ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ

Չափաւորութիւնը եւ պարզութիւնը էական պայմաններն են առողջութեան, յաջողութեան եւ երջանկութեան։ Կրօնքը, բարոյականը եւ բանականութիւնն ալ արդէն այս կը պահանջեն։ Արդարեւ, մարդուս մկանները, ջիղերը, արիւնը, մէկ խօսքով, ընդհանուր բնախօսական կազմուածքը չափաւոր եւ պարզ սնունդի մը իւրացումով աւելի կորովի, աւելի յարմար, աւելի պինդ կ՚ըլլայ որեւէ ծառայութեան։

Անժուժկալութիւնը, զեղխութիւնը կերուխումի մէջ, կը թունաւորեն կազմուածքը, վատախտարակ կ՚ընեն մարդը եւ անընդունակ՝ ազնիւ եւ բարձրագոյն խորհուրդներու, խօսքերու եւ անշուշտ, գործերու։ Անժուժկալութիւնը անդարմանելի հետեւանքներու առիթ կրնայ տալ ինչպէս անհատներու, նոյնպէս եւ այն անհատներէն կազմը-ւած ընկերութեան մը, հաւաքականութեան մը մէջ։

Եւ ներողամտութիւնը, այն ազնիւ զգացումը, որ հետզհետէ պակսելու վրայ է մարդկային ընդհանուր բարքերուն մէջ, արդիւնք է պարզ նկարագրի անչափաւորութեան եւ եղծումին։ Ընկերական բարքերու մէջ այսքան զանազանութիւն, հաւաքական կեանքի մէջ այսչափ անհասկացողութիւն, անհանդուրժողութիւն, տիրող անընկճելի անտարբերութիւն, այս ամէնքը յառաջ կու գան ինքնամփոփման պակասութենէն։ Մարդ եթէ կարենայ ինքզինք ճանչնալ, կարենայ իր ներաշխարհը դիտել եւ հասկնալ, այլապէս շատ հարցեր արդէն կը լուծուին։

Արդարեւ, մարդ էակը իր ամբողջ կեանքի ընթացքին կը ձգտի հասնիլ բարոյական բարիին։ Մարդու մէջ ի յայտ եկող բարոյական ձգտումը Աստուածային պատգամներու կենսագործմանը հասնիլն է։ Աստուած բարոյական բարի՛ն է. ամենաբարին եւ բացարձակ բարի՛ն։ Աստուծոյ սահմանած կեանքը մարդու համար կ՚անցնի անկատարէն դէպի կատարեալը՝ դէպի երկնայի՛նը։

Ահաւասիկ այս խորհուրդները հետզհետէ կը լեցնեն մեր ամբողջ մտածութիւնը, երբ կը սկսի Մեծ պահոց շրջանը, որ իր ներշնչող մթնոլորտով կը ջերմացնէ մարդոց մեղաւոր հոգիները, եւ առիթ կ՚ըլլայ սթափելու եւ անդրադառնալու պահ մը՝ մաքուր սրտով եւ անմեղ նայուածքով նայելու իրենց «Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ Տէր զօրութեանց»ին։

Մեծ պահքի շրջանը որ կը սկսի Բուն Բարեկենդանով, ժուժկալութեան, ներողամտութեան, չափաւորութեան, պարզութեան, հանդուրժողութեան, հասկցողութեան, վերջապէս պահեցողութեան շրջան մըն է։ Ճշմարիտ պահեցողութեան մասին Քրիստոս կ՚ըսէ.

«Երբ ծոմ կը պահէք, տրտումերես մի՛ ըլլաք կեղծաւորներուն նման, որոնք իրենց երեսը կը կախեն, որպէսզի մարդոց ցոյց տան թէ ծոմ կը պահեն։ Վստահ եղէք, միայն ասիկա է անոնց վարձատրութիւնը։ Ընդհակառակը, երբ դուն ծոմ կը պահես, օծէ՛ գլուխդ եւ լուա երեսդ, որպէսզի մարդիկ չտեսնեն թէ ծոմ կը պահես, այլ՝ միայն Հայրը, որ անտեսանելի է, եւ Հայրդ, որ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս», (ՄԱՏԹ. Զ 16-18)։

Արդարեւ պահքը ինքնըստինքեան ո՛չ առաքինութիւն է, եւ ոչ ալ վարձք։ Ան իր արժանիքը կը ստանայ այն ժամանակ, երբ կը կատարուի անկեղծ եւ հեզ սրտով։ Զոր օրինակ՝ Քրիստոս կը նկատէր, որ պահքը փարիսեցիներու մօտ ոչ թէ բարեպաշտութիւն, բարեպաշտութեան արտայայտութիւն էր, այլ սնապաշտութիւն, քանի որ անոնց սիրտերը լեցուն էին մեծամտութեամբ, հպարտութեամբ, իսկ իրենց դէմքին վրայ կ՚աշխատէին հեզութիւն արտայայտել ձեւականօրէն։

