ԱՇԽԱՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
Աշխատասիրութիւնը աստուածային պատուիրան մըն է՝ մարդուս առաջին անմեղ վիճակին մէջ իսկ տրուած Աստուծոյ կողմէ՝ մարդ արարածին. «Եւ չորրորդ գետը Եփրատ է։ Եւ Տէր Աստուած առաւ մարդը ու Եդեմի պարտէզին մէջ դրաւ, որպէսզի զանիկա մշակէ ու պահէ» (ԾՆՆԴ. Բ 15)։ Ուրեմն, կը տեսնուի, որ աշխատանքը երբեք պատիժ մը չէ՛ մարդուն, այլ՝ կոչում մը, արարչութեան պատճառ եւ հետեւանքներէն մի՛ն։ Մարդ չստեղծուեցաւ ծոյլ եւ ամուլ կերպով մը լեցնելու համար աշխարհը՝ ան ստեղծուեցաւ աշխատելու, արտադրելու եւ աճեցնելու, զարգացնելու ե՛ւ պահելու համար աշխարհի զանազան շնորհները։
Արդարեւ, ծուլանալ, յուլանալ եւ կամ ալարիլ՝ կը նշանակէ դէմ հանդիսանալ, անհնազանդ գտնուիլ աստուածային պատուիրանին։ Չէ՞ որ ծուլութիւնը եօթ մահացու մեղքերէն մի՛ն է…։ Այս իսկ պատճառով մարդ պարտաւոր է աշխատելու՝ արդադրելու եւ արդիւնաւորելու աստուածային շնորհները։ Ուստի եփեսացիներուն գրած իր նամակին մէջ Պօղոս Առաքեալ սապէս կ՚ըսէ.
«Ան որ գողութիւն կ՚ընէր նախապէս, ա՛լ թող չգողնայ. այլ մանաւանդ աղէկ-օգտակար գործի մը պարապելով՝ իր ձեռքերովը աշխատի, որպէսզի կարո՛ղ ըլլայ տալ եւ հաղորդել անոր՝ որ կարօտ է» (ԵՓԵՍ. Դ 28)։
Եւ դարձեալ Պօղոս Առաքեալ, թեսաղոնիկեցիներուն ուղղուած իր առաջին նամակին մէջ կը վկայէ՝ թէ ինքն ալ աշխատած է, եւ տիպար եղած ուրիշներուն երբ կ՚ըսէ.
«Եւ Յիսուս՝ որ Յուստոս կ՚անուանուի՝ որոնք թլփատութենէն են. ասոնք միայն՝ ինծի գործակից եղան Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ եւ ինծի մխիթարութի՛ւն» (ԿՈՂՈՍ. Դ 11) եւ. «Ու ջանանք հանդարտ կենալ եւ ամէն մէկդ իր գործը գործէ ու ձեր ձեռքերովը աշխատիք (ինչպէս ձեզի պատուիրեցինք), որպէսզի դուրսիններուն հետ պարկեշտութեամբ վարուիք ո՛չ մէկուն, ո՛չ բանի մը կարօտ չըլլաք» (Ա. ԹԵՍ. Դ 11)։ Այս տողերէն ալ կը հասկնանք, թէ՝ աշխատութիւնը մարդուս ներքին խաղաղութիւն կու տայ, հանդարտութիւն եւ համերաշխութիւն կը ստեղծէ, եւ դարձեալ, ասկէ կը հետեւի, թէ ծուլութիւնը խռովութիւն կը ստեղծէ՝ ընկերութեան մէջ տակնուվրայութիւններու, նոյնիսկ թշնամութիւններու պատճառ կ՚ըլլայ։ Աշխատող մարդը հանդարտ է եւ խաղաղ, իսկ ծոյլը միշտ խնդիր մը ունի իր շուրջիններուն եւ մանաւանդ իր մերձաւորներուն հետ։ Աշխատող մարդը երբեք նենգամիտ չ՚ըլլար, քանի որ նենգութիւն խորհելու ո՛չ առիթ, ո՛չ ժամանակ ունի. իսկ ծոյլ մարդը նենգամտութեամբ շարժելու համար շա՜տ պարապ ժամանակ ունի։
Աշխատութիւնը բնութեամբ բարի՛ է, ուստի աշխատող մարդը միայն բարիին մասին կը խորհի եւ չարը խորհելու, չարութիւն գործելու ո՛չ ժամանակ եւ ոչ ալ պատեհութիւն ունի։ Աշխատող, աշխատասէր մարդուն միտքը չի զբաղիր աւելորդ, անպէտ գործերով, քանի որ ան արդէն զբաղում մը ունի եւ ժամանակը չի վատներ վնասակար գործերով։ Արդարեւ մարդ, ինչպէս իր նախնական անմեղ վիճակին մէջ, մեղաւոր ըլլալէ, իր բարոյական անկումէն վերջն ալ աշխատելու պարտաւորութեան տակ կը մնայ։ Այս ալ ցոյց կու տայ, թէ՝ աշխատանքը, աշխատութեան պարտաւորութիւնը երբեք «պատիժ» մը պէտք չէ՛ համարուի, այլ՝ «կոչում»ին պահանջքը, իր արարչութեան պատճառն ու նպատա՛կը։
Մարդ՝ հաւատարիմ իր աշխատութեան պարտաւորութեան, աշխատելով կ՚ապրի եւ այնքան ատեն որ կ՚ապրի՝ կ՚աշխատի։ Արդարեւ Առակախօսն ալ այս մասին կ՚ըսէ. «Բուրդ ու քթան կը փնտռէ եւ ուզածը յօժարութեամբ ձեռքովը կը գործէ։ Անիկա վաճառականի նաւերու կը նմանի՝ իր հացը հեռու տեղէ կը բերէ։ Անիկա գիշերով կ՚ելլէ ու տանը մարդոցը՝ կերակուր եւ իր աղախիններուն գործ կու տայ…» (ԱՌԱԿ. ԼԱ 13-15)։
Ուստի մարդ, աշխատելու է՝ թէ՛ իր եւ թէ իր մերձաւորներուն պահանջքները հոգալու, պակասները լեցնելու, թերութիւնները կատարելագործելու, տկարութիւնները զօրացնելու համար. «Դուք ձեզմէ գիտէք, թէ ինծի ու ինծի հետ եղողներուն պէտքերը այս ձեռքերս հոգացին» (ԳՈՐԾՔ. Ի 34)։
Իսկ Պօղոս Առաքեալ, դարձեալ, թեսաղոնիկեցիներու ուղղեալ գրած իր առաջին նամակին մէջ հետեւեալը կ՚ըսէ.
