաստատել», (ՅՈՎՀ. Ի 31), այնպիսի հաւատքի մը առաջնորդել զանոնք, որ ընդունին Յիսուսը, եւ կեա՛նք՝ Անոր միջոցաւ. (Ա ՅՈՎՀ. Ե 12-13), որ երեսանկեալ խոնարհին յարուցեալին ոտքերուն առջեւ եւ Թովմասի նման ըսեն անոր. «Իմ Տէ՛րս եւ իմ Աստուածս». (ՅՈՎՀ. Ի 28)։ Եւ ահաւասիկ, այս կերպով է, որ երկու զուգընթաց հոսանքներ կ՚երեւին իր Աւետարանին մէջ։

Յովհաննէս, մէկ կողմէ կը պատմէ, թէ ի՛նչպէս ծնած եւ զարգացած է հաւատացեալներուն հաւատքը, եւ միանգամայն ի յայտ կը բերէ ծագումը եւ աճումը անհաւատութեան հակառակորդներուն՝ զորս «Հրեաներ» կը կոչէ շատ յաճախ։ Եւ որովհետեւ Երուսաղէմի մէջ էր, որ Յիսուս հանդիպեցաւ ամենէն յամառ եւ ամենէն մահացու դիմադրութեան։

Արդարեւ, Յովհաննէս կը պատմէ Յիսուսի յաջորդական այցելութիւնները Երուսաղէմ քաղաք, եւ հազիւ հազ կը յիշատակէ Անոր գործունէութիւնը Գալիլիայի մէջ. մինչդեռ առաջին ակնարկով, այնպէս պիտի թուէր միւս Աւետարանիչներուն հետեւելով, թէ Յիսուս գրեթէ երբեք այցելած չէ Հրէաստան։

Մէկդի թողլով ամէն ինչ, որ ուղղակի չի նպաստեր իր հետապնդած նպատակին, Յովհաննէս կը ձգտի կարծես «մատով շօշափել» տալ իր Տէրոջ թէ՛ իրական մարդկութեան էութիւնը եւ թէ՛ անժխտելի, անուրանալի Աստուածութեան ճշմարտութիւնը։

Կարելի եղած չափով ինքզինք ծածկելով, կը պատմէ իր անձնական հաւատքին, ինչպէս նաեւ իր բարեկամներուն եւ բազմաթիւ ուրիշ հաւատացեալներուն հաւատքին եւ հաւատարմութեան մասին՝ անդրադառնալով ամէն մէկուն պատմութեան։

Եւ այս պատկերներուն քով կը զետեղէ ուրիշ պատկերներ՝ որոնք ցոյց կու տան, թէ որո՛նք են հաւատքի ճշմարիտ արգելքները, եւ ի՛նչպէս պատահած է, որ այնքա՜ն շատեր չեն հաւատացած հակառակ այնքան ապացոյցներու եւ այնքան հրաշքներու։

Գիտենք, որ յետ մահուան Սուրբ Կոյս Մարիամի՝ Յիսուսի մօր, զոր Առաքեալը իր տունը ընդունած էր նախ Երուսաղէմ, ինչպէս կ՚երեւի, եւ ապա հետզհետէ թերեւս ուրիշ տեղեր, Յովհաննէս վերջապէս եկաւ հաստատուիլ Եփեսոս՝ որ առաջին դարուն վերջերը քրիստոնէական եկեղեցիի ճշմարիտ մայրաքաղաքն էր, ուստի Աւետարանը իր շառաւիղները կ՚արձակէր մօտը եւ հեռո՛ւն։

Շարքին մէջ իր նախորդներուն, որոնք գլուխը եկած էին այս բազմանդամ հասարակութեան, կազմուած երբեմն Պօղոսի ձեռամբ իր երրորդ ուղեւորութեան միջոցին Ապողոսի, Ակիւղասի, Պրիսկիղայի աշխատութիւններուն շնորհիւ կարելի է յիշել Տիմոթէոսը։ Կարգ մը հերետիկոսութիւններ սպրդած եւ զարգացած էին փիլիսոփայական եւ աստուածիմաստական այլազան դրութիւններով տոգորուած այս միջավայրին մէջ։

Պօղոս Առաքեալ ստիպուած էր առաջին ընձիւղներուն (=բողբոջ, շառաւիղ, ճիւղ) դէմ մաքառիլ՝ պայքարիլ իր նամակներով՝ գրուած՝ Կողոսացիներուն եւ Եփեսացիներուն։

