ՀԱՄԱՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔԸ

«Մեղմ պատասխանը տրտմութիւնը կ՚իջեցնէ», կ՚ըսէ Առակախօսը. (ԱՌԱԿ. ԺԵ 1)։ Արդարեւ մարդոց միջեւ հակառակութիւններ կը ծագին ընդհանրապէս այն պատճառով, որ անոնց միջեւ տարակարծութիւններ կը գտնուին եւ իւրաքանչիւր անձ կ՚ուզէ, որ իր կարծիքը ընդունիլ տայ իր «հակառակորդ»ին, որովհետեւ ամէն մարդու կարծիքը իրեն համար ճիշդ է եւ անվիճելի՛…։

Բազմաթիւ շրջաններու մէջ մարդիկ կրցած են հասարակաց մտածողութիւն մը մը-շակել տարակարծութիւններու մասին, շնորհիւ «միութենական երկխօսութեան»։ Արդարեւ, մարդկային միտքը ունի անպայման հասարակաց կարծիք մը կամ համոզում մը՝ որուն շնորհիւ մարդիկ կրնան համաձայնիլ նոյնիսկ այն խնդիրներու շուրջ, որ նախապէս անհամաձայնելի կը նկատուէր։

Ուստի, միութենական երկխօսութեան ստանձնած պարտականութիւնն է օգնել մարդոց, որպէսզի իրենց իւրայատուկ կացութիւնը ապրին կատարեալ համոզումի տակ։ Արդարեւ, դիւրին չէ մէկը հրաժարեցնել իր համոզումներէն, քանի որ մարդ սերտօրէն կապուած է իր կարծիքներուն՝ որ կը նկատէ որպէս անձնականութեան եւ արժանապատուութեան հարց։ Մարդուն «Ես»ը ամենամեծ արգե՛լքն է անոր հրաժարման իր կարծիքներէն, քանի որ այդ կարծիքները ի՛նքն են, իր բարոյական էութիւնը եւ ինքնութիւնը։ Փոքր լծակ մը կրնայ իր տեղէն խախտել խոշար ժայռ մը, բայց ո՛չ մէկ ջանք կրնայ փոխել համոզում մը՝ կարծիք մը, եթէ ան նախապաշարումի աստիճանին հասած է…։

Ահաւասիկ, այս իսկ պատճառով շատ կարեւոր դեր մը կը խաղայ միութենական երկխօսութիւնը, եթէ տեղին գործածուի։ Ան նաեւ պիտի օգնէ ամբողջ ընկերութեան, որպէսզի հասարակութիւններու միջեւ գոյութիւն ունեցող պարտաւորութիւններու եւ հասարակաց պատասխանատուութեան շուրջ ստեղծուած լարուածութիւնները յաղթահարեն։ Ան պիտի քաջալերէ մարդոց միջեւ հասարակաց եղող արժէքներուն ծաղկումը, իսկ զիրենք իրարմէ բաժնող պարագաներուն՝ յարգա՛նքը։ Ուստի, միութենական երկխօսութիւնը կը քաջալերէ հանդուրժողութիւնը։

Արդարեւ, երկխօսութիւնը անձերու միջեւ՝ մէկ կարի՛քն է մարդուն։ Մարդկային անձը պէտք ունի ընկերային կեանքին։ Ասիկա մարդուն համար կը գոյացնէ ո՛չ թէ յաւելեալ բան մը, այլ պահա՛նջք մը անոր բնութեան։ Փոխանակութեամբ ուրիշին հետ, փոխադարձութեամբ ծառայութիւններու եւ երկխօսութեամբ իր նմաններուն՝ իր եղբայրներուն հետ, մարդը կը զարգացնէ իր զօրութենականութիւնները եւ այսպէս, հաւատարմութեամբ կը համապատասխանէ իր սկզբնական կոչումին։

