ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԿՈՒՌՔԵՐ
«Ահա ամէնը սնոտի են, գործերնին ոչինչ է, անոնց ձուլածոյ կուռքերը հով եւ ունայնութիւն են». (ԵՍԱՅԻ ԽԱ 29)։
Կուռք՝ իր ամենալայն առումով կը նշանակէ. չաստուածներու արձան՝ պաշտումի առարկայ։ Կուռքերը այն արձանները եւ պատկերներն են, որոնք մարդիկ կը շինեն եւ կը գծագրեն, գործածելով նիւթը եւ ներկը՝ անոնց աղօթելու եւ զանոնք պաշտելու համար…։
Աստուծոյ խօսքը կ՚ըսէ, թէ՝ ձուլածոյ կուռքը ստութիւն է, անոնք հոգի չունին, անոնք ունայնութեան եւ խաբէութեան գործեր են, անոնցմէ մի՛ վախնաք, որովհետեւ չարիք մը չեն կրնար հասցնել, ոչ ալ բարիք ընելու կարող են. (ԵՐԵՄ. Ժ 4-5)։ Ասոր նման կը գրէ Պօղոս առաքեալ. «…գիտենք որ կուռքը ո՛չինչ է աշխարհի վրայ, եւ որ Մէկէն զատ ուրիշ Աստուած մը չկա՛յ»։
Եւ ուրեմն, կուռքը ո՛չինչ է, ստութիւն է, ունայնութիւն է, ինքնախաբէութիւն է։ Մարդուս իր ձեռքով շինուած նիւթը՝ կուռքը պաշտել, անկէ բարիք ակնկալել պարզապէս ինքնախաբէութիւն է՝ միամտութեան հետեւանք։ Արդարեւ, կուռքը ո՛չ կրնայ բարիք գործել, ո՛չ ալ կրնայ չարիք հասցնել։ Ա՛յս է Աստուծոյ խօսքը։ Ուրեմն, արձաններուն, պատկերներուն աղօթողներ, զոհ մատուցողներ, յարգանք ցուցնողներ, զանոնք համբուրողներ՝ ոչինչին կ՚ընեն այդ բաները, կորսնցնելով եւ վատնելով իրենց ժամանակը, հատցնելով իրենց շունչը, վատնելով նաեւ իրենց դրամը։
Իր գագաթնակէտէն իսկ անդին անցած գիտութեան զգլխիչ, հմայիչ, շլացնող լոյսի այս դարուն մէջ, բոլորովին ընդվզեցուցիչ բան է տեսնել միլիոններով մարդիկ՝ որոնք տակաւին կուռքերու կը ծառայեն։ Մարդիկ, ընդհանրապէս իրենց ստեղծած կուռքերը կը պաշտեն։ Կուռքերը կ՚աստուածացնեն։ Դժբախտաբար ազատամտութեան, լայնախոհութեան հոսանքներէ տարուելով, մարդիկ ոչինչ կը համարեն ամէն սրբութիւն, ամէն բարձրութիւն։ Եւ զարմանալի է, որ «հաւատացեալ» ըլլալ՝ կռապաշտութեան հետ կը շփոթեն եւ լոյսի մէջ տակաւին կը խարխափեն։ Նիւթեղէն, անկենդան, ձեռագործ արձաններու փառք եւ պատիւ ընծայելով ուսամբարձ կը կրեն զանոնք։
Եւ աւելին՝ մարդը կուռքի կը վերածեն, համբաւ, հռչակ վերագրելով մարդը կ՚աստուածացնեն՝ պաշտելու աստիճան կը մեծարեն զայն։ Ի՞նչ տարբերութիւն կայ կուռքի մը եւ աստուածացուած մարդու մը միջեւ, քանի որ միակ պաշտելին միա՛յն Աստուած է, եւ Անկէ զատ աստուած չկա՛յ։
