ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ԲՆՈՒԹԻՒՆ
Baruch Spinoza (1632-1677), Աստուծոյ երկրի վրայ ըլլալու մասին իր տեսակէտով աննախընթաց գաղափար մը յայտնած է։ Մինչդեռ կրօններու մեծամասնութիւնը Աստուած նկատած եւ նկարագրած են գերբնական եւ գերաշխարհիկ Էակ մը՝ Անձ մը։ Spinoza իր այս գաղափարը արտայայտելու եւ պարզաբանելու համար «Աստուծոյ կամ Բնութեան» մասին գրած է եւ Աստուծոյ եւ Բնութեան նոյն բանը ըլլալը բացատրած է, որ վիճելի՛ է։
Ըստ Spinoza-ի «Աստուած» եւ «Բնութիւն»՝ նո՛յն էութիւնը արտայայտելու երկու տարբեր անուանումներն են։ Աստուած բնութիւնն է, եւ բնութիւնն ալ՝ Աստուած։ Աստուծոյ ամէն ինչ ըլլալու հաւատքը, տեսակ մը «Panthéism», այսինքն՝ «համաստուածութիւն» մըն էր։ Spinoza-ն բաւական զբաղեցուցած եւ նեղութեան մատնած «արմատական»՝ «radical» եւ աննախընթաց գաղափար մըն է ասիկա։
Spinoza հրեայ ընտանիքի մը զաւակն էր։ Հակառակ որ հրեայ ընտանիքի մը մէջ հասած էր, իր գաղափարներուն պատճառով 1656-ին երբ 24 տարեկան էր, հրէական տաճարէն վտարուած, եւ հրեայ կրօնաւորներու կորմէ անիծուած է։ Ասկէ վերջ ան իր անունը գործածած է որպէս Spinoza, փոխանակ Baruch-ի, վերանուանուելով՝ Benedict de Spinoza, նկատի ունենալով որ Baruch-ը հրէական անուն մըն է։
Բազմաթիւ իմաստասէրներ տպաւորուած են երկրաչափութենէն։ Euclides-ի բազմատեսակ երկրաչափական վարկածներու նկատմամբ փաստերը եւ փաստարկումները բաւական տպաւորած են Spinoza-ն։ Այսպէս՝ երկրաչափական մտածողութիւնը թէ՛ René Descartes, թէ՛ Thomas Hobbes օգտագործան եւ իրենց գաղափարներուն որպէս ուղեցոյց են ընդունած։ Իսկ Spinoza, ո՛չ միայն երկրաչափութեան հետեւած, նաեւ իմաստասիրութիւնը օգտագործած է որպէս երկրաչափութիւն։ Իր «Ethica» անուն գիրքին մէջ իր փաստերը երկրաչափական ապացոյցներու նման են եւ անոնց պէս բացատրութիւններու կարելի է հանդիպիլ։ Ան իր գիրքին մէջ, «փաստ»երը կը ներկայացնէ երկրաչափական ճշգրիտ, ստոյգ տրամաբանութեամբ։
Spinoza, կ՚ըսէ՝ թէ աէմն ինչ ընդարձակ դրութեան մը մէջ ներդաշնակ կերպով կը կազմուի եւ ասիկա հասկնալու ճամբան մտային զօրութի՛ւնն է։ Փորձարկութիւններէ եւ դիտարկումներէ աւելի մտածողութիւնը նկատի առնող իմաստասիրական մօտեցումով՝ յաճախ կը յիշատակուին որպէս «Rationalism»՝ բանապաշտութիւն։
Spinoza առանձնութենէ կ՚ախորժէր։ Առանձնութիւնը իրեն աշխատութեան համար ժամանակ եւ ներքին խաղաղութիւն կու տար։ Աստուծոյ մասին խորհրդածելու համար առանձնութիւնը իրեն ապահովութեան առիթ կ՚ընծայէր։
