ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՈԳԻՆ - Բ -

«Առանձնասենեակին մէջ փիլիսոփայ, եկեղեցիին մէջ եկեղեցական ապրեցէ՛ք»։ Այս խօսքը իր մէջ կը բարացուցէ բո՛ւն իսկ հոգեւորականը։ Ուստի Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեանի համար կրօնքը ո՛րքան «աստուածային յայտնութիւն» մըն է, ա՛յնքան ալ «ընդունակութիւն»՝ մարդուն կողմէ այդ յայտնութիւնը ըմբռնելու եւ իւրացնելու։ Այս իմաստով, հաւատքը, բնածին զգացում մը ըլլալէ աւելի, «լուսաւոր գիտակցութեան» եւ գիտական հիմքերու վրայ խարսխուած խորունկ համոզո՛ւմ մըն է։

Ուրեմն երբ յաճախ կը կրկնուի հոգիի եւ մտքի ներդաշնակութեան անհրաժեշտութիւնը, եւ կ՚ըսուի, թէ ամէն հոգեւորական «մտաւորական» է նաեւ, եւ ա՛յդպէս ըլլալու է, եւ անշուշտ փոխադարձաբար՝ ամէն մտաւորական «հոգեւորակա՛ն» է իր ամենալայն իմաստով։ Եւ ողջամիտ ամէն մտածող հոգեմտաւոր աշխատութիւն մը կը կատարէ, քանի որ հոգին եւ միտքը համընթաց են եւ անբաժա՛ն իրարմէ։

Ահաւասիկ այս իրողութեան կատարեալ տիպարներէն մի՛ն է Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեան՝ որուն մէջ կ՚ապրէր Թարգմանիչ վարդապետներու ոգին։

Եւ ո՜րքան բնական է անգամ մը եւս յիշել Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեանը՝ ներկայ մշակոյթի շաբթուան օրերուն մանաւա՛նդ։

Ահաւասիկ, Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեանի բեղուն գրիչէն «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ»ը։

Ս. ՍԱՀԱԿ ԵՒ Ս. ՄԵՍՐՈՊ

«Դժուարին է քանի մը տողերով պատկերացնել կամ նկարել այս երկու մեծ դէմքերն, որոնց վրայ ամէն տարի նոր նոր ճառագայթներ կ՚աւելնան՝ զանոնք գեղեցկապէս այլակերպելու չափ։ Սակայն եւ այնպէս ժամանակը որքան ալ հեռացնէ զանոնք մեզմէ, միշտ միեւնոյն ընտանի թերափներն են անոնք մեր սրտին պաշտելութեանը մէջ, ու հիմա՝ իրենց տօնին յիշատակովը հպարտացած՝ ուժգին բաբախումներով կ՚ողջունենք զիրենք։

«Իրենց կեանքն ու գործը ազգայնութեան մը գերազանց արտափայլումն ունեցան. իրենց կը պարտինք մեր դպրութեան ամենէն պերճախօս էջերը. իրենք եղան մայրենի եկեղեցւոյն կրկնակ սիւներն՝ Յաքումն ու Բոոզը՝ հաստատութիւնն ու զօրութիւնը։ Մէկը հայրապետական աթոռի՝ միւսը նահապետական արօրի մը մօտ ծնած, ա՜հ, ինչպէս յաջողեցան վերանալ հաւասար բարձրութեան մը՝ ուր Սինայի մը չափ որոտում կայ եւ Թաբորի մը չափ սքանչացում։

«Գաղտնիքն ա՛յն է որ երբեմն երկուքն ալ տա՜ք տա՜ք արցունքներով իրարու հետ լացին, հո՛ւր հո՛ւր երազներով մէկտեղ հմայեցին, սուրբ սուրբ մըր-մունջներով մէկտեղ աղօթեցին, եւ ինչո՞ւ այս ամէնը, - որպէսզի Աստուած հայերէն խօսի, որպէսզի օտար լեզուներու - յունարէն եւ ասորերէն - խղուըրտիւնէն թմրած չորս հարիւր տարիներէ ի վեր Աւետարանին ծառայող ժողովուրդը Աստուծոյ տաճարէն դուրս չելլէ այնպէս՝ ինչպէս իր նախնիքը կ՚ելնէին Արմաւիրի սօսիներուն անտառէն, սօսափիւն ու սարսափ տանելով իրենց հետ քան թէ սիրոյ երկնային ազդում մը, որպէսզի Լուսաւորչի զաւակները հոգեկան զմայլումով ողջունէին Յաւիտենականին մէկ նոր Յայտնութիւնն ալ հայեցի բառերով ու շեշտերով ու անոնց համար նորագոյն Ուխտի մը չափ արժէք ունենար այն։ Ա՛լ այնուհետեւ թերեւս օտարոտի բան մը պիտի չունենար Աստուած։

