ԸՆԴՈՒՆԻԼ ԵՒ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻԼ
Որեւէ յանցանքի անդրադառնալ, յանցանքը ընդունիլ եւ զայն խոստովանիլ առաքինութիւն է եւ մանաւա՛նդ՝ քաջութի՛ւն։ Արդարեւ, այս մասին Առակախօսը կ՚ըսէ. «Իր յանցանքները ծածկողը յաջողութիւն չի գտներ. բայց զանոնք խոստովանողը եւ մէկդի ձգողը ողորմութիւն կը գտնէ», (ԱՌԱԿ. ԻԸ 13)։
Ուստի, Աստուծմէ ողորմութիւն ընդունելու պայմանները պարզ, արդար եւ բանաւոր են։ Աստուած դժուարին եւ մանաւանդ անկարելի բաներ չի պահանջեր մեզմէ՝ որպէսզի կարող ըլլանք թողութիւն ընդունինք մեր մեղքերուն՝ սխալներուն եւ յանցանքներուն։ Մեղքը այն մարդկային արարքն է՝ որ կը վշտացնէ զԱստուած եւ կը հեռացնէ իրմէ։ Եւ մեղքին ամենէն ծանր պատիժն ալ արդէն հեռու մնալ է Աստուծմէ։
Մեղքի մը ներմանը համար անհրաժեշտ է նախ անդրադառնալ անոր։ Առաջին քայլն է ասիկա։ Յետոյ՝ ընդունիլ որ սխալ մը գործուած է, որուն կը յաջորդէ անկեղծութեամբ խոստովանիլ։ Եւ վերջապէս՝ անկեղծօրէն խոստանալ՝ թէ պիտի չկրկնուի սխալը՝ յանցանքը կամ մեղքը։ Անշուշտ ամենադժուարինը այս վերջինն է, քանի որ մարդկային թերութիւններ եւ տկարութիւններ յաճախ արգելք կը հանդիսանան իրականացնելու այս «անկեղծ» խոստումը։ Ուրեմն, ըսենք՝ խոստանալ չկրկնել կարելի եղած չափով, ջանալ եւ կարելին ընել չկըրկ-նելու համար սխալը։ Ամէն յանցաւոր իր կարողութեան եւ տարողութեան համեմատ կրնայ խոստանալ չկրկնել յանցանքը կամ մեղքը, քանի որ մարդ թէ՛ մտապէս եւ թէ հոգեպէս կատարեալ չէ։ Եւ այդ իսկ պատճառով, Աստուած «անկարելի»ն չի պահանջեր մարդ արարածէն եւ կարելի եղած չափով կը դիւրացնէ ներումի ընթացքը։
Աստուած չ՚ուզեր, որ կորսուի մարդը, այլ կը փափաքի, որ ան վերադառնայ իր նախկին վիճակին։ Մեղքը արատ մը, աղտ մըն է մարդուս հոգիին վրայ՝ զոր պէտք է յաճախ սրբուի, մաքրուի։
Առաքեալը կ՚ըսէ. «Խոստովանեցէ՛ք ձեր յանցանքները իրարու՝ եւ աղօ՛թք ըրէք իրարու համար որպէսզի բժշկուիք», (ՅԱԿ. Ե 16)։ Այս իմաստով խոստովանութիւնը հոգեբուժման անհրաժեշտ մէկ արարքն է։ Բայց խորհեցէք սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, ո՜րքան դժուար է խոստովանիլ ամենափոքր յանցանք մը իսկ, քանի որ յանցանքը ընդունիլ իրապէ՛ս քաջութիւն կը պահանջէ, եւ շատեր փոխանակ զայն խոստովանելու՝ կը նախընտրեն զայն ծածկել, իսկ եթէ որեւէ կերպով յայտնի դառնայ յանցանքը, իրենք զիրենք արդարացնելու համար պատրուակներու, հնարամտութիւններու կը դիմեն։ Մինչդեռ յանցանքը ընդունիլ եւ զայն խոստովանիլ մարդուս հոգին կը փրկէ անոր ծանրութենէն, կը սրբէ, կը մաքրէ զայն, եւ այսպէս կը թեթեւցնէ հոգին, եւ ո՞վ չ՚ուզեր թեթեւ հոգի մը ունենալ՝ ամէն աղտէ եւ արատէ մաքրուած եւ սրբուած։ Եւ սրբագրուած սխալ մը կը բարեփոխէ մարդուս տրամադրութիւնը եւ ընդհանուր հոգեվիճակը։
