ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ

Ժողովուրդներու զարգացման, յառաջդիմելու եւ քաղաքակրթուելու ընդհանուր պատմութեան հիմը եղած է միշտ նիւթական կեանքը։ Նոյնիսկ նախապատմական ժամանակներու մէջ, կամ այդ պայմաններուն տակ գտնուող հասարակութիւնները օրը օրին ապրելու տաղտուկները միայն ունին եւ իրենց նիւթական, եթէ կարելի է ըսել տնտեսական կեանքով, որեւէ կերպով փոխադարձ յարաբերութիւններու մէջ չեն գտնուիր իրենց սահմանակից օտար ցեղերու հետ, բոլորովին մեկուսացած գոյութիւն մը ունին անոնք։

Ժողովուրդներու հետզհետէ զարգանալովը, պահանջներու բազմանալովը, հաղորդակցութեան միջոցներու դիւրանալովը եւ բազմապատկուելովը, դրակից-սահմանակից հասարակութիւնները իրենց տնտեսական կեանքովը կը սկսին իրարու հետ յարաբերութեան մէջ մտնել։

Ասիկա ժողովուրդներու զարգացման երկրորդ աստիճանն է։ Իսկ ասկէ վեր աստիճանը՝ որուն վրայ կը գտնուի բովանդակ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը, այլեւս դրացիու-թիւնը չի փնտռեր իր տնտեսական կեանքովը ուրիշ ժողովուրդներու կամ ազգերու հետ փոխյարաբերութեան մէջ մտնելու համար։

Զանազան փոխադրական եւ լրատուութեան, տեղեկատուութեան միջոցներ հաղորդակցութեան ցանցով մը ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհը այսօր իրարու են կապած, եւ տնտեսապէս իրարու կարօտ՝ իրարմով է որ կ՚ապրին եւ զիրար կ՚ամբողջացնեն։

Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ միջին դարուն, նոյնիսկ միեւնոյն պետութեան կառավարութեան մէջ տարբեր քաղաքներ, տարբեր ինքնուրոյն տնտեսական կեանք մը ունէին ժողովուրդները։ Անջատ եւ անկախ էին, եւ շատ քիչ անգամ կը պատահէր որ երկու դրացի քաղաքներ տնտեսապէս իրարու հետ յարաբերութեան եւ հաղորդակցութեան մէջ ըլլային։

Միջին դարէն վերջը, 19-րդ դարուն եւ 20-րդ դարուն սկիզբները ժողովուրդներու տնտեսական կեանքը ընդհանուր ազգային յատկանիշ մը ունեցած է աւելի, այսինքն՝ պետութեան մը մէջ գտնուած բոլոր քաղաքները սկսան արդէն իրարու հետ յարաբերութեան մէջ մտնել, եւ ասով ամբողջ ազգը սկսաւ ներկայացնել հաւաքական տնտեսական կեանք մը։

Արդարեւ, 20-րդ դարուն արդէն ամէն բան փոխուեցաւ։ Դարուն տնտեսական կեանքը տարբեր դիմագիծ մը ստացաւ։ Դարուն տնտեսական կեանքին յատկանիշը եղաւ ընդհանուր համաշխարհային եւ հետզհետէ հաստատուեցաւ այս հանգամանքը։

Ազգերը, հաւաքականութիւնները սկսան այլեւս առանձնացած վիճակի մը մէջ չապրիլ տնտեսապէս, եւ իւրաքանչիւր քաղաքակիրթ ազգի տնտեսական կեանքը ամենանեղ կերպով կապուած եղաւ միւս բոլոր քաղաքկիրթ ազգերու կեանքին հետ։

Փոխադարձ յարաբերութեան վրայ հիմնուած համաշխարհային տնտեսական կեանքի մը հետեւանքն է որ այսօր ամէն երկիր իր արտադրութիւններու եւ յատկութիւններու, տարողութեանը համեմատ ընդունած է «աշխատութեան բաժանման սկզբունք»ը եւ իր արտադրութիւնները աւելի օտար հրապարակներու համար եղան քան թէ իրեն եւ ինքն ալ իր արտադրութիւններու փոխարէն օտար երկիրներէ ստանալ սկսաւ իր ապրուստի անհրաժեշտ արտադրութիւնները։ Եւ այս մասին հաստատուեցաւ համաշխարհային տնտեսական կազմակերպութիւններ։ Զոր օրինակ, 20-րդ դարու սկիզբները Գերմանիա տնտեսական այն տեսակ կացութեան մը մէջ էր, որ իր ժողովուրդին համար անհրաժեշտ եղած տարեկան ցորենին միայն 5/6-ը կ՚արտադրէր եւ մնացեալը կը ստանար Ռուսաստանէն, իսկ ինքը ատոր փոխարէն, Անգլիայէն վերջ, աշխարհի ճարտարարուեստական գործարաններու երկիրն էր այդ շրջանին, որով կրցած էր նաեւ իր աստիճանական զարգացումը ապահովել։

