ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ

Մարդ­կա­յին ան­հա­տա­կան եւ ըն­կե­րա­յին կեան­քին մէջ ա­նու­նը կա­րե­ւոր տեղ մը կը գրա­ւէ, քա­նի որ ան­հա­տը իր ա­նու­նով «ան­հատ» մը կ՚ըլ­լայ՝ կը զա­տուի եւ ինք­նու­թիւն կը ստա­նայ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մէջ, ու­րի­շէ մը կը տար­բե­րի, անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը կ՚ըլ­լայ եւ կը կան­չուի, կը յի­շուի իր ա­նու­նով։ Ա­նու­նը, այս բնու­թեամբ կը նոյ­նա­նայ ան­հա­տին հետ եւ ըն­կե­րու­թեան մէջ «ա­նուն»ով կը տար­բե­րի եւ կ՚ո­րո­շուի մարդ։ Ա­նու­նը ան­բա­ժան է ան­հա­տէն՝ էա­կան եւ ո­րո­շիչ դեր մը կը խա­ղայ ամ­բողջ կեան­քին մէջ։

Ուս­տի մարմ­նա­ցեալ եւ մար­դա­ցեալ Նո­րա­ծին Որ­դին Աս­տուած ալ, որ­պէս կա­տա­րեալ մարդ, պէտք էր ու­նե­նալ ա­նուն մը։ Եւ Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան եօթ­նե­րորդ օ­րուան լրու­մէն ետք՝ ութ­ե­րորդ օ­րը, Աս­տուած Որ­դին ըստ հրէա­կան օ­րէն­քին, թլփա­տու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան առ­թիւ ա­նուա­նա­կո­չուե­ցաւ, Մա­րիա­մի Ա­ւետ­ման օ­րը հրեշ­տա­կին հրա­մա­նին հա­մա­ձայն։

Ե­կէ՛ք սի­րե­լի­ներ, «Ա­նուա­նա­կո­չու­թիւն»ը տես­նենք Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեա­նի «Ծի­սա­կան բա­ռա­րան»ի մէջ յի­շուած տո­ղե­րուն հա­մա­ձայն։

«Ա­նուա­նա­կո­չու­թիւն.- Քրիս­տո­սի ա­նու­նին, այ­սինքն Յի­սուս ա­նու­նը դրուե­լուն յի­շա­տա­կու­թիւնն է։

«Յի­սուս կը թագ­մա­նուի Փրկիչ, ինչ­պէս հրեշ­տա­կին դնել հրա­մա­յուած էր Մա­րիա­մի Ա­ւետ­ման ա­տեն (ՂՈՒԿ. Ա 31), եւ ինչ­պէս ի­րօք ալ դրուե­ցաւ ծնե­լուն Ը. օ­րը՝ թլփա­տու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան առ­թիւ (ՂՈՒԿ. Բ 21), հրէա­կան օ­րէն­քին հա­մե­մատ։

«Ա­նուա­նա­կո­չու­թիւ­նը իբր ա­ռան­ձին տօն նշա­նա­կուած չէ Տօ­նա­ցոյ­ցին մէջ, այլ նոր օ­րա­ցոյց­նե­րը սո­վո­րու­թիւն ը­րին այս­պէս նշա­նա­կել Ծննդեան Ը. օ­րը՝ Յու­նուար 13-ին, փո­փո­խե­լով Տօ­նա­ցոյ­ցին նշա­նա­կած Թլփա­տու­թեան տօ­նը։

«Յի­սուս ա­նու­նը գոր­ծա­ծուած է սո­վո­րա­բար Ա­ւե­տա­րա­նին մէջ, բայց այժմ ա­ւե­լի գոր­ծա­ծա­կան է Քրիս­տոս ա­նու­նը, որ է Մե­սիա-Օ­ծեալ։

«Ա­ւե­տա­րա­նին մէջ Քրիս­տո­սի տրուած է նաեւ Էմ­մա­նուէլ ա­նու­նը (ՄԱՏԹ. Ա 23), հե­տե­ւե­լով Ե­սա­յեայ մար­գա­րէու­թեան (Ե­ՍԱՅ. Է 14)»։­