Պահքի կամ ծոմապահութեան բոլորովին ներհակ է ձեւականութիւնը, ձեւապաշտութիւնը։ Ուստի փարիսեցիները ամէն ինչ կ՚ընէին ի ցոյց մարդկանց։ Եւ այս պատճառով է որ Քրիստոս կը պատուիրէ՝ տրտմած երեսներու տեղ հեզ եւ անկեղծ սիրտ ունենալ։ Եւ վերջապէս, պահքը ի հաճոյս մարդկանց պիտի չըլլայ, այլ ի փառս Աստուծոյ։ Քրիստոնէութիւնը կ՚ուսուցանէ, թէ պահեցողութիւնը բեռ պէտք չէ ըլլայ մարդուս համար, այլ ուրախութի՛ւն՝ սրբազա՜ն ուրախութիւն։ Եւ Եկեղեցին ալ այդ է որ կը սորվեցնէ իր սահմանած կանոնով՝ պահոց օրերով։

Պահոց օրերուն հաւատացեալներ կ՚աշխատին իրենց ֆիզիքական մարմինը հեռու պահել հաճոյքներէ եւ վայելքներէ, իսկ հոգեւոր կեանքը աճեցնել կրօնական-հոգեւոր խոկումներով եւ պաշտամունքով։ Այս խօսքով, մարմնաւորը եւ հոգեւորը եթէ կշիռքի մը երկու նժարին վրայ դրուի, Մեծ պահոց շրջանին հոգեւորը պէտք է աւելի ծանր կշռէ։ Մեծ պահոց երկար շրջանը այս իրողութեան անդրադառնալու բարեպատեհ շրջան մըն է. մանաւանդ ինքնաճանաչութեան յարմար առիթ մը, ինչ որ պիտի կատարելագործէ մարդը։

Բուն Բարեկենդանը Մեծ պահոց շրջանին պատրաստութիւնն է, ան կը  խորհրդանշէ մարդուն սկզբնական դրախտային կեանքը. ուրախ, երջանիկ եւ երանելի՝ անմեղ, պարզ եւ չափաւորուած երկնային կեանքը։ Բուն Բարեկենդանին տիրող գիտակցութիւնը, առաւել կամ նուազ չափով, նոյնն է ամէնուն մտքին մէջ. գիտեն որ կեանքի եւ կենցաղի օրինադրեալ «փոփոխութիւն» մը պիտի ունենան քիչ ետքը, եւ այս իսկ ըմբռնումով «ներելի» կը համարեն, ընդունելի կը նկատեն կերուխումի առատութիւնը, ըսենք՝ չափազանցութիւնը, որ երբեմն կը հասնի անժոյժ եւ անչափ աստիճաններու, մինչեւ իսկ շռայլութեան։ Վանական խստամբեր կարգուկանոնի կապերն իսկ կը թուլցուին Բարեկենդանի շաբթուն, եւ թոյլ կը տրուի, որ խստակրօն կեանքի պարաւանդումները, պարտադրութիւնները մեղմացուին եւ մեղկացուին, եւ պահ մը, վանքեցիներն ալ իբրեւ մարդ, «աշխարհիկ» ըլլան, անշուշտ առանց ելնելու թոյլտուութեան եւ կամ թողութեան պատշաճ սահմաններէն։ Ա՛յս է «աբեղաթող» անուանուած վանական խրախճանքի արձակ օրերը՝ վանքերու մէջ, Բուն Բարեկենդանի առթիւ։

Ընտանիքներու մէջ ալ ազգականներ, բարեկամներ քով քովի կու գան, ճիշդ միեւնոյն տան կամ ընտանիքին անդամներուն պէս։ Որեւէ խիստ չափ եւ կոպար, այսինքն սահմանափակութիւն, որոշուած սահման չկա՛յ փոխյարաբերութիւններու եւ տեսակցութիւններու մէջ, անշուշտ միշտ յարգելով պատշաճը եւ զգոյշ ըլլալով որ արժանապատուութեան վիրաւորանք չպատահի փոխյարաբերութիւններու ընթացքին։

Կենցաղասէր մարդիկ, երբ Մեծ պահքի շրջանը սկսի, ընկերային կեանքի այս նոր փուլին մէջ հրաշալի՜ փոփոխութեան մը կ՚ենթարկուին յաճախ. քիչ կը խօսին, քիչ կը ծիծաղին, բայց լա՛ւ կ՚աշխատին, լա՛ւ կը գործեն, եւ պէտք է ըսել՝ լաւ ալ կը խորհին։

Ուրեմն, ինչպէս ըսինք, Բուն Բարեկենդանը կը խորհրդանշէ նախաստեղծներու դրախտային վայելումներով եւ զուարճութիւններով լեցուն երանելի կեանքը։ Առաջին մարդիկ երջանիկ կեանք կը վարէին. իրենց համար երկիրը անմահական պարտէզ մըն էր, Աստուծոյ հետ ապրիլ անոնց ամենամեծ երջանկութիւնն էր։ Սէրը անպակաս էր իրենց սրտերուն մէջ եւ Աստուծոյ ձայնը իրենց ականջին կը հասնէր…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 24, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մարտ 2, 2019