ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՆՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ամենէն զգայուն ու փխրուն մէկ պահուն, երբ մեր ներքին ուժը անբաւարար կ՚ըլլայ դիմադրելու կեանքի փոթորիկներուն, ցաւերուն ու անարդարութիւններուն, մարդկային տկարութեամբ կը սկսինք աւելիով տեսնել եւ աւելին զգալ անարդարութիւնն ու վիշտը, որոնք կը պաշարեն մեզ, մոռնալով, որ մարդ ըլլալ կը նշանակէ այդ դժուարութիւններուն դէմ պայքարիլ։ Աշխարհը մարդուն չտրուեցաւ «հանգստանալու» համար. մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ի՛նք ըսաւ. «յաշխարհի աստ նեղութիւն ունիցիք»: Հոգիի բարեկեցութիւնը կը ձեւաւորէ աշխարհի եւ մարդկութեան հանդէպ մեր ունեցած հայեացքները եւ վատառողջ հոգեկան վիճակ մը միայն վիշտն ու ցաւը պիտի տեսնէ:

Մեր Տէրը, Յիսուս Քրիստոս, Աստուած ըլլալով լաւապէս գիտէր, որ կեանքը լեցուն է դժուարութիւններով, հակասութիւններով, ճնշումներով, անարդարութեամբ ու անվերջ պայքարներով։ Ան իր վերոյիշեալ խօսքով կ՚ուզէր մարդկութեան ըսել, որ մարդկային կեանքի բաժինն է տառապանքն ու փորձութիւնները. այդ համընդհանուր տառապանքը, սակայն, իր մէջ ունի բաժանումներ, որոնք կը տարբերեն տառապանքները իրարմէ: Այսպէս.

Մարդկային կեանքի տառապանքի եւ անարդարութեան հիմնական պատճառներէն մէկը աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող անհաւասարութիւնն է. այդ անհաւասարութեան մէջ դեր ունի, օրինակ, աղքատութիւնը, մարդկային շատ մը անհրաժեշտ հնարաւորութիւններու անհասանելիութիւնը. այս անհաւասարութիւնը աւելիով յստակ դարձնելու համար տանք որոշ վիճակագրութիւններ. 2022-2024 թուականներու տեղեկութեանց համաձայն, աւելի քան 244 միլիոն մանուկներ կը շարունակեն զրկուիլ դպրոց երթալու հնարաւորութենէն. այս դժբախտ իրողութեան պատճառներէն են աղքատութիւնը, քաղաքական հակամարտութիւնները, համակարգային անհաւասարութիւնը եւ այլ գործօններ: Վիճակագրութիւններ կը պարզեն, որ այս երեւոյթը դէպի «բուժում» երթալու փոխարէն դէպի անդունդ կ՚առաջնորդուի եւ տարուէ տարի այդ անբախտ մանուկ-պատանիներուն թիւը աճ կ՚արձանագրէ: Վիճակագրական այլ օրինակ մըն է սովամահութիւնը. անցնող մէկ տարուան ընթացքին սովամահ եղած է աւելի քան 25 հազար մարդ՝ որմէ աւելի քան 10 հազարը մանուկներ են: Վերջապէս յիշենք, որ այսօր իսկ աւելի քան 700 միլիոն բնակչութիւն զուրկ են մարդկային ամենէն բնական պէտքը՝ խմելու ջուր ունենալէ: Պէտք է նկատի ունենալ, որ այս մարդիկ ջրազրկութեան, սովի եւ այլ դժուարութիւններու կողքին կը պայքարին աղքատութեան դէմ՝ դաժան աշխատանքներու բերռան տակ եւ վստահաբար անոնց համար կեանքը արդար չէ, երբ աշխարհագրական այլ ցամաքի մը վրայ իրենց տարեկիցները բարօրութեան մէջ կ՚ապրին. անոնց ճակատագիրը պարզապէս սխալ աշխարհագրութեան մէջ լոյս աշխարհ գալն է:

Վերոյիշեալ անարդարութիւնները, բնականաբար, իրենց հետ կը բերեն նաեւ հիւանդութիւններ։ Համաշխարհային վիճակագրութիւններ կը յայտնեն, որ աղքատութեան եւ թշուառ աշխարհագրութեան մէջ ծնած ըլլալու պատճառով տարեկան դրութեամբ աւելի քան 14 միլիոն մարդ կը մահանայ: Մահը նոյնիսկ անարդարութիւն մը ունի շատերու հանդէպ, որովհետեւ անոնցմէ բազմաթիւներ պարզապէս զոհեր են, որոնք լաւ պայմաններու մէջ կրնային գուցէ դրական ազդեցութիւն ձգել աշխարհի վրայ՝ անարդարութեամբ հողին բաժին դառնալու փոխարէն:

Պէտք չէ մոռնալ, որ այս անհաւասարութեան մայր աղբիւրներէն մէկը կը նկատուի տնտեսական անհաւասարութիւնը։ Հարստութիւն ու աղքատութիւն ըսելով աշխատանքը պէտք չէ նկատի ունենաք։ Մեր մարդկային համոզումով՝ հարուստ է ան, որ կ՚աշխատի, իսկ աղքատ է ան՝ որ ծուլութեան մէջ կը կործանի. այդ մէկը միշտ իրականութիւն չէ. աշխարհի անարդարութեան մէկ մասն է այս մէկը: Ոմանք կեանք մը ամբողջ կը պայքարին, կը տանջուին ու կը չարչարուին, սակայն, պարտուած դուրս կու գան, իսկ ուրիշներ շատ անգամ առանց աշխատանքի անգամ հարստութեան մէջ լոյս աշխարհ կու գան. այս մէկը ցոյց կու տայ վարձատրութեան անհաւասարութիւնը. անձի զոհողութենէն, յոգնութենէն աւելի ճակատագրի մէկ բաժինն է այս մէկը: Վիճակագրութիւններ կը յայտնեն, որ այսօր աշխարհի վրայ աւելի քան 160 միլիոն երեխայ դպրոց երթալու փոխարէն ծանր աշխատանքներու մէջ կը տանջուի՝ որպէսզի կարենան իր կեանքի գոյութիւնը ապահովել:

Այս բոլորին վրայ պէտք է աւելցնել պատահական դժբախտութիւնները, քաղաքական ան-կայունութիւնը եւ արդէն ամբողջութեամբ մեր դիմաց պարզ կ՚ըլլայ աշխարհի անարդարութեան դժբախտ երեւոյթը:

Այս բոլորը պատկերն է ընդհանուր անարդարութեան, սակայն, յառաջիկայ մեր գրութեամբ պիտի փորձենք աւելիով ուսումնասիրել մարդկութեան անարդարութեան հանդէպ ունեցած համոզումներն ու ապրումները, որոնք ընդհանուրէն աւելի մասնաւոր երեւոյթ մը ունին: Վերոյիշեալները ընդհանուր պատկերն են մինչեւ օրս աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող դժբախտութեան. դժբախտութիւն կը կոչենք, որովհետեւ մէկ երեւոյթը իր հետ կը բերէ մի քանի տասնեակ ալ յոռի երեւոյթներ, որոնք կը կործանեն մարդուն կեանքը:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար Ափրիկէն սովի խնդիր ունի:

Պատասխան. Ափրիկէի սովի խնդիրը մի քանի պատճառներ ունի. այդ պատճառներէն են աղքատութիւնը, քաղաքական անկայունութիւնը, կլիմայի փոփոխութիւնը եւ այլ պատճառներ: Ափրիկէի մէջ շատ մը շրջաններ կը պայքարին գիւղատնտեսական արտադրականութեան հետ, որ յաճախ զոհ կ՚երթայ աղէտներու. ինչպէս օրինակ՝ եղանակային անկայունութիւն, յորդառատ անձրեւ եւ այլն: Քաղաքական պայմանները յաճախ արգելք կ՚ըլլան սննդամթերքի հասանելիութեան, որովհետեւ տնտեսական մարտահրաւէրը պատճառ կ՚ըլլայ, որ շատերու համար սնունդը անհասանելի ըլլայ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

 

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024