Եւ քա­նի որ Յի­սուս թլփա­տուած է ըստ հրէա­կան օ­րէն­քին, ու­րեմն տես­նենք, թէ ի՛նչ կ՚ը­սէ Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեան այդ մա­սին։

«Թլփա­տու­թիւն Տեառն.- Քրիս­տոս ու­զեց որ ի­րեն վրայ ճշդիւ կա­տա­րուին ա­մէն օ­րի­նա­կան պա­հանջ­նե­րը եւ ըստ այնմ թլփա­տուե­ցաւ ալ ու­թօ­րեայ ե­ղած ա­տեն (ՂՈՒԿ. Բ 21)։

«Տօ­նա­ցոյ­ցը Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան Ը. օ­րը (ութ­ե­րորդ օ­րը) Թլփա­տու­թեան տօ­նը կը յի­շէ, սա­կայն շա­րա­կան­նե­րու եւ եր­գե­րու մէջ բնա՛ւ այդ յի­շա­տա­կու­թիւ­նը չկայ։ Օ­րա­ցոյց­նե­րը կար­ծես խու­սա­փիլ ու­զե­լով թլփա­տու­թեան յի­շա­տա­կու­թե­նէն, ա­մէնն ալ միա­ձայ­նու­թեամբ -Տօն Ա­նուա­նա­կո­չու­թեան- կը գրեն։

«Տօ­նին օրն է՝ Յու­նուար 13 հաս­տա­տա­պէս, ո՛ր օրն ալ հան­դի­պի, եւ միան­գա­մայն հրա­մա­յեալ տօն է»։

«Հրա­մա­յեալ Տօն» կը կո­չուին այն օ­րե­րը որ հրա­մա­յուած է հան­գիստ ը­նել եւ ե­կե­ղե­ցի եր­թալ, աշ­խա­տու­թե­նէ դադ­րիլ եւ հո­գե­ւո­րու­թեամբ ան­ցը­նել օ­րը։ Ուս­տի «Հրա­մա­յեալ Տօն» են բո­լոր տար­ւոյն 52 կի­րա­կի օ­րե­րը, որ 53 կ՚ըլ­լայ ե­թէ տա­րին կի­րա­կիով սկսի։ Կի­րա­կի օ­րէն դուրս հան­գիստ ը­նե­լու հրա­մա­յեալ օ­րերն ալ «կի­րա­կի» կո­չուե­լուն, նոյն կա­նո­նին կը հպա­տա­կին։

Ուս­տի հրեշ­տա­կի խօս­քին հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով՝ Սուրբ Աս­տուա­ծա­ծի­նը եւ Յով­սէփ, Յի­սու­սը թլփա­տե­լով, ա­նուա­նա­կո­չե­ցին Յի­սուս։

Այս ա­նու­նը հա­մայն մարդ­կու­թեան առ­ջեւ «նոր էջ» մը բա­ցաւ, որ­պէս­զի «Ով որ հա­ւա­տայ Ա­նոր, չկոր­սուի, այլ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քը ժա­ռան­գէ»։ Ան նաեւ Նոր Կտա­կա­րա­նի մէջ մկրտու­թեան խոր­հուր­դը ու­նի։ Ըստ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ուղ­ղա­փառ Սուրբ Ե­կե­ղե­ցիին հաս­տա­տած կա­նո­նին, ու­թօ­րուայ նո­րա­ծին մա­նու­կը կը մկրտուի՝ Յի­սու­սի Թլփա­տու­թեան խորհր­դով եւ կ՚ա­նուա­նա­կո­չուի՝ Յի­սու­սի ա­նուա­նա­կո­չու­թեան խորհր­դով։

Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ տի­րա­հաս­տատ կա­նո­նը կը պա­հան­ջէ՝ մա­նուկ­նե­րը մկրտել ի­րենց ծննդեան ութ­ե­րորդ օ­րը եւ ա­նուա­նա­կո­չել զա­նոնք։

Ուս­տի մար­դու ա­նու­նը մեծ եւ կա­րե­ւոր դեր կ՚ու­նե­նայ ա­նոր ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քին։

