ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԲԱՐԻՔ

«Ո՜վ մարդ, ո՞վ զիս դա­տա­ւոր կամ ի­րա­ւուն­քի բա­ժա­նա­րար կար­գեց ձեր վրայ» (ՂՈՒԿ. ԺԲ 14)։

­Յի­սու­սի կը մօ­տե­նայ անձ մը եւ կ՚ու­զէ որ իր եղ­բօր հետ ու­նե­ցած ժա­ռան­գի խնդի­րը լու­ծէ եւ ժա­ռան­գու­թիւ­նը բաժ­նէ, քա­նի որ իր եղ­բայ­րը կ՚ու­զէ տի­րա­նալ ամ­բողջ ժա­ռան­գին եւ զրկել զինք իր ար­դար ի­րա­ւուն­քէն։ Յի­սու­սէ կը պա­հան­ջէ մի­ջամ­տել եւ ար­դա­րու­թեամբ բաժ­նել ժա­ռան­գը, որ­պէս­զի ստա­նայ իր բա­ժի­նը։

Յի­սուս կը պա­տաս­խա­նէ. «Ո՜վ մարդ, ո՞վ զիս դա­տա­ւոր կամ ի­րա­ւուն­քի բա­ժա­նա­րար կար­գեց ձեր վրայ»։ Յե­տոյ ժո­ղո­վուր­դին դառ­նա­լով, կը շա­րու­նա­կէ. «Նա­յե­ցէք եւ զգու­շա­ցէ՛ք ա­գա­հու­թեան բո­լոր տե­սակ­նե­րէն, ո­րով­հե­տեւ մար­դու մը կեան­քը կա­խեալ չէ՛ իր ամ­բա­րած հարս­տու­թե­նէն»։

­Բա­ցա­յայտ է, որ Յի­սուս միշտ օգ­նած եւ գո­հա­ցում տուած էր բո­լոր ա­նոնց՝ ո­րոնք կու գա­յին ու կը խնդրէին ի­րեն։ Բայց այս ան­գամ մեր­ժեց օգ­նել եւ գո­հա­ցում տալ ժա­ռան­գի մա­սին պա­հանջ­քին եւ լու­ծել հար­ցը։ Ար­դա­րու­թիւն, ի­րա­ւունք, հա­ւա­սա­րու­թիւն… այս ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը մինչ­դեռ հիմ­նա­կան եւ էա­կան տար­րերն էին Յի­սու­սի վար­դա­պե­տու­թեան։ Երբ մէ­կը ար­դա­րու­թիւն, ի­րա­ւունք եւ հա­ւա­սա­րու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար կը դի­մէր Յի­սու­սի, ա­պա ին­չո՞ւ կը մեր­ժէր զայն եւ չէր ու­զեր գո­հա­ցում տալ ա­նոր եւ լու­ծել հար­ցը, քա­նի որ ի վեր­ջոյ «ար­դա­րու­թեան հարց» մը կար։

Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեան, իր «Հա­մա­պա­տում»ին մէջ կ՚ը­սէ, թէ Յի­սուս այդ խնդրան­քը մեր­ժեց եր­կու գլխա­ւոր պատ­ճառ­նե­րով։

Նախ որ միա՛յն բա­րե­րա­րու­թեան գործ մը չէր ա­ռա­ջար­կուա­ծը, այլ օ­րի­նա­կան եւ դա­տա­կան գործ մը, ուս­տի պէտք էր միւս եղ­բայրն ալ լսել, թէ ի՛նչ պատ­ճա­ռով կը զլա­նար եղ­բօր բա­ժի­նը, կամ թէ ի­րօք բո­ղո­քո­ղը զրկեալ մըն էր. թէ ոչ այս կեր­պով խաղ մը դարձ­նե­լու, կա­ցու­թիւ­նը շա­հա­գոր­ծե­լու միտք ու­նէր։ Հե­տե­ւա­բար Յի­սուս մեր­ժեց եւ պա­տաս­խա­նեց. «Ե՞րբ լսե­ցիր, որ այս երկ­րին մէջ դա­տա­ւո­րի պաշ­տօն ստանձ­ներ եմ, որ ին­ծի բո­ղոք կ՚ը­նես, կամ թէ եր­բէն ե՞րբ ես ժա­ռան­գու­թիւն­ներ բաժ­նե­լու եւ ի­րա­ւա­րա­րի գործ եմ բա­ցած, որ ին­ծի կը դի­մես եւ կը պա­հան­ջես որ հար­ցը լու­ծեմ»։­

Երկ­րորդ պատ­ճա­ռը բա­րո­յա­կան էր։

Յի­սուս շա­րու­նակ այս աշ­խար­հի բա­րի­քը ա­նար­գե­լու, ինչ­քէ ու ստա­ցուած­քէ հրա­ժա­րե­լու, միա՛յն բա­րո­յա­կան եւ հո­գե­ւո­րա­կան բա­րիք­նե­րու հե­տա­մուտ ըլ­լա­լու, բա­րո­յա­կան բա­րիք­ներ փնտռե­լու քա­րո­զու­թիւնն էր խօ­սած եւ բնաւ ի­րեն չէր յար­մա­րեր եր­կու եղ­բայր­նե­րուն «նիւ­թա­կան շահ»ո­վը զբա­ղիլ, մէ­կուն կամ միւ­սին ա­ւե­լի առ­նե­լուն օգ­նու­թիւն ը­նել, որ է ը­սել ա­գա­հու­թեան զգա­ցում­ներ եւ մի­տում­ներ քա­ջա­լե­րել։ Ա­հա ա՛յդ է Յի­սու­սի ը­սա­ծը.

