ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ՝ ՄԱՐԴՈՒ ՄԱՍԻՆ
Աշխարհի մեծագոյն խորհողներ իրենց կարծիքը եւ տեսակէտը յայտնած են «մարդ» էակին մասին՝ որ միշտ կը մնայ «անծանօթ» մը, անլուծելի հարց մը։
Զանազան գաղափարներ, կարծիքներ եւ բացատրութիւններ հաւաքեցինք մարդու մասին, որոնք կը փորձեն մարդը դիտել եւ ուսումնասիրել տարբեր տեսանկիւններէ, մարդուն երեսակներէն։
Ուստի հետեւինք այս կարծիքներուն եւ աշխատինք հասկնալ եւ ծանօթանալ մարդ էակին էութեան։
- Ուժեղ մարդը այն է՝ որ ինքն իր անձին կը յաղթանակէ եւ կրնայ տէր կանգնիլ իր անձին։
- Մարդուս համար ճշմարիտ դժբախտութիւնը այն է որ թերութեան մէջ կը գտնուի, եւ պատճառ մը կը գտնէ զինք արդարացնելու, չքմեղացնելու համար։
- Կարելի չէ՛ հանդիպիլ մարդու մը՝ որմէ սորվելիք բան մը չունենայ մարդ։ Ամէն մարդ՝ ամէն մարդէ սորվելիք բան մը ունի անպայմա՛ն։
- Չկա՛յ մարդ՝ որ իրաւունք ունենայ անգոսնելու եւ ստորադասելու մարդիկը որեւէ պատճառով։
- Բարձր զգացումներ, բուռն սէր, պարզ ճաշակներ. ահաւասիկ այն բոլորը որ կը կազմեն մա՛րդը։
- Մարդ ո՛չ միայն հացի պէտք ունի, այլ նաեւ պէտք ունի՝ արժանապատուութեա՛ն. ան իր բնութեամբ եւ նկարագրով իսկ արժանապատուութի՛ւն մըն է։
- Մա՛րդ չի կրնար տեսնել իր դէմքը, մինչեւ որ զայն իր մէջ ցոլացնող մարմին մը չըլլայ. այսպէս եւս որպէսզի իր հոգին զինք զգայ եւ զինք ճանչնայ, պէ՛տք է որ ուրիշ հոգի մը անկէ ստացած տպաւորութիւնները իրեն հաղորդէ։
Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ գրեթէ ամէն տեսակ չարիքներու եւ դժբախտութիւններու կը հանդուրժէ մարդ՝ փոխանակ ընտրելու բացարձակ եւ մշտնջենական առանձնութիւն մը։ Արդարեւ, մարդս մա՛րդ է եւ մարդ ըլլալը կը զգայ իր նմաններուն ներկայութեամբ։ Եւ ահաւասիկ, թէ մարդիկ ինչո՛ւ կը փախչին հիանալի՜ պարտէզներէն՝ ուր ամէն փափաքելի բաներ ունէին, բացի իրենց նմաններուն ընկերութենէն։ Հոն ուր կը պակսի մարդկային ընկերութիւնը՝ կը պակսի նաեւ մա՛րդը. անհատը։
- Մարդ պէ՛տք է որ իր անձին տիրապետութեան վազէ, եւ պէտք է որ իր զարգացումը՝ իր յատուկ եւ միակ գործը նկատէ։
- Ներքին խորհրդաւոր ձայն մը կ՚աղաղակէ մարդուս. «Քու իտէալին յառաջ վազէ՛, ջանա՛ բնութիւնդ պաշարող յոռի մասերը հպատակացնե՛լ քու ազնիւ եւ բարձր բնազդներուն եւ լաւագոյն եղի՛ր»։
- Կ՚ուզէ՞ք ճանչնալ մարդ մը, անոր մեծ պաշտօն մը եւ իրաւասութիւն տուէ՛ք։
- Մարդս կարելի է ճանչնալ երբ ան կը գործածէ իր ստացած իրաւասութիւնը եւ իշխանութիւնը։
- Զգուշացէ՛ք մանաւանդ այն մարդէն՝ որ ամէն բան լաւ կը գտնէ. նաեւ այն մարդէն՝ որ ամէն բան յոռի կը գտնէ, եւ մանաւանդ զգուշացէ՛ք այն մարդէն՝ որ անտարբեր է ամէն բանի։ Կատարեալ է այն մարդը՝ որ չափաւո՛ր է։
