ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԿԵՂԾ ԱԶԳԱՅԻՆՆԵՐՈՒՆ
Վերջերս յանգած եմ այն եզրակացութեան, որ անո՛նք որոնք հայրենիքէն դուրս կ'ապրին իրաւունք չունին խօսելու հայրենիքի, քաղաքականութեան եւ ընդհանրապէս պետական հարցերու մասին: Մինչեւ որոշ ժամանակ ես ալ համամիտ էի, որ հայրենիքի հարցերուն համար սփիւռքը պէտք է ունենայ իր ձայնը, իր ըսելիքն ու որոշումը, սակայն ժամանակ մը ետք փոխեցի այդ մտածումս:
Մտածումս փոխելու հիմնական պատճառներէն մէկը գուցէ սփիւռքի տարածքին ապրող կեղծ «ազգային»ներն են, որոնք բեմերու վրայէն բարձրաձայն խօսելէ բացի բանի մը ծառայած չունին. իրենց հանգիստ կեանքը վայելելով Ամերիկայի, Եւրոպայի կամ Գանատայի այս կամ այն հանգիստի վայրէն ճարտարօրէն կը քննադատեն, կը վերլուծեն, լուծումներ կ՚առաջարկեն, սակայն գործնական գետնի վրայ իրենց հանգիստը վայելելէ բացի բան մը ըրած չունին:
Այսօր կը տեսնենք, թէ սփիւռքի տարածքին ինչպէս բազմաթիւ հայորդիներ ճամբաներ փակելով, հայհոյանքներով, արդարութեան կանչերով Արցախի հարցին լուծում տալ կը փորձեն, սակայն հետաքրքրական է գիտնալ, թէ դարձեալ պատերազմ մը սկիզբ առնելու պարագային անոնցմէ քանի՞ն հայրենիք գալով գործով ցոյց պիտի տան իրենց «հայրենասիրութիւն»ը. այդ ճառասացներէն քանի՞ն իր հարազատ զաւակը պիտի ղրկէ պատերազմի դաշտ՝ փրկելու համար այն հայրենիքը, որուն համար հոգի տալ կը ձեւացնեն:
Այդ հայրենասէր անձնաւորութիւններուն գրեթէ բոլորը այսօր նիւթապէս ի վիճակի են իրենց հանգիստը ձգելով Հայաստան բնակութիւն հաստատել. ապրիլ այնտեղ՝ որ իբրեւ թէ իրենց հոգիին ու սիրտին մէջ դրախտի տեսք ու նշանակութիւն ունի. ինչո՞ւ համար չեն գար. յաճախ կը հանդիպինք մարդոց, որ երանի կու տան մեզի՝ Հայաստանի մէջ ապրողներուս, կը բողոքեն Ամերիկայի կամ Եւրոպայի այս կամ այն թերութիւնը, սակայն երանի տալով հանդերձ կը նախընտրեն մնալ այնտեղ՝ որ իրենց համար իբրեւ թէ դժոխքի ազդեցութիւն կը ձգէ:
Մինչեւ որոշ ժամանակ սփիւռքահայեր կը պատճառաբանէին Խորհրդային Միութեան գոյութիւնը. կը խուսափէին Հայաստան գալէ, որովհետեւ կը լսէին այնտեղ ի գործ դրուող հալածանքները, խոշտանգումներն ու անարդարութիւնները։ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք այլ պատճառաբանութիւն մը ծնունդ առաւ. Հայաստանի մէջ մաֆիաները շատ են, հետեւաբար կարելի չէ երթալ ու ապրիլ այդտեղ. երկար ժամանակ այս պատճառաբանութեան ետին թաքնուելով եկաւ Փաշինեանական յեղափոխութիւնը. նոր պատճառաբանութիւն՝ երկիրը ծախեցին, խաբեցին եւ այլն:
Կրնամ վստահեցնել, որ վերջին Արցախի պատերազմը նոյնիսկ վերջ գտնէր մեր յաղթանակով. կարենայինք հողերու մնացածն ալ վերադարձնել. աւելին, նոյնիսկ եթէ պատմական Հայաստանի ամբողջ տարածքին վերատիրանայինք, այդ կեղծաւոր հայրենասէրները պիտի չվերադառնային հայրենիք:
Պէտք է յստակ ըլլայ, որ հայրենասիրութիւն կամ հայրենադարձութիւն ըսելով անպայմանօրէն պատերազմի մասնակցիլ չենք հասկնար, որովհետեւ երկիրի մը փրկութիւնը միայն պատերազմի մասնակցելու մէջ չի կայանար. զէնքի կողքին պետութեան մը կարելի է օգտակար դառնալ զարգացնելով երկիրին տնտեսութիւնը. պահ մը պատկերացուցէք. քանի՞ գործարար գոյութիւն ունի սփիւռքի տարածքին. անոնց կէսը միայն եթէ հայրենիքի մէջ որոշէ գործել ու արարել, մեր տնտեսութիւնը կը քառապատկուի եւ այդ քառապատկուած տնտեսութեամբ է, որ բանակ մը կը զօրանայ: Այս մէկը իրագործելուն եւ դրամահաւաք կատարելուն տարբերութիւնը հետեւեալն է. մէկ հատը աղքատին դրամ տալ է, իսկ միւսը աղքատին գործ տալն է. չէ՞ք կարծեր որ աղքատին գործ հայթայթելը աւելի պատուաբեր է՝ քան մէկ անգամ գումար տրամադրելը:
Չէ՞ք կարծեր մեր գաղութներու ղեկավարութեան հիմնական նպատակը շրջանի հայերը քիչ-քիչ դէպի հայրենիք առաջնորդել պէտք է որ ըլլայ. մենք հակառակն է որ կ՚ընենք: Ի դիմաց Լիբանանի եւ Սուրիոյ հարցերուն, փոխանակ դժուարութեան մէջ յայտնուող ժողովուրդը դէպի հայրենիք առաջնորդելու թէ՛ կուսակցութիւնները եւ թէ՛ եկեղեցին պայքարեցաւ, որպէսզի գաղութը չհայաթափուի եւ չպարտաւորուին «աւերակ»ներու վրայ «թագաւորել»: Բազմատասնեակ հայեր մեկնեցան դէպի Գանատա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպայի զանազան երկիրներ եւ օտար պետութիւնը հոգաց անոնց բոլոր պէտքերը:
Ամերիկային կամ Եւրոպային շահը ի՞նչ էր բազմաթիւ հայեր հիւրընկալելու եւ անոնց ապրելու բոլոր յարմար պայմանները շնորհելու. պատասխանը շատ պարզ է. այնպէս ինչպէս ցեղասպանութենէն ազատած հայորդիները Լիբանանը եւ կամ Սուրիան ծաղկեցուցին, նոյնը պիտի ըլլայ նաեւ ներկայ գաղթականներու պարագային. անոնք պիտի աշխատին ու արարեն այդ օտար երկիրներու մէջ եւ իրենց յառաջիկայ սերունդներով հանդերձ տէրը պիտի դառնան այդ երկիրին:
Նոյնը չէ՞ր կրնար ընել մեր հայրենիքը՝ որ ցուցադրութեան համար ինքնաշարժներու մեծ-մեծ գումարներ ծախսելու եւ պարգեւավճարներ տալու համար գումար ունի՝ սակայն իր հայորդիները ընդունելու եւ ի՛ր իսկ ապագան պայծառացնելու համար գումարներ չունի:
Այս բոլորը անտեսելով շարունակենք օտարութեան մէջ «Արցախ» ու «Հայաստան» պոռալ, առանց գիտակցելու, որ պոռալով չէ որ ազգ մը կարելի է փրկել:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -340-
Մի քանի տարիներ առաջ Հայաստանի մէջ հիմնուեցաւ Սփիւռքի յանձնակատար յանձնախումբ մը, որուն գործն էր իբրեւ թէ սփիւռքահայերով հետաքրքրուիլ եւ անոնց խնդիրներուն լուծում տալ:
Այդ գրասենեակին մէջ աշխատող բարեկամ մը ունէի. փաստօրէն այդ գրասենեակը ցուցադրական բնոյթ մը ունէր, որովհետեւ իրենց ըսուած էր պէտք է խօսին սփիւռքահայերու հետ, սակայն պիտի չհամոզեն Հայաստան գալ, որովհետեւ Հայաստանի մէջ ո՛չ իրենք եւ ո՛չ ալ պետութիւնը պատրաստ էր օժանդակել անոնց: Պարզապէս ձեւականօրէն աշխատավարձ կը ստանան եւ իբրեւ թէ սփիւռքահայերու դժուարութիւնները կը լուծեն:
Սուրիոյ մէջ բազմաթիւ հայեր դժուարութեան մէջ են. թող անոնց հարցերը լուծեն, բերեն հայրենիք եւ առիթ տան անոնց՝ որպէսզի գործեն եւ ստեղծեն եւ միաժամանակ ծաղկեցնեն հայրենիքը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 04/24/2025
- 04/24/2025