ՀԵՐՈՍԻՆ ԿԵՂԾՆ ՈՒ ԻՐԱՒԸ
Այսօր եթէ մէկը ձեզի ըսէ, թէ հայրենասէր է, երբե՛ք չհաւատաք, որովհետեւ հայրենասիրութիւնը իսկութեան մէջ ամբողջութեամբ իմաստ ու նշանակութիւն ունի՝ քան այն ինչ որ այսօր կը կարծենք:
Պարզապէս իսկական հայրենասիրութեան ինչ ըլլալը գիտնալու համար բաւարար է նայիլ անցեալին, կարդալ հիները եւ տեսնել, թէ ինչպէս մարդիկ իրենց ընտանիքներէն, սեփական կեանքէն ու շահերէն առաջ ու վեր կը նկատէին հայրենիքն ու հայ ազգը եւ ի գին անոր փրկութեան յանձն կ՚առնէին զոհել անձնական կեանք, սէր ու վայելք: Մեր պատմութեան էջերը լեցուն են նման բազմաթիւ հերոսներով, որոնց անուններն անգամ անծանօթ են մեզի: Անձեր՝ որոնք քաջ գիտակցելով, որ կրնան երթալ կռիւի եւ առյաւէտ չվերադառնալ, առանց տատամսելու կ՚երթային դէմ դնելու թշնամիին, որովհետեւ քաջաբար կը գիտակցէին, որ առանց ազատութեան թէեւ մարմնապէս կենդանի, մահացածներ են իրենք: Անձեր՝ որոնք կռիւի դաշտ երթալու ժամանակ ո՛չ աշխատանք, ո՛չ կեանքի բնականոն առօրեայ, ո՛չ սեփական երջանկութեան մասին կը մտածէին, այլ իրենց հոգին ու սիրտը կենդրոնացուցած կ՚ըլլային ազատութեան գաղափարին, որուն համար հոգիով ու սիրտով կը կռուէին:
Վստահաբար այդ արիութեան մէջ մեծ դեր կ՚ունենար նաեւ ղեկավարներու դերը, որոնք պաշտօնական զգեստներով ամպիոններէն յայտարարութիւններ ընելու փոխարէն առաջին կռիւի դաշտ վազողները կ՚ըլլային եւ իրենց նուիրումով տիպար կը դառնային ուրիշներու համար։ Հայոց պատմութիւնը վկայ, որ հայ ինքնապաշտպանութեան կռիւները մղող առաջնորդները, որոնք ո՛չ միայն հրամայելով կը բաւարարուէին, այլ առաջինը յանձն կ՚առնէին արիւն թափել, որովհետեւ կեանքէն շատ աւելի սուղ կ՚արժէր անոնց համար հայրենիքը:
Սերտելով պատմութիւնը կը գտնենք երիտասարդներ, որոնք ուսում, ապագայ եւ աշխարհիկ գրեթէ ամէն բան մէկդի ձգած իրենց կեանքը նուիրած են հայրենասէր գործունէութեան. հակառակ իրենց երիտասարդութեան, հեռու մնացած են սիրահարուելէ, որովհետեւ գիտակցած են, որ սիրահարութիւնը արգելք մը կրնայ հանդիսանալ հայրենիքը ազատ տեսնելու սրբազան գործին մէջ։ Անոնք հեռու մնացած են իրենց ընտանիքներէն ու սիրելիներէն, որովհետեւ ազատ հողի գոյութիւնը մօր մը ծոցին չափ հանգիստ ու ապահով զգացում փոխանցած է իրենց:
Այսօր ո՞վ է հայրենասէրը. ա՞ն, որ զինուորական համազգեստով համացանցի իր էջը նկարներով ողողել կը փորձէ՝ մարդոց ցոյց տալու համար, որ ինք հայրենիքի համար «բան մը կ՚ընէ»։ Ա՞ն, որ հեռուէն հայրենիք կը կանչէ, սակայն պատերազմի ամենէն ծանր պայմաններուն նոյնիսկ իր մասնակցութիւնով իր հայրենասիրութիւնը գործով փաստելէ կը խուսափի: Ա՞ն, որ կը բաւարարուի կոչերով ու ճառերով «պատերազմ» մը մղել՝ առանց իր հանգիստը խանգարել ուզելու:
Ձեզի ըսեմ ո՛վ են իսկական հայրենասէրները:
Իսկական հայրենասէր էին անոնք, որոնք տուն ու տեղ, հանգիստ ձգած կ՚երթային հայկական գաւառներ՝ այդտեղ ապրող ժողովուրդին օգնելէ բացի մարտական պատրաստութիւններ կազմակերպելու: Կ՚երթային՝ քաջ գիտնալով որ կը հալածուին եւ այդ բոլոր արարքները կեանքի գնով իսկ կրնան վճարել: Հանգիստ անկողինը մէկդի ձգած, կ՚երթային լեռներ ու անտառներ՝ պատրաստուելու ապագայ յարձակումներու. կը ճամբորդէին երկրէ երկիր՝ հայ ժողովուրդին, հայոց բանակին պէտքերը հոգալու: Անձեր՝ որոնց հայրենիքը համազօր էր պատիւին ու Աստուծոյ:
Այժմ կը կարդամ նման հայրենասէրի մը՝ Վահան Փափազեանի յուշերը. անձ՝ որուն կեանքն ու յուշերը հայոց պատմութիւնն իսկ է:
Մեր թուականէն 120 տարիներ առաջ՝ 1903 թուականին Վահան Փափազեան զանազան քաղաքական հետապնդումներու պատճառով թաքստոցէն դուրս չէր գար եւ բոլոր քաղաքական անցուդարձներու կը հետեւէր մամուլի եւ կամ շուրջի բարեկամներու ճամբով: Սակայն այդ մէկը բաւարարութիւն չի տար իրեն. կ՚ուզէ անպայման ձեւով մը դուրս գալ տունէն եւ իր սեփական աչքերով քննել մթնոլորտը։ Քննելու կողքին կ՚ուզէր նաեւ լաւապէս սերտել քաղաքը՝ իր բոլոր մանրամասնութիւններով, անհրաժեշտութեան պարագային քաջատեղեակ ըլլալու համար: Իր այս ծրագիրը իրագործելու համար կ՚որոշէ ծպտուիլ որպէս եկեղեցական, քաջ գիտակցելով, որ ձախողելու եւ ձերբակալուելու պարագային կրնայ մինչեւ իսկ մահուան դատապարտուիլ:
Իր այս որոշումը իրագործելու համար Վահան Փափազեան բերել կու տայ գիւղի սարկաւագի զգեստները եւ թասակը գլխին, ատրճանակը մէջքին դուրս կու գայ փողոց: Անցորդներ «Օրհնեա՛ Տէր» կ՚ըսեն եւ ինք իր պաշտօնի բերումով «Աստուած օրհէ՛» մը ըսելով կը շարունակէ իր ճամբան:
Փափազեան կը հասնի քաղաք եւ կը սկսի իր շրջապտոյտը ընել. կ՚անցնի բանտին, կուսակալի կեցութեան վայրին, շուկային եւ քաղաքի կարեւոր փողոցներէն: Տեղ մը մոլեռանդներ «քէշիշ քէշիշ» ըսելով քար կը նետեն դէպի իր կողմ. Փափազեան առանց բորբոքելու բարեպաշտ եկեղեցականի մը նման «Տէր, թող դոցա, զի ոչ գիտեն զինչ գործեն» ըսելով կը շարունակէ իր ճամբան: Որոշ ժամանակ ետք իր բոլոր գործերը կարգաւորելէ ետք կը վերադառնայ իր թաքստոց:
Փափազեան ինչո՞ւ կարիք ունէր իր ազատութիւնն ու հանգստութիւնը կաշկանդելու եւ փախստականի կեանք մը վարելու, երբ կրնար հանգիստ ձեւով զեխութեան ու հաճոյքի մէջ իր կեանքը ապրիլ: Նոյն այդ հանգստութիւնը չէի՞ն կրնար վայելել այն անձերը՝ որոնք իրենց երիտասարդ կեանքը զոհաբերեցին ազատ ու անկախ հայրենիք մը տեսնելու եւ ունենալու համար:
Հայ զինուորներն ու հայոց բանակը մեզի համար հերոսներ են, սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ նոյնիսկ նահատակուողներէն շատեր իրենց պարտադիր զինուորութեան շրջանը կը կատարէին։ Ամբողջութեամբ ուրիշ բան է չունենալ պարտաւորութիւն եւ ինքնակամ կեանքի գնով մասնակցիլ պատերազմի՝ որուն վառ օրինակները այս անցնող մի քանի տարիներուն եւս տեսանք:
Մերօրեայ երիտասարդներէն ո՞վ պատրաստ է հայրենիքի գործին համար հրաժարիլ իր համացանցէն, իր ընկերային շրջանակէն, իր ընտանիքէն ու իր հանգիստէն. ո՞վ պատրաստ է մոռնալ աշխարհիկ բոլոր հաճոյքներն ու բարիքները եւ կեանք մը ամբողջ անցընել լեռներու, գաղթականութեան եւ պայքարի մէջ:
Այսօր մեր դպրոցներուն մէջ այդ զոհողութեան ոգիի փոխանցումն է, որ կը պակսի։ Անցեալին մայրը «Զարթի՛ր որդեակ»ով կը դիմէր իր զաւակին, որպէսզի դիմէ պատերազմի եւ իր պատիւով պաշտպանէ իր հայրենիքը. այսօրուան մայրերը սակայն ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որպէսզի պահեն ու խնայեն իրենց զաւակը: Վերջին պատերազմի ժամանակ զէնք ու զինուորական պարագաներէն աւելի առաջ ու կարեւոր պայքարի ոգին էր, որ կը պակսէր, որովհետեւ պատերազմի ժամանակ կորովը թիւէն շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենայ:
Հայաստանին պայծառացումը պիտի ըլլայ միայն այն ժամանակ, երբ նոր Փափազեաններ լոյս աշխարհ գան. երբ ունենանք երիտասարդներ, որոնց համար հայրենիքը աւելի կարեւոր է՝ քան կեանքը:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -369-
Հիներու յուշերն ու անցեալի պատմութիւնը կարդալով, կը տեսնենք, թէ ինչպէս նոյնիսկ դպրոցական պատանիներ՝ իրենց պայուսակներուն մէջ գաղտնի ձեւով զէնք ու զինամթերք կը տեղափոխէին հայ ֆետայիներուն համար: Այդ պատանիներուն մասին կարդալով անգամ կը զգաս, որ անոնց ունեցած հայրենիքի հանդէպ սէրը այսօր մեծահասակներն անգամ չունին:
Կարդացէ՛ք հայ մարտիկներու կենսագրութիւնները եւ պիտի տեսնէք, որ անոնք ո՛չ թէ յետոյ, այլ սկիզբէն՝ մանուկ հասակէն այդ հայրենասիրութեան ոգիով մեծցած անհատներ են: Այսօր մեզի այդ ոգին է, որ կը պակսի, որուն յարալէզները կ՚ուզենք դառնալ այսօր:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 01/16/2025
- 01/16/2025