ՅՈՌԵՏԵՍՆԵՐՈՒ ԱՉՔՈՎ ԱՇԽԱՐՀ
Աշխարհի վրայ քիչ չէ՛ յոռետեսներու թիւը, որոնք սապէս կը խորհին. «Երանի՜ թէ տգէտներուն թիւը շատնար։ Ի՞նչ կը շահի եւ ի՞նչ օգուտ կը քաղէ աշխարհ գիտուններէն։ Տգէտը գոնէ բարի կ՚ըլլայ»։ Այս մտայնութիւնը կը կրեն ընդհանրապէս անոնք՝ որոնք կը տարուին այն մտածումէն՝ որ կը խորհի, թէ տգիտութիւնը երջանկութիւն է…։
Իրապէ՞ս տգէտը երջանիկ եւ գիտունը դժբա՞խտ է։
Եթէ այդպէս ըլլար, բոլոր անբան անասուններ երջանիկ պիտի ըլլային, բայց մե՜ղք որ անոնք ալ երջանկութեան գիտակցութիւնը չունին։ Իսկ գիտունը կրնայ ինքզինք ապերջանիկ զգալ, որովհետեւ գիտութեան արժէքին գիտակցութիւնը ունի եւ ինքզինք դժբախտ կը զգայ իր չգիտցածներով, քանի որ ճշմարիտ գիտունը գիտակցութիւնը կ՚ունենայ իր չգիտցածներուն։ Աւելի շատ գիտելիք ձեռք բերելու ջանքը կրնայ մարդը դժբախտ ընել, քանի որ գիտութեան սահմանը չկայ, եւ մարդ որքան «գիտուն» ըլլայ, ամէն օր նոր գիտելիքի մը կրնայ հանդիպիլ, եւ այդ գիտունը -աւելի լաւ է ըսել իմաստուն գիտունը- թէ՛ կ՚ուրախացնէ այդ նոր գիտելիքը եւ թէ՛ կը տրտմեցնէ՝ խորհելով թէ ինչո՞ւ աւելի առաջ չէր գիտեր այդ մէկը եւ թէ ո՛վ գիտէ տակաւին ինչ գիտելիքներ կան որ «անծանօթ» են իրեն։ Եւ այս պատճառով՝ սորվելու ամենամեծ արգելքը գիտնալ կարծելն է։
Ժամանակի մը մէջ, ուր դէպքերը այնքան աններդաշնակ եւ այլանդակ կերպով են դասաւորուած, անհնար է որ մարդկային սահմանափակ իմաստութիւնը չունենայ իր սայթաքումը իրերու եւ իրողութիւններու գնահատութեան եւ վերագնահատութեան մէջ։
Իմաստասիրական աշխարհահայեացները փոփոխական են, նման մտքի յարաշարժումին, իբր անխախտելի հետեւանքը կեանքի պարզած այլազան եւ երբեմն իրարու հակասական եւ իրերամերժ երեւոյթներու։ Այդ փոփոխականութիւնը եւ իրերամերժ հետեւանքները աւելի եւս կը շեշտուի, երբ երեւոյթներու վերլուծումը կը կատարուի մակերեսային թեթեւ հպանցումներով, հապճեպ ակնարկներով, երբ տիեզերական հիմնական եւ անյեղլի օրէնքները, որոնցմով իրերը եւ իրողութիւնները իրարու կը շղթայուին տրամաբանական օղակումներով, կը մնան անթափանցելի, անիմանալի խորհուրդներ։
Արդարեւ, ոչ ոք իրաւունք ունի արդիւնքներու մասին գանգատելու, առանց նկատի առնելու անոնց ծնունդ տուող իրական պատճառները։ Բնական օրէնք մըն է՝ ամէն արդիւնք պատճառ մը ունի, եւ փոխադարձաբար ամէն պատճառ արդիւնքի մը ծնունդ կու տայ։ Բնական ամէն արարք պատճառի մը արդիւնքն է։
Աստուած մարդը իմացական արարած ստեղծեց, անոր տալով արժանապատուութիւնը անձի մը՝ որ օժտուած է նախաձեռնութեամբ եւ իր գործերուն տիրապետութեամբ։ «Մարդը իմացական արարած է, եւ ասով՝ նման Աստուծոյ։ Ան ստեղծուած է ազատ եւ տէր իր արարքներուն», կ՚ըսէ Սուրբ Երանոս Լիոնցի։ Այսպէս, մարդկային արարքները երբ բանաւոր պատճառներու արդիւնք են, եւ կը պատշաճին մարդուն կոչումին, բարի են եւ օգտակար։
«Աստուած թողուց մարդը իր անձնական դատումին». (ՍԻՐ. ԺԵ 14), որպէսզի ան կարենայ անձամբ փնտռել ճշմարտութիւնը, փնտռել իր Արարիչը, փնտռել իր արարչութեան պատճառը, եւ ազատօրէն փարելով Անոր, հասնիլ լի եւ երանաւէտ կատարելութեան։
