ՄՇՏՆՋԵ­ՆԱ­ԿԱՆ ՃՇՄԱ­ՐԻ­ՏԸ

Եր­բեք խոր­հա՞ծ էք Աս­տու­ծոյ յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան վրայ. այն ճշմար­տու­թեան մա­սին՝ որ ան­փո­փոխ է եւ մշտնջե­նա­ւոր։ Ար­դա­րեւ մարդ­կա­յին մտքի ըմբռ­նո­ղա­կան կա­րո­ղու­թիւ­նը սահ­մա­նա­ւոր է։ Ան կը կար­ծէ հասկ­նալ եւ ըմբռ­նել ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը, բայց հա­զիւ մէկ մա­սը միայն կրնայ ի­մա­նալ։

Ան­բա­ւա­կան են մար­դոց բա­ռե­րը սահ­մա­նե­լու հա­մար Աս­տուած իր ամ­բողջ էու­թեամբ եւ բնու­թեամբ։ Եւ այս, ե­թէ խոր­հի մարդ, ո՜ր­քան յու­սա­հա­տա­կան է։ Մարդ միշտ յու­սա­խա­բու­թեան պի­տի մատ­նուի՝ այն­քան ա­տեն որ կար­ծէ, թէ հասկ­ցած եւ ըմբռ­նած է Աս­տուած ճշմար­տու­թիւ­նը իր լիու­թեամբ։ Աս­տուած ճշմար­տու­թեան մա­սին, մարդ միշտ թե­րու­թիւն մը պի­տի ու­նե­նայ, քա­նի որ իր մտա­յին ըմբռ­նո­ղու­թիւ­նը նեղ սահ­ման­նե­րու մէջ կը գոր­ծէ։ Մարդ­կա­յին էու­թեան ընդ­հա­նուր նկա­րա­գի՛րն է այս։

Մարդ որ­քան ալ փոր­ձէ ըմբռ­նել Աս­տու­ծոյ էու­թիւ­նը, ո՛չ ո­րա­կիչ բա­ռեր, եւ ոչ ալ ա­նոնց հա­մադ­րու­թիւ­նը կրնան նկա­րագ­րել ու պար­զել Աս­տու­ծոյ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը իր լիու­թեամ­բը։ Յու­սա­հա­տա­կան չէ՞ ա­սի­կա մար­դուս հա­մար, որ կը կար­ծէ, թէ կա­տա­րեալ, ան­թե­րի, մտա­պէս ա­մե­նա­կա­րող էակ մըն է ինք։ Եւ մարդ, Աս­տուած չէ, Ա­րա­րիչ ալ չէ, այլ պար­զա­պէս ա­րա­րած՝ իր Ա­րար­չին «նմա­նու­թեամբ» եւ Ա­նոր «պատ­կեր»ով ստեղ­ծուած։

«Ինք ըլ­լալ» տար­բեր բան է, «նմա­նիլ»՝ տար­բե՛ր։

Ը­սինք, թէ ո՛չ մէկ բառ կրնայ նկա­րագ­րել Աս­տուած իր ամ­բողջ էու­թեամբ եւ բնա­ւո­րու­թեամբ։ Եւ սա­կայն բա­ռեր կրնան օգ­նել մարդ­կա­յին մտքին, ըմբռ­նե­լու Աս­տուած ըստ մար­դուս ըմբռ­նե­լու սահ­մա­նա­ւոր կա­րո­ղու­թեան։

Ուս­տի մարդ պէ՛տք է որ խո­նար­հա­բար ըն­դու­նի, թէ Աս­տուած ա­ւե­լի մե՛ծ ի­րա­կա­նու­թիւն մըն է, քան մարդ­կա­յին մտքին կա­րո­ղու­թիւ­նը՝ ըմբռ­նե­լու հա­մար զԱյն։ Եւ ին­չո՞ւ հա­մար այս­պէս չ՚ըլ­լար, քա­նի որ մարդ «ա­րա­րած» է եւ Աս­տուած՝ ա­րա­րի՛չ։ Եւ ո­րե­ւէ բա­նի մը նմա­նիլ՝ այդ բա­նը ըլ­լալ չի նշա­նա­կեր եր­բեք։

Աս­տուած ի­րա­կա­նու­թիւ­նը լիա­պէս ըմբռ­նե­լու հա­մար մարդն ալ «աս­տուած» ըլ­լա­լու է, բայց ան միայն «մարդ» է՝ օժ­տուած «սահ­մա­նա­ւոր կա­րո­ղու­թիւն»նե­րով։

