ՈՂՈՐՄԱԾ ՅԱՐԳԱՆՔԸ

Յաճախ ըսած ենք, թէ ժամանակը փոխած է գրեթէ ամէն բան. սակայն կան երեւոյթներ, որոնք ոչ թէ փոխուած, այլ ամբողջութեամբ վերացած են մեր կեանքէն եւ ցայսօր կը շարունակեն վերանալ ու ոչնչացուիլ: Այդ վերացողներէն են օրինակ ամօթն ու պատկառանքը, յարգանքն ու մեծարանքը:

Մի քանի օրեր առաջ փորձեցի համացանցի մէջ կարդալ հայ հոգեւորականի մը հանդէպ գրուած անարգական խօսքերը.- անասուն, կախարդ, գող, անխելք, ապուշ եւ գրեթէ ամէ՛ն նուաստ ու անպատիւ որակում որ դուք գիտէք:

Ցաւ ի սիրտ այս անպատուութիւնն ու անարգանքը տուեալ անձին հանդէպ գոյութիւն ունեցող ատելութեան մը հետեւանք չէ. այսօր նոյնիսկ առանց ճանչնալու, տուեալ անձը աշխարհի ամենէն սրբակրօն ու սրբակենցաղ անձերէն մէկն ալ ըլլայ կ՚արժանանայ նոյն որակաւորումներուն, որովհետեւ շատ անգամ խնդիրը որ գոյութիւն ունի աւելի ներքին է՝ քան արտաքին:

Ինչպէս միշտ, ամօթի եւ յարգանքի մէջ եւս մենք հայերս չենք կրցած միջինը պահել, եւ ծայրայեղ յարգանքէն մէկ անգամէն անցած ենք ծայրայեղ ատելութեան ու անարգանքի: Անցեալին ալ չկայի՞ն փճացած եկեղեցականներ. վստահաբար կային, սակայն յարգանքի երեսը ամբողջութեամբ տարբեր էր:

Ամիսներ առաջ կարդացի կամաց կամաց մոռացութեան տրուած ֆրանսահայ գրողի մը գործերը՝ Վահրամ Կաքաւեան, որ ֆրանսական գրականութեան մէջ ծանօթ է առաւելաբար որպէս Վիքթոր Կարտոն գրչանունով (Վահրամ հայերէնով գրած է միայն մէկ գիրք՝ «Պողպատէ սերմեր» խորագրով, որ հրատարակուած է 1929 թուականին. անոր միւս գործերը ամբողջութեամբ ֆրանսերէն լեզուով են): Կարդացի անոր յայտնի «L՚apocalypse écarlate» (Բոսորավառ յայտնութիւնը) աշխատութիւնը, ուր ուշադրութիւնս գրաւեց հետեւեալ դէպքը:

Պատանի Վահրամ եկեղեցի կ՚երթայ՝ պատարագի երգեցողութեան մասնակցելու. այդ օր եկեղեցի կու գան նաեւ Ցարն ու Վեհափառ Հայրապետը: Պատարագէն ետք երբ Վահրամ տուն կը վերադառնայ, ընտանիքի անդամներ հարց կու տան, թէ ինչպէս անցաւ պատարագը. անոնց միջեւ տեղի կ՚ունենայ հետեւեալ երկխօսութիւնը.-

-Պատմէ՛, ինչպէ՞ս էր ցարը:

-Շատ սիրուն, շատ ազդեցիկ, շատ տխուր եւ բոլորովին անտարբեր:

-Մօտէն տեսա՞ր:

-Շատ մօտէն, որովհետեւ հետս խօսեցաւ:

Երեք կիները տեղերնէն վեր թռան, Աղաւնին խաչակնքեց:

-Հապա Վեհափառ Կաթողիկո՞սը:

-Ձեռքը բռնեցի եւ համբուրեցի:

Երեք կիները յարձակեցան Վահրամի վրայ, ձեռքն առին ու համբուրեցին, «քանի դեռ հայրապետական հպումը թարմ էր վրան...»:

Այսօր, երբ եկեղեցականին ձեռքը համբուրելը նուաստացում կը նկատենք, անցեալին ո՛չ թէ եկեղեցականին, այլ անոր ձեռքը համբուրած անհատին ձեռքը համբուրելը նոյնիսկ սրբութիւն կը նկատուէր:

Ծայրայեղութի՞ւն է. հաւանաբար այո՛, սակայն մեր այսօր վերաբերմունքը եւս անոր հակոտնեայ ծայրայեղութիւնն է: Ինչպէս միշտ միջինը չենք կրցած պահել:

Այդ յարգանքի պակասը միայն եկեղեցականին հանդէպ չէ որ գոյութիւն ունի այսօր մեր կեանքէն ներս. մեր ծնողներուն՝ մայրերուն ու հայրերուն, ընտանիքի տարեցներուն, նոյնիսկ ճամբան անօգնական ծերուկներու դիմաց անբացատրելի անարգ վերաբերմունք մը ունինք այսօր: Անարգանքը պարզապէս վերնագիրն է. անոր մէջ կայ անվստահութիւնը, ատելութիւնը, նախանձն ու նախատինքը: Վերջերս համացանցի էջերուն մէջ հպարտութեամբ տարածում գտած էր 5-6 տարեկան մանուկի մը «քաջագործութիւն»ը, ուր իր մօր հետ հայհոյանքով կը խօսի, մինչեւ իսկ պոռնիկ անուանելով իր մայրը: Բոլորը կը խնդան, դրական մեկնաբանութիւններ կը գրեն, սակայն չեն անդրադառնար, որ այդ բոլորը ծնունդ են սխալ դաստիարակութեան, սխալ միջավայրի ու ենթահողի. պէտք չէ զարմանալ, եթէ նման մանուկ մը մի քանի տարիներ ետք սկսի ծաղրել ու ատել իր մեծերը եւ անոնց հանդէպ անարգական վերաբերմունք ունենայ:

Ներկայի մանուկները մեզմէ տարբեր կը մեծնան. մենք ձեւով մը կը վախնայինք մեր մեծերէն. գիտէինք ուր պէտք է լուռ մնալ, ուր պէտք է խօսիլ. օտարներու դիմաց մեր մօր աչքերուն նայելով կը հասկնայինք, թէ ինչ ըսել կ՚ուզեն, թէ ուր պէտք է նստիլ եւ ուր պէտք է ոտքի ելլել ու խաղալ. գիտէինք, թէ հիւրութեան ժամանակ ինչ պէտք է ուտենք, ինչքան պէտք է ուտենք: Հաւանաբար այդ տարիքին այդ բոլորը անախորժ թուէին, սակայն արդիւնքը հիմա է որ կը քաղենք, իսկ ներկայ սերունդը կը մեծնայ ամբողջութեամբ «ազատութեան» մէջ, առանց սկզբունքներու եւ սահմաններու՝ լրբակենցաղ վարքով:

Մեծ հաւանականութեամբ այս աշխարհի վերջը ո՛չ թէ պատերազմներու եւ կռիւներու, այլ «ազատութիւն» կոչուածին պատճառով պիտի ըլլայ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՆՈՒՊԱՐ ԹԷՐԶԵԱՆ
(1909-1994)

Մեր թուականէն 28 տարիներ առաջ՝ 14 յունուար 1994-ին, Պոլսոյ մէջ մահացած է դերասան Նուպար Թէրզեան:

Թէրզեան ծնած է 16 մարտ 1909-ին, Պոլսոյ մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Պէզազեան վարժարանէն ներս: Փոքր տարիքէն դերեր ստանձնած է Պոլսոյ հայկական թատերախումբերուն մէջ, իսկ 1926-ին միացած է «Երիտասարդաց թատերախումբ»ին եւ դերեր ստանձնած է Սաղաթէլի դերով՝ Շիրվանզատէի «Պատուի համար», Պոլոնիուսի դերով՝ Շէյքսփիրի «Համլեթ», Ճգնաւորի դերով՝ Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ» ներկայացումներուն:

Հայկական ներկայացումներու դէմ դրուած արգելքէն ետք 1940 թուականին անդամագրուած է «Թուրք-երիտասարդական թատերախումբ»ին եւ սկսած է բեմ բարձրանալ: Որոշ ժամանակ թրքական բեմի վրայ դերասանութիւն ընելէ ետք 1949 թուականին «Կախարդիչ հայր» թրքական ժապաւէնին մէջ ստանձնած է իր առաջին դերը, որուն շնորհիւ սկսած է աւելիով սիրուիլ ու ճանչցուիլ թուրք հանդիսատեսի կողմէ: Այնուհետեւ Նուպար Թէրզեան դեր ստանձնած է աւելի քան 450 ժապաւէնի մէջ: Առաւելաբար ճանչցուած է «Ծովէն եկող աղջիկ» ժապաւէնի մէջ ստանձնած ձկնորսի դերով։ Նուպար Թէրզեան մեծաւ մասամբ հանդէս եկած է բարի հայրիկի դերով. աշխատակցած է թրքական ամենէն յայտնի դերասաններուն ու բեմադրիչներուն հետ: Թէրզեան թրքական աշխարհի մէջ յաճախ հանդէս եկած է Նուպար Ալեանաքզիյա բեմական անունով:

Թէրզեան ամուսնացած է 1936 թուականին եւ ունեցած մանչ զաւակ մը՝ Պերճ Թէրզեան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունուար 14, 2022