ԱՏԱՄՆԱԲՈՒԺԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Մի քանի օրեր առաջ ահաւոր ակռայի ցաւ մը ունեցայ եւ այդ ցաւի ազդեցութեան տակ սկսայ լրջօրէն մտածել, թէ մարդիկ ի՞նչ կ՚ընէին անցեալին՝ երբ գիտութիւնը այսքան յառաջդիմած չէր. ինչպէ՞ս կրնային դիմանալ այդ ցաւերուն: Իրապէս ալ այդ ցաւը առաջնորդեց որպէսզի փոքր ուսումնասիրութիւն մը կատարեմ հին բժշկութեան մասին:
Առաջին անգամ դիմեցի ամենէն հին Գիրքին՝ Աստուածաշունչին. Երեմիայի մարգարէութեան մէջ գտայ հետեւեալ տողը. «Հարքն ազոխ կերան եւ որդւոց ատամունք առին» (Եր. 31.29). այս մէկը մտածել տուաւ, որ հաւանաբար նախնական շրջանին ատամի ցաւը մարդիկ Աստուծոյ կողմէ տրուած պատիժ կը նկատէին՝ նոյնիսկ իրենց չըրած «մեղքերուն» համար: Նման ցաւ մը Աստուծոյ կողմէ պատիժ նկատելը ինքնին հայելին է այդ ցաւին մեծութեան եւ կասկած չունինք, որ մարդ արարածը ջանք չէ խնայած դարման ու լուծում գտնելու համար:
Պատմիչներ կը վկայեն, թէ ակռայի ցաւերուն դէմ դարմանում գտնելու փորձերը ունին աւելի քան վեց հազար տարուան պատմութիւն մը. պատմութիւնը շատ քիչ տեղեկութիւններ փոխանցած է այդ լուծումներուն ու դարմաններուն մասին, այդ իսկ պատճառով շատ անգամ որպէս սկիզբ ընդունուած է յունական փիլիսոփայութիւնը. Փիլիսոփաներ Արիստոտէլ եւ Հիփոկրատես խօսած են ատամներուն եւ անոնց բուժումներուն մասին. անոնք եղան առաջիններէն, որոնք խօսեցան ատամներու ճեղքերու, խոռոչներու, լինտերու հիւանդութիւններուն եւ անոնց պատճառներուն մասին. խօսելու կողքին նոյնիսկ փորձնական գործեր կատարած են ատամի հեռացման եւ քայքայուած լինտերը բուժելու, որուն պատճառով պատմութեան մէջ յիշուած են նաեւ որպէս ատամնաբուժութեան սիւներէն: Սակայն պատմութիւնը լեցուն է վարկածներով. շատեր ատամնաբուժութեան սկիզբը կը տանին մինչեւ հարիւր հազարաւոր տարիներ, ուրիշներ մինչեւ քարէ դար. թէ՛ յունական, թէ՛ եգիպտական եւ գրեթէ բոլոր ազգերու պատմութեան մէջ կարելի է հանդիպիլ ատամի մասին տեղեկութիւններու, որովհետեւ մարդ արարածին համար այս խնդիրը հին է այնքան՝ ինչքան մարդկութիւնը: Անոնց մէջէն սակայն ամենէն յայտնին եղած է եգիպտականը եւ պեղումներու ընթացքին գտնուած են աւելի քան հինգ սեպագիր գրութիւններ՝ ատամի բուժման ընթացքին վերաբերող:
Սակայն կայ տեսութիւն մը, որ կ՚ըսէ, թէ անցեալին ապրող մարդը այնքան քայքայուած ատամներ չէր ունենար՝ ինչքան մենք այսօր. շատեր այս տեսութիւնը առաջ կը քշեն նկատի ունենալով, որ ներկայի մեր սննդամթերքն ու անցեալինը տարբեր են իրարմէ եւ փաստօրէն մերօրեայ սննդամթերքը աւելի վնասներ կը պատճառէ, քան անցալինը: Այս տեսութիւնը հաստատելու կու գայ փորձը շատ մը գիտնականներու, որոնք առիթ ունեցած են մօտէն ուսումնասիրել Եգիպտոսի թագաւորական մումիաները, որոնց ատամներուն վրայ այնքան ալ ճեղք ու միջամտութիւն չի տեսնուիր:
Ներկայ ատամնաբուժութեան հայրը կը նկատուի Փիէռ Ֆոշար (Pierre Fauchard), որ եղած է ատամնաբուժութեան վերաբերեալ գիտականօրէն գրուած առաջին գիրքին հեղինակը. բուժումի կողքին Փիէռ մեծ բաժին տրամադրած է ատամի հեռացման։ Ուսումնասիրութիւններու համաձայն, Փիէռ ատամի հեռացման համար գործած է ոսկերչական գործիքներ: Ի դէպ, Փիէռ եղած է առաջիններէն, որ խօսած է հեռացուած ակռաներուն տեղ արհեստական ակռաներ դնելու հնարաւորութեան մասին. ակռաներուն տեղ ոսկի դնելու հնութիւնը կրնայ երկարիլ մինչեւ 16-րդ եւ 17-րդ դարեր։
Յօդուածիս կցուած նկարով պիտի տեսնէք, թէ ինչպէս Փիէռ մեծ աշխատանք կատարելով փորձեց գծել մարդու ատամներու կազմուածքը, խոռոչներն ու ընդհանուր պատկերը եւ իր 45 տարեկան հասակին իր աւարտին հասցուց ատամնաբուժութեան նուիրուած իր աւելի քան 600 էջնոց գիրքը. գիրք՝ որ հրատարակութեան առաջին իսկ օրէն արժանացած է բազմաթիւ թարգմանութիւններու:
Փիէռի կազմած այս գիրքը կազմուած է 38 առանձին գլուխներէ. այս աշխատութեան մէջ Փիէռ ներկայացուցած է բազմաթիւ գործիքներ եւս, որոնք ստեղծուած եւ գործածուած են իր կողմէ՝ ատմնաբուժական վիրահատութիւններու ժամանակ: Այս աշխատութեան ամենէն տարօրինակներէն մէկը այն է, որ Փիէռ ատամներու ցաւի համար որպէս բուժիչ միջոց կը մատնանշէ մարդու մէզը: Այս աշխատութեան մէջ Փիէռ կը յիշէ աւելի քան 103 ատամնային հիւանդութիւններու մասին:
Յաճախ լսածէք չէ՞, որ շաքարը վնաս է ատամներուն... իր աշխատութեան մէջ նոյնը կ՚ըսէ նաեւ Փիէռ. անոր կը պատկանի առաջին ակռան կաթնատամ կոչելը:
Տակաւին գիտութիւնը ինչքա՞ն պիտի յառաջդիմէ չեմ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ մինչեւ օրս գոյութիւն չունի հրաշք դեղ մը, որ նոյն վայրկեանին ամբողջութեամբ հեռացնէ ատամի սարսափելի ցաւերը: Փոքր՝ եղունգէ փոքր ատամի մը ցաւը բաւարար է մարդու ամբողջ տրամադրութիւնը քայքայելու, զինք անքուն պահելու՝ մինչեւ հասնի ամենասարսափելիին՝ ատամնաբոյժին մօտ:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -182-
Հակառակ անոր որ քոյրս առանց վախի կամ զզուանքի ատամնաբոյժի ուսում կը ստանայ, ես կը շարունակեմ վախնալ ատամնաբոյժէն: Եւ կը մտածեմ, թէ ի՜նչ մեծ համբերութիւն պէտք է ունենայ մարդ, որպէսզի կարենայ անփորձանք իր աւարտին հասցնել ատամնաբուժական գործողութիւնը: Անոր գործածած գործիքներուն ձայնը երկրաշարժի մը ընթացքին աւերակներուն տակ մնացածի մը վիճակին մէջ կը հասցնէ զիս եւ ատամնաբոյժը տաւակին միջամտութիւն մը չըրած... «ցաւ»ի աղաղակներս կը լսուին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վաղարշապատ
Հոգեմտաւոր
- 12/02/2024
- 12/02/2024