Տե­սէ՛ք, սի­րե­լի՜­ներ, Աս­տուած իր էու­թեամբ, իր նկա­րագ­րով ու բնու­թեամբ յա­ւի­տե­նա­պէս նո՛յնն է՝ մշտնջե­նա­ւոր եւ ա­նայ­լայ­լե­լի՛։ Աս­տուած միշտ նոյնն է եւ ան­փո­փոխ։ Այ­սու հան­դերձ իւ­րա­քան­չիւր ան­հա­տի «Աս­տուած»ը նոյ­նը չէ՝ Աս­տուած ի­րա­կա­նու­թիւ­նը կը տար­բե­րի ա­մէն մէկ ան­հա­տի հա­մար։ Ան­հատ­ներ ո՛ր­քան որ կը տար­բե­րին ի­րար­մէ ար­տաք­նա­պէս, ըստ ե­րե­ւոյ­թի, կը տար­բե­րին նաեւ ի­րենց մտքի ըմբռ­նո­ղա­կան կա­րո­ղու­թեամբ։ Եւ այս տար­բե­րու­թեան որ­պէս հե­տե­ւանք՝ կը տար­բե­րին ի­րար­մէ նաեւ աս­տուա­ծա­յին ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը, որ տպա­ւո­րուած է ա­մէն մէկ ան­հա­տի ե­րե­ւա­կա­յու­թեան մէջ։ Այս պատ­ճա­ռով՝ որ­քան որ մարդ կայ՝ այն­քան եւ նոյն­քան աս­տուա­ծա­յին ի­րա­կա­նու­թեան ըմբռ­նում կա՛յ։ Այս կը նշա­նա­կէ, թէ՝ մէ­կուն «Աս­տուած»ը ա­ւե­լի մեծ է քան միւ­սի­նը, մէ­կու­նը ա­ւե­լի բա­րի է քան միւ­սի­նը՝ իր բո­լոր սահ­մա­նե­լի եւ ըմբռ­նե­լի ստո­րո­գե­լի­նե­րո­վը։

Եւ իս­կա­պէ՛ս սա­կայն մար­դիկ ի­րե՛նք են տար­բե­րո­ղը եւ ո՛չ՝ Աս­տուած ինք, որ ա­նայ­լայ­լե­լի է՝ ան­փո­փոխ եւ յա­ւի­տե­նա­կան, ան­ժա­մա­նակ, ա­մէ­նու­րեք։

Ա­հա՛ այս կէ­տին է որ Յի­սուս մեծ եւ կա­րե­ւոր ազ­դակ մը կը հան­դի­սա­նայ մար­դուս՝ զԱս­տուած եւ իր ամ­բողջ էու­թիւ­նը, ի­րա­կա­նու­թիւ­նը եւ նկա­րա­գի­րը ճանչ­նա­լու եւ ըմբռ­նե­լու բա­նա­ւո­րա­պէս ա­ւե­լի ճշգրտօ­րէն քան ա­ռանց Ա­նոր։ Ան­շուշտ, պայ­մա­նաւ որ սա­կայն ըն­դու­նի մարդ Յի­սուս Քրիս­տո­սը իր իս­կա­կան էու­թեամբ՝ իբ­րեւ Որ­դի Աս­տու­ծոյ։

Եւ քրիս­տո­նէա­կան դա­ւա­նան­քի հիմ­նա­քարն է ար­դէն Յի­սուս Քրիս­տո­սի աս­տուա­ծու­թիւ­նը։

Ուս­տի Աս­տուած ի­րա­կա­նու­թիւ­նը ըմբռ­նե­լու միա՛կ մի­ջո­ցը՝ հա­ւա­տա՛լն է այն ճշմար­տու­թեան, թէ Յի­սուս Որ­դի՛ն է Աս­տու­ծոյ՝ տե­սա­նե­լի եւ թանձ­րա­ցեալ Աս­տուա՛ծ։ Եւ ե­թէ Որ­դին ու Հայ­րը նո՛յնն են, ա­պա ու­րեմն, ի՛նչ որ է մին, միւսն ալ նոյնն է։ Պարզ խօս­քով՝ քրիս­տո­նեա­յին Աս­տուա­ծը Յի­սուս Քրիս­տո­սի ան­ձին մէջ կը յայտ­նուի, կամ ը­սենք, Աս­տուած քրիս­տո­նեա­յին հա­մար ա՛յն է՝ ինչ որ է Յի­սուս Քրիս­տոս։

