ԱԶԳԸ ԿՈՂՈՊՏԱԾ ԳՈՂԵՐԸ
Կը տեսնենք, թէ աշխարհի երեսին շատ մը արժէքներ ու իրողութիւններ իրենց ճիշդ որակը կորսնցնելով ամբողջութեամբ յեղաշրջուած են: Այդ յեղաշրջումներուն առաջին տեղը կարելի է տրամադրել քաղաքացի-պետութիւն յարաբերութեան, որովհետեւ թէ՛ քաղաքացիները եւ թէ պետական պաշտօնեաները մոռցած են, որ պետական պաշտօնեայ ըլլալ քաղաքացիին ծառայող ըլլալ կը նշանակէ եւ ո՛չ հակառակը: Բազմիցս ըսած ենք եւ մի՛շտ պիտի շարունակենք ըսել, որ երկրի մը տէրը ո՛չ թէ պետական պաշտօնեաները, այլ ժողովուրդը ի՛նքն է եւ հետեւաբար այդ գիտակցութեամբ պէտք է վարել քաղաքացի-պետական պաշտօնեայ յարաբերութիւնները:
Ամերկայի Միացեալ Նահանգներու 17-րդ նախագահ Էնտրու Ճանսըն (Andrew Johnson) իր խօսքերէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Նպատակը որուն պէտք է ձգել աղքատ պետութիւն, բայց հարուստ ժողովուրդ ունենալ է»: Պարզ թուացող այս խօսքը խոր ուսումնասիրութեան մը կը կարօտի, որովհետեւ այսօր ո՛չ միայն Հայաստանը, այլ ամբողջ աշխարհը կորսնցուցած է այդ գիտակցութիւնը (գուցէ միայն մի քանի արաբ պետութիւններ տակաւին ունին այդ համոզումը եւ սեփական շահերէն աւելի առաջնահերթ կը նկատեն իրենց հպատակ ժողովուրդին բարեկեցիկ կեանք ունենալը):
Պետութիւն մը յաջող պետութիւն կը նկատուի այն ժամանակ, երբ իր ժողովուրդը ունենայ հանգիստ, բարեկեցիկ ու ապահով կեանք մը, այլապէս իմաստ չունի ունենալ հարուստ պետութիւն՝ սակայն թշուառ ու աղքատ ժողովուրդ, ինչ որ կը տեսնենք հնդիկներու եւ այլ ափրիկեան երկիրներու պարագային, ուր պետութիւնն ու պետական պաշտօնէութիւնը ճոխ ու փարթամ կեանք մը կ՚ապրի, իսկ հպատակ ժողովուրդը խեղճ ու չքաւոր:
Սակայն Հնդկաստանը որպէս օրինակ չնշենք, որովհետեւ մեր հայ ժողովուրդի պարագային եւս ան հեռու չէ այդ հնդիկներու վիճակէն:
Այսպէս, ռուսական ու հայկական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նիւթական հարստութիւնը մօտաւորապէս 4 միլիառ ամերիկեան տոլարի կը հասնի։ Պահ մը եկէք հաւատանք, որ նախագահական աշխատավարձով Հայաստանի նախկին նախագահը յաջողած է այդքան գումար կուտակել: Եկէք պահ մը ենթադրենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատավարձը ամսական 4 հազար տոլար է (ինչ որ աւելի քիչ է). եթէ այսպէս ընդունինք, ապա Հայաստանի նախկին նախագահը պէտք է մէկ միլիոն ամիս եւ կամ 84 տարի պաշտօնավարէ՝ այդ գումարէն առանց ղուրուշ կոպէկ մը ծախսելու:
Չենք գիտեր որքանով ճիշդ է, Քոչարեանի ունեցած հարստութեան մի քանի անգամը աւելին ունենալ կը թուի Հայաստանի միւս նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Շատ մը աղբիւրներ անոր հարստութեան չափը որպէս 28 միլիառ ամերիկեան տոլար որպէս կը նշեն:
Այդ ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ մեր բանակը, մեր ժողովուրդի զաւակները անցնող երեսուն տարիներու ընթացքին աղքատ մնացին, սակայն չես գիտեր ինչպէս ուրիշներ միլիառներու հասնող գումարներ կուտակեցին: Այդ բոլոր հարստութիւնները հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի ո՛չ արդար դատական խորհուրդին առջեւ փաստելու եւ արդարանալու ի՞նչ միջոցներ ունին նախկին նախագահներն ու ուրիշները:
Պետութեան եւ պետական պաշտօնէութեան հարստացման դէմ չենք այնքան ժամանակ, երբ իրենց հետ միասին կը հարստացնեն նաեւ ժողովուրդը:
Այսօր աշխարհով մէկ մտահոգուած ենք արցախահայութեամբ, սակայն ի զարմանս շատերու յայտնենք, որ Հայաստանի կեդրոնական փողոցներու վրայ գտնուող բազմահարիւր շէնքեր կը պատկանին արցախահայերու։ Ամիրեան փողոցի վրայ գտնուող շէնքերէն շատերու սեփականատէրերը արցախցիներ են։ Արցախահայութիւնը իր բոլոր պէտքերը կ՚ապահովէր Հայաստանի Հանրապետութենէն. ինչպէ՞ս եղաւ որ երեսուն տարուան մէջ արցախահայեր ի վիճակի եղան Երեւանի ամենէն սուղ եւ յարգի շէնքերուն տէր դառնալ:
Մեր կարծիքով՝ իրականութիւն է այն խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Հոն ուր աղքատութիւն կայ՝ կայ հարստութիւն»: Իրար հակասող այս խօսքերը ճշմարտութիւն են. վկայ Ափրիկէն:
Կը զարմանամ, թէ ինչո՞ւ համար մեր ժողովուրդը չէ ունեցած ուժը այդ բոլորը քննադատելու եւ քննադատելէ անդին հաշիւ պահանջելու. այսօր բոլորս ալ գիտենք, որ մեր շնորհիւ նախարարներու եւ պետական պաշտօնէութեան ընտանիքներն ու զաւակները անհամեմատելի հանգստութեան մը մէջ կ՚ապրին. հարկ ու տուրք վճարող հայ գիւղացին հազիւ իր զաւակը ուսումի կը յաջողի ղրկել, անդին կը տեսնենք, թէ ինչպէս նախարարներու զաւակները իրենց բարձրագոյն ուսումները կը ստանան Եւրոպայի կամ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, նոյնինքն այդ գիւղացիին եւ անոր նման բազմաթիւ մարդոց հաշւոյն:
Կը հաւատանք, որ հայուն պարտութեան պատճառը եւս իրենք են, որովհետեւ այն գումարները որով հարստացած են, եթէ տրամադրուէր հայոց բանակին եւ Հայաստանի կարիքներուն, այսօր ամբողջութեամբ տարբեր վիճակի մէջ կրնայինք գտնուիլ:
Մի քանի տարիներ առաջ կը լսէինք, թէ հայ զինուորը ունի բազմաթիւ պակասութիւններ. բացի ռազմական պակասէն մարդկային բնական պակասներ ունէր հայոց բանակը. ինչո՞ւ համար այդ բոլորին հաշիւը չպահանջուեցաւ այդ գողերէն՝ որոնք ազգին հաշւոյն մեծահարուստներ դարձան:
Թքած այն կառավարութեան վրայ, որուն քաղաքացիները աղքատութեան մէջ, սակայն իրենք պալատներու մէջ կ՚ապրին: Թքած այն կառավարութեան վրայ, որուն հպատակ ծերունիները հանգստանալու փոխարէն մինչեւ կէս գիշեր ճամբաները այս կամ այն բանը ծախել եւ կամ մուրալ կը փորձեն՝ իրենց օրապահիկը ապահովելու համար: Թքած այն կառավարութեան վրայ, որուն նախարարները Եւրոպաներ եւ Ամերիկաներ հանգստանալու կ՚երթան՝ երբ բանակն ու հպատակ ժողովուրդը ահաւոր կարիքներ ունին:
Թքած նաեւ այն ժողովուրդին վրայ, որ այս բոլորը տեսնելով, հանդիսատեսի դիրքին մէջ կը շարունակէ մնալ:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -368-
Մօտաւորապէս եօթ ամիս առաջ ինքնաշարժս հինգ վայրկեան «արգիլուած» տեղ մը կեցնելուս համար տուգանք ստացայ. չէի նկատած, որ արգիլուած էր ինքնաշարժով այդտեղ կենալ: Եթէ հարցնէի պատճառը, հաւանաբար ըսէին, որ այդտեղ կենալը կը խանգարէ միւս ինքնաշարժներու շարժը, եւ այլն:
Ամիս մը ետք տեսայ, թէ նոյն տեղը կեցած էր պետական պաշտօնեայի մը ինքնաշարժը:
Հիմա հարց. ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ իմ կենալս միւս ինքնաշարժներու շարժը կը խանգարէ, սակայն պետական պաշտօնեայի մը ինքնաշարժը՝ ոչ: Այս պարագային կրնանք համոզուիլ, որ խնդիրը ինքնաշարժին խանգարել կամ չխանգարելը չէ, այլ որուն ինքնաշարժը ըլլալն է կարեւորը, որովհետեւ եթէ իրապէս խանգարելու խնդիր մը գոյութիւն ունենար, պէտք է օրէնքը գործէր նաեւ անոնց վրայ՝ որոնք ճշդած են այդ օրէնքները:
Մենք կը մոռնանք, որ օրէնքները պէտք է գործադրեն նախ եւ առաջ անոնք՝ որոնք օրէնքներ կը սահմանեն. եթէ օրէնքը հաստատողները հեռու են եւ զերծ կը մնան օրէնքէն... կը նշանակէ ձախողած ժողովուրդ եւ ազգութիւն մը ունիք:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 01/16/2025
- 01/16/2025