«Այս խորհուրդով եւ համոզումով մեծ ընտանիքին զոհարար այդ հայրերն, իրենց գրիչները իրարու շփելով՝ կրօնքի սրբազան կրակը անգամ մ՚ալ վառեցին, ու անոր լոյսէն շլացած՝ իրաւունք ունեցան այնպէս երեւելու, ինչպէս կը նկարագրէ զիրենք մօտէն դիտող երջանիկներէն մին - Կորիւն-. ո՛չ այնպէս զուարճանայր Մովսէս յէջս Սինէական լերին։ - Ի՜նչ անպատում խնդութիւն ամենուն սրտէն կը յորդէր, երբ երկնաւոր երկնատուր հանճարներուն դիւթութեամբը - Մովսէսը մարգարէական դասով, Պօղոսը առաքելական գունդով հայաբար - բառ եւ հայերէնախօս եղան։

«Այդ գեղեցիկ յաջողութեան արդիւնքը տակաւին նոյն այն բերկրանքով կը համակէ զմեզ, ամէնքս ալ փորձն առած ենք այդ գերագոյն վայելքին. Գրի գիւտն ու Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը մոգական արուեստն եղաւ այդ երկու մեծ հոգիներուն։

«Հոս պահ մը կանգ առնենք սակայն, եւ երկու կարեւոր դէպքներու վրայ դարձնենք մեր ուշադրութիւնը։

«Նախ՝ չկարծենք թէ իրարմէ անբաժան յիշատակուող այս երկու անձնաւորութիւններն՝ պիտի կարենային առանձին մնալով օգտակար ըլլալ այնպէս՝ ինչպէս կը գնահատենք այսօր իրենց մատուցած ծառայութիւնը։

«Պէտք է խոստովանիլ թէ առանց Մեսրոպի գուցէ Սահակ իր տոհմին բոլոր ազնուականութեամբը իր հայրապետական պաշտօնին բովանդակ պատկառանքովը, մշակուած մտքին լայն սաւառնումներովը, անբիծ հոգիի ջերմ խանդաղատանքովը, չկարենար նորանշան լոյս մը սփռել իր դարուն վրայ, այլ՝ իր տեսիլքին համեմատ, Վաղարշապատի եկեղեցւոյն սեղանին վրայ ծալլուած -Բեհեզէ Նափորտ-ը փոշիներու մէջ թողլով՝ իր պարկեշտ մարմինը հանգչեցնէր օր մը Աշտիշատի հողին տակ։ Այն ատեն իր հօրմէն, Ս. Ներսէսէն, սա տարբերութեամբ միայն ապրած պիտի ըլլար որ, ժողովուրդին ճակատագրին առջեւ միշտ Գեբազի կողմը դարձաւ, իսկ տղան Գարիզինին, նա իր արդա՛ր զայրոյթներուն մէջ անէծք ունէր՝ սա իր արցունքներուն մէջ օրհնութի՛ւն։ Այո՛, առանց Մեսրոպի՝ հայ դպրութեան ընձեռած բարիքէն կէս բաժին մ՚ունենալու փառքը պիտի պակսէր Սահակին։

«Միւս կողմէ, առանց Սահակի՝ Մեսրոպն ալ իր - անլոյս արգելանքի - բովանդակ հայեցողութեամբը, - աշխարհական կարգերու - բոլոր հմտութեամբը, անկքելի կամքին պինդ մաքառումներովը, տրտում հոգերուն անվերջ ցաւերովը՝ գուցէ առառաւելն պարզ կրօնաւորի մը անո՜ւշ բուրումը ծաւալէր մեր պատմութեան քանի մը թափթփած թերթերուն մէջ, ու ինքը՝ տեսլական քարին վրայ թողլով գիրն ու գրոցը, իր կենդանութեան - գետնատարած անկողինը - տանէր փռէր Օշականի մո՜ւթ քնարանին խորը…»։

- Յաջորդաբար պիտի շարունակուի Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեանի «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ»ը։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 12, 2017, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2017