ՄԱՐՄՆԻ ԳՈՐԾԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՈՒԱՍՏՈՒՄԸ՝ ԸՍՏ ԿՐՕՆԻ

Անձերու կամ մարդկային խումբերու վրայ կատարուող գիտական, բժշկական կամ հոգեբանական փորձարկումները կրնան սատարել հիւանդներուն բուժումին եւ հանրային առողջութեան յառաջդիմութեան։

Գիտական հիմնահետազօտութիւնը, ինչպէս նաեւ գործառնական հետազօտումը, յատկանշական արտայայտութիւն մը կը հանդիսանան մարդուն արարչագործութեան վրայ բանեցուցած տիրութեան։ Գիտութիւնը եւ արհեստագիտութիւնը թանկագին եւ օգտակար ներդրումներ են, երբ կը տրամադրուին մարդուն ծառայութեան եւ առաջ կը մղեն անոր ամբողջական բարգաւաճումը ի շահ բոլորին՝ ամբողջ հասարակութեան։

Այդ երկուքը սակայն առանձինն չեն կրնար ցուցանիշ ծառայել մարդկային գոյութեան եւ յառաջդիմութեան իմաստին։ Գիտութիւնը եւ արհեստագիտութիւնը նպատակադրուած են ի սպաս մարդուն, որմէ կը քաղեն իրենց ծագումը եւ աճումը անոնք մարդկային անձին եւ անոր բարոյական արժէքներու մէջ կը գտնեն իրենց նպատակին ուղեցոյցը եւ իրենց սահմանաւորութեան գիտակցումը։

Ցնորական՝ անիրակա՛ն է գիտական հետազօտութեան եւ անոր գործադրումներուն բարոյական չէզոքութիւնը պահանջել։

Այլուստ, արեւելումի չափանիշները ո՛չ կրնան քաղուիլ արհեստագիտական պարզ արդիւնաւորութենէն, ո՛չ այն օգտակարութենէն, զոր ոմանք կրնան քաղել ի վնաս ուրիշներուն, ոչ ալ աւելի վատ պարագային, գերիշխող գաղափարաբանութիւններէն։ Գիտութիւնը եւ արհեստագիտութիւնը իրենց ներհուն եւ խոհական նշանակութեամբ կը պահանջեն բարոյականութեան հիմնական չափանիշներուն եւ ստուգանիշներուն անպայմանաւոր յարգանքը։ Այդ երկուքը պարտին ըլլալ ի սպաս մարդկային անձին, անոր անլուծելի եւ անբռնաբարելի, անժամանցելի իրաւունքներուն, անոր ճշմարիտ եւ ամբողջական բարիքին, ըստ ծրագրին եւ կամքին Աստուծոյ։

Մարդկային էակին վրայ կատարուած որոնումները կամ փորձարկումները չեն կրնար օրինաւորել այնպիսի արարքներ՝ որոնք յինքեան հակառա՛կ են անձերուն արժանապատուութեան եւ բարոյական օրէնքին։

Անհատներուն պատահական հաւանութիւնը չ՚արդարացներ նման արարքներ։ Մարդկային էակին վրայ կատարուած փորձարկումը բարոյապէս օրինաւոր չէ՝ եթէ ենթակային կեանքը կամ ֆիզիքական եւ հոգեբանական ամբողջականութիւնը կ՚ենթարկուին անհամաչափ կամ զգուշանալի վտանգներու կամ սպառնալիքներու։

Մարդկային էակներու վրայ կատարուած փորձարկումը անձերուն արժանապատուութեան համապատասխան չէ, մանաւանդ երբ ան կը կատարուի առանց գիտակից հաւանութեան ենթակային կամ անոր վրայ իրաւունքներ ունեցողներուն…։

Մարմնի գործարաններուն պատուաստումը, այս կարգին, կարեւոր հարց մը կը ներկայացնէ՝ բարոյական օրէնքի նկատմամբ։

Մարդկային մարմնի գործարաններու պատուաստումը համապատասխան է բարոյական օրէնքին, եթէ տուողին կրած ֆիզիքական-մարմնական եւ հոգեբանական վնասները համաչափ եւ կշռութաւոր են այն բարիքին եւ օգտին՝ զոր պատուաստուողը կ՚ակնկալէ քաղել։

Գործարաններու նուիրումը մահէն ետք՝ ազնուական եւ արժանաւոր արարք մըն է՝ զոր պէ՛տք է քաջալերել որպէս վեհանձն համընկերութեան արտայայտութիւն։ Սակայն անիկա բարոյապէս ընդունելի չէ, եթէ նուիրատուն կամ անոր իրաւատէրերը չեն տուած իրենց բացայայտ հաւանութիւնը։

Այս հարցին՝ առաւել եւս, բարոյապէս անընդունելի է հաշմանդամցնող անդամահատութիւնը կամ մարդկային արարածի մը մահը ուղղակիօրէ՛ն պատճառելը, եւ ասիկա նոյնիսկ եթէ ուրիշ անձերու մահը ուշացնելու համար է։

Արդարեւ, բժշկութեան մէջ անյեղլի սկզբունք է. «Primum non nocere», «D'abord ne pas nuire» Hippoctares-էն աւանդուած, որ կը նշանակէ՝ «նա՛խ վնաս մի պատճառեր»։ Ուստի, վնաս մը ուրիշ վնասով կարելի չէ դարմանել՝ պէտք է յարգել ամէն իրաւունք, ինչպէս՝ առո՛ղջ մնալու իրաւունքը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2023