ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁ ՄԸ՝ ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ

Կեանքը արդեօք անվերջ կրկնութիւններու ամուլ շրջան մը կամ անհասանելի նպատակի մը ընթա՞ցքն է։

Երբ հապճեպ ակնարկ մը նետենք անցեալին եւ զայն բաղդատենք ներկայ ժամանակով՝ պիտի տեսնենք, որ շատ բան չէ փոխուած, միայն անձեր եւ միայն արտաքին երեւոյթներ, բայց ըստ էութեան նո՛յն տեսարանն է, որ կը պարզուի մեր առջեւ։

Զոր օրինակ, անցեալի մէջ տղաք այս շրջանին կը դիմաւորէին վերամուտը՝ դպրոցական նոր շրջանը, գրեթէ նոյն հոգեվիճակով, նոյն զգացումներով եւ նո՛յն յուզումներով։ Արդարեւ, տարիներ առաջ ի՛նչ որ կը զգայինք, նոյնը կը զգան այսօր տղաք եւ երիտասարդներ նոր եւ կամ նորոգուած շրջանի մը սկզբնաւորութեան։

Ուրեմն, նո՛յնն է բեմը, դերը եւ փոխուած են միայն դերակատարները։ Եւ երբ բեմը եւ դերը նոյնն է, ապա ուրեմն դերակատարներ կը կրկնեն այն ինչ որ նախապէս բեմադրուած էր։ Եւ այս պարագային՝ արդարացի պէտք է նկատել այն կարծիքը՝ թէ կեանքը կրկնութիւններու ընթացք մըն է։ Չէ՞ որ սորվիլն ալ՝ նախապէս գիտցուածներուն վերյիշումն է, եւ մարդ սորվեցնելով կը սորվի, այսինքն կ՚ամրացնէ իր գիտութիւնը եւ կը զարգացնէ զայն։

Արդարեւ, կեանքը կը սուրայ՝ ժամանակը արագ կ՚անցնի, բայց կարելի չ՚ըլլար վերջնականապէս հասնիլ մտադրուած նպատակի մը եւ այդ կը շարունակէ սերունդէ՜ սերունդ։ Ասիկա, արդարեւ «ամուլ շրջան» մը չէ՞…։

Ուստի, եթէ դար մը առաջ ապրող մարդը, յարութիւն առնէր այսօր, պիտի չհաւատար աչքերուն ի տես խելապտոյտ պատճառող մարդկային յառաջդիմութեան։ Ան պիտի ըսէր մեծ զարմանքով եւ հիացումով. «Շա՜տ մեծ ոստումներ է ըրեր մարդկութիւնը վերջին շրջաններուն…», եւ յետոյ երբ խորանար պատահարներուն մէջ, պիտի աւելցնէր նաեւ. «բայց չէ փոխուեր բան մը՝ մարդուն իսկական էութիւնը, մարդուն զգացումները, հոգեբանութիւնը՝ մարդը մի՛շտ նոյն մարդն է, միայն անոր արտաքին երեւոյթը, ապրելակերպը փոխուեր է. նպատակը նոյնն է՝ միջոցները միայն փոխուեր են, ի՛նչ որ բնական է կեանքի ընթացքին մէջ…»։

Այսօր, վերամուտին, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, չէ՞ք խորհիր որ տարիներ առաջ մեր զգացածները, մեր ապրածները, այսօր տղաք եւ երիտասարդներ չեն զգար կամ չեն ապրիր…։ Այսօր մենք մեր յիշատակներուն մէջ կ՚ապրինք այդ օրերը, իսկ այսօրուան տղաքը եւ երիտասարդները՝ ներկային մէջ եւ ապագայի մտահոգութիւններու մէջ։ Այսօր, թերեւս, հարիւր տարուան մէջ հազարամեակներ բոլորած կը թուի մարդկութիւնը, եւ սակայն մարդը մնացած է նո՛յն մարդը ըստ էութեան։ Արտաքինով փոխուած բայց ներքնապէս անփոփո՛խ մնացած։

Կեանքը, արդարեւ, չափազանց արագ կ՚ընթանայ, միշտ աւելի արա՛գ, միշտ աւելի վիթխարի, բայց հարցը սա է. մարդ, արդեօք նոյն արագութեամբ կրցա՞ծ է փոխուիլ ներքնապէս՝ հոգեպէս։