Ար­դա­րեւ, Տի­րոջ ա­նուա­նա­կո­չու­թեամբ կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծա­յուե­ցաւ նաեւ մար­դու ա­նուան եւ ա­նու­նի խորհր­դա­նի­շին։

Հա­ւա­նօ­րէն Հին Կտա­կա­րա­նի մէջ ար­դէն այդ ա­մէ­նը ար­տա­ցո­լուած էր, սա­կայն Յի­սուս Քրիս­տո­սի «Ա­նուա­նա­կո­չու­թեան» շնոր­հիւ վե­րա­հաս­տա­տուե­ցաւ այդ ի­րո­ղու­թիւ­նը։ Եւ մեր օ­րե­րուն ալ, ժա­մա­նա՛կն է, որ­պէս­զի մենք ալ, հե­տե­ւե­լով Աս­տուա­ծաշն­չեալ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն՝ սուր­բե­րու աս­տուա­ծա­դիր ա­նուն­նե­րու, մեր Փրկչի ա­նուա­նա­կո­չու­թեան եւ Տի­րոջ կող­մէ՝ ա­ռա­քեալ­նե­րը նոր ա­նուն­նե­րով օժ­տե­լու եւ վե­րա­կո­չե­լու հաս­տատ փաս­տին, մեր զա­ւակ­նե­րու ա­նուն­նե­րը դնենք, ա­նուա­նա­կո­չենք այդ խոր­հուր­դով։ Գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­նանք, ըմբռ­նենք ա­նու­նի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը. ար­դա­րեւ ա­նու­նը մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նի մար­դու ամ­բողջ կեան­քի վրայ՝ թէ՛ ան­հա­տա­կան-ներ­քին կեան­քին եւ թէ՛ հա­սա­րա­կա­կան-ար­տա­քին կեան­քին վրայ։ Մա­նու­կի մը ա­պա­գայ կեան­քը կը ձե­ւա­ւո­րուի մեծ մա­սամբ իր ա­նու­նին ազ­դե­ցու­թեամբ, ա­նուան ի­մաս­տին նկատ­մամբ եւ ա­նու­նը կը նոյ­նա­նայ ան­ձին հետ եւ «անձ» եւ «ա­նուն» կ՚ըլ­լան մէ՛կ ար­ժէք։ Մար­դուս ինք­նու­թիւ­նը կ՚ո­րո­շուի իր ա­նու­նով եւ կը պահ­պա­նուի ու կը տե­ւա­կա­նա­նայ ա­նով։ Ա­մէն մարդ, որ աշ­խարհ կու գայ, կը ստա­նայ, կ՚ու­նե­նայ իր «էու­թիւն»ը, իր մատ­նա­հետ­քե­րը, դրոշ­մը, իր կեան­քը, իր սե­փա­կան ապ­րում­նե­րու «ծրա­գիր»ը եւ վեր­ջա­պէս՝ իր հո­գե­բա­նա­կան կա­ռու­ցուած­քը, կազ­մա­ւո­րու­մը եւ ա­նա­հա­տա­կա­նու­թի՛ւ­նը։

Աս­կէ կը հե­տե­ւի թէ իւ­րա­քան­չիւր ծնունդ, իր խոր­քին մէջ, աս­տուա­ծա­յին ծրագ­րի մը ուղ­ղա­կի միջ­նոր­դու­թեան ար­դիւնք է, աս­տուա­ծա­յին կամ­քին ի­րա­գոր­ծու­մը եւ ու­նի ան­պայ­մա՛ն պատ­ճառ մը, նպա­տակ մը եւ ի­մա՛ստ մը։

Ուս­տի Տի­րոջ Ա­նուա­նա­կո­չու­թիւ­նը նոր օրհ­նու­թիւն մըն է մեր զա­ւակ­նե­րուն, յա­ջորդ­նե­րուն հա­մար, նա­մա­նա­ւանդ ա­նոնց հա­մար որ հա­ւա­տա­րիմ են Աս­տու­ծոյ խօս­քին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նուար 8, 2017, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2017