ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ ՄԸ (Գ.)

Հակառակ այն իրողութեան, որ կուսակցական հակումներով տարբեր անձեր էին Համազգայինի ժողովի մասնակիցները, ժողովը զուսպ էր. շատ անգամ բանավէճեր եւ հակառակութիւններ տեղի կ՚ունենային, սակայն ո՛չ այն անմակարդակ աստիճանի, որ այսօր կը տեսնենք մեր Ազգային ժողովին մէջ, ուր հայհոյութիւնն ու վարկաբեկումը անպակաս են:

Մասնակիցները, հակառակ ներկայիններուն, կը գիտակցէին, որ ժողովին նպատակը ո՛չ թէ սեփական կուսակցութեան շահերը ապահովելն է, այլ հայոց ազգին ապագան որոշելը, ինչ որ գերիվեր է քան սեփական շահերը:

Ժողովին առաջին գործը եղաւ կազմել յանձնախումբեր՝ մանրամասն հետաքրքրուելու համար զանազան հարցերով։ Յանձնախումբերը հետեւեալ անունները ունէին.-

Ա.- Նախագիծ կազմական կանոնագրի Հայաստանի Հանրապետութեան ժամանակաւոր վարչութեան:

Բ.- Նախագիծ հիմնական կանոններու Հայաստանի Հանրապետութեան ժամանակաւոր կարգերու համար:

Գ.- Նախագիծ պատմական Հայաստանի ապագայ սահմաններու մասին:

Դ.- Նախագիծ հայկական նիւթական կորուստներու եւ վնասներու հատուցման:

Ե.- Նախագիծ ազգային հիմնադրամի պատրաստութեան:

Զ.- Նախագիծ ամերիկեան հանրապետութեան կողմէ Միացեալ Հայաստանի ապագայ մանտայի մասին:

Է.- Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազգային պատուիրակութեան գործակցութեան կամ ձուլման մասին:

Վերոյիշեալ բոլոր յանձնախումբերէն ամենէն շատ քննարկութեան առարկայ դարձողը սահմանները որոշող յանձնախումբն էր: Շատեր կ՚ուզէին «Արարատեան» դաշտավայրը դուրս ձգել սահմաններէն, Կիլիկիոյ շրջաններէն մասնակցողները կը պնդէին, որ Կիլիկիան եւս տեղ գտնէր  հայկական սահմաններէն ներս, ինչ որ ժողովի մասնակիցներէն շատերու համար անգործածելի կը թուէր ըլլալ, որովհետեւ այդ շրջաններու մէջ արդէն իսկ հայերու թիւը շատ քիչ էր եւ աւելի քան երեք միլիոն տեղացիներ կ՚ապրէին այդ հողերուն վրայ, հետեւաբար կարծուածին չափ դիւրին չէր սահմաններ գծելը:

Իր յուշերուն մէջ պատմական Հայաստանի հողերուն գծով հետեւեալը կը գրէ Փափազեան. «Նոյնիսկ եթէ այդ հողամասը մեզի տրուէր, ինչպէ՞ս կարելի էր լեցնել հայերով»: Նոյն մտածումը այսօր կ՚ունենամ ես, երբ տեսնեմ տաքարիւն կուսակցական մը անոր վերադարձը կ՚երազէ. մօտաւորաւորապէս 30 հազար քմ. երկարութիւն ունեցող Հայաստանի կէսը այսօր լքեալ վիճակի մէջ կը գտնուի։ Երեւանէն դուրս եկող մը հսկայական անտէր հողերը տեսած կ՚ըլլայ անպայման. եթէ այսօր պատմական Հայաստանը վերադարձուի՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ ինքզինք տաքարիւն հայ նկատողներէն քանի՞ն կը փոխադրուին այդտեղ, քանի՞ն իր «հանգիստ»ը ձգելով յանձն կ՚առնէ վերադառնալ այն երկիրը՝ որուն երազովը «կ՚ապրի» իբրեւ թէ:

Ժողովի ամենէն կարեւոր որոշումներէն մին Հայաստանի սահմաններու որոշումն էր: Ժողովականներէն ոմանք սակայն դէմ էին այդ սահմաններուն. շատեր կը փորձէին համոզել որ 20-25 տարուան ընթացքին կարելի է այդ հողերը լեցնել հայերով, թէ ինչ առաջարկ կամ խորհուրդ ունէին այդ կապակցութեամբ՝ Փափազեան իր աշխատութեան մէջ չի յիշեր: Փափազեան սակայն կը յիշէ ժողովականներուն մէկուն բողոքը.

