ՀԱՅՈՑ ՎԻՃԱԿԸ ՕՂԻԻ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ
Մի քանի օրեր առաջ ականջալուր եղայ երկու հարբածներու խօսակցութեան՝ որոնք օղիի ազդեցութեան տակ հայ ազգին, ինչպէս նաեւ Արցախին խնդիրները լուծել կը փորձէին: Պետական մարմինները այնքան լուրջ քննարկում ու վերլուծում չէին կատարած՝ ինչքան այդ երկու ընկերները, որոնք իրարու ամբողջութեամբ հակառակ համոզումներ ունենալով հանդերձ համամիտ էին միմեանց կարծիքներուն:
Մին համոզուած կը բարձրաձայնէր. «Կը տեսնէ՛ք, այդ հողերը դարձեալ մեզի պիտի ըլլան». միւսը տարակարծիք այս արտայայտութեան «գացածը չի գար» մը կ՚ըսէր, սակայն հակառակ իրարու հակասող արտայայտութիւններուն միմեանց հետ կը շարունակէին համակարծիք մնալ. փա՜ռք օղիին:
Անոնցմէ մին սակայն հայ ազգի պարտութեան հիմնական պատճառը գտնել ձեւացաւ եւ շատ ինքնավստահ ձեւով սկսաւ խօսիլ.
«Մեր պատմութեան հիմնական պատճառը գիտե՞ս ինչ է... եթէ ոչ ըսեմ. ապաշխարութիւն: Մեր ազգը Աստուծմէ եւ հաւատքէն շատ հեռացաւ եւ մոռցաւ ապաշխարել: Եթէ այսօր մեր ազգը ապաշխարած ըլլար, այս պարտութիւնը չէինք ունենար: Չե՞ս կարդացած կամ լսած, թէ ինչպէս Երուսաղէմի մէջ չորս հազար հոգինոց բանակը կռուեցաւ երկու հարիւր հազար հոգինոց բանակին դէմ եւ յաղթեց: Եթէ մենք այսօր ապաշխարած ըլլայինք, կարեւոր չէ, թէ որքան ուժ ունի թշնամին կա թիւով ինչքան է. մենք յաղթական դուրս կու գայինք»:
Հակառակ իր ծայրայեղ գինովութեան, սկսաւ խօսիլ իր ապաշխարութեան մասին. իր ունեցած հոգեւոր կեանքին ու հաւատքին մասին. եկեղեցի չ՚երթար, սակայն ամէն օր շնորհակալութեան աղօթք մը կը բարձրացնէ առ Աստուած. իր այդ մեծ զոհողութեան դիմաց հարբեցողութիւնը որպէս մեղք պիտի չնկատուէր. վերջապէս ապաշխարած էր:
Կարգը ընկերոջն էր.
«Մեծն Տիգրանի օրերէն ինչ հող որ կորսնցուցինք «պիտի վերադառնայ» ըսինք, սակայն մինչեւ այսօր վերադարձ չտեսանք. խնդիրը ապաշխարութեան եւ կամ ուժի հետ ալ կապ չունի. մեր տղաքը լաւ ալ ուժ ունէին: Այս բոլորը մեր խելքէն վեր բաներ են, բոլորը ծրագրուած. մեր խելքը չի հասնիր: Դարձեալ կու գան կամ ոչ չեմ գիտեր, բայց ես այսօր ամօթով կ՚ապրիմ։ Պարտուածի զգացում մը կայ մէջս... բայց վստահ եմ մեր զաւակները, երիտասարդութիւնը այս բոլորին վրէժը պիտի լուծէ»:
Կարգը ապաշխարածինն էր.
«Ի՜նչ երիտասարդութիւն եղբայր. այս ծնողներուն ինչ ըրին, ինչ եղաւ չեմ գիտեր: Երիտասարդութեան հոգը չէ հիմա հայրենիք, ազատութիւն, արժէքներ. ամէն մէկուն խելքը մէկ կողմ գացած է. այդ ինթերնէթ ըսուածին մէջ կորսուեր գացեր են: Մայրերը իրենց զաւակները լաւ հայրենասէր չեն դաստիարակեր: Եթէ այդ մայրերը ապաշխարեն տե՛ս ինչպիսի սերունդ կ՚ունենանք եւ այն ժամանակ Աստուած մեզի հետ կ՚ըլլայ։ Իսրայէլի ժողովուրդը ծովին ճեղքուիլը տեսաւ, ժայռէն ջուր դուրս գալը տեսաւ բայց չհաւատաց, չապաշխարեց, կը տեսնես ինչ կ՚ըլլայ: Մեր ժողովուրդն ալ կը տեսնէ, բայց չի հաւատար Աստուծոյ. օր մը կարդացի, որ ինչպէս Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ ազգի փրկութեան համար Աստուծոյ հարցում կը հարցնէ...»:
Միւսը միջամտեց. նիւթը լուրջ էր.
«Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ չէր, ինչ բանո՞վ Աստուծոյ հայութեան մասին պիտի հարցնէ»:
«Բայց չէ որ ինքը բերաւ քրիստոնէութիւնը Հայաստան, հարցուցած է Աստուծոյ հայ ազգի փրկութեան մասին. ըսած է Աստուած, ինչո՞ւ համար հայ ազգին չես օգներ. Աստուած պատասխանած է. հայ ազգը ինքն իրեն օգնել չ՚ուզեր, ես ինչպէ՞ս օգնեմ: Հիմա դուն ըսէ, Աստուած ինչպէս պիտի օգնէ մեզի մեր այս վիճակին մէջ»:
Որոշ ժամանակ լուռ ու մտահոգ դիրքով մնալէ ետք անոնցմէ մին այլ մեղաւոր մը գտաւ.... մեղաւորը ես էի: Անոնցմէ մին հարցուց իմ պսակուած ըլլալս կամ չըլլալս. չպսակուիլս մեծ մեղք մըն էր.
«Ես քու տարիքիդ արդէն երկու հատ մեծ տղաք ունէի. կ՚ըլլա՞յ չպսակուիլ. եթէ ես չպսակուիմ, դուն չպսակուիս այս ազգը ինչպէ՞ս պիտի գոյատեւէ ու սերնդագործէ. չեմ հասկնար, մարդ եթէ պիտի չպսակուի, զաւակներ պիտի չունենայ որո՞ւ համար պիտի ապրի եւ կամ ինչո՞ւ պիտի ապրի: Ես 18-19 էի արդէն ծնողներս պսակեցին զիս, հիմա նոյնը ես պիտի ընեմ մեր Արսէնին։ Արդէն ընկերուհի մը ունի, կ՚երթանք նշանի մատանին կը դնենք, թող պսակուին իրենք իրենց համար ապրին. ես եթէ չպսակուէի, հիմակուան նման տուն-տեղ չէի կրնար ըլլալ, ամէն օր դուրսերը խմելով ու աղջիկներուն հետ կ՚անցընէի ժամանակս»:
***
Լաւապէս կը գիտակցիմ, որ հակառակ հարբած ըլլալուն, այս մարդիկ ցաւ մը կը զգան հայ ազգին համար. գուցէ իրենց խօսածները շատ անգամ անիմաստ ու «ծիծաղելի» թուին, սակայն այս մարդիկն են, որ հայ ազգին ցաւով կ՚ապրին. իրենք են որ իրապէս կը զգան կորուստին ինչ ըլլալը: Կը ցաւին, կը խօսին, առանց գիտակցելու, որ ամէ՛ն դէպք ու երեւոյթ որոշ ժամանակ ետք «բնական» պիտի դառնայ իրենց համար, որովհետեւ կեանքը այդ մէկը պիտի պարտադրէ եւ այս մարդիկ խմելով այդ ցաւին մասին պիտի խօսին՝ որուն դարմանը այնքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -370-
Մի քանի օրեր առաջ Լիբանանէն Հայաստան այցելութեան եկաւ բարեկամուհի մը՝ իր ութը տարեկան դստեր հետ: Մանուկը հեռուէն տեսնելով Արարատ լեռը մատովը ցոյց տալով ըսաւ.
-Մամաս խօսք տուաւ, օր մը ինծի Արարատ լեռ պիտի տանի:
Մայրը անպատասխան չձգեց.
-Բացառիկ առիթով մը պիտի տանիմ:
Այն ժամանակ երբ եղածն անգամ կը կորսնցնենք, շատեր չեղածին վերադարձին հաւատքովը կ՚ապրին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 01/16/2025
- 01/16/2025