«Կը յիշէք, եղբայրնե՛ր, մեր աշխատութիւնը եւ ջանքը, որ ձեզմէ մէկո՛ւն նեղութիւն չտալու համար գիշեր ու ցերեկ գործեցինք, ձեզի Աստուծոյ Աւետարանը քարոզեցինք» (Ա. ԹԵՍՈՂ. Բ 9)։ Ուստի՝ աշխատիլ ուրիշի մը նեղութիւն չտալու, բեռ չըլլալու համար՝ մեզի կը յիշեցնէ Ժան Ժագ Ռուսոյի այն խօսքը, թէ՝ ծոյլ մարդը «մակաբո՛յծ» մըն է ընկերութեան վրայ, եւ թէ անաշխատ մարդը ընկերային կեանքի գո՛ղ մըն է՝ քանի որ ուրիշ մէկուն իրաւունքը կը յափշտակէ եւ կ՚իւրացնէ։ Եւ այս ալ ցոյց կու տայ, թէ աշխատութիւնը ո՛չ միայն կրօնական, այլ ընկերային պարտաւորութիւն մը, մարդկային ընդհանուր պատասխանատուութիւն մըն է։ Ծոյլ, անաշխատ մարդը՝ այս իմաստով գո՛ղ մըն է եւ ինչպէս ծուլութիւնն ալ «մահացու մե՛ղք» մը։
«Ամէն բան ձեզի ցուցուցի, թէ այսպէ՛ս պէտք է աշխատիլ եւ տկարներուն օգնութիւն ընել եւ միտք բերել Տէր Յիսուսի խօսքը՝ զոր Ինք ըսաւ.-
«ԱՒԵԼԻ ԵՐԱՆԵԼԻ՜ Է ՏԱ՛ԼԸ, ՔԱՆ ԹԷ ԱՌՆԵԼԸ» (ԳՈՐԾՔ. Ի 35)։
Հետեւցնելով՝ աւելի օգտակար եւ նպատակայարմար է աշխատիլը, քան ծուլանալը։ Աւելի լա՛ւ է գործելը, քան ամուլ մնալը։
Այս մասին յիշենք հայ ժողովրդական իմաստութեան արդիւնք՝ նշանակալից առածը, թէ՝ ԱՒԵԼԻ ԼԱ՛Ւ Է ՄԱՇԻԼ, ՔԱՆ՝ ԺԱՆԳՈՏԻԼ։ Ուստի աշխատողը թերեւս կը մաշի, բայց ծոյլը կը ժանգոտի…։
«Ծոյլ մարդուն սրտին քովէն ու պակասամիտ մարդուն այգիին քովէն անցայ։ Ամէնուն մէջ փուշեր բուսեր էին ու անոնց երեսը եղիճներ ծածկեր էին եւ անոնց քարէ պատը փլած էր», կ՚ըսէ Առակախօսը. (ԱՌԱԿ. ԻԴ 30-31)։ Ուստի ծուլութեան հետեւանքը վնաս է՝ փլուզում եւ ոչնչացո՛ւմ ի վերջոյ…։
Աշխատող մարդը՝ կ՚արտադրէ, արտադրող մարդը օգտակար կը հանդիսանայ մարդկութեան եւ մարդկութեան նպաստ բերող մարդը՝ աստուածահոճոյ մարդ է՝ երանելի՜ մարդ…։ Եւ դարձեալ Առակախօսը կ՚ըսէ. «Անիրաւութեամբ հաւաքուած հարստութիւնը պիտի պակսի, բայց իր աշխատութիւնով հաւաքողը պիտի շատցնէ» (ԱՌԱԿ. ԺԳ 11)։
Եւ վերջապէս. «Կտաւ կը գործէ ու կը ծախէ եւ վաճառականներուն գօտիներ կու տայ։ Զօրութիւն եւ փառք կը հագնի ու վերջին օրերը պիտի ուրախանայ։ Իր բերանը իմաստութեամբ կը բանայ եւ իր լեզուին վրայ քաղցրութեան օրէնք կա՛յ։ Իր տանը ճամբաները կը քննէ եւ ծուլութեան հացը չ՚ուտեր։ Անոր տղաքը կ՚ելլեն ու զանիկա երանելի՜ կ՚անուանեն…» (ԱՌԱԿ. ԼԱ 24-28)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 3, 2015, Իսթանպուլ