Հոգեւոր կուրութիւն, խաւարամտութիւն է կարծեցեալ աստուածներ ստեղծել եւ զանոնք պաշտել, անոնցմէ օգուտ սպասել, եւ նոյնքան անխոհեմութիւն, անզգամութիւն է մարդը աստուածացնել, մարդը Աստուծոյ հաւասարացնել եւ մարդուն Աստուծմէ զատ աստուածներ ստեղծելուն տեղի տալ։ Երբ Աստուած գոյութիւն ունի, ուրիշ ո՛չ մէկ բան կրնայ աստուածանալ եւ Աստուծոյ փառքը ունենալ։
Իրական դէպք մըն է, որ կը պատմուի։
Ընտանիք մը՝ տասն տարեկանի մօտ մանչ զաւակով։
Ամուսինը՝ իր կինը եւ զաւակը, իրենց ամբողջ գոյքերովը կնոջ ինքնաշարժին մէջ կը դնէ եւ կ՚ըսէ.- այլեւս այս տան մէջ գործ չունիք։ Եւ անոնք կը ղրկէ։ Խեղճ կինը իր զաւակով, մօրը տունը կը դառնայ լքուած եւ ճարահատ հեռաւոր քաղաք մը։
Մայր եւ աղջիկ հետաքրքրութեամբ կ՚ուզեն պատճառը հասկնալ այս անիմաստ վտարումին։
Ենթադրութիւններ, վարկածներ իրար կը յաջորդեն… Ի վերջոյ կը յանգին երկու հաւանական պատճառներու։
Կինը կը հեռաձայնէ իր ամուսնոյն եւ կ՚ըսէ իրենց երկու կասկածները։
Ամուսինը կ՚ուրանայ երկու կասկածով իրեն վերագրուած յանցանքը։ Ասոր վրայ կինը կը պատասխանէ ամուսնոյն.- Վաղը առաւօտ, մեր ամենօրեայ աղօթած եկեղեցին գնա՛, եւ այսինչ անուն արձանին առջեւ կանգնէ, եւ բարձր ձայնով ըսէ անոր, որ դուն, մեր ենթադրած եւ կասկածած երկու յանցանքներէն անպարտ ես…։
Իրական իմաստով, հաւատացեալի մը համար ո՜րքան անընդունելի է «արձան»է մը օգուտ սպասել. ո՜րչափ անիմաստ, ո՜րչափ ողորմելի համոզում, ո՜րչափ հոգեւոր կուրութիւն, ի՜նչ սաստիկ խաւար, որպէս թէ քարը հոգի եւ միտք ունեցող «անձ» ունենար…
Աստուած կարելի՞ է բովանդակել կամ պարփակել արձանի մը կամ պատկերի մը մէջ։
Բայց մարդ անտեսանելի հոգեւորին հետ միշտ կ՚ուզէ եւ կը կարօտի նիւթական միջնորդ մը։ Ասիկա մարդկային տկարութեան, թերութիւններու եւ անկատարութեան մէկ հետեւանքն է։ Այս իմաստով, արձաններ եւ նկարներ «կամուրջ»ներ են նպատակին հասնելու։ Ուստի, պէտք է զանազանել միջոցը եւ նպատակը։ Աղօթքը ո՛չ թէ արձանին, ո՛չ թէ նկարին, այլ պէտք է Աստուծոյ ուղղուի, քանի որ Ան միայն կրնայ գոհացում տալ մարդուս պահանջներուն։
Տեսանելի «կուռք»երու առջեւ աղօթողներ կ՚արդարացնեն իրենք զիրենք, ըսելով.- կ՚աղօթենք այդ արձաններու ետին կեցող կենդանի էակներուն։
Ի՞նչ կը խորհիք սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, արձաններուն եւ պատկերներուն ետին իսկապէ՛ս «կենդանի էակներ» կա՞ն։ Լուսամիտ հաւատացեալը կրնա՞յ ընդունիլ այսպիսի բան…
Լաւ է յիշել դարձնեալ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի խօսքը, թէ՝ պէ՛տք է հասկնալով հաւատալ, եւ հաւատալով հասկնա՛լ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 01/16/2025
- 01/16/2025