Ամէնօրեայ կեանքի մէջ, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար եթէ վշտացուցած ես բարեկամդ եւ կամ դրացիդ, եւ կամ ընտանիքի անդամներէն մին, պէտք է ճանչնաս եւ ընդունիս յանցանքդ, եւ խոստովանիս. իսկ անոր պարտականութիւնն է սրտանց եւ առատապէս ներել քեզ։ Արդարեւ, ներում խնդրելու համար խոստովանութիւնը պայմա՛ն է. ուստի, վշտացուցած բարեկամէդ կամ դրացիէդ ներում ընդունիլ բաւարար չէ, քանի որ այդ յանցանքին պատճառով վշտացուցած ես նաեւ զԱստուած, եւ ուրեմն պարտիս ներում խնդրել նաեւ Աստուծմէ, քանի որ վշտացուցած եւ վիրաւորած եղբայրդ՝ բարեկամդ կամ դրացիդ Անոր մէկ արարածն է՝ սեփականութիւնը, եւ անոր չարիք ընելով մեղանչած ես իր Արարչին եւ Փրկչին դէմ։ Եւ այս պարագան՝ անկեղծ փափաքդ կը ներկայացնես միակ ճշմարիտ Միջնորդին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի առջեւ՝ որ «ամէն կերպով փորձը առած է մեզի նման՝ բայց առա՛նց մեղքի…», եւ որ «մեր տկարութիւններուն կը կարեկցի», (ԵԲՐ. Դ 15), եւ կարո՛ղ է «ամէն անօրէնութենէ մաքրել, սրբել մեզ»։
Անոնք որ իրենց հոգին չեն խոնարհեցուցած Աստուծոյ առջեւ՝ իրենց յանցանքը ճանչնալու քաջութիւնը եւ անկեղծութիւնը ցոյց տալով, տակաւին չեն կատարած «ընդունելութեան» առաջին պայմանը։ Եթէ փորձարկած չենք այն ապաշխարութիւնը, որ զղջալու բան չէ՝ յամառելով թէ սխալ մը չէ գործուած, եւ ուրեմն ճշմարիտ եւ անկեղծ խոնարհութեամբ եւ կոտրած ոգիով չենք խոստովանած մեր մեղքերը՝ ատելով մեր անօրէնութիւնը, ճշմարտապէս մեղքերու թողութիւն չենք խնդրած երբեք, եւ եթէ չենք խնդրած երբեք, Աստուծոյ խաղաղութիւնը չենք գտած բնաւ։
Ուստի, միակ պատճառը թէ ինչո՞ւ չենք առներ մեր անցեալ մեղքերուն թողութիւնը, սա՛ է որ չենք ուզեր մեր սրտերը խոնարհեցնել եւ հնազանդիլ Ճշմարտութեան խօսքին պայմաններուն։
Արդարեւ, ճշմարիտ խոստովանութիւնը մասնաւոր հանգամանք մը ունի, եւ ինքնուրոյն մեղքեր կը ճանչնայ։ Այդ մեղքերը կրնան այնպիսի բնոյթ մը ունենալ՝ որ պէտք է Աստուծոյ առջեւ տարուին միայն, կրնան այնպիսի յանցանքներ ըլլալ՝ որ պէտք է խոստովանուին անոնց՝ որ վնաս են կրած անոնցմով, կամ կրնան հրապարակային հանգամանք ունենալ՝ եւ այն ժամանակ հրապարակաւ պէտք է խոստովանուին անոնք։
Բայց ի՛նչ որ ալ ըլլայ խոստովանութեան յատուկ հանգամանքը, այն պէտք է անկեղծ, որոշ եւ շեշտակի ըլլայ՝ ճանչնալով եւ մանաւանդ ընդունելով բո՛ւն այն մեղքերը, որոնց համար յանցաւոր է եւ մեղաւո՛ր մարդ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 22, 2018, Իսթանպուլ