ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԸ

Ընկերութիւն մը ամբողջութիւնն է անձերու, որոնք զօդուած են իրարու օրկանական կապով՝ միութեան սկզբունքի մը համեմատ, որ գեր ի վեր է քան անոնցմէ իւրաքանչիւրը։

Ընկերութիւն մը ըլլալով միանգամայն տեսանելի եւ հոգեւոր համախմբում մը, կը համընթանայ ժամանակին մէջ. ան կը ներփակէ անցեալը եւ կը պատրաստէ ապագան։ Անով, իւրաքանչիւր մարդ «ժառանգորդ» կարգուած է. կ՚ընդունի «մնասներ», որոնք կը ճոխացնեն իր ինքնութիւնը եւ զորս պարտի շահագործել։

Իրաւամբ ուրեմն, իւրաքանչիւր մարդ պարտի անձնուիրում ունենալ այն հասարակութիւններուն հանդէպ, որոնց մաս կը կազմէ, ինչպէս նաեւ յարգանք՝ այն իշխանութիւններուն, որոնք պատասխանատու են «հասարակաց բարիք»ին։

Իւրաքանչիւր հասարակութիւն կը սահմանուի իր նպատակով եւ հետեւաբար կը հնազանդի յատուկ կանոններու, սակայն «մարդկային անձ»ը՝ է՛ եւ պէ՛տք է ըլլայ նախասկիզբը, ենթական եւ նպատակը ընկերային բոլոր հաստատութիւններուն։

Կարգ մը ընկերութիւններ, ինչպէս ընտանիքը եւ ոստանը՝ ինքնօրէն քաղաքը, աւելի անմիջականօրէն կը համապատասխանէ մարդուն բնութեան։ Անոնք անհրաժե՛շտ են մարդուն։ Ապահովելու համար մեծագոյն թիւով անձերու մասնակցութիւնը ընկերային կեանքին, հարկ է քաջալերել ստեղծումը ընտրովի ընկերութիւններուն եւ հաստատութիւններուն. «տնտեսական, մշակութային, ընկերային, մարզական, ժամանցային, արհեստաւորական, քաղաքական նպատակներով, թէ՛ քաղաքական հաստատութիւններէն ներս, թէ՛ ալ համաշխարհային գետնի վրայ»։ Այս «սոցիալականացում»ը կ՚արտայայտնէ նաեւ բնական ձգտումը, որ կը մղէ մարդիկը ընկերութիւն կազմելու՝ հասնելու համար նպատակներու, որոնք կը գերազանցեն անհատական կարողութիւնները, կը զարգացնէ յատկութիւնները անձին, մանաւանդ՝ անոր նախաձեռնութեան եւ պատասխանատուութեան ոգին։ Կը սատարէ մարդուն իրաւունքները երաշխաւորելու. (J. J. Rousseau, «Du Contrat Social ou Principes du Droit Politique»

«Սոցիալականացում»ը կը ներկայացնէ նաեւ վտանգներ։

Շատ առաջ մղուած միջամտութիւնը պետութեան՝ կրնայ սպառնալ անհատական ազատութեան եւ նախաձեռնութիւններուն։ Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը մշակած է սկզբունքը, որ կը կոչուի «օժանդակիչ գործակցութիւն»։ Ըստ ասոր, «աւելի բարձր կարգի ընկերութիւն մը ներքին կեանքէն ներս, զրկելով զայն իր ներքին կեանքին մէջ ձեռնհասութիւններէն, այլ ան նախընտրաբար պէտք է անոր թիկունք կանգնի՝ կարիքի պարագային եւ օգնէ անոր՝ համադրելու իր ընելիքը ընկերութեան մաս կազմող միւս տարրերուն գործին հետ, ի շահ հասարակաց բարիքին»։

Արդարեւ, Աստուած չէ ուզած միայն Իրեն պահել բոլոր իշխանութիւններուն գործածութիւնը։ Ան իւրաքանչիւր արարածին կը յանձնէ պաշտօններ, զորս ան կարող է կատարել իր բնութեան կարողութիւններուն եւ տարողութեանը համեմատ։ Կառավարումի այս գործելաձեւին պէտք է հետեւիլ ընկերային կեանքին մէջ։

Աշխարհը կառավարելու Աստուծոյ վարուելակերպը, որ ցոյց կու տայ այնքան մեծ նկատառութիւն մարդկային ազատութեան հանդէպ, պէտք է ներշնչէր իմաստութիւնը անոնց, որոնք կը կառավարեն մարդկային հասարակութիւնները։ Ասոնք պէտք է վարուին իբրեւ պաշտօնեաներ աստուածային նախախնամութեան։

Օժանդակիչ գործակցութեան սկզբունքը հակառա՛կ է հաւաքական սեփականութեան ամէն տեսակ կերպերուն. սոյն սկզբունքը կը գծէ սահմանները պետութեան միջամտութեան։ Ան կը ձգտի ներդաշնակելու անհատներուն եւ ընկերութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները։ Ան կը միտի հաստատելու իսկական միջազգային կարգավիճակ մը։

Արդարեւ, ընկերութիւնը անհրաժե՛շտ է մարդկային կոչումին իրականացումին համար։ Հասնելու համար այս նպատակին, հա՛րկ է որ յարգուի արդար դասակարգումը արժէքներուն, որոնք ֆիզիքական եւ բնազդային տարածքը կ՚ենթակարգեն ներքին եւ հոգեւոր տարածքին։ Միջոցներուն եւ նպատակներուն հակաշրջումը, որուն հետեւանքով, իբրեւ վերջնագոյն արժէք կը դասաւորուի ինչ որ անոր նպաստող միայն «միջոց» մըն է, կամ անձերը կը նկատուին իբրեւ պարզ միջոցներ՝ հասնելու համար նպատակի մը, ծնունդ կու տայ անարդար կառոյցներու, որոնք կը դժուարացնեն եւ գործնականապէս անկարելի կը դարձնեն քրիստոնեայ վարք մը՝ որ համապատասխան ըլլայ Աստուածային Օրէնսդրին պատուիրաններուն։

Առանց շնորհքին օգնութեան, մարդ պիտի չգիտնայ ինքզինք…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2023