Մարդ միտքով կրնայ զարգանալ, բայց եթէ հոգեպէս ալ չէ փոխուած նոյն համեմատութեամբ, հոն պակաս մը, անկատարութիւն մը կա՛յ։ Ուստի, մարդ կատարեալ է եւ անթերի, երբ թէ՛ մտապէս եւ թէ հոգեպէս բարեփոխուած է։ Հոս ուրիշ հարցում մը եւս ահաւասիկ. քաղաքակրթութիւնը՝ որ նորանոր հորիզոններ է բացած մարդուս առջեւ, ո՞րքան կրցած է փոխել անոր ներաշխարհը՝ հոգին, զգացումները։

Ահաւասիկ, վերամուտը առիթ մըն է մտաբերելու, հարցնելու եւ պատասխան սպասելու այս մասին։ Ուստի, «վերամուտ»ը պարզապէս «օր» մը չէ, այլ՝ անկիւնադարձ մը՝ հանգրուա՛ն մը։ Երանի՜ անոնց որ կ՚անդրադառնան վերամուտի այս կարեւոր հանգամանքին։

Արդարեւ, «վերամուտ»ը ո՛չ միայն ներկայի տղոց կամ երիտասարդներուն համար, այլ ամէն շրջանի, ամէն դիրք եւ աստիճանի մարդոց համար բարեպատեհ առիթ մըն է նորոգուելու՝ նորոգելու իր կեանքի ընթացքը՝ սկիզբ մը ընդունելով զայն  եւ անկիւնադարձ մը միաժամանակ։ Մարդ յաճախ նորոգուելու եւ նորոգելու պահանջքը կը զգայ իր կեանքը, եւ ահաւասիկ առի՛թ մը՝ «վերամուտ»ը խորհելու եւ խորհրդածելու այդ մասին։

Վերամուտը, ուրեմն, միայն դպրոցական նոր շրջանի մը սկիզբը չէ, այլեւ նոր կեանքի մը սկիզբը։ Եթէ վերամուտը դպրոցական նոր շրջանի մը սկիզբը կ՚ընդունուի, ապա ուրեմն շատ բնական է որ նոր կեանքի մըն ալ սկիզբը ըլլայ, քանի որ կեանքը՝ ինք դպրո՛ց մըն է՝ որուն աշակերտներուն համար տարիք երբեք խնդրոյ առարկայ չէ՝ բոլոր մարդիկ այդ դպրոցին բնական աշակերտներն են անխտի՛ր։

Այսօր, վերամուտի այս օրուան մէջ ժամանա՛կն է խորհելու՝ թէ մեր ներքին խաղաղութիւնը կրնայ գերին դառնալ «մեքենայ»ին՝ եթէ ողջմտութեամբ չշարժինք։ Քաղաքակրթութեան ընծայած ամէն մեքենայ «բարի ծառայ» մը, միջոց մըն է եւ պարտի ըլլալ։ Ուստի պէտք չէ՛ շփոթել նպատակը եւ միջոցը իրարու հետ։ «Մեքենայ» մը մարդուս առօրեան քաղցրացնելու, դիւրատար ընելու միջոց մըն է, եւ արդարեւ ճարտարարուեստ եւ մեքենայ՝ հանգըս-տաւէտութեան եւ դիւրութեան միջոցներ են լոկ, եւ կը ծառայեն, կեանքը մարդուս դիւրատար, հեշտ եւ հաճելի ընելու՝ բայց ո՛չ երբեք երջանկացնելու…։

Ուրեմն, մարդուս արտաքին աշխարհը եւ ներաշխարհը համընթաց եւ ներդաշնակ ըլլալու են. քաղաքակրթութիւնը մարդուս իրապէս օրհնութիւններ բերած է եւ կը շարունակէ բերել, տարակոյս չկա՛յ այս մասին, բայց մարդ պէտք է գիտակցի նաեւ թէ քաղաքակրթութիւն, մտաւոր զարգացում, ուսում, թեքնիք՝ ասոնք առանձինն մարդս չեն երջանկացներ երբեք։

Վերամուտը, ահաւասիկ, այս մասին խոր-հըրդածելու յարմարագոյն ժամանակը եւ առի՛թն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 12, 2018, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2018