ԱՊՐԻԼ՝ ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔՈՎ
Մկրտութեամբ եւ Դրոշմով, մարդ կը ստանայ Հոգիին կեանքով ապրելու անհրաժեշտ շնորհները՝ զինք դէպի յաւիտենական կեանք տանող երկրաւոր կեանքին մէջ։ Արդարեւ, հոգեւոր կեանքը անբաժան է մարդուս երկրաւոր կեանքին մէջ, քանի որ մարդ թէ՛ մարմին է, թէ՛ հոգի։
Պօղոս Առաքեալ, գաղատացիներուն գրած նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Արդ, քանի Սուրբ Հոգիով այս նոր կեանքը կ՚ապրինք, նաեւ Սուրբ Հոգիով առաջնորդուինք։ Չըլլանք սնապարծ, չգրգռենք իրար, չնախանձինք իրարու» (ԳԱՂ. Ե 25)։
Ուրեմն Սուրբ Հոգիին հետ մարդուն համաձայնութիւնը անհրաժեշտ է՝ ուր Հայրը անոր զօրութիւն կու տայ, քանի որ Աստուած միշտ հաւատարիմ է եւ չի՛ թողուր որ մարդ փորձութեան մատնուի եւ Ան ուժ կու տայ դիմադրելու եւ յաղթելու ամէն փորձութիւն։ Ամէն փորձութեան դէմ պայքար մը եւ յաղթանակ մը առանց հոգեւոր կեանքի անկարելի՛ է. մարդ իր մարմնական ուժերով չի կրնար պայքարիլ հոգեւոր ուժերու դէմ, այլապէս հոգեւոր կեանքի զօրութիւնը անհրաժե՛շտ է հոգեւոր պայքարի եւ յաղթութեան համար։
Արդարեւ, «օրկանական»՝ անդամական կապ մը գոյութիւն ունի մարդուս հոգեւոր կեանքին եւ հրամայականոն՝ տոկմայական վարդապետութիւններու միջեւ։ Հոգեւոր կեանքը եւ հրամայականոն սկզբունքները կը լուսաւորեն մարդուս հաւատքը եւ հաւատքի ճանապարհին վրայ լոյսեր կը հանդիսանան, որոնք ապահով կը դարձնեն զայն։ Քանի որ հոն ուր լոյս կա՛յ, հոն ապահովութիւն կա՛յ եւ վստահութիւն։ Ուստի եւ փոխադարձաբար, եթէ մարդկային կեանքը ուղիղ է, շիտակ կ՚ընթանայ, մարդուս իմացականութիւնը եւ սիրտն ալ բաց կ՚ըլլան՝ ընդունելու համար հրամայականոն վարդապետութիւններուն հաւատքի լոյսը։
Արդարեւ հրամայականոն վարդապետութիւններուն միջեւ փոխադարձ կապերը եւ յարակցութիւնները կարելի է գտնել Քրիստոսի Յայտնութեան խորհուրդին ամբողջութեանը մէջ։ Քրիստոնեայ հաւատքին հիմերուն հետ կրօնաբարոյական ճշմարտութիւններ առընչութիւններու նուիրակարգ մը կը ցուցաբերեն։
Այս ուղղութեամբ, հաւատացեալներ յայտնուած ճշմարտութեան ըմբռնումին եւ փոխանցումին բաժնեկից եւ մասնակից կը դառնան։ Անոնք ընդունած են. «Բայց երբ գայ ինքը՝ Սուրբ Հոգին, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ, անիկա պիտի առաջնորդէ ձեզ ամբողջական ճշմարտութեան, քանի որ անիկա ինքնիրմէ պիտի չխօսի, այլ ի՛նչ որ լսէ՝ զայն պիտի խօսի եւ ձեզի պիտի պատմէ գալիք բաները» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 13)։
Հոգեւոր կեանքի ընդհանուր պատմութեան մէջ, Եկեղեցիներու պատմութեան ամբողջ ընթացքին՝ սուրբերու հաղորդութեան միջոցով ծաղկեցան զանազան «հոգեւորութիւն»ներ։ Մարդոց հանդէպ Աստուծոյ ունեցած անսահման սիրոյն վկայ անձի մը անձնական պարգեւաշնորհը կարելի եղաւ փոխանցել ուրիշին, ինչպէս Եղիայի «հոգի»ն փոխանցուեցաւ Եղիսէին. (Բ ԹԱԳ. Բ 9), եւ Յովհաննէս Մկրտիչին. (ՂՈՒԿ. Ա 17), որպէսզի աշակերտները կարենան անոնց հոգիէն բաժին հանել։ Հոգեւոր կեանքը՝ հոգեւորութիւնը աստուածաբանական եւ ծիսական տարբեր հոսանքներու գիտախառնում մըն է, ինչպէս նաեւ մարդկային միջավայրի մը եւ անոր ընդհանուր պատմութեան հետ հաւատքին մշակութայնացումին վկա՛ն է։ Քրիստոնեայ հոգեւորութիւնը իր ամբողջ տարբերակներով, կը մասնակցին աղօթքի կենդանի աւանդութեան եւ անհրաժեշտ առաջնորդներ կը հանդիսանան հաւատացեալներու հոգեւոր եւ երկրաւոր կեանքին համար։ Ուստի իրենց հարուստ եւ ճոխ բազմազանութեան մէջ, անոնք կը ցոլացնեն միակ վճիտ եւ յստակ լոյսը Սուրբ Հոգիին։
Սուրբ Բարսեղ Կեսարացի այս մասին կ՚ըսէ.
«Հոգին իսկապէս սուրբերուն վայրն է, իսկ սուրբն ալ Հոգիին համար յատուկ վայր է, քանի որ ան ինքզինք կը նուիրէ Աստուծոյ բնակութեան, կոչուելով Անոր Տաճարը»։
Այս իմաստով «հոգեւոր յառաջդիմութիւն»ը կը ձգտի Քրիստոսի հետ միշտ աւելի՛ սերտ միութեան։ Այս միութիւնը կը կոչուի «միստիկ», այսինքն՝ «խորհրդական»՝ «mystique» կամ «sacramental», քանի որ կը մասնակցի Քրիստոսի խորհուրդին՝ Եկեղեցւոյ խորհուրդներով՝ «սուրբ խորհուրդ»ներով եւ Անոր մէջ՝ Ամենասուրբ Երրորդութեան խորհուրդի՛ն։
Աստուած, արդարեւ, արարչութեան ժամանակէն իսկ մարդը՝ բոլոր մարդկութիւնը կոչած է այս սերտ միութեան Իրեն հետ, նոյնիսկ եթէ այս խորհրդական կեանքին մասնայատուկ շնորհները կամ արտասովոր նշանները տրուած են մի միայն ոմանց, այսպէս բացայայտելու համար «ձրի պարգեւ»ը՝ որ տրուած է բոլորին։
Մարդ կոչուած է կատարելութեան, քանի որ ան ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համեմատ եւ աստուածանման։ Իսկ կատարելութեան ճամբան կ՚անցնի Հոգեւոր կեանքէն։ Չկա՛յ սրբութիւն առանց հոգեւոր կեանքի՝ որ կը նշանակէ հոգեւոր պայքար եւ անձնուրացութի՛ւն։ Հոգեւոր կեանքի յառաջդիմութիւնը եւ աճումը կ՚ենթադրէ ճգնողական կեանք եւ մահացուցում, որոնք աստիճանաբար կ՚առաջնորդեն մարդը՝ ապրելու սիրոյ, խաղաղութեան եւ երանութեան ուրախութիւններուն մէջ, թէ՛ երկրի վրայ եւ թէ՛ յաւիտենական երկնային կեանքի մէջ։
Եւ դարձեալ, այս մասին Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի կ՚ըսէ. «Ան որ կը բարձրանայ, երբեք չի՛ դադրիր սկզբնաւորութենէ դէպի սկզբնաւորութիւն երթալէ, անվերջ սկսումներով։ Բարձրացողը երբե՛ք չի դադրիր իր արդէն գիտցածը բաղձալէ»։
Ուստի, հոգեւոր կեանքը ապահովագի՛րն է հաւատքի՝ որը պիտի առաջնորդէ մարդս յաւիտենական երանելի՜ կեանքին։ Սուրբ Հոգիին շնորհքը, շնորհիւ մարդուս որդեգրութեան, կրնայ իրեն ճշմարիտ արժանիք մը բերել, ըստ Աստուծոյ ձրի արդարութեան։ Արդարեւ սէրը մարդուս մէջ արժանիքի գլխաւոր ակունքն է Աստուծոյ առջեւ։
Սրբարար շնորհքը ձրի պարգե՛ւն է Աստուծոյ կեանքին՝ զոր Ան կու տայ մարդուն, զեղուած Սուրբ Հոգիէն իր հոգիին մէջ՝ զայն մեղքէն բուժելու եւ սրբացնելու համար։ Աստուծոյ առջեւ արժանիքը՝ որ ունի մարդ՝ հետեւանքն է Աստուծոյ ազատ ծրագրին, որ մարդս մասնակից եւ գործակից կը դարձնէ շնորհքի գործին։ Արժանիքը կը պատկանի նախ Աստուծոյ շնորհքին եւ ապա մարդուն համագործակցութեան՝ Սուրբ Հոգիի շնորհիւ՝ հոգեւոր կեանքով։
Մարդուն արժանիքը կը պատկանի Աստուծոյ։
Սուրբ Հոգիին մղումով՝ հոգեւոր կեանքով, մարդ կրնայ արժանանալ թէ՛ իր եւ թէ՛ ուրիշին բոլոր օգտակար շնորհներուն, հասնելու համար յաւիտենական կեանքին, ինչպէս նաեւ արժանանալ ժամանակաւոր անհրաժեշտ բարիքներուն՝ որոնց կոչուած է սկիզբէն։
Քրիստոնեայ կեանքին լիութիւնը, հոգեւոր կեանքի եւ սիրոյ կատարելութեան կոչը կ՚ուղղուի բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան Քրիստոսի։ Եւ քրիստոնեայ կատարելութիւնը մէ՛կ սահման ունի, այն է՝ սահման չունենալ հոգեւոր կեանքի ապրումներուն մէջ։
Արդարեւ հոգեւոր կեանքի ըմբռնումը կը կայանայ Քրիստոսի սա խօսքերուն մէջ յստակ կերպով, երբ Ան կ՚ըսէ. «Եթէ մէկը ուզէ Իմ ետեւէս գայ, թո՛ղ ուրանայ ինքզինք եւ իր խաչը առած իմ ետեւէս գայ» (ՄԱՏԹ. ԺԶ 24)։
Անդրադառնանք՝ որ ունինք հոգի մը, որը կը պահանջէ ապրիլ ու վայելել զայն հոգեւոր կեանքի մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 11, 2017, Իսթանպուլ