Մարդկային իմացականութեան կողմէ Աստուած ճանչնալու կարողութիւնը պաշտ-պանելով, Եկեղեցին կ՚արտայայտէ իր վըս-տահութիւնը՝ թէ կարելի՛ է խօսիլ Աստուծոյ մասին բոլոր մարդոց եւ բոլոր մարդկութեան հետ։ Այս համոզումը, արդարեւ, մեկնակէտն է անոր երկխօսութեան, զոր ան կը հաստատէ բոլոր կրօններու հետ, իմաստասիրութեան ե՛ւ գիտութեան հետ, ինչպէս նաեւ «անհաւատ»ներու եւ «անաստուած»ներու հետ։ Այս ուղղութեամբ, ճշմարիտ եւ անկեղծ երկխօսութիւն մը կրնայ լուծել շատ մը հարցեր՝ հասարակաց կէտ մը գտնելով տարակարծութիւններու եւ հակառակորդներու համոզումներու միջեւ։

Աստուծոյ տենչը դրոշմուած է մարդուն սրտին մէջ, որովհետեւ մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ եւ Աստուծոյ համար։ Մարդը միայն Աստուծոյ մէջ պիտի գտնէ իր անդադար փնտռած ճշմարտութիւնը եւ երջանկութիւնը՝ ըլլալով իր Արարչին պէս կատարեա՛լ։ Ուստի, մարդուն արժանապատուութեան ամենավսեմ երեւոյթը կը գտնուի մարդուն Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու՝ երկխօսութեան այս կոչումին մէջ։ Այս հրաւէրը, զոր Աստուած կու տայ մարդուն երկխօսելու Իրեն հետ, կը սկսի մարդկային գոյութեան հետ։ Որովհետեւ մարդը եթէ գոյութիւն ունի, պատճառը այն է, որ Աստուած ստեղծեց զինք եւ երբեք չի դադրիր սիրով անոր գոյութիւն տալէ եւ գոյութիւնը տեւականացնելէ. եւ մարդը լիովին չ՚ապրիր ըստ ճշմարտութեան, եթէ ոչ ինքնակամ ճանչնալով այս աստուածային սէրը եւ ինքզինք նուիրելով իր Արարչին։

Մարդիկ բազմազան կերպերով, ամբողջ պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ օրս, Աստուծոյ իրենց որոնումը արտայայտեցին իրենց դաւանութիւններով եւ իրենց կրօնական վարմունքներով, ինչպէս՝ զոհեր, աղօթքներ, պաշտամունքներ, խորհրդածութիւններ եւ խոկումներ, եւ այլն։

Արտայայտութեան այս կերպերը, որոնք երկխօսութեան տեսակներ են, հակառակ երկդիմութիւններուն զորս կարող են բովանդակել, այնքա՛ն ընդհանրական երեւոյթներ են՝ որ կարելի է մարդը կոչել «կրօնական էակ»։

Բայց եւ դժբախտաբար, մարդը Աստուծոյ՝ իր Արարչին կապող այս սերտ եւ կենսական առընչութիւնը կրնայ մարդուն կողմէ անտեսուիլ կամ մոռցուիլ, անգիտակցուիլ եւ կամ նոյնիսկ բացայայտօրէն մերժուիլ։ Նման դիրքորոշումներ կրնան շատ տարբեր մեկնակէտեր ունենալ. աշխարհիս չարին դէմ ընդվզում, կրօնական տգիտութիւն կամ անտարբերութիւն, աշխարհի եւ հարստութիւններու բազմատեսակ հոգեր, մտահոգութիւններ, զբաղումներ՝ հաւատացեալներու «գէշ օրինակ», հակակրօնական գաղափարներու հոսանքներ եւ վերջապէս «մեղաւոր մարդ»ուն կեց-ւածքը՝ որ վախէն տարուած կը խուսափի Աստուծմէ եւ խոյս կու տայ Անոր կոչէն։

«Ուրախութիւն՝ Աստուած որոնող սրտերուն». (ՍԱՂՄ. ՃԴ 3)։ Մարդը կրնայ Աստուած մոռնալ կամ ուրանալ եւ կամ մերժել զԱյն, սակայն Աստուած երբեք չի՛ դադրիր կոչելէ մարդը՝ Իր ձեռակերտը վերանորոգելու եւ վերստեղծելու իբրեւ «հոգեւոր ստեղծագործութիւն»։ Աստուած, ամէն պարագայի, կ՚ուզէ որ մարդը զԻնք որոնէ, ապրի եւ երջանկութիւնը գտնէ։

Աստուած միշտ պատրա՛ստ է երկխօսութեան մարդուն հետ որպէս Հայր…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 12, 2021, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Մարտ 15, 2021