ՀՈԳԵԿԱՆ ԵՒ ՆԿԱՐԱԳՐԻ ԳԻԾԵՐ
Հիւլէական ուժի գիւտին հեղինակները, կրնա՞ն արդեօք լուծել պարզ հունտի մը բարդ եւ անիմանալի ուժին խորհրդաւոր գործելակերպը, գաղտնիքը, եւ բացատրել, թէ ինչպէ՛ս կը տարբերին հետեւանքները երբ պատճառները նոյն են. լոյսը, հողը եւ ջուրը…։ Հրա՜շք մը՝ որուն պարզաբանութիւնը բաւական դժուար է մարդկային մտքին համար։
«Վստահ գիտցէք, որ եթէ ցորենի հատիկը հողին մէջ չիյնայ եւ չմեռնի, ինք որպէս առանձին հատիկ կը մնայ, իսկ եթէ մեռնի՝ բազմաթիւ հատիկներ կու տայ» (ՅՈՎՀ. ԺԲ 24)։ Արդարեւ, հատիկ մը՝ հունտ մը կը թաղեն եւ ի՜նչ հիանալի, զարմանալի հրա՛շք մըն է, որ կը կատարուի. կը ծլի, ինչ որ կը նշանակէ կեանքի ապացոյց տալ, օր օրի հասակ կը նետէ, եւ կը հասնի չափահասութեան, եւ իր ծաղիկը եւ կամ պտուղը կու տայ։ Ուստի, միայն ծաղիկ եւ կամ միայն պտուղը տեսնել եւ անցնիլ՝ հրաշքի հանդէպ անտարբերութեան նշան է։ Ամէն օր ի՜նչ հրաշքներ կը պատահին մարդկային կեանքին մէջ եւ մարդիկ չեն անդրադառնար իրենց անտարբերութեան պատճառով։
Մարդ կը տեսնէ հատիկին՝ հունտին կերպարանափոխութիւնը, բայց չ՚անդրադառնար հրաշքին, չի զարմանար, չի խորհիր թէ ինչպէ՞ս պատահած է այդ զարմանալի, հրաշալի կերպարանափոխութիւնը։
Իսկ եթէ մարդ անդրադառնայ եւ խորհի, թէ ինչպէ՞ս պատահած է այդ կերպարանափոխութիւնը, ահաւասիկ ճշմարիտ հրաշքի մը յայտնութեան կը վկայէ։ Պահ մը եթէ խորհի մարդ այդ հիանալի՜ կերպարանափոխութեան վրայ, կը տեսնէ, որ ամէն մէկ հատիկ, ամէն մէկ հունտ ինքն իր մէջ գործարան մըն է՝ որուն նմանը չի կրնար գործել եւ արտադրել ոեւէ մարդկային աշխատանք։ Խորհեցէ՛ք, սիրելիներ, տեսակ տեսակ հունտեր, որոնք երեւութապէս իրարու կը նմանին, երբ հողին մէջ չի դրուի, որեւէ արդիւնք չեն տար, բայց եթէ հողին մէջ դնես, տնկես, նոյն հողին, նոյն ջուրին, նոյն լոյսին մէջ եւ նոյն պայմաններու տակ իրարմէ բոլորովին տարբեր գոյներով, տարբեր ձեւերով, տարբեր երեւոյթներով եւ յատկութիւններով՝ համով, հոտով, ծաղիկներով, տերեւներով եւ պտուղներով զարդարուած տունկեր երեւան կու գան։
Հրաշք չէ՞ ասիկա…։
Ինչպէ՞ս սակայն այդ հունտը ծաղիկի կամ պտուղի կը վերածուի, ո՞վ է գործող ուժը, որո՞ւն խելքին, իմաստութեան հետեւանքը եւ արտադրութիւնն է այդ հրաշքը։
Ո՞ր մարդկային միտքը, որ գիւտարարը կրնայ մրցիլ հունտի մը բաղադրած գոյներուն հետ, եւ կամ հասցուցած պտուղներուն հետ։
Ամէն տեսակ տունկ կը գտնուի պարտէզի մը մէջ։ Ի՛նչ հրաշալի բեղմնաւորական զօրութիւն՝ որ ամէն մէկը ունի իր արտադրութիւնը, առանց շեղելու իրենց բնութենէն եւ բնական յատկութիւններէն։ Ոսկեխնձոր, կաղամբ, ստեպղին, սոխ, հազար, եւ այլն, եւ այլն. բոլորն ալ հատիկէ մը՝ հունտէ մը հասած եւ մանաւանդ ամէն մէկը իբր հաւատարիմ իրենց բնութեան՝ պահած կը մնան իրենց յատկութիւնները՝ իրենց նկարագի՛րը։ Անոնք բոլորն ալ տարբեր ձեւերով, տարբեր գոյներով, տարբեր համերով եւ տարբեր հոտերով կը ծլին նոյն հողին մէջ, նոյն միջավայրէն օգտուելով։