Ու­րեմն, այս կեր­պով, Յի­սուս դուրս հա­նեց, ար­տա­յայ­տեց Աս­տու­ծոյ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը մարդ­կա­յին մտքի ըմբռ­նո­ղու­թեան նեղ ու սահ­մա­նա­ւոր գի­ծէն, սահ­մա­նէն, եւ դրաւ զայն մարդ­կա­յին փոր­ձա­ռու­թեան լայ­նա­գոյն եւ մե­ծա­ծա­ւալ սահ­մա­նին մէջ։ Ը­սենք՝ հո­գիի աչ­քով տես­նե­լու կա­րո­ղու­թիւն տուաւ մար­դուն, որ­պէս­զի կա­րե­նայ տես­նել, ճանչ­նալ եւ ըմբռ­նել զԱս­տուած իր էու­թեամբ։

Աս­տու­ծոյ բնու­թեան եւ նկա­րագ­րին մա­սին բա­ւա­կան գո­հա­ցու­ցիչ բա­ցատ­րու­թիւ­նը եւ նկա­րագ­րու­թիւ­նը վե­րա­ծուե­ցաւ շօ­շա­փե­լի եւ տե­սա­նե­լի թանձ­րա­ցեալ «ի­րա­կա­նու­թեան» մը՝ Յի­սուս Քրիս­տո­սի մէջ։

Զոր օ­րի­նակ, երբ կը խորհր­դա­ծենք, կը խօ­սինք եւ հասկ­նալ կը փոր­ձենք Աս­տու­ծոյ բա­րու­թեան մա­սին, այդ բա­րու­թեան լիա­կա­տար ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը, ցուց­մուն­քը կը տես­նենք Յի­սուս Քրիս­տո­սի ան­ձին մէջ։

Նոյն­պէս՝ Աս­տու­ծոյ սէ­րը, եւ ա­նոր գե­րա­գոյն նպա­տակ­նե­րը մե­ղա­ւոր մարդ­կու­թեան հա­մար։

Աս­տու­ծոյ ի­մաս­տու­թիւ­նը ամ­բող­ջո­վին կը տես­նուի նաեւ Յի­սուս Քրիս­տո­սի մէջ։

Եւ ա­սի­կա նկա­տե­լի է նաեւ ու­րիշ կրօն­նե­րու պա­րա­գա­յին։ Զոր օ­րի­նակ, Պուտ­տա միայն քա­րո­զիչ մը չէ՛ Աս­տու­ծոյ մը, հա­պա «տի­պա՛ր» մը՝ իր ներ­կա­յա­ցու­ցած եւ կամ քա­րո­զած Աս­տու­ծոյն։ Ար­դա­րեւ պուտ­տա­յա­կա­նը՝ Պուտ­տա­յի «Աս­տուած»ը կը տես­նէ Պուտ­տա­յի ան­ձին մէջ։

Իսկ քրիս­տո­նեա­յին ճշմա­րիտ Աս­տուա­ծը Քրիս­տո­սո­վ յայտ­նուած եւ Քրիս­տո­սի մէջ ապ­րած Աս­տուա՛ծն է։

Եւ քրիս­տո­նեա­յին հա­մար այդ­քա­նը կը բա­ւէ։

Քրիս­տո­նեա­յին հա­մար աս­տուա­ծու­թիւ­նը՝ էա­պէս քրիս­տո­սա­բա­նու­թիւնն է, այ­սինքն ջանք մը զԱս­տուած հասկ­նա­լու, ճանչ­նա­լու եւ ըմբռ­նե­լու, կա­րե­նալ սահ­մա­նե­լու՝ Քրիս­տո­սը հասկ­նա­լով եւ սահ­մա­նե­լով, որ տե­սա­նե­լի եւ թանձ­րա­ցեալ Աս­տուա՛ծն է։

Եւ քրիս­տո­նեա­յին Աս­տուա­ծը ճշմա­րիտ է, քա­նի որ Քրիս­տոս ճշմար­տու­թիւն է։ Քրիս­տո­նեա­յին Աս­տուա­ծը յա­ւի­տե­նա­կան է, ո­րով­հե­տեւ Քրիս­տոս յա­ւի­տե­նա­կան է։ Այս ի­մաս­տով Քրիս­տոս եր­բեք «պատ­մա­կան» դէմք մը չէր՝ որ ե­կաւ ու ան­ցաւ այս աշ­խար­հէն, այլ եւ մա­նա­ւանդ՝ յայտ­նու­թի՛ւն մըն է Աս­տու­ծոյ յա­ւի­տե­նա­կան, մշտնջե­նա­ւոր ու ան­փո­փոխ ի­րա­կա­նու­թեան եւ ուս­տի Ինք՝ յա­ւի­տե­նա­կան իբ­րեւ մարմ­նա­ցեալ եւ կեն­դա­նա­ցեալ ճշմա­րիտ յայտ­նու­թեան ի­րա­կա­նա­ցու­մը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 11, 2016, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Ապրիլ 15, 2016