«Աստուած եթէ անհուն եւ անվերջ է, այս ճշմարտութեան պէտք է յաջորդէ այն գաղափարը՝ թէ առանց Աստուծոյ ո՛չ մէկ բան կրնայ գոյութիւն ունենալ։ Տիեզերքի մէջ Աստուծմէ զուրկ բան մը եթէ գտնուի, այն ատեն Ան անհուն եւ անվերջ չի կրնար նկատուիլ, քանի որ Աստուած որպէս սկզբունք կրնայ ամէն ինչ ըլլալ, նաեւ կրնայ ո՛չ մէկ բան ըլլալ։ Մարդիկ Աստուծոյ մասերն են, նաեւ բնութեան մէջ ամէն ինչ՝ բոյսեր, անասուններ եւ իրեր։ Բոլորն ալ անիմանալի բարդ ամբողջութեան մը մէջ իրարու խառնուած, բայց այն ամէն ինչ որ գոյութիւն մը ունի մէկ բանի մը՝ Աստուծոյ մէկ մա՛սն է» կ՚ըսէ Spinoza, եւ կը շարունակէ, «Աւանդական հաւատացեալներ կ՚ընդունին եւ կը հաւատան, թէ Աստուած կը սիրէ մարդը եւ կը պատասխանէ անոր առանձնական աղօթքներուն։ Այս պատճառով, Աստուած կը նկարագրուի բարեսիրտ, մօրուսաւոր, ժպտադէմ -հա՛յր- մը…»։ Բայց Spinoza-ին Ատսուածը ասոր նման Աստուած մը չէ. ըստ իրեն կարելի է Աստուած սիրել, եւ պէ՛տք է սիրել, եւ սակայն փոխադարձ սէր կարելի չէ ակնկալել. ասիկա կը նմանի բնութիւնը սիրող մէկու մը՝ որ կը սպասէ որ բնութիւնն ալ զինք սիրէ։
Արդարեւ, Spinoza-ին նկարագրած զԱստ-ւած անտարբեր է մարդկութեան եւ անոր կատարած ամէն գործին։ Ուստի շատեր կարծեցին, թէ Spinoza «անհաւատ» մըն է, եւ չի ճանչնար զԱստուած՝ որ կ՚արդարացնէ համաստուածութիւնը՝ «panthéisme»ը։
Բայց Spinoza Աստուծոյ նկատմամբ «բանականութեան վրայ հաստատուած անհուն սէր» մը ունէր։ Եւ բանականութեամբ զօրացած ամէն զգացում շատ աւելի անկեղծ ճշմարիտ սէր մը կը ստեղծէ եւ շատ աւելի վստահելի է եւ ապահո՛վ։ Ուստի սէր մը՝ որ միտքով հասած էր «խոր ըմբռնում»ի մը, կատարելութեան մը։ Աւանդական հաւատքէն շատ աւելի վե՛ր է բանականութեամբ զօրացած համոզումը, քանի որ որքան աստուածային է սէրը, նո՛յնքան աստուածայի՛ն է բանականութիւնը։ Բայց կարելի է խորհիլ եւ կասկածիլ, թէ այսպիսի գաղափար մը շատ ալ չի պատշաճիր աւանդական կրօնի ըմբռնումի մը հետ։
Արդարեւ, Spinoza-ի «ազատ կամք»ի մասին տեսակէտներն ալ բաւական վիճելի են։
Ան «déterministe» մըն էր, այսինքն՝ «որոշադրական» մը՝ վճռականապաշտ մըն էր, ինչ որ կը նշանակէ՝ որեւէ արարքի նախընթաց պատճառներու հետեւանքը ըլլալու հաւատալ, պատճառ-արդիւնքի յաջորդականութիւնը ընդունիլ։ Բնութիւնը ունի որոշ օրէնքներ եւ բնութեան մէջ ամէն շարժում, ամէն երեւոյթ կը կանոնաւորուի այդ անայլայլելի եւ մշտնջենաւոր օրէնքներուն համեմատ։ Այս պատճառով, ըստ Spinoza-ի «ազատ կամք»ը խաբէութի՛ւն մըն է, եւ «անկարելի երեւակայութիւն» մը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 7, 2018, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024