Այս կէտին ահաւասիկ կը յայտնուի ազատութեան հարցը՝ անոր սահմանները, գործածութեան կերպը եւ արժէքը։ Ազատութիւնը իմացականութեան եւ կամքին մէջ հաստատուած եւ արմատացած կարողութիւնն է գործելու կամ չգործելու, ընելու այս կամ այն, ինքնակամ վճռելու կատարելիք գործեր։ Ուրեմն կարելի՞ է, որ յոռետեսութիւնն ալ ազատութեան հարց մը նկատուի։ Ինքնակամութեամբ իւրաքանչիւր ոք տէր է իր անձին։ Մարդուն մէջ ազատութիւնը զօրութիւն մըն է աճումի եւ հասունութեան՝ ճշմարտութեան եւ բարութեան մէջ։
Ազատութիւնը կը հասնի իր կատարելութեան երբ կը կարգաւորուի դէպի Աստուած՝ մեր երանութիւնը։
Յոռետեսութիւնը ներհակ է Աստուծոյ կամքին, քանի որ Ան ամէն ինչ բարի է ստեղծած։ Իսկ յոռետեսութեան մէջ «բարի» գոյութիւն չունի, քանի որ յոռետես մարդու համար ամէն ինչ ժխտական է, ամէն ինչ «չար» եւ հակառակ իր կամքին։ Ուստի, այն ատեն որ ազատութիւնը վերջնականապէս չէ հաստատուած իր վերջնական բարիքին մէջ, որ Աստուած է, ան իր մէջ կը կրէ կարելիութիւնը «ընտրելու բարիին եւ չարին միջեւ», հետեւաբար կարելիութիւնը աճելու կատարելութեան մէջ եւ կամ սայթաքելու եւ մեղանչելու։
Ամէն կամովին կատարուած արարք վերագրելի է զայն կատարողին։ Մարդու մը արարքը կրնայ անուղղակիօրէն կամաւոր ըլլալ, երբ հետեւանքն է անտարբերութեան կամ անհոգութեան բանի մը հանդէպ, զոր ան պարտաւոր էր ճանչնալ կամ ընել, ինչպէս, զոր օրինակ, արկածի մը պատագային, զոր կը գործեն ճամբուն օրինագիրքը չգիտնալուն պատճառով։ Հետեւանք մը կրնայ չուզուիլ, բայց թոյլ տրուիլ զայն գործողին կողմէ, ինչպէս ուժասպառումը մօր մը՝ սնարին մօտ իր հիւանդ զաւկին։
Գէշ հետեւանքը վերագրելի չէ մէկուն, եթէ այն չէ ուզուած ո՛չ իբր նպատակ եւ ո՛չ ալ գործի միջոց, ինչպէս մեռնիլը՝ վտանգի մէջ գտնուող անձի մը օգնութեան հասնելու ատեն։ Որպէսզի գէշ հետեւանքը մէկու մը վերագրելի ըլլայ, հարկ է որ ան ըլլայ նախատեսանելի՝ հաւանական, իսկ զայն գործողը կարելիութիւնը ունենայ անկէ զգուշանալու. ինչպէս գինով վիճակի մէջ գտնուող շարժավարի մը կողմէ գործուած մարդասպանութիւնը։
Ազատութիւնը կը կիրարկուի մարդկային արարածներուն փոխյարաբերութիւններուն մէջ։
Մարդկային իւրաքանչիւր անձ, ստեղծուած ըստ Աստուծոյ պատկերին, ունի բնական՝ ընդոծին իրաւունքը ճանչցուելու իբրեւ «ազատ եւ պատասխանատու էակ»։ Ուստի, բոլոր մարդիկ պարտին իւրաքանչիւրին հանդէպ յարգանքի այս պարտականութիւնը ունենալ։ Այս իրաւունքը պէտք է ճանչցուի քաղաքականապէս եւ պաշտպանուելու է հասարակաց բարիքին եւ հրապարակային կարգին տուեալ սահմաններուն մէջ՝ հաւատարիմ մնալով օրէնքին։ Ազատութիւնը կը համընկնի ճշմարտութեան եւ բարիին զգացումին հետ։
Եւ բոլոր այս իրողութիւնները մարդուս ցոյց կու տան, թէ յոռետեսութիւնն ալ, իր ազատութեան սահմաններուն մէջ մարդուս իրաւո՛ւնքն է ընտրելու համար, այն պայմանով որ յանձն առնէ անոր հետեւանքները եւ ունենայ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն այդ մասին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 5 2022, Իսթանպուլ