ԹԱՐԳՄԱՆԻՉՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ

Թարգմանչաց տօնը հայ մտքի, գիրի եւ մշակոյթի տօնն է. տօնը բոլոր անոնց՝ որոնք աշակերտեցան Մեսրոպ Մաշտոցի եւ գրչով եւ գիրքով, ուսուցանելով եւ վարդապետելով ծառայեցին հայ ժողովուրդին, եւ տօնը անոնց՝ որոնք կը հետաքրքրուին հայ մշակոյթով եւ կը սիրեն զայն, այդ կերպով միայն կատարած ըլլալով իրենց պարտքը եւ պատասխանատուութիւնը այսօրուան գրչի սուրբերուն նկատմամբ։

Եւ կ՚արժէ հարցաքննել, թէ իր ժամանակին մէջ մարդ ո՞րքան կը կատարէ իր պարտքը եւ գիտակից է իր պատասխանատուութեան մշակոյթի նկատմամբ։

Երբ այսօր մեր աչքը կը դարձնենք ներկային վրայ, կարելի չէ չնկատել Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի դէմքը աւելի՛ պայծառ եւ փայլող այսօրուան մեր մտաւորական, մշակութային տեսքին հետզհետէ տժգունող եւ ամլացող վիճակին մէջ։ Երբ այսօր շատ յաճախ, չըսելու համար ամէնուրեք, պարտականութեանը եւ պատասխանատուութեանը գիտակից մարդու տեղ՝ «ցուցադրութիւն» մը կը տեսնուի, անշո՛ւշտ նկատի ունենալով՝ յարգելի բացառութիւնները։ Մտաւորական, հոգեւորական, կրթական մշակներու եւ այս բոլորին յաճախ պակսողը կ՚ըլլայ անհատը եւ տուժողը՝ ժողովուրդը։

Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց, հոգեմտաւորական մարդը՝ հոգիի՛ մարդը մանաւանդ, յաղթական կոթողի մը նման կը բարձրանայ մեր աչքերուն դիմաց որպէս բանբեր՝ պատգամաբեր իմաստութեան, ճշմարտութեան եւ իրաւութեան, այսինքն իբրեւ «իրա՛ւ մարդ»ը ծառայութեան, խոնարհութեան եւ ճգնութեան արժանիքներով յաւիտենականացած իրաւ մարդը։

Ուստի, ճշմարտութիւնը Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի անձէն եկող, Աւետարանով ձեւուած, հայու կեանքով մարմին ստացած՝ մարմնաւորուած հոգեղինութեան գերագոյն արժէք ունեցող իրողութիւն մը եղած է։ Եւ ահաւասիկ, հո՛ս է խորհուրդը, գաղտնիքը հայ մշակոյթի պատմութեան սրտառուչ գրաւչութեան եւ գերազանցութեան։

Արդարեւ, մարդ ունի ինք իր կեանքը, զայն ընելու համար հանդէս մը ճշմարտութեան, գեղեցկութեան եւ բարութեան։ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի ճարտարապետութեամբ հայ մշակոյթը պահեց եւ տեւականացուց իր գոյութիւնը՝ մի՛շտ զարգանալով եւ մի՛շտ վաւերականութիւնը պահելով։

Ե. դարը հայ պատմութեան այն բախտորոշ թուականն է, երբ հայ ժողովուրդը, ինքնագիտակցութեան տեսիլքէն այցուած ստեղծեց գի՛րը։ Ուստի իր սեփական գիրով հայ ժողովուրդը՝ լեցուած ինքնիրմով, ինքզինք յաւերժացնել կ՚ուզէր, եւ ատոր միջոցը որոնեց եւ գտա՛ւ։ Ե. դարը այսպէս արձանագրուեցաւ հոգեպէս զօրաւոր շրջան մը հայ ժողովուրդին համար։ Եւ հոգեւոր զօրութիւնը աւելի եւս զօրացաւ եւ կատարելութեան հասաւ մտաւորին համընթացութեամբ։ Հոգեւորին եւ մտաւորին այս համընթաց գոյութիւնը հետզհետէ աճեցուց ժողովուրդին հասարակաց հոգին եւ միտքը՝ ազնուացուց եւ զարգացուց զայն։ Եւ այս բոլորը իրականացաւ Հայ գիրին գիւտով եւ Թարգմանիչներու նուիրական աշխատանքով։

Խորհո՛ւրդ մըն է այս իրականութիւնը։

Այս խորհուրդը կ՚իրականանայ մէկ կողմէն գիրի գիւտով եւ միւս կողմէ՝ Սուրբ Գիրքի թարգմանութեամբ. այս վերջինը իբր գաղափար սքանչելի՜ էր, իբր արդիւնք՝ հոյակապ եւ իբր գրական վաստակ՝ աննախընթաց եւ աննման երեւոյթ։

Գիրի գիւտին եւ թարգմանութիւններու շնորհիւ հայ ժողովուրդը կարճ շրջանի մը ընթացքին տիրացաւ հրեայ ցեղի հազար տարիներու հոգեկան եւ մտաւոր ժառանգութեան։ 

Եւ հայ լեզուն յայտնուեցաւ իր ոսկեշող փայլով, քանի որ Թարգմանիչները ներշնչուած եւ գիտակ ըլլալով հանդերձ, արուեստագէտ էին նաեւ ներգործող։ Եւ այս պատճառով է որ Թարգմանիչներու թարգմանութիւնը կոչուած է «Թագուհի թարգմանութիւններու»։ Արդարեւ, չկայ ուրիշ թարգմանութիւն մը Սուրբ Գիրքի, որ կարենայ ցոյց տալ մեզի իր լեզուին ոսկեհիւս պատմուճանը, եւ անոր հետ միասին՝ տառացի հաւատարմութիւնը բնագրին։

Սուրբ Սահակ Ա. Պարթեւ, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց, Եզնիկ, Կորիւն, Եղիշէ, Խորենացի, Փարպեցի, Դաւիթ Անյաղթ եւ անոնց յետագայ շառաւիղներէն՝ Նարեկացի, Շնորհալի, Տաթեւացի, միայն տուած ըլալլու համար քանի մը անուններ… Ամէն տարի գէթ երկու առիթով կրօնական եւ համազգային սեւեռումի առարկայ են անոնք Հայ Եկեղեցւոյ տօնակարգին համաձայն։ Իսկ ամէ՛ն օր բազմիցս ներկայ են մեր մէջ՝ հայ դպրոցներու գրասեղաններուն առջեւ Ա. Բ. Գ. սորվող եւ սորվեցնող սերունդներու, Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան պատարագով եւ այլ արարողութիւններով հնչող սրբասացութիւններու, աղօթքներու եւ շարականներու մէջ, հայ գիրի, գրականութեան եւ մամուլի մէջ ժամանակակից թարգմանիչներ։

Շնորհաւոր ըլլայ Թարգմանիչներու տօնը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2023