Խտրութիւն մը սկսած էին հաստատել Քրիստոսի անձին մէջ, «Յիսուս-մարդ»ուն եւ «Աստուծոյ Որդի»ին մէջ՝ կամ հաւատալ, թէ՝ երեւութապէս միա՛յն մարդացած էր. թէ իրապէ՛ս չարչարուած չէր, եւ ոչ ալ փորձուած։ Մանաւանդ Ասիոյ այս Եկեղեցիներուն համար էր ուրեմն, որ Յովհաննէս գրեց հարկաւ  իր Աւետարանը՝ մօտաւորապէս 80-90 թուականներուն։

Իր սէրը իր Տիրոջ նկատմամբ ո՛չ եւս ունի այն տարամերժ, անձուկ եւ նուազ կամ առաւել եսական նկարագիրը, որով «յանդիմանութեան արժանի» կրնար ըրած ըլլալ ինքզինք. (ՄԱՐԿ. Թ 38, Ժ 35-37)։ Յովհաննէս նախ եւ առաջ մասնաւոր բարեկա՛մն է. ան որ իր Տէրոջ սիրտը կը կարդայ, ան որ Անոր մտերմութեան մինչեւ խորերը թափանցած էր, եւ այս՝ կ՚երեւի, թէ սկսեալ այն անմոռանալի՛ ժամէն, երբ հարցուցած էր Անոր. «Ո՞ւր է քու օթեւանդ». (ՅՈՎՀ. Ա 38)։

Կը թուի, թէ Յիսուս Յովհաննէսի նկատմամբ բոլորովին մասնաւոր համակրութիւն մը զգաց, անտարակոյս քանի որ կը զգար, թէ ա՛ն էր որ ամենէն լաւ կը հասկնար զԻնք։ Եւ թէեւ Պետրոս պահեց միշտ իր առաջնութիւնը, թերեւս իր տարիքին, բայց մանաւանդ իր փութկոտ նկարագրին բերմամբ, երբեք չուզեց կորզել Յովհաննէսէ այն եզական դիրքը՝ զոր ան կը գրաւէր իր վարդապետին մտերմութեանը մէջ։ Ընդհակառակը՝ կ՚երեւի, թէ երկու նախասիրեալ Առաքեալներուն մէջ միշտ կային մասնաւորաբար անկեղծ եւ մտերիմ կապեր, այն պատճառաւ անտարակոյս որ իրենց երկուքին բնութիւնները զիրար կ՚ամբողջացնէին ա՜յնքան հիանալիօրէն. (ՅՈՎՀ. ԺԳ 23-25, ԻԱ 7, 20-21), (ԳՈՐԾ. Գ-Դ 14-17)։ Մանաւանդ, որ իրենց յարաբերութիւններն ալ կանուխէն էին սկսած, այն ժամանակէն իսկ՝ երբ Բեթսայիդայի մէջ պարզ ձկնորսներ էին։ Սիմոն եւ Անդրէաս արդէն իբր ընկեր եւ իբր բարեկամ կը վարուէին Զեբեդէոսի եւ Սողոմէի որդիներուն հետ, ինչպէս Ղուկաս Աւետարանիչ զանոնք ընկերներ կը կոչէ. (ՂՈՒԿ. Ե 10)։

Այսպէս, ահաւասիկ, դիպուածով չէ՛ որ իրարու կը հանդիպին Յորդանանի եզերքին վրայ՝ ուր Յովհաննէս Մկրտիչ իր մկրտութիւնները կը կատարէր։ Իրենց սիրտերն ալ լեցուած էին միեւնոյն զգացումներով, միեւնոյն իղձերով եւ միեւնոյն կարօտութիւններով, եւ այսպէս իրենք՝ չո՛րսն ալ առաջինները կ՚ըլլային հետեւելու Անոր՝ զոր Յովհաննէս Մկրտիչ մատնանիշ կ՚ընէր իբր «Աստուծոյ Գառը», որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ. (ՅՈՎՀ. Ա 29-43)։ Եւ երբ քիչ վերջ Յիսուս կը ձեռնարկէ իր աշակերտներու խմբակը կազմել, այս չորս բարեկամներն են, որ ամենէն առաջ հրաւէր կ՚ընդունին թողուլ նաւ եւ ուռկան եւ «մարդոց որսորդ»ներ՝ ձկնորսներ ըլլալ սորվիլ. (ՂՈՒԿ. Ե 1-11)։ Տակաւ անոնք կը կազմեն իբր «ընտրեա՛լ» մէկ մասը առաքեալներուն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 2, 2018, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունիս 12, 2018