ՄԱՏԱՂ ԿԱՄ ՍԻՐՈՅ ՃԱՇ
«Մատաղ» կը նշանակէ՝ ուխտի ոչխար, զոհ կամ զոհի ճաշ։ Իսկ «Սիրոյ սեղան» ասացուածքը կը համապատասխանէ «ագապ» յունարէն բառին՝ որ կը նշանակէ՝ սէր, որ կը հանդիպինք Աստուածաշունչի Եօթանասնից յունարէն թարգմանութեան մէջ՝ որ գերազանցապէս կ՚ակնարկէ «զգայական սէրը»։ «Agape» կ՚արտայայտէ Քրիստոսի սէրը կամ քրիստոնեաներու սէրը՝ իրարու նկատմամբ։ Ուրեմն «սիրոյ սեղան» Քրիստոսի սիրոյն եւ քրիստոնեաներու իրարու նկատմամբ սիրոյն մէկ խորհրդանիշն է՝ սիրոյ ընդհանուր եւ հասարակական արտայայտութիւնը եւ մարմնացո՛ւմը։
Ուստի պատմութիւնը կը վկայէ, թէ «ագապէ»ի նախատիպարներ եղած են հրեաներու, յոյներու եւ հռովմէացիներու մօտ։ Նախնական շրջաններուն, ագապէն աղքատներու տրուած սիրոյ ճաշ էր, աւելի վերջի ժամանակներուն՝ Եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Հաղորդութեան հետ կապուած պաշտօնական ճաշ, որու միջոցով Եկեղեցւոյ բոլոր անդամները կ՚օգտուէին միեւնոյն սեղանէն։ Ագապէն կը մատուցուի ի յիշատակ Քրիստոսի Վերջին ընթրիքին (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԱ 23)։
Սակայն ժամանակի ընթացքին, ագապէն շեղած է իր նպատակէն, եւ խեղաթիւրուած է իր իմաստը։
380 թուականին «Գանգրայի Ժողով»ը փորձած է վերադարձնել ագապէի նախկին իմաստը եւ վերականգնեցնել իր իսկական բովանդակութիւնը, բայց ապարդիւն մնացած է փորձը։ 7-րդ դարուն վերջին՝ Արեւմուտքի մէջ ագապէն բոլորովին կորսնցուց իր իմաստը եւ միանգամընդմիշտ անհետացաւ. սակայն Արեւելեան որոշ եկեղեցիներու մէջ՝ ղպտիներու որոշ հատուածի մը եւ հայերու մօտ մնաց իբրեւ Սուրբ Պատարագի յաջորդող «սիրոյ ճաշ»՝ հասարակաց սեղանի մը շուրջ։
Սակայն ագապէն Պարթեւ Կաթողիկոսի կանոններու մէջ հրահանգուած է «ագապէի պաշտօն» եւ Սուրբ Պատարագը չմատուցանել առանց Աւետարան կարդալու։ Անշուշտ ագապէն հոն նկատի առնուած է իր նախնական իմաստով։
«Ագապէի հրաւիրուած աշխարհականներ Սուրբ Պատարագէն առաջ պէտք չէ՛ հաց ուտեն։ Ժողովուրդը պէտք է սիրով մատուցանէ նախնիներուն՝ ագապէի համար սահմանուած ընծաները», ըստ Կանոնին։
Ներսէս Բ. Բագրեվանդցի Կաթողիկոսի օրով գումարուած Դուինի Ժողովը՝ 554 թուականին ընդունած է Կանոն մը՝ 22-րդ Կանոնը, որ ամբողջովին նուիրուած է ագապէի կանոնադրութեան։
Ագապէները մատուցուած են նաեւ ննջեցեալներու հոգիի հանգստութեան համար, ըստ Պարտաւի Եկեղեցական Ժողովի ԺԸ կանոնի։ Ագապէ կը կոչուին նաեւ մատաղի համար ընծայաբերուած կենդանիները։