«Ա­մէնքդ ալ զգոյշ ե­ղէք դրամ եւ հարս­տու­թիւն ձեռք ձգե­լու ա­գահ մի­տու­մէ, քա­նի որ մար­դուն ճշմա­րիտ կեան­քը եւ հոգ­ւոյն օ­գու­տը շատ ինչ­քեր ու­նե­նա­լէն չէ»։

­Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեան այս եր­կու պատ­ճառ­նե­րը ցոյց կու տայ, Յի­սու­սի մեր­ժու­մին հա­մար։ («Հա­մա­պա­տում», յօ­դուած 153)։­

Ար­դա­րեւ ա­ռա­ջին պատ­ճա­ռը մե­զի կը յի­շեց­նէ Յի­սու­սի այն խօս­քը, որ կ՚ը­սէ. «Գա­ցէք եւ ի՛նչ որ կայս­րին կը պատ­կա­նի՝ կայս­րին տուէք, եւ ի՛նչ որ Աս­տու­ծոյ՝ Աս­տու­ծոյ տուէք» (ՄԱՏԹ. ԻԲ 21)։­

Ու­րեմն այն ի՛նչ որ հո­գե­ւոր կեան­քի կը պատ­կա­նի, այն հո­գե­ւոր կեր­պով, հո­գե­ւո­րա­կան սահ­ման­նե­րու մէջ պէտք է նկա­տի առ­նուի եւ զա­նա­զա­նուի այն ա­մէն հար­ցե­րէն՝ ո­րոնք աշ­խար­հա­յին են։

Տար­բեր մօ­տե­ցու­մով՝ ա­մէն հարց իր պայ­ման­նե­րուն մէջ, իր օ­րէնք­նե­րով եւ դրու­թեամբ պէտք է լու­ծուի եւ այս մա­սին պէտք չէ մի­ջամ­տու­թիւն ըլ­լայ մէ­կուն կող­մէ՝ միւ­սին։ Կեր­պով մը ա­սի­կա՝ չափ ու սահ­ման գիտ­նա­լու, պար­տա­կա­նու­թեան եւ ի­րա­ւունք­նե­րու վա­յել­ման մէջ չա­փա­ւո­րու­թեամբ եւ կշի­ռով շար­ժիլ կը նշա­նա­կէ։ Ո­րե­ւէ հար­ցի մը լու­ծու­մը պէտք է թո­ղուլ այդ հար­ցին ի­րա­կան պաշ­տօ­նա­տա­րին կամ պա­տաս­խա­նա­տուին եւ հե­ռու մնալ ան­տե­ղի եւ շատ ան­գամ վնա­սա­կա՛ր մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րէ։ Ուս­տի ան­գամ մը եւս յի­շենք այն ժո­ղովր­դա­կան ա­սա­ցուած­քը, որ կ՚ը­սէ. «Չա­փա­ւո­րու­թիւ­նը կէս Աս­տուած է»։ Եւ այս չա­փա­ւո­րու­թիւ­նը պէտք է ըլ­լայ ա­մէն մար­զի մէջ…։

Ա­հա­ւա­սիկ, Յի­սուս իր այս «մեր­ժում»ով դաս մը կու տայ մե­զի՝ թէ պէտք է հա­ւա­տա­րիմ մնանք մեր ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րուն եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան սահ­ման­նե­րուն եւ «չա­փա­ւոր» ըլ­լանք մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Եւ պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ, թէ՝ եր­բեմն ան­փորձ մար­դիկ բա­րիք գոր­ծել կ՚ու­զեն, բայց ի­րենց ան­փոր­ձու­թեան պատ­ճա­ռով կրնան վնաս իսկ պատ­ճա­ռել։ Եւ մար­դիկ կրնան «յօնք շտկե­լու ա­տեն աչք վի­րա­ւո­րել», ինչ­պէս ծա­նօթ ա­ռա­ծը կ՚ը­սէ…։

Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեա­նի երկ­րորդ պատ­ճա­ռը, դար­ձեալ մե­զի կը յի­շեց­նէ Յի­սու­սի այն խօս­քը՝ որ իր բո­լոր վար­դա­պե­տու­թեան ա­ռանց­քը կը կազ­մէ. «Հո­գին է կեն­դա­նա­րար, մար­մին ինչ ոչ օգ­նէ» (ՅՈՎՀ. Զ 63). այ­սինքն՝ Աս­տու­ծոյ Հո­գին է որ կեանք կու տայ, մարդս բան մը չի՛ կրնար ը­նել։ Ու­րիշ խօս­քով՝ հո­գին է որ կեանք կու տայ եւ մար­մի­նը կամ նիւ­թը ո­րե­ւէ բա­նի չի ծա­ռա­յեր։ Ու­րեմն Յի­սուս ա­նօ­գուտ կամ ա­պար­դիւն գոր­ծով մը զբա­ղիլ եւ ժա­մա­նակ վատ­նել չու­զեց բնա­կա­նա­բար, ինչ որ բո­լո­րո­վին հա­կադ­րած պի­տի ըլ­լար իր ու­սու­ցու­մը, վար­դա­պե­տու­թիւ­նը։

Ու­րեմն, կը տես­նուի, որ մար­դոց խնդրան­քը Աս­տու­ծոյ հան­դէպ, պէտք է պատ­շա­ճի Ա­նոր կամ­քին եւ ի­րա­պէս աս­տուա­ծա­հա­ճոյ ըլ­լայ։

Ուս­տի, Յի­սուս իր բո­լոր խօս­քե­րով եւ գոր­ծու­նէու­թեամբ կ՚ու­սու­ցա­նէ եւ ինք իսկ տի­պա­րով կը վկա­յէ իր վար­դա­պե­տու­թեան ճշմար­տու­թեան եւ կեան­քի կը վե­րա­ծէ ա­մէն գա­ղա­փար եւ կը մարմ­նա­ւո­րէ ա­մէն խոր­հուրդ։

Յի­սուս կ՚ը­սէ, թէ հո­գիի եւ մարմ­նի կա­րիք­նե­րու, կե­րա­կու­րի եւ հա­գուս­տի պա­հանջք­նե­րու մա­սին պէտք չէ մտա­հո­գուիլ, ը­սել կ՚ու­զէ, որ հո­գին, կեան­քէն եւ մար­մի­նէն, ապ­րե­լէն, կե­րա­կուր­նե­րէն եւ հա­գուստ­նե­րէն շա՜տ ա­ւե­լի ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէ եւ ա՛յդ­պէս պէտք է ըն­դու­նուի։

Մարդ ա­ռանց Աս­տու­ծոյ խնա­մա­տա­րու­թեան, օգ­նու­թեան չի կրնար պահ­պա­նել եւ տե­ւա­կա­նաց­նել իր կեան­քը։ Մէկ խօս­քով, մարդ, որ­քան ալ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով օժ­տուած ըլ­լայ, եր­բեք ինք­նա­բաւ չի կրնար ըլ­լալ, քա­նի որ ինչ­պէս իր ծնուն­դը՝ ա­րար­չու­թիւ­նը, այ­սինքն իր գո­յու­թիւ­նը կը պար­տի իր Ա­րա­րի­չին, նոյ­պէս ալ իր կեան­քի գո­յա­պահ­պա­նու­մը եւ գո­յա­տե­ւու­մը կը պար­տի իր Նա­խախ­նա­մին։ Ար­դա­րեւ, Աս­տուած, իբ­րեւ իր կա­տա­րեալ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը՝ մար­դը ա­ւե­լի յա­տուկ կեր­պով կը խնա­մէ, քան միւս բո­լոր ա­րա­րած­նե­րը։ Ու­րեմն, շատ պէտք չէ մտա­հո­գուիլ աշ­խար­հա­յին հո­գե­րով, նե­ղու­թիւն­նե­րով, զորս կը տես­նէ Աս­տուած եւ ան­պայ­մա՛ն կը հաս­նի օգ­նու­թեան։

Իսկ ա­նոնք որ կը տա­րուին աշ­խար­հիկ հո­գե­րու եւ դժուա­րու­թիւն­նե­րու տա­րա­փէն, ո­րոնք ան­պա­կաս են եւ ան­պա­կաս պի­տի ըլ­լան այս աշ­խար­հի վրայ՝ մար­դուս կեան­քին մէջ, կը նմա­նին այն հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն, ո­րոնք փու­շե­րով ծած­կուած հո­ղի կը նմա­նին. «Որ Աս­տու­ծոյ խօս­քը կը լսեն, սա­կայն երկ­րա­ւոր կեան­քի հո­գե­րը եւ հարս­տու­թեան հրա­պոյ­րը կը խեղ­դեն Աս­տու­ծոյ խօս­քը եւ անպ­տուղ կը դառ­նայ իր մէջ» (ՄԱՏԹ. ԺԳ 22)։­

Ուս­տի, ինչ­պէս կ՚ը­սենք ա­մէն օր մեր ար­տա­սա­նած «Տէ­րու­նա­կան Ա­ղօթք»ին՝ «Հայր մեր»ին մէջ, նախ պէտք է խնդրենք, որ Աս­տու­ծոյ ար­քա­յու­թիւ­նը գայ եւ Ա­նոր կամ­քը կա­տա­րո՛­ւի…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նուար 14, 2017, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2017