«Այլ կերպ չենք կրնար անկախ ըլլալ. կը կծկտինք մեր լեռներուն մէջ՝ կտրուած քաղաքակիրթ երկիրներէ եւ զրկուած տնտեսապէս եւ մշակոյթով զարգանալու կարելիութիւններէ»:

***

Այս ժողովը յիշելու մեր հիմնական նպատակը այն էր, որ մերօրեայ պետական գործիչները հասկնան կարեւորութիւնը սփիւռք եւ Հայաստան համագործակցութեան, որպէսզի մերօրեայ պետութիւնը հասկնայ, որ մեր սահմաններուն հարցերը օտար պետութիւններու, թշնամիներուն հետ խորհրդակցելէ առաջ պէտք է իր ազգին մտաւորականութեան հետ քննարկէ:

Չեմ գիտեր, այսօր քանի՞ անուն կրնանք յիշել որպէս մտաւորական՝ որ արժանի ըլլան մասնակցելու նման ժողովներու։ Ցաւ ի սիրտ, հայ ազգը անտարբերութեան մատնեց իր մտաւորականութիւնը, մոռնալով որ այդ մտաւորականները շատ աւելի խելացի ու գիտակից մարդիկ են՝ քան ասոր կամ անոր միջնորդութեամբ պաշտօններ զբաղեցնողները. վերջին անգամ ո՞ր մտաւորականը ազգային ժողովի բեմէն խօսք արտասանեց եւ կամ վերջին անգամ ե՞րբ պետութիւնը ականջ տուաւ հայ մտաւորականութեան: Ես նման ժամանակ մը չեմ յիշեր:

Ամէն ժամանակէ աւելի այսօր է որ կարիքը ունինք նման ժողովի՝ սփիւռքի բոլոր շրջաններու ներկայացուցիչներով, մտաւորականներով՝ մէկդի դնելով կուսակցական բոլոր շահերն ու աթոռի կռիւները: Պէտք է ընենք՝ նախքան Հայաստանը ամբողջութեամբ կորսնցնելը:

•վերջ

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -366-

Նախքան եկեղեցական դառնալս հայկական մի քանի կազմակերպութիւններու մէջ պաշտօն կը զբաղեցնէի. առիթով մը նկատեցի, որ շաբաթական դրութեամբ մասնակից կը դառնամ աւելի քան 5-6 ժողովներու, որոնք ոչ մէկ արդիւնք կ՚ունենան: Թերթը կ՚ունենայ իր ժողովը, կուսակցութիւնները կ՚ունենան իրենց ժողովները, եկեղեցւոյ թաղականութիւնը առանձին եւ եկեղեցւոյ դպրաց դասը կ՚ունենայ իր ժողովները. անդադար ժողովներ կը գումարուին գաղութներուն մէջ, սակայն զարմանալիօրէն հակառակ բազմաթիւ ժողովներուն, գաղութները յառաջդիմելու փոխարէն յետքայլ կ՚արձանագրեն:

Գուցէ այս շաբթուան ընթացքին Ամերիկայի, Եւրոպայի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու մէջ կուսակցութիւնները, հայկական հաստատութիւնները, եկեղեցիներն ու դպրոցները բազմաթի՜ւ ժողովներ գումարեցին, սակայն արդիւնք՝ դրական ըլլալու փոխարէն ժխտական կը թուի ըլլալ:

Տակաւին ինչքա՜ն ժողովներ պիտի գումարուին՝ առանց նպատակի եւ արդիւնքի:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2023