Վերջի շրջաններուն՝ ագապէի մնացուկները տեսնուած եւ կատարուած են Սուրբ Զատիկին մատաղ ընելու սովորութեան մէջ։ (Սկզբնաղբիւր՝ Ք. Հ. հանրագիտարան)։ Առակախօսը կ՚ըսէ. «Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ ու Անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ» ( ԱՌԱԿ. ԺԹ 17)։ Այս իմաստով, մատաղը, կերպով մը Աստուծոյ մատուցուած աղերս մըն է, որ փոխյարաբերութիւն մը ստեղծէ մարդուն եւ Աստուծոյ միջեւ։ Ուստի Դ. դարէն սկըս-եալ Հայ Եկեղեցին ձեւաւորած է «բարեպաշտական երեւոյթ» մը՝ որ դարերու հոլովոյթին մէջ վերածուած է «ազգային-եկեղեցական ինքնութեան» սնունդի աղբիւր։ Մատաղը իւրայատուկ սովորութիւն մը եղած է, միակ նպատակը՝ աղքատներու եւ կարօտեալներու համար կամաւոր նուիրաբերութի՛ւն։ Ժամանակակից բառարաններու մէջ, մատաղը կրօնական իմաստի առումով, հետեւեալ ստուգաբանութեամբ կը ներկայացուի. «Զոհ մատուցանելու կենդանի… զոհ մատուցանելու արարողութիւն, զոհի համար մորթուած կենդանիի միսը, զոր կ՚եփեն եւ ժողովուրդին ձրի կը բաժնեն»։
Մատաղի կարգը սահմանած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ՝ թերեւս 301 թուականին՝ քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակելէն անմիջապէս յետոյ։
Ըստ Տաթեւացիի «մատաղ» կը նշանակէ՝ «աղ մատուցանել»։ Ուստի մատաղը, նախ՝ Աստուծոյ ընծայ է։ Երկրորդ՝ փրկութեան յոյս է։ Երրորդ՝ աղքատսիրութիւն է եւ ողորմութի՛ւն։ Չորրորդ՝ ննջեցեալներու յիշատակ, ապա մեր երախտագիտութեան զգացումին արտայայտութիւնն է Աստուծոյ՝ հիւանդութիւններէ, փորձութիւններէ ազատուելու համար։
Մատաղի տարրերն են՝ կենդանին եւ աղը։
Քանի որ մատաղը Աստուծոյ մատուցուող ընծայ է, ապա մատաղցու կենդանին պէ՛տք է «արդար վաստակ»ի արդիւնք ըլլայ՝ ընտիր եւ լաւագոյնը։
Հարկ է յիշեցնել, թէ մատաղը երբեք չի կատարուիր մատաղցուին արիւնով մեղքերէն թողութիւն ստանալու ակնկալութեամբ։ Մատաղ է, եւ մանաւա՛նդ ընդունելի մատաղ, ընծայաբերուի՝ հացեղէն, ուտեստեղէն, հագուստեղէն, շինութիւն, դրամական նուիրատուութիւն եւ որեւէ ուրիշ բարեգործութիւն։
Մատաղի միսը կարելի չէ պահել տունը՝ իբրեւ ուտելիք, այլ նոյն օրը պէտք է բաշխել աղքատներուն։
Քրիստոնէական իմաստով մատաղի արարողութեան ակունքները կու գան առաջին դարէն, երբ բոլոր քրիստոնեաները Սուրբ Պատարագէն յետոյ կը հաւաքուէին միասին՝ «սիրոյ ճաշ»ի՝ մատաղի, որ ամբողջութեամբ կը մատուցուէր հիւանդներու եւ աղքատներու ըստ աւետարանական խօսքին.
«Երբ ճաշի կամ ընթրիքի հրաւէր կու տաս, մի՛ կանչեր բարեկամներդ կամ ազգականներդ, եղբայրներդ եւ հարուստ դրացիներդ, որպէսզի չըլլայ որ անոնք ալ քու հրաւէրիդ փոխարէն քեզ հրաւիրեն, եւ այս ձեւով քեզի հատուցում կատարած ըլլան։ Ընդհակառակը, երբ ճաշկերոյթ կու տաս, կանչէ՛ աղքատներն ու խեղանդամները, կաղերն ու կոյրերը։ Եւ այն ատեն երանելի պիտի ըլլաս, որովհետեւ անոնք փոխարէնը քեզի հատուցանելիք ո՛չինչ ունին։ Եւ գիտցած եղիր, որ քու հատուցումդ պիտի ստանաս արդարներու յարութեան ժամանակ» (ՂՈՒԿ. ԺԴ 12-14)։ Սիրոյ սեղանները ո՜րքան տարբեր կ՚երեւին ներկայիս, որ կարելի չէ՛ հասկնալ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 2, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024