- Տիեզերքի գեղեցկագոյն եւ ազնուագոյն էակը՝ պարկեշտ մա՛րդն է. կռիւի միջոցին իր հակառակորդին հետ ունեցած վարմունքին մէջ, եւ սակայն դեռ աւելի՛ գեղեցիկը եւ ազնիւը այն համեստ մարդն է՝ որ զայն կը մխիթարէ՛։
- Կ՚ուզէ՞ք գիտնալ թէ ի՛նչ կ՚արժէ մարդ մը. լսեցէ՛ք զինք իր յարաբերութիւններուն մէջ՝ իրեններուն հետ՝ մօտաւորներուն եւ ընկերներուն հետ։
- Ամենակատարեալ մարդը ա՛յն է՝ որ ամենաօգտակարն է ուրիշներու հանդէպ։
- Այն մարդը՝ որ ստանալիք շահը տեսնելով իսկ արդարութիւնը կը խորհի՝ որ վտանգ մը տեսնելով հանդերձ իր կեանքը կը զոհէ, ահաւասի՛կ, այն մա՛րդն է «կատարեալ մա՛րդ»ը։
- Մարդս կը գործէ ի՛նչպէս որ կը սիրէ, եւ կը սիրէ ի՛նչպէս որ կը մտածէ. մտածումները կը կազմեն սիրտը եւ սիրտը կը կազմէ բարքը։
- Իր անձին դաստիարակութեամբ եւ կառավարութեամբ է որ մարդս «մե՛ծ» կ՚ըլլայ։
- Այն որ գիտէ ինքզինք կառավարել՝ վեհանձն մարդ է եւ վստահելի՛։
- Այն մարդը՝ որ իր կեանքը ի՛նք կը պատրաստէ, որ իր գործերուն ճշմարիտ տէրը՝ հայրը ինքզինք կը զգայ, որ նպատակ մը ունի եւ այդ նպատակը յառաջ կը վարէ յարատեւութեամբ եւ անվհատ կերպով՝ միա՛յն իր կամքին ճիգերէն օժանդակուելով եւ միա՛յն իր ուժերուն վստահելով։ Այն մարդը՝ որ իւաքանչիւր քայլափոխի դժուարութիւններու եւ արգելքներու հանդիպելով՝ զանոնք ի բաց կը վանէ՝ կ՚ազատի անոնցմէ իր հնարագիտութեամբ կամ իր կորովով, իր համբերութեամբ կամ իր ուժով եւ իր իմաստութեամբ՝ ասիկա է ճշմարիտ մա՛րդը։
- Արդար մարդը, պարկեշտ մարդը ա՛յն է, որ կը չափէ ու կը հաւասարակշռէ իր իրաւունքը՝ իր պարտականութեամբ, եւ կրնայ ներդաշնակել իրաւունքը եւ պարտքը։
- Պէտք է խանդաղատիլ պարկեշտ եւ ազնիւ մարդու անուան։ Պատկերացնել եւ աչքի առջեւ ներկայացնել մարդու մը ակնածելի պատկերը՝ որ ամբողջ աշխարհի վրայ բեռ չեղաւ, որուն սիրտը երբե՛ք անարդարութիւն եւ անիրաւութիւն չյղացաւ եւ որուն ձեռքը երբե՛ք անարդարութիւն եւ անիրաւութիւն չգործադրեց, որ ո՛չ միայն իր նմաններուն կեանքը, պատիւը, գոյքը, ստացուածքը յարգեց, այլ նաեւ անոնց հոգեկան եւ բարոյական կատարելագործման աշխատեցաւ՝ որ իր խօսքը կատարող, խոստումը յարգող եղաւ, որ իր բարեկամութիւններուն եւ փոխյարաբերութիւններուն մէջ մի՛շտ հաւատարիմ գտնուեցաւ, որ անկեղծ եւ հաստատամիտ եղաւ իր համոզումներուն մէջ, ժամանակի, շրջանի փոփոխութիւններուն մէջ՝ որ ամէն բան իր փոփոխութեանը մէջ կ՚առնէ, կը տանի, անիկա հաւասարապէս եւ հաստատակամօրէն հեռու մնաց կամապաշտ յամառութենէ իր սխալմունքներուն մէջ… եւ ահաւասի՛կ, իրապէս «պարկեշտ եւ ազնիւ մա՛րդ»ը։
- Ամենակատարեալ մարդը ա՛յն է որ ամենաբարի՛ն է՝ անկեղծ եւ սրտաբուխ իր ամէն յարաբերութիւններուն մէջ՝ անխտիր բոլոր մարդկութեան նկատմամբ եւ արդա՛ր։
Սիրելի՜ բարեկամներ, ահաւասիկ «մա՛րդ»ը իր տարբեր երեսակներով…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 29, 2016, Իսթանպուլ