ԵՐԵՄԻԱ ՉԷԼԷՊԻ ՔԷՕՄԻՒՐՃԵԱՆՑ (1635-1695)

Քէօմիւրճեանց գերդաստանը 17-րդ դարու սկիզբէն նշանաւոր է եղած Պոլիս։ Յատուկ դամբարան մըն ալ կը գտնուէր մինչեւ 1800՝ Պալըգլըյի վաղեմի գերեզմանատունը։

Քէօմիւրճեանց գերդաստանին ծագումն էր Անկէն։ Հոնկէ էր՝ որ 1600-ին Քէօմիւրճեանց Սարգիս անունով տոհմիկ մը անցաւ Պոլիս եւ հաստատուեցաւ՝ Սամաթիայի հինաւուրց թաղը։ Սարգիսի որդին էր Նահապետ, որու որդին ալ՝ Մարտիրոս։ Մարտիրոսի որդիներն էին՝ աղջիկ մը՝ Իրինէ եւ երեք մանչ՝ Երեմիա, Կոմիտաս եւ Մարտիրոս Քէօմիւրճեանց։

Մարտիրոս՝ Երեմիայի հայրը՝ քահանայացած էր իր անդրանիկ զաւակին ծնելէն ետք։ Հին ժամանակներ՝ նշանաւոր գերդաստաններէն անձնուէր անձեր կը քահանայանային, եւ ղեւտական դրութեամբ՝ քահանայի որդիներէն գէթ մին յաջորդաբար քահանայ կ՚ըլլար. այս պատճառով՝ Տէր Մարտիրոսի միջին որդին ալ, Կոմիտաս, քահանայ ձեռնադրուեցաւ, ապա եւ վկայական փառաւորութիւն մը ունեցաւ։ Ըստ ազնուականութեանը, հանճարեղ անձեր ալ անպակաս եղան Քէօմիւրճեանց ընտանիքէն։ Ասոնցմէ նշանաւորագոյնը ծնաւ 1635-ին եւ անուանուեցաւ Երեմիա։

Մանկական տարիները անցնելէ ետք՝ անշուշտ իր մեծ գերդաստանին եւ ուսեալ հօրը խնամքով՝ առաւ ընտիր կրթութիւն մը նախնական, մանաւանդ ամենէն առաջ մայրենի լեզուն, եկեղեցական ծանօթութիւններ եւ թրքերէնը շատ աղէկ իւրացուց։ Երիտասարդութեան տարիներուն՝ բաւական ատեն աւագսարկաւագութիւն ըրաւ Սամաթիայի Ս. Գէորգ եկեղեցին։ Իր կատարեալ հասակին ինք հետզհետէ զբաղած է Պատրիարքարանի մէջ եւ ուրիշ կարեւոր պաշտօնատարներու քով քարտուղարի եւ նօտարի գործերով, մանաւանդ Մարտիրոս Պատրիարքի մօտ։ Իր լեզուագիտութեան պատճառով Բ. Դուռն ալ պաշտօնավարած է։

Ժամանակին լեզուագէտ անձնաւորութիւններու քով ալ յաճախելով՝ ձեռք ձգած է արեւմտեան եւ յունական լեզուներու հմտութիւնը։ Երեմիա մին եղած է Կղեմես Գալանոսի աշակերտող երիտասարդներուն, որ կ՚ուսանէին Ղալաթիա յատուկ վարժարանի մը մէջ՝ պատմութիւն եւ լատիներէն յիշեալ հայամերձ բժիշկ-կրօնաւորէն։

Հայ տպագրութիւնն ալ սկզբնական տատանումներէ ետք՝ 1640-էն 1650 նոր մղում մը կ՚առնէր Պոլիս, եւ նախնիներու աստուածաբանական գործերուն հետ լոյս կը տեսնէին պատմական երկեր ալ, որոնցմէ կ՚օգտուէր Երեմիա սարկաւագը, ինչպէս կ՚օգտուէր Ս. Էջմիածնի եւ Երուսաղէմի նուիրակներուն եւ Պոլիսի գրագէտ անձնաւորութիւններու հետ յարաբերութեամբը՝ անոնց քով գտնուած կարեւոր ձեռագիրներէն։

Այսպէս պատրաստուեցաւ իր ներսը այն զգօն եւ ներհուն նկարագիրը, որ պիտի փայլէր ապա իր բազմազան գործունէութիւններու եւ միջնորդական յարաբերութիւններու առիթներով եւ որ առաջին պատճառը եղաւ իր «Չէլէպի», «Աստուածային» մակդիրին՝ զոր ժամանակին «հայ-լայք»ի սովորութիւնը կ՚ընծայէր հանճարեղ եւ գիտուն անձնաւորութիւններու։ (Ծանօթ.- Չէլէպի=չալաբի=պատուաբեր տիտղոս)։

Յակոբ Կաթողիկոսի եւ Եղիազարի ցաւալի վէճերուն ատեն կատարեց միջասահման դիրքով՝ հաշտեցուցիչ դեր մը եւ քանիցս պատգամաւորելով՝ խրատեց, յորդորեց, յանդիմանեց «Յակոբեաններ»ը եւ «Եղիազարեաններ»ը, մինչեւ նոյն ինքն Եղիազարն անգամ, որ Չէլէպիին ձայնէն կը հանդարտէր։ (Ծ. Յակոբ Դ Ջուղայեցի. 1655-1680, Եղիազար Ա Այնթապցի. 1681-1691)։ (Ծ. «high-life»=բարձր դաս, ազնուականութիւն)։

1660-ին Կաֆացի Մարտիրոս վարդապետի (ապա Պատրիարք Պոլիսի) նեղ օրերուն իբրեւ խորհրդականը անոր, կրցաւ միայն ինք, հակառակ մեծամասնութեան մը խորհուրդներուն, ան համոզել զայն անարգական դրամ մը վճարելու մտադրութենէն։ 1663-ին՝ գտնուեցաւ Սիսի Խաչատուր Կաթողիկոսին եւ ուրիշ երեւելիներու խորհուրդին մէջ Պոլիս՝ չափաւորելու համար բազմեռանդ Եղիազարի արտակիտութիւնները, եւ ի՛նք ընտրուեցաւ հոն պատգամաւոր՝ երթալու Բերիա Եղիազար Այնթապցիին՝ զոր ի՛նչ որ ալ ըրաւ՝ չի կրցաւ համոզել։ (Ծ. Բերիա=Հալէպ)։

Դարձեալ, 1666-ին պատգամաւոր կարգը-ւեցաւ Ապրոյ Չէլէպիի կողմէ, Մարտիրոս Պատրիարքի իբրեւ զգօն խաղաղարար, եւ յաջողեցա՛ւ այս անգամ։ Այնուհետեւ, շա՜տ խնդիրներու մէջ ղեկեց դէպի բարին Մարտիրոս Պատրիարքը, եւ շատ առիթներու բարերարը եղաւ անոր, որ իցի՛ւ գիտնար իր իմաստուն բարեկամին յարգն ու երախտիքը։

1680-ին Յակոբ Կաթողիկոսի Պոլիս գտնուած միջոցին՝ Երեմիա Չէլէպի գնաց անոր ալ մօտ եւ յորդորեց Երուսաղէմ ղրկել Մարտիրոս վարդապետը իր յանձնարարական նամակով, որպէսզի ան հաշտուի Եղիազարի հետ, եւ եթէ յաջողի՝ առնէ եւ Պոլիս բերէ։ Կաթողիկոսը հաւանեցաւ ասոր եւ Մարտիրոս այսպէս Երուսաղէմ՝ Եղիազարի քով երթալով հաշտուեցաւ։ Այս անգամ ալ այսպէս յաջողեցաւ Երեմիայի աշխարհական իմաստութիւնը՝ մերձեցնելու համար երկու բարձրաստիճան գժտուած հոգեւորականները։

Բայց Ս. Յակոբեանց վանքը նորէն նոյն շփոթ վիճակին մէջ տարուբերուեցաւ մինչեւ 1770, եւ անկէ ասդին ալ մինչեւ Գրիգոր Շղթայակիրի բարեբախտ օրերը՝ հոգեւորականներու եւ աշխարհական տեղակալներու փառասէր ձգտումներուն մէջ եւ ճմլուած պարտաւորուած էր։ Թէպէտեւ Երեմիա ալ՝ ուրիշ բարձր անձնաւորութիւններու հետ՝ մինչեւ իր մահուան թուականը աշխատեցաւ վերցնել նիւթական եւ բարոյական այս գայթակղալից վիճակը վանքին, եւ անձամբ Երուսաղէմ ալ գնաց…։

Եւ Չէլէպին, շատերու պէս՝ ի՛նք ալ խաղաղարարներու միամտութեամբ վարակ-ւած, իր ներքին առտնին խաղաղութիւնն ալ վրայ տուաւ՝ ամեհի «խռովչաց խումբ» մը խաղաղեցնելու գրեթէ անհնար գործին միջամուխ ըլլալով. եւ ասով փութացուցած թերեւս իր վախճանը, որով խնայուեցաւ իմն իրեն ականատես չըլլալ ողորմագին վախճանին իր կրտսեր քահանայ եղբօր, որ հետեւանքը եղաւ այդ ներքին յուզումներուն։

Այս եկեղեցական եւ կրօնական ներքին շփոթութիւններու միջոցին՝ Չէլէպին կատարած է մեղմագոյն եղանակով այն իմաստուն դերը՝ որ ապա 18-րդ դարուն Յակոբ Պատրիարք Նալեան եւ 19-րդ դարուն Յովհաննէս Տէրոյենց եւ իր համախոհներ կատարեցին աւելի՛ կորովով՝ իրաւախոհութիւն մը գոյացնելու համար Հայերու եւ Հռոմէականներու, եւ 1862-1864 Երուսաղէմական կուսակցութիւններու միջեւ։

Այսպէս ահա՝ մինչեւ 1695՝ խորհրդականութեամբ, քարտուղարութեամբ, խաղաղարարութեամբ, պատգամաւորութեամբ, հեղինակութեամբ եւ թարգմանութեամբ բոլորելէ ետք, ազնիւ եւ սրտցաւ կեանք մը գործունէութիւններու՝ կնքեց իր մահկանացուն նոյն թուականին 60 տարեկան հասակին մէջ։

Երեմիա Չէլէպի աննման բեղմնաւորութիւն մը ունեցած է նաեւ իբրեւ մատենագիր. գրած է հինգ գիրք՝ «Պատմութիւն Օսմանեան Թագաւորութեան» ընդարձակ, գիրք մը՝ անոր համառօտութիւնը, գիրք մը ոտանաւոր՝ Յակոբ Կաթողիկոսի խնդրանքով. «Աղեքսանդրի Պատմութիւն», նոյնպէս ոտանաւոր, թարգմանած է թրքերէնի՝ Խորենացիէն քաղուածներ, գրած է՝ գերման դեսպանին խնդրանքով՝ պարսկական, հնդկական եւ փոքր Ասիայի աշխարհագրութիւններ, որոնցմէ շատ բան քաղած են Ագոնց Աբբահայր եւ Հ. Ղուկաս Ինճիճեան, գրած է նաեւ գիրք մը ընդդէմ Հրէից, քարոզներ, ճառեր՝ հայերէն, թրքերէն, Պատմութիւն Երուսաղէմի, թարգմանած է թրքերէնի՝ Աւետարանը եւ զանազան հատուածներ Հին Կտակարանէն. թարգմանած է յունարէնէ եւ լատիներէնէ գիրքեր, տպագրել տուած է իր հսկողութեամբ երկու հատոր գիրք մնացորք Յիսուս Որդւոյ եւ Տնօրինական տեղիք. գրած է նամակներ Կաթողիկոսին եւ Պատրիարքներուն, նաեւ յորդորականներ վանքերու վարչութիւններուն վրայ։ Գրած է նաեւ ստուգութեամբ եւ ժամանակին պատմութիւնը…։

Սկզբնաղբիւր.- «Հին Դէմքեր, 1635-1900», Յ. Գ. Մ. Տպագր. Զ. Պէրպէրեան, 1907։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 16, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2020