ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (ԺԴ.)
Այսօր արդէն հասած ենք անգլիացի բանաստեղծ Քիփլինկի «Եթէ» բանաստեղծութեան վերջին մասը. այս բանաստեղծութիւնը այս մեր գրութեան մէջ ներառեցինք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ յաջողութեան հասնելու համար գրուած լաւագոյն բանաստեղծութենէն մէկն է եւ մեր մտաւորականներէն Մուշեղ Իշխան այնպէս թարգմանած է, որ յաջողած է հայկական շունչ մըն ալ տալ անգլիացի մտաւորականին բանաստեղծութեան:
Անգլիացի բանաստեղծը յաջողութեան հասնելու համար կ՚առաջարկէ ըլլալ առաքինի. «Ամբոխին մէջ՝ առաքինի ըլլալ միշտ»։ Առաքինիին իսկական իմաստը հասկնալու համար պէտք է ի միտի ունենալ առաքինութիւններն ու մոլութիւնները։ Առաքինութիւններուն առաջինը ողջախոհ ըլլալն է, որ կը բնորոշէ մարդկային առողջ միտքն ու կեանքի հանդէպ ունեցած մօտեցումն ու ըմբռնումը: Մտապէս եւ հոգեպէս մաքուր ու հանգիստ ըլլալը կ՚օգնէ մարդուն, որպէսզի աւելիով հաստատ մնայ իր նպատակներուն եւ երազներուն վրայ, որովհետեւ երբ մարդու միտքն ու հոգին պայծառ չեն, պայծառ չէ նաեւ անոր խելքը: Երկրորդ առաքինութիւնը քաջութիւնն է. քաջութիւն ըսելով պէտք չէ հասկնալ լոկ մարմնական ուժը. քաջութիւնը նաեւ մարմնաւորին չափ հոգեկան է եւ յաջողութիւնը, ինչպէս նախորդ մեր գրութիւններուն մէջ ըսինք, քաջութիւն կ՚ենթադրէ, որովհետեւ հոգեպէս, մտապէս ու մարմնապէս քաջ մարդն է, որ կը յաջողի մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարիլ:
Երրորդ առաքինութիւնը արդարութիւնն է. նախապէս ըսինք, որ սուտի վրայ հիմնուած յաջողութիւն կարելի է ունենալ, սակայն կրնայ անոր կեանքը համեմատած արդար յաջողութեան կարճ ըլլալ. արդարութեան վրայ հիմնուած յաջողութիւնը, նոյնիսկ եթէ աւելի ուշ ու կամաց ձեռք բերուի, մնայուն կ՚ըլլայ, որովհետեւ սուտը միշտ ալ եղած է ժամանակաւոր, իսկ արդարն ու ճշմարիտը՝ անժամանակ. այսօր յաջողութեան մէջ մարդիկ գործին չափ կարեւորութիւն կու տան նաեւ այդ գործը ընողին եւ արդար անձի մը գոյութիւնը այդտեղ կ՚ամրապնդէ վստահութիւնը, ինչ որ մարդը յաջողութեան կ՚առաջնորդէ:
Չորրորդ առաքինութիւնը չափաւորութիւնն է. յաջողութեան եւ մանաւանդ գործի ասպարէզի մէջ պէտք է գիտնալ հաւասարակշռել որոշումները. յաճախ մէկ աւելի շահելու համար մարդ կրնայ իր ունեցած երկու-երեքը կորսնցնել. այսօր եթէ կ՚ուզէք շէնք բարձրանալ, պէտք է աստիճանները չափաւորութեամբ բարձրանաք՝ որպէսզի հասնիք վերջին յարկ. ոչ ոք կրնայ առաջին մի քանի քայլերը չնետած հասնիլ վեր. այդ իսկ պատճառով պէտք է գիտնալ սեփական չափը. յաջողութիւնը այդ չափը ընդլայնել կը նշանակէ, սակայն այդ մէկը եւս ունի իր չափը:
Յաջորդ առաքինութիւնն է հաւատը. մարդ եթէ իր յաջողութեան հանդէպ հաւատք չունի, արդէն իսկ ձախողած է եւ ջանքերը ապարդիւն են. պէտք է հաւատալ սեփական ուժին, որովհետեւ սեփական ուժին հաւատալ, ունեցած շնորհներն ու կարողութիւնները ճանչնալ կը նշանակէ: Յաճախ մարդիկ կը նետուին գործի՝ առանց նկատի ունենալով իրենց շնորհներն ու կարողութիւնները. այնպէս ինչպէս երկաթագործը առանց գաղափար ունենալով ատամնաբոյժ չի կրնար ըլլալ, նոյնպէս ալ մարդ առանց իր սեփական ուժերը ճանչնալու չի՛ կրնար անխոհեմ քայլերու դիմել։ Հաւատքը օգտակար, սակայն կոյր հաւատքը՝ վտանգաւոր երեւոյթ է. պէտք է հաւատալ այն բանին՝ որ շօշափելի է, այն բանին՝ որ մեր մէջն է: Կը հաւատանք, որ հաւատալը յաջողութեան կէսն է, որովհետեւ հաւատքն է, որ մարդը կը մղէ պայքարելու, մաքառելու եւ հասնելու նպատակներուն:
Նախավերջին առաքինութիւնը յոյսն է. պէտք է յուսալ, սակայն յուսալ՝ հաւատալով. յուսալ ո՛չ թէ ուրիշին՝ որպէսզի բերէ մեր յաջողութիւնը, այլ յուսալ, որ կատարուած բոլոր աշխատանքները այսպէս կամ այնպէս պիտի տան իրենց ճիշդ արդիւնքը. այսօր այգեգործը կը ցանէ. կը ցանէ այն յոյսով, որ այդ ցանքը մեծ բերք պիտի տայ. ինք դատարկ հողին կը նայի այն յոյսով. նոյնն է մեր պարագան. այսօր յաջողութիւնը մեր դիմաց պարզուած պարապ հող մըն է եւ հոն մեր ցանքն է, որ արդիւնք պիտի տայ. մեր այսօրէն կախում ունի այդ հողին արդիւնաբերութիւնը եւ հետեւաբար ամէն բան ճիշդ եւ արդար ձեւով ընելու պարագային պէտք է պարզապէս յուսալ, որովհետեւ «մշակը արժանի է իր վարձքին»:
Վերջին առաքինութիւնը սէրն է. կարելի է երազել տեսնել յաջողութիւն մը՝ ուր սէր չկայ. հոն ուր սէր չի կայ, արդէն իսկ ինքնին ձախողութիւնը ներկայութիւն մըն է. օրինակի համար՝ այսօր կը տեսնենք մեծատուներ, որոնք մեծամեծ հարստութիւններու տէր ըլլալով հանդերձ դժբախտութեան մէջ կը զգան իրենք զիրենք. հարստութիւնը անգամ տեղ մը երջանկութիւն չի բերեր եւ հետեւաբար ձախողներ են անոնք. յաջող է ան՝ որ սէր ունի այն բոլորին հանդէպ՝ որուն մէջ կը գտնուի այսօր. իր ունեցած փոքրը գնահատողը, շատը աւելիով կը գնահատէ, սակայն փոքրին հանդէպ սէր չունեցողը երբեւէ չկարծէք, որ մեծին հանդէպ սէր պիտի ունենայ: Պէտք է սիրել այն, ինչ որ կ՚ընենք։ Յաջողութիւնը նիւթականին մէջ չէ. յաջողութիւնը հոգեկան ուրախութեան մէջ է եւ յաջողած է ան՝ որ սէր ունի իր ներկային հանդէպ, որովհետեւ ներկան ապագայի հիմքն է եւ անսէր ներկայ մը այնքան ալ փայլուն ապագայ չի կրնար ստեղծել:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Յատկանիշներ, որոնք յատուկ են հարուստներու:
Պատասխան. Հարուստները ունին որոշ յատկանիշներ, որոնք ձեւաւորուած են իրենց հարստութեան եւ ապրելակերպի շնորհիւ: Անոնք իրենց այս յաջողութիւններուն ճամբով կը յաջողին յաւելեալ գիտելիք եւ ծանօթութիւններ ձեռք բերել եւ ազդեցիկ կապեր հաստատել: Նիւթական ազատութիւնը առիթ կու տայ, որպէսզի անոնք հնարաւորութիւն ունենան աւելի ազատ ձեւով ընտրութիւններ կատարելու՝ հիմնուած անձնական արժէքներու եւ ձգտումներու վրայ: Այս ազատութիւնը կ՚օգնէ զարգացնել երկարաժամկէտ մտածողութիւնը: Անոնց յատկանիշները կապակցուած են ազատութեան եւ ազդեցութեան հետ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/21/2024
- 11/21/2024