Եթէ մարդ պատրաստել մտադրէր այդպիսի գործ մը, ո՜վ գիտէ քանի գործողութիւններէ պիտի անցընէր զայն, որուն արդիւնքն ալ անյայտ պիտի մնար, քանի որ անկարելի պիտի ըլլար մրցիլ բնութեան հրաշալիքներուն հետ։ Եթէ արուեստականապէս արտադրել կարելի ըլլար, երբեք նոյնը պիտի չըլլար մէկ հատիկ հնտային գործարանի մը արտադրածին՝ բնականի՛ն։
Պահ մը թողունք բուսային աշխարհը եւ դառնանք մարդկային աշխարհին։
Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս մասին, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ։ Միթէ մարդն ալ հունտերէ յառաջ եկած տունկերու չի՞ նմանիր։ Անշուշտ ո՛չ թէ արարչութեան տեսակէտէ, այլեւ անոնց զանազանութեան նկատմամբ։ Հոս նկատի չառնենք մարդոց արտաքին տարբերութիւնները եւ տեսնենք անոնց ներքին՝ հոգեկան եւ նկարագրի զանազանութիւնները։ Այո՛, մարդը մա՛րդ է, բայց ամէն մարդ տարբեր անհատ մըն է իր ներաշխարհով՝ իր նկարագրով եւ հոգեկան աշխարհով։
Ի ծնէ հոգեկան եւ նկարագրի գիծերը գրեթէ նոյնն են ամէն մարդկային էակի մէջ։ Իւրաքանչիւր մանուկ, արտաքնապէս որքան ալ տարբեր ըլլայ, դիմագծային տարբերութիւնները անօգնական էակ մըն է. բոլորովին անմեղ, եւ մարմնական հասարակաց պահանջներով, ջղային հասարակաց հակազդեցութիւններու ընդունակութիւններով։ Մանուկը միշտ մանո՛ւկ է իր ընդհանուր արտաքին գիծերով, տեսքով եւ արտայայտութիւններով։
Բայց, զարմանալի է, թէ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ մանկութեան յատուկ հասարակաց գիծերը կ՚այլափոխուին մարդ էակին կեանքին յաջորդական շրջաններուն։ Արդարեւ, ամէն մանուկ «բարի» կամ «անմեղ» կը ծնի, ինչո՞ւ համար մանկութենէն անդին «բարի» չի մնար, այլ՝ կը չարանայ, նկարագրի միօրինակութիւնը այսպէս խաթարուելով մարդիկ իրարմէ կը տարբերին ճի՛շդ այնպէս, ինչպէս նմանատիպ հունտերէ յառաջ եկած տունկեր։ Նոյնութենէ ծնած անհամար այս տարբերութիւններն ալ «հանելուկ» են եւ զարմանք կը պատճառեն մարդուս բնականաբար։
Ուստի, Աւետարանի վերոյիշեալ հատուածը, եւ ամբողջ Աւետարանը հաւասարակշիռ ո՛ւժ մըն է մարդոց նկարագրին գիծերուն տարբերութիւնները նուազեցնելու եւ ստեղծելու «տի՛պ» մը, որ կ՚արտացոլէ Աստուծոյ պատկերը ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակ։
Արդարեւ, «հողին մէջ մեռած հատիկը, հունտը» հրաշալի՜ օրինակ մըն է մահուան եւ յաւիտենական կեանքի՝ թէ անմահութեան դուռն է մահը, առանց մահուան յաւիտենական կեանք, անմահութիւն չ՚ըլլա՛ր, քանի որ ամէն վերջ նոր սկի՛զբ մըն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 11, 2019, Իսթանպուլ