ԿԵՆԴԱՆԻ ՀԱՒԱՏՔԻ ԹԵՒԵՐ

Կենդանի հաւատքը՝ զօրաւոր եւ անկեղծ հաւատքը թեւեր ունի, արծիւի թեւեր եւ երբեք փլատակներու մէջ թաղուած, անշարժ չի՛ մնար։ Կենդանի հաւատքը, այս իմաստով, կ՚ապրի, կը շնչէ եւ կը խօսի, կեանք կու տայ եւ կը զօրացնէ հոգին, դիւրատար կ՚ընէ երկրաւոր կեանքը, որ բազմատեսակ նեղութիւններու, անհամար դժուարութիւններու մէջէն իրեն ընթացք մը, ելք մը, ուղղութիւն մը կ՚որոշէ։ Ուստի եթէ կենդանի հաւատքը չզօրացնէ մարդուս հոգին, այլապէս կեանքը տանիլ ո՜րքան դժուար ու անտանելի պիտի ըլլար։ Անպարտելի հաւատքը՝ աւերակներու մէջէն դէպի երկինք սաւառնելու ուժ կու տայ մարդուս։

Մարդ, ինքնին տկարութիւններ ու թերութիւններ ունեցող արարած մըն է, թէեւ աստուածանման, բայց ամենակորող, ամենակատարեալ չէ՛, ուրեմն պահանջքը կը զգայ վերին հոգածութեան մը, խնամութեան եւ զօրակցութեան։ Եւ այս զօրութիւնը ամենէն ազդու կերպով կը յայտնուի կենդանի հաւատքին մէջ՝ անկեղծ եւ զօրաւոր հաւատքին մէջ։

Եւ կենդանի հաւատքին մէջ Աստուած կը բնակի իր տիեզերական իմաստուն, բարի եւ սիրոյ կամքին վեհափառութեա՛մբը։

Զօրաւոր հաւատքը՝ որ ապրող, գործող, կենդանի հաւատքն է, միշտ վեր կը նայի, միշտ անդին կը տեսնէ, նեղութեան մէջ կը յուսայ լաւագոյն կեանքը, ժամանակաւոր է իր պարտութիւնը, եւ այդ ժամանակաւոր պարտութեան միջոցին երբեք չի վհատիր, չի յուսահատիր՝ մխիթարութեան մէջ լուսաբացին ակնկալութեամբը կ՚ապրի, կը տոկայ ամէն տառապանքի եւ կը համբերէ։ Արդարեւ համբերատարութիւնը կենդանի հաւատքին յատկանիշներէն մին է՝ համբերութեամբ պարտել ամէն նեղութիւն, ամէն դժուարութիւն եւ տառապանք, քանի որ այս հաւատքը «թեւաւոր հաւատք» է փոխաբերական իմաստով։

Կենդանի հաւատքը, թեւատարած թռչուններու հեռանկարը, ճշմարիտ եւ անկեղծ հաւատացեալին փորձառութի՛ւնն է որ կը խորհրդանշէ։

Ուստի այն «հաւատք»ը, որ թեւեր չունի հոգին վեր հանելու օրուան յուսախաբութիւններէն, չարերու լարած բազմատեսակ դաւերէն, կեանքի պատրաստած զանազան ցաւերէն, զրկանքներէն, վիշտերէն, ամէն տեսակ դժբախտութիւններէն, օրական ապրումներու խոնջէնքէն, այլապէս զայն կարելի չէ՛ «հաւատք» կոչել, քանի որ ան հաւատք չէ՛…։

Այսպիսի «հաւատք» մը հաւատք չէ, ինքնախաբէութիւն է, ինչպէս խաբէութիւն է՝ թեւերը կտրուած թռչունի մը թռչիլը կարծել, քանի որ թեւերը կտրուած թռչունը՝ «թռչուն» չէ՛ այլեւս։

Կենդանի, զօրաւոր հաւատքի ուժին փորձը լուսաւոր, պայծառ օրերու, երջանիկ կեանքի փորձառութիւնները չեն հայթայթեր, ուստի, կենդանի է այն հաւատքը՝ որ փլատակուած, կործանած խաւար կեանքի մը մէջ՝ թեւ կ՚առնէ եւ կը թռչի դէպի երկինք՝ դէպի Աստուած, որ իր նկարագիրը միշտ անայլայլ կը պահէ եւ երբեք չի՛ կորսնցներ՝ միշտ բարի, միշտ իմաստուն, միշտ սիրազե՛ղ։ Արդարեւ, կենդանի հաւատքը զօրաւոր կամքի, հաստատամտութեան արտայայտութիւնն է անկեղծ հաւատացեալին մէջ, հաւատարիմ՝ իր հաւատքին, անայլայլելի եւ մշտնջենաւոր հաստատ համոզումին։

