ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԱՐՈՒԻԼ ԱՆՀԱՆԴԱՐՏ ՄԱՆՈՒԿԻ ՀԵՏ

Բազմիցս ըսած եմ եւ հաւանաբար մինչեւ մահ պիտի շարունակեմ ըսել, որ հայերս ունեցած ենք հարուստ գրականութիւն մը, որ դժբախտաբար քիչ մը անծանօթ մնացած է աշխարհին: Շատ մը հարցեր, որոնք զարգացած երկիրներ սկսած են արծարծել վերջին տասնամեակներու ընթացքին, հայ մտաւորականներ խօսած են աւելի քան դար մը առաջ. 1880-1940 թուականներուն ունեցած ենք այնպիսի գրողներ ու աշխատութիւններ, որոնք եթէ օտարին լեզուով գրուած ըլլային այսօր անյապաղ արժանացած էին «համաշխարհային արժէք ներկայացնող աշխատանք» մակդիրին. անոնց դժբախտութիւնը պարզապէս հայերէն լեզուով գրուած ըլլալն է փաստօրէն:

Նման աշխատանք մըն է մեր թուականէն 88 տարիներ առաջ Աթէնքի մէջ հրատարակուած Շահնազար Քէօթահեանի «Մանուկները դպրոցէն դուրս» խորագրեալ հատորը, որ իր թուականներուն գրուած մանկավարժական աշխատութիւններուն մէջ կարելի է սեպել լաւագոյններէն՝ նկատի ունենալով հեղինակին հեռատես եւ իմաստուն մանկավարժական մօտեցումները:

Տէր Թոդիկի հոգեբանութեամբ հասակ առած ու իրենց զաւակները նոյն հոգիով դաստիարակած սերունդ մը ի՞նչ գաղափար կրնար ունենալ մանուկի հոգեբանութեան ու մանկավարժութեան մասին: Հասարակութիւն մը՝ որ մանուկ ցանուած տարիքէն գրեթէ բանով մը չէր զանազաներ եւ անոր կազմաւորուիլը բնութեան բնական ընթացքին կը վերագրէր: Վստահ եղէք, որ Շահնազար Քէօթահեանի գրած շատ մը սխալները մեր հայ ծնողներէն շատեր մինչեւ օրս կը գործեն եւ հակառակ 88 տարիներու այդ բացթողումները կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ մեր հայ ընտանիքներէն ներս:

Քէօթահեան իր աշխատութեան մէջ կը պատմէ մօր մը եւ երեք տարեկան մանուկի մը միջեւ եղած միջադէպը. մանուկը անհանդարտ շարժումներ կը կատարէ, որուն դիմաց մայրը զինք հանգստացնելու համար կը սաստէ զինք իր ձեռքի գաւազանով, որուն դիմաց մանուկը վախէն դեղնած մէկ կողմ կը քաշուի: Վստահաբար երեք տարեկան մանուկի մայրը միակը չէ. գրեթէ մեր ծնողներուն մեծամասնութիւնը իրենց զաւակները հանգստացնելու եւ հանդարտ վիճակի մէջ բերելու համար կը գործածեն ա՛յն միջոցը՝ ինչ Քէօթահեան կը տեսնէր 88 տարիներ առաջ:

Ծնողներ պէտք է յստակ հասկնան, որ մանուկ մը չի՛ կրնար մտածել այնպէս՝ ինչպէս իրենք կը մտածեն. մանկութենէն դէպի պատանեկութիւն եւ ապա պատանեկութենէն դէպի երիտասարդութիւն հասակ առնող մարդ արարածը կամաց կամաց կը սկսի սորվիլ շրջապատի կարեւորութիւնը, կը սկսի գիտակցիլ ամէն բանի տեղն ու կարգն ու կանոնը, սակայն կարելի չէ այդ մէկը ակնկալել տակաւին 3-4 տարեկան մանուկէ մը, որուն համար եկեղեցին ա՛յն է՝ ինչ տունը, բակը կամ խաղավայրը, որովհետեւ իր մէջ տակաւին գոյութիւն չունի գիտակցութիւնը այդ բոլորին եւ ծեծը ո՛չ թէ այդ բոլորը կը սորվեցնէ, այլ վախի զգացում մը կը յառաջացնէ անոնց մէջ: Ծեծի կամ սպառնալիքի ճամբով մանուկը երբեւէ չի կրնար սորվիլ, թէ եկեղեցւոյ մէջ պատշաճ է լուռ մնալ, այլ անոր մէջ կը տպաւորուի, որ եկեղեցւոյ մէջ երբ խօսիմ կրնամ մայրիկի կողմէ ծեծի ենթարկուիլ եւ այդ վախի ազդեցութիւնը ժամանակի ընթացին զինք կ՚առաջնորդէ որոշ բարդութիւններու, ինչպէս եկեղեցին չսիրել եւ այլն:

Մայրը, որ ինք գիտէ եկեղեցւոյ մէջ պատշաճ մնալու նրբութիւնը՝ կը կարծէ, թէ մանուկը ի զօրու է եւ ատակ է մտածել այնպէս՝ ինչպէս ինք կը մտածէ եւ այդ մտածումին տարբեր ու հակառակ վերաբերմունք մը անմիջապէս կ՚արժանանայ բար-կութեան. այս կապակցութեամբ Քէօթահեան իր աշխատութեան 9-րդ էջին մէջ կը գրէ. «Շատ անգամ մանուկներուն հետ մեր ունեցած յարաբերութեանց մէջ կ՚ակնկալենք որ անոնք մեզի պէս խորհին, մեզի պէս զգան, մեզի պէս դատեն ու մեզի պէս գործեն: Կ՚ուզենք որ անոնք հասկնան մեր ցաւերը, նեղութիւնները ու մասնակցին մեր հոգեկան, իմացական ու ֆիզիքական վերիվայրումներուն: Ահաւասիկ աններելի սխալ մը, զոր պէտք է դարմանել ի շահ մեր զաւակներուն ապագային եւ անոնց առողջ աճման եւ ուղիղ դաստիարակութեան»:

Յաճախ կ՚ըսուի, թէ այս բոլորը կ՚ազդէ մանուկի մը ապագային. անոնց ազդեցութիւնը կարելի է տեսնել համեմատելով հին սերունդի եւ նոր սերունդի մանուկները. տարեցներէն յաճախ լսած ենք, թէ հին սերունդի պատանիներն ու երիտասարդները աւելի հանդարտ ու բարի էին, մինչ նորերը՝ հիներուն հակառակը: Այդ տարբերութիւնը պայմանաւորուած է մանկութեան ունեցած հոգեկան ապրումներուն հիման վրայ. ամբողջ կեանքը ծեծով, բարկութեամբ մեծցող մանուկ մը շատ աւելի մեծ հաւանականութիւն ունի իր պատանեկութեան ու մանկութեան սակաւախօս, ամչկոտ անձնաւորութիւն մը դառնալու՝ քան ծեծէ եւ բարկութենէ զուրկ մեծցող մանուկը. երեւոյթ՝ որ իր մէջ ունի թէ՛ լաւ եւ թէ՛ վատ կողմեր: Հիները յաճախ հարկադրուած են մեծերու նման մտածելու, անոնց նման մտածելու եւ մինչեւ իսկ ընթօրինակել զիրենք, մինչ նորերը աւելի ազատ ձեւով ապրած են իրենց մանկութիւնը:

Կարելի չէ սպասել մանուկ մը, որ տարեցի մը լրջութեամբ նստի ու քայլ պահէ միջավայրին, մանաւանդ որ ներկայիս շատ մը մեծահասակներ առ այսօր հեռու են այդ իրավիճակէն: Մանուկին բնութեան մաս կը կազմէ շարժումը. տարօրինակ է մարդկութիւնը... որ կը փորձէ անհանդարտ մանուկը հանդարտեցնել, իսկ հանդարտ մանուկը կը մեղադրէ՝ իր պաղ ու իր տարիքին անյարմար կեցուածքին համար:

Նկատի ունենալով որ այսօրուան պատանին ու երիտասարդը վաղուան հայրն ու մայրը պիտի ըլլան, պէտք է անպատճառ մեր կրթական ծրագիրին մէջ ներառել մանկավարժութիւնը, որպէսզի «վերը պեխ, վարը մօրուք» իրավիճակին մէջ չգտնենք մենք մեզ:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -76-

Դպրեվանքի աշակերտ եղած ժամանակ՝ տակաւին 11-12 տարեկան մանկավարժութենէ ընդհանրապէս գաղափար չունեցող տեսուչ սրբազանը բոլորիս համար պատիժ սահմանեց՝ բոլոր ազատ ժամերը դասարանին մէջ անցընելու դաժան հրահանգով:

Առիթով մը մեր պատժուած վիճակը տեսաւ մեր ուսուցիչներէն պրն. Խաչիկը եւ ուզեց մանրամասնութիւններ գիտնալ պարզուած իրավիճակին մասին: Սրբազան հայրը ինքնավստահութեամբ ու ճիշդ բան մը ըրածի ինքնավստահութեամբ ըսաւ. «Անհանդարտ էին, կը վազէին... հիմա խելքերնին գլուխնին կու գայ»:

Պրն. Խաչիկին պատասխանը անսպասելի էր սրբազան հօր. «Եթէ հիմա չընեն ե՞րբ պիտի ընեն սրբազան... մեր տարիքին հասնելէ ե՞տք... հիմա՛ է այդ բոլորը ընելու ամենէն յարմար առիթը»:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2022