Ֆրանսա, դարձեալ 20-րդ դարու սկիզբը, ամբողջ աշխարհի ծանրագին արդուզարդերը եւ նորաձեւութիւնները կ՚արտածէր, որոնց հասոյթով կրնար այդ շրջանին հարուստ ազգերու շարքին մէջ սեպուիլ։ Անգլիա ալ իր լայնածաւալ գաղթականութիւններուն եւ նաեւ ուրիշ երկիրներու հետ ամենաներուժ յարաբերութեան մէջ էր տնտեսապէս։

Ժողովուրդներու տնտեսական այս ընդհանուր կեանքը սակայն ծնունդ տուած է նոր պայմաններու՝ որոնց մէջ քաղաքակիրթ աշխարհը կ՚ապրի։

Ուստի, նման արտադրութիւններ արտածող պետութիւններ օտար հրապարակներու վրայ իրարու հետ ուժգին մրցման մը ենթակայ ըլլալ սկսան, եւ որպէսզի իրենց մրցակիցներուն հետ կարենան միշտ դէմ առ դէմ գտնուիլ, ստիպուեցան լուրջ կերպով կազմել իրենց ճարտարարուեստական արտածող կեանքը։

Այս ուղղութեամբ Չինաստանը եւ Ափրիկէն եղան, որոնք մասնաւորաբար Եւրոպական պետութիւններու բովանդակ ուշադրութիւնը իրենց վրայ դարձուցին։ Եւ 20-րդ դարու սկիզբները՝ 1900-ական թուականներուն Եւրոպական պետութիւնները իրենց արտադրութիւնները քշելու համար նոր եւ տարբեր հրապարակներ գտնելու պարտաւորուեցան, եւ Չինաստան եւ Ափրիկէ իրենց 500 միլիոն բնակիչներով Եւրոպայի ճարտարարուեստական արտադրութիւններուն համար այն մեծ հրապարակը եղան, ուր շատ մը նիւթական շահեր կը սպասէին իրենց։

Բոլոր քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ ընդունուած է այն սկզբունքը, թէ երկրի մը բովանդակ քաղաքականութիւնը գլխաւորապէս սատարողը պէտք է ըլլայ «տնտեսական կեանք»ին՝ զայն բարգաւաճեցնելու համար։ Տնտեսական կեանքին բարգաւաճումը եղաւ, որ բոլոր միջոցները տուաւ, ժողովուրդներու համար քաղաքակրթութեան ցոյց տուած կեանքի հեշտացուցիչ պայմանները ձեռք բերելու։

Պատմութեան մէջ, եւ միշտ քաղաքական խնդիրներու մեծագոյն մասը տնտեսական կեանքի հետեւանքն են, եւ բոլոր կառավարութիւններն ալ, ընդհանրապէս, կը հետեւին իրենց քաղաքականութեամբ երկրին տնտեսական կեանքը աւելի զօրացնելու ուղղութեան, աւելի բարգաւաճ ըլլալու համար։

Եւ դարձեալ, 19-րդ դարու վերջերը, Սպանիոյ եւ Ամերիկայի միջեւ տեղի ունեցած պատերազմն ալ, քիչ կամ շատ, արդիւնքն էր տնտեսական կեանքի քաղաքականութեան մը։ Եւ հաշտութեան կնքումէն վերջ տեսնուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգները, որ գաղթականներու խումբեր կը ղրկէր դէպի Փիլիպեանները, Քուպա եւ Բորդօ-Րիքօ։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պէս ճարտարարուեստական երկրի մը համար այս բոլոր տեղերը թանկագին հրապարակներ էին արտադրութեան՝ որմէ օգտուելու նպատակով նման քաղաքականութեան մը գործադրութեանը դիմած էր ան։

Արդարեւ, տնտեսական կեանքով սնած եւ անոր շնորհիւ յառաջդիմած քաղաքական պետութիւններու համար ամենէն ռազմագիտական ամրոցները նաւահանգիստներ են, ուր իրենց նաւերը կը մտնեն, բերելով իրենց հետ իրենց երկրին արտադրութիւնները։

Ուրեմն, կը հետեւի թէ մարդկային, մանաւանդ ընկերային կեանքին անհրաժեշտ մէկ տարրն է նիւթական կեանքը, որ կը նշանակէ «տնտեսական կեանք»ը՝ որ կ՚որոշէ եւ ընթացք կու տայ հասարակութեան ապրելակերպին եւ պետութիւններու ընդհանուր քաղաքականութեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2018