Անկենդան հաւատք մը կը նշանակէ անյոյս կեանք մը՝ չորցած սիրտ մը, չորցած ճիւղի մը վրայ, ո՜րքան յատկանշական մարդկային փորձառութեան տեսարան մը…։

Առանց հաւատքի կեանք մը, կարծեմ, կը նշանակէ՝ չորնալ եւ չորցած անապատի մը մէջ ապրիլ, եւ եթէ իր իսկական իմաստով «ապրիլ» կարելի է որակել զայն։ Ուստի անհաւատ ապրիլ կը նշանակէ՝ կղզիանալ կեանքի ամէն տեսակ բարիքէն, շնորհներէն՝ որոնք կեանքը կ՚իմաստաւորեն, կեանքին նպատա՛կն են։

Աստուծոյ հետ մտերմութիւն մշակելու միակ կերպը՝ հաւատքն է. եւ անոնք որ աշխարհով գերագրաւուած կ՚ապրին իրենց կեանքը, երբ կը հրաժարին աշխարհէն որեւէ պատճառով, որեւէ տարիքի մէջ, եթէ ո՛չ ուրիշ շարժառիթով, կ՚անդրադառնան «մոռցուած» մեծ ճշմարտութեան, որ է Աստուա՛ծ։ Արդարեւ, Աստուած գտնելու եւ ճանչնալու համար անհրաժե՛շտ է հաւատքը, զԱյն տեսնելու համար հաւատալո՛ւ է։ Հաւատքով ապրուած կեանքը իրապէ՛ս ապրուած կեանք մըն է՝ առանձնութիւն առաւել Աստուած լաւագոյն է քան լիութիւնը կեանքի՝ առանց հաւատքի, առանց զԱստուած ճանչնալու։ Ուստի հաւատքը կը բարեփոխէ մարդուս ընդհանուր հոգեբանութիւնը, հոգեվիճակը։ Հաւատացեալը կը սիրէ ապրիլ սիրոյ մէջ, խաղաղութեան մէջ՝ առաքինի եւ արդար կեանք մը։ Հաւատացեալը ապագային կը նայի յոյսով, քանի որ անոր ներկան լուսաւոր է եւ կը լուսաւորէ նաեւ ապագան։ Ապագան, ապագային յո՛յսն է որ կեանքին իմաստ մը կու տայ, այն որ ապագան չի խորհիր, միայն ներկան կարեւոր է իրեն համար, կը կորսնցնէ կեանքը ապրելու երջանկութիւնը, քանի որ կեանքը միայն ներկան չէ՛, ապագան ալ կեա՛նքն է, եւ իսկական կեանքը։

Այս իմաստով, հաւատքը ներուժն է կեանքին՝ կեանքը իմաստաւորող, կեանքին արժէք ընծայող խորհրդաւոր, անպարտելի ո՛ւժ մը, զօրութիւն մը։

Ընդհանուր առմամբ, մարդկային կեանքի անձնագիրը հաւա՛տքն է. մարդ իր հաւատքով կը ճանչցուի, կը պատրաստուի եւ կ՚ապրի կեանքը, որ ինչպէս ըսինք, միայն ներկան չէ, այլ եւ մանաւա՛նդ ապագան։ Ուրեմն մարդ պէտք է ապրի հաւատքով՝ առանց վախի եւ անձկութեան ապագային նկատմամբ։

Մարդ ներկան կ՚ապրի՝ վաղուան հասնելու համար, մարդուս յոյսը այսօրուան յատուկ չէ, այլ՝ վաղուան, ապագայի՛ն։ Եւ հաւատքն է որ կը զօրացնէ յոյսը, իսկ երբ զօրաւոր է յոյսը, լուսաւոր կ՚ըլլայ ապագայ կեանքը։ Եւ դարձեալ, հաւատքն է որ ապահով կերպով մը մարդս կը փոխադրէ ապագային։

Ապագան տեսնելու համար մարմնական աչքը չի բաւեր, հոգեւոր աչքով պէտք է նայիլ. իսկ հոգեւոր աչքին լոյսը՝ հաւա՛տքն է, կենդանի զօրաւոր հաւատքը։ Եւ եթէ նիւթական աշխարհը կարելի է տեսնել մարմնական աչքով, հոգեւոր աշխարհն ալ կարելի է տեսնել հոգեւոր աչքով, որ հաւա՛տքն է։

Հաւատանք եւ ապրինք ապագա՛ն, երբ տակաւին կ՚ապրինք ներկան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 14, 2017, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յուլիս 15, 2017