«ԱԼՊԵԱՆՆԵՐՆ Ի ՎԵՐ»
Ստորեւ կը ներկայացնենք Գրիգոր Զօհրապի ճամբորդական տպաւորութիւններէն էջ մը՝ որ գրուած է 1900-ի շուրջ։ Գրութեան մէջ կարելի է նկատել «նկարիչի աչք»ը եւ «բանաստեղծի զգայնութիւն»ը։ Հոս կը տեսնենք մարդը՝ բնութեան առջեւ՝ իր հիացումներով եւ մտածումներով…
ԱԼՊԵԱՆՆԵՐՆ Ի ՎԵՐ
Սալցպուրկէն դէպի հարաւ, կեդրոնական Եւրոպայի դաշտերու կանաչ թաւիշին անսահմանութեան դիմաց, հեռուն՝ հորիզոնին վրայ, վիթխարի, անմռունչ զանգուած մը կը կանգնի, երկինքի վճիտ կապոյտին մէջ խրելով իր ձիւնասպիտակ սարերուն ելեւէջը, տեղ-տեղ ամպէ շղարշի մը մէջ պարուրելով զայն։
Այդ ծուռումուռ գիծը, կարծեմ առասպելական տինոսօրի մը մեծ բացուած բերանին վարի ատամնաշարը, անվերջ կ՚երկարի՝ երկինքը խածնելով շարունակ։ Ալպեան լեռնաշարքին առաջին հանգոյցներն են. Թիրոլը, Բարձր Սավուան, Զուիցերիան՝ Էտըլվայսներու աշխարհը…
Տափակութիւններու սիրահարները թող չգան հոս, տարօրինակ այս երկիրը՝ ուր քալել չկայ, մագլցիլ կայ. ուր կանգ առնել չկայ, բարձրանալ կամ իյնալ կայ։ Մեր դարու նշանաբանն ու ճակատագիրը, վե՜ր, աւելի՛ վեր. գերագոյն ճիգը՝ ուրկէ քայլ մը անդին մահը կը սպասէ… Տեսէ՛ք երկրախոյզները, լեռնախոյզները, բեւեռախոյզները. մեր առջեւ նոր աշխարհ բացողները, որոնցմէ շատեր իրենց առաքելութենէն չեն դարձած։ Տեսէ՛ք ծովերուն վրայ եւ ծովերուն տակ պտտող եւ յանկարծ աներեւութացող նաւազները, օդերուն մէջ ճախրող եւ յանկարծ գահավիժող կտրիճները, որոնք անդարձ գացին՝ հողի տիրապետութեան աւելցնելով ծովի եւ օդի տիրապետութիւնը…
Ես ալ կատարեցի Ալպեաններուն վերելքը…
Մի՛ ծիծաղիք. ի՜նչ կ՚ուզէք որ ընէի այս բարձր Սավուային մէջ։ Դժնդակ, անհնարին վերելքը կատարեցի յաջողութեամբ. անդունդներու եզերքներէն կախուած՝ հասայ մինչեւ անմատչելի բարձրութիւններ. հասայ մինչեւ Սառոյցի Ծովը, որ երկու կողմէն կանգնող ախոյեան լեռներու ծոցը կը լեցնէ իր կապոյտ-ճերմակ, մերկ միսովը, մարմին մը՝ գծագրուած անհամար ջիղերով, երակներով, որոնք դրոշմն են լեռնագնացներու գարշապարներուն։
Իմ վերելքս, հարկաւ, կատարուեցաւ հանգիստի եւ ապահովութեան բոլոր փափաքելի պայմաններուն մէջ. ճոպանուղիի առկախ խցիկի կարմիր թաւիշ նստարանին վրայ առօքփառօք տեղաւորուած, վայելելով հիացական աչքիս առջեւ հետզհետէ պարզուող լայն, կանանչ հովիտը, որ Սէն Ժէրվէէն մինչեւ Շամոնի կ՚երկննայ, երկու կողմէն բարձրացող հսկայ լեռներով, որոնք նոճիի անտառներուն դողդղացող շուքը կը ձգեն անոր վրայ։
Ուրեմն իմ վերելքիս համար ոչ ոք միտքէն կ՚անցնէ արձան մը կանգնեցնել ինծի, ինչպէս Շամոնիի մէջ կանգնեցուցած են արձանը անոր՝ որ առաջին անգամ Մոն Պլանի կատարը բարձրացաւ։ Անոր՝ որ սրածայր երկաթէ ցուպը ձեռքին, ամէն քայլափոխի սայթաքելով, ամէն շարժումի կեանքը վտանգելով, մինակը՝ սլացաւ այդ լերկ կողերէն վեր, բոլորովին զուրկ՝ իմ ունեցած միջոցներէս։ Եւ ոչ ոք կրնայ իր տաժանքին փառքը խլել իրմէ։
Մինչեւ որ Ալպեաններու վերելքը աժանցաւ եւ ապահովուեցաւ, քանի՜ կեանքեր զոհուեցան։ Այս Սառոյցի Ծովը, որուն վերեւ կանգնած եմ, քանի՜ արկածախնդիր ուղեւորներ կուլ տուած է՝ միւս հեղուկ ծովին պէս։
Որքան կը նայիմ անոր անմեղունակ, ցուրտ երեսին, այնքան կը զարհուրիմ իրմէ։ Դալարագեղ ու ստուերոտ գերեզմանոցը չէ, այլ սպիտակ եւ միապաղաղ Կայանը. Ճերմակ սուգն է ան։
Վէպէ մը՝ կը յիշեմ Պռըթանեի մէկ ծովահայեաց գերեզմանատան նկարագրութիւնը, շիրիմներ՝ որոնց տակ մարմիններ չեն հանգչիր, որովհետեւ ծովերուն յատակը պառկած են. միայն համեստ փայտէ խաչեր, որոնց վրայ անուն մը եւ սա պարզ գրութիւնը. «Ծովին մէջ կորսուած»։
Սառոյցի ծովն ալ, այս պահուս, այդպէս անթիւ խաչերու անտառով մը ծածկուած կը թուի աչքիս. «Սառոյցին մէջ մահացած»։
Մահացա՞ծ, թէ՞ անմահացած. ա՛լ դուք որոշեցէք…
ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ
Երբ կը կարդանք Գրիգոր Զօհրապի այս տողերը, նախ կը մտաբերենք Բնութեան եւ մարդուն փոխյարաբերութիւնները։
Արդարեւ, սա իրականութիւն մըն է՝ թէ մարդը Բնութեան մէկ մասն է եւ ո՛չ թէ Բնութիւնը մարդուն մէկ մասը։ Ուստի, ինչպէս կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէեւ կը կարծուի, որ մարդը կը տիրապետէ Բնութեան, անոր ընթացքը կ՚որոշէ եւ զայն կը բարեփոխէ, սակայն իրականին՝ Բնութի՛ւնն է, որ կը տիրապէտէ մարդուն եւ յաճախ կը հպատակեցնէ մարդը իրեն։ Չէ՞ որ մարդ շատ անգամ անզօր եւ անկարող կը մնայ Բնութեան դէմ. եւ ուզէ չուզէ կը հպատակի անոր… եւ երբ մարդ չհնազանդի եւ չհպատակի Բնութեան, Բնութիւնը կը փոխադարձէ մարդուն անհնազանդութեան եւ աւելիով կը պահանջէ անոր հատուցումը։ Այս իմաստով Բնութիւնը անողոք վրիժառո՛ւ մը կը հանդիսանայ…
Բայց եւ այնպէս Բնութիւնը գեղեցիկ է եւ մարդ պէտք է վայելէ այդ հրաշալի՜